Գուրգէն Պաղտասար Մալեան

Գուրգէն Պաղտասար Մալեան (1878, Գողթն գաւառի Վերին Ագուլիս գիւղաւանը - 1899), հայ ֆետայի:

Գուրգէն Պաղտասար Մալեան
Ծնած է 1873
Ծննդավայր Գողթն գաւառի Վերին Ագուլիս գիւղավանը
Մահացած է 1899
Մահուան վայր Ցրոնք, Մուշ, Թուրքիա
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
Մայրենի լեզու հայերէն եւ ռուսերէն
Կրօնք քրիստոնէութիւն
Մասնագիտութիւն ֆետայի
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Կրթութիւնը կը ստանայ տեղի դպրոցին մէջ, որ տակաւին պահած էր Րաֆֆի եւ Քրիստափոր Միքայէլեանի յեղափոխական գաղափարներու ազդեցութիւնը:

1894 թուականին ան կ'անցնի զինուորական ծառայութեան: Նոյն տարիներուն, երբ ամէնուրէք կ'իշխէին ազատագրական պայքարի գաղափարները, Պաղտասար ուրիշ մի քանի զինուորներու հետ կը լքէ զօրամասը եւ կ'անցնի Պարսկաստան մտնելու Դաշնակցական խումբերու շարքերուն մէջ, Արեւմտեան հայաստան մեկնելու ձգտումով:

Ան կը մնայ Սալմաստ. այստեղ՝ ան կը որդեգրէ «Գուրգէն» յեղափոխական անունը: Վանի 1896-ի դէպքերէն ետք, երբ Սուրբ Բարդողիմէոս վանքի եւ Գարահիսար լեռան մօտ կը շրջապատուին ու հերոսաբար կը նահատակուին Դաշնակցական Պետոյի, Հնչակեան Մարտիկի եւ Արմենական Աւետիսեանի խումբերը, Սալմաստի գործիչները կը բաժնուին երկու կարծիքի: Գուրգէնը դէպի Վասպուրական օգնութիւն հասնելու կարծիքին կողմնակից էր, իր հետ նաեւ Պետրոս Սերեմճեանը, Ռոստոմի եղբայրը Արիստակէս Զօրեանը (Կարօ). Իսկ միւս մասը, Նիկոլ Դումանը, Յովսէփ Արղութեան (Իշխան) եւ Սաթենիկի կարծիքին՝ կը մտածէին արշաւանք մը կազմակերպել քուրտ աշիրեթները պատժելու համար:

1896Օգոստոսին, 14 ֆետայիներէ բաղկացած խումբով Վան կ'ուղղարկուի Պետրոս Սերեմճեանը, որուն հետ կը գտնուէր նաեւ Գուրգէնը: Սեպտեմբերին Վան հասած Շեկոյի խումբին հետ անոնք կը պաշառուին, եւ հերոսական կռիւներ մղելով ստիպուած՝ կը լքեն Վանը եւ կը հասնին Կեմ: Մարագի մը մէջ հանգստանալու պահուն, թրքական զօրքերը կը հասնին ու կը պաշարեն անոնց, հրկիզելով մարագը: ֆետայիները ստիպուած կռուելով դուրս կը նետուին մարագէն. Առաջին կ'ըլլայ Գուրգէնը, որ բազմաթիւ արկածներով կը հասնի Շատախ:

Տարուան վերջը Շատախէն կը դառնայ Սալմաստ, ապա 1897-ի Յունուար 25-ին կը հասնի Կովկաս քարոզելու յեղափոխական կեանքի քաղցրութիւնը: Գարնան կը վերադարնայ Սալմաստ նոր ընկերներով, դրամական նպաստով եւ ռազմամթերքի առատ պաշարով:

Խանասորի արշաւանքէն ոչ շատ առաջ, Վազգէնի եւ Գուրգէնի առաջնորդութեամբ Սալմաստէն 40 հոգինոց խումբ մը կ'անցնի Վան, հակառակ ճամբուն վրայ քիւրտերու եւ Վանի շրջակայքը պաշարած կառաւարական ուժերու նեղութիւններուն: Գուրգէնը Վան չի մտներ, ան Կզվակէն փոքր խումբով մը կ'անցնի Ախլաթ իր հետ առնելով նաեւ Անդրանիկը, որ Գուրգէնի եւ Սերոբ Աղբիւրի մահէն ետք պիտի դառնար հայդուկապետ: Գուրգէն այստեղ կը գործակցի Սերոբ Աղբիւրի հետ ու շրջելով Ախլաթի եւ Պիթլիսի շրջանները կը կազմակերպէ ժողովուրդը՝ քաջ, նուիրուած ու գործուն կուսակցական ընկերներ, հոգուով թոյլ եւ տկարակազմ անհատները, կիները եւ պարզ գիւղացիները բաժնելով 4 խումբերու, ամբողջ ժողովուրդը կը պատրաստէ մասնակցելու յեղափոխական շարժումին:

Պիթլիսի մէջ Գուրգէն կը կազմակերպէ ոստիկանապէտ Հիլմիի տեռորի գործողութիւնը: Սերոբի հետ Ախլաթի եւ Պիթլիսի կազմակերպչական աշխարանքները աւարտելէ եւ «Սալնօ Ձոր» Կեդրոնական Կոմիտէի ստեղծումէն ետք կ'անցնի Տարօն, միանալով Ղզլաղաճ գիւղին մէջ գտնուող Հրայր Դժոխքին եւ Վանէն եկած Վազգէնին:

Գուրգէնը լաւ հասկանալով Պիթլիսի կարեւորութիւնը չէր ուզեր երթալ Սասուն, որովհետեւ համոզուած էր, որ դժուար էր իրեն նման գործիչ ուղարկուի իր փոխրէն, որ կրնայ լիովին հասկնալ Պիթլիսի կարեւորութիւնը, իբրեւ կապ Վանէն դէպի Երկիրի խորքը անցնող հայդուկային ճանապարհին: Սասունի վիճակն ու հայդուկներուն միջեւ եղած տարակարծութիւնները կը ստիպեն զինք, որ անցնի Սասուն. Գուրգէն իր հետ կը տանի Անդրանիկը, որ այն ժամանակ տակաւին զինուոր էր եւ Սերոբ Աբիւրը իր խմբով, որը շատ չ'անցած կը վերադառնայ Ախլաթ:

Սասնոյ Սպաղանք գիւղին մէջ, ան ձեռնամուխ կ'ըլլայ կազմակերպչական աշխարանքներու: Գաղտնի զինման աշխատանքներ կը կազմակերպէ, պարտաւորիչ դարձնելով կուսակցական շարքերուն զինք ունենալը: Զէնքի պատրաստութիւնները կը ստանցնեն շրջանի վարպէտները եւ իր հետ եկած Անդրանիկը:

Գուրգէն այստեղ դէմ կը դնէ նաեւ գիւղացիներուն ազատ աշխատանքն ու հացը թալանող հարկահաններուն, շահագործող աղաներուն, բեկերուն եւ պաշտօնեաներուն:

1898-ին, երբ Գուրգէն Գէորգ Չաւուշի եւ ուրիշ ընկերներու հետ Քոփ կը գտնուէր, կարճ կռիւ մը կը մղեն քիւրտերուն հետ, երբ գիւղացիներուն ապահովութիւնը մտածելով, ֆետայիները կը թաքնուին մարագի մը մէջ, իսկ քիւրտերը կը պաշարեն զայն, սակայն մի քանի դիակներ թողելով կը փախչին:

1898 թուականի Հոկտեմբերին, Բաբշէնի նշանաւոր կռիւէն ետք, Սերոբ Աղբիւր իր ընտանիքով կը հաստատուի Սասուն: Յեղափոխական կազմակերպութիւններու քայքայման վտանգը կը ստիպէ Գուրգէնը, որ վերադառնայ Պիթլիս: 1899-ի սկզբին տակաւին Պիթլիս չգացած, Գուրգէն ֆետայի միւս ընկերներուն հետ երկար վէճերէ ետք կը վճռէ իր որոշումը ըսելով՝

  Ես քանի մը օրէն կը հեռանամ Տարօնէն եւ Սասնայ երկրէն: Մեռնիլ կայ՝ ապրիլ կայ, ես իմ մտածումներս ձեզի ըսեմ, միտքերնիդ պահեցէք եւ գործադրեցէք: Տարօնի, Սասնայ երկիրներու հայրեը լաւ հայեր են, յեղափոխական են, մէկ լուցկի վառես, անոնք վառոդի նման կը պայթին եւ օսմանցու թախթը կը խախտեն: Բայց այդ բանը պէտք չէ ընել,... մինչեւ որ Պիթլիսի շրջանն ալ ձեզի պէս հաւատացեալ եւ կազմակերպուած ըլլայ: Ձեզի չորս բան չէտք է՝ համբերութիւն, խաղաղութիւն, ուսում եւ պատրաստութիւն:  


Գուրգէնի երազանքը չիրականացաւ: Պիթլիս մեկնելէն առաջ, 1899 Ապրիլին, ան կ'իջնէ Մուշ քաղաք, ուր կազմակերպչական աշխատանքներ տանելէ ետք, կ'անցնի Ցրոնք գիւղ: Լրտեսները լուր կը հասցնեն Պիթլիսի կուսակալին, որ Ալայ պէյի եւ Մշեցի Տալիպ էֆէնտիի 1000-ի չափ զինուորներով կը հասնի Ցրոնք, իսկ Գուրգէգնը իր ընկերներով կ'անցնի մարագի մը մէջ։ Զօրքը կը պաշարէ մարագը. Գուրգէնը ընկերներուն կ'առաջարկէ իբրեւ «վերջին խրախոյս» երգ մը սկսին: Եւ այդպէս, գնդակներու սուլոցին կը միանայ ֆետայական ռազմերգը՝ «Կռուեցէ՛ք տղերք, կռուեցէ՛ք քաջ-քաջ, ահա քիւրտերը փախչին սարսափած»:

Մշեցի Տիգրանը, Տալիպ էֆենտիին դրացի ըլլալով, կը ճանչնայ զինք անոր ձայնէն, եւ մարագին դիմացի տան տանիքէն անկենդան գետին կը բռէ հրահանգներ արձակող էֆենտին:

Հայդուկները կը որոշեն դիմադրել մինչեւ գիշեր, յոյս ունենալով որ զօրքը կը նահանջէ, կամ մութէն օգտուելով կը հեռանան գիւղէն: Սակայն զօրքը կ'որոշէ հրդեհել մարագը: Գուրգէնը Կեմի եւ Քոփի կռիւներու փորձարութենէն մեկնած, կ'որոշէ վերջին փորձը կատարել դուրս գալու մարագէն իր երկու ընկերներով ճամբայ բանալու միւս ընկերներուն. Մարագի դուրսը դիրքեր բռնած ու մարագի դռան նշան առած թշնամին մէկ անգամէն հարիւրաւոր գնդակներէն կ'իյնայ ընկերներէն Փարսադանը, իսկ Գուրգէնը Բալանախցի Մկրոյին հետ առիւծի նման, երկու մաուզէր ատրճանակով կը պատռէ թշնամի շղթան ու կը փրկուի: Կը նահատակուին նաեւ մարագի մէջ եղող ընկերները՝ Ռուբէնը, Տիգրանը, Նշանը, Վարդանը եւ Կրպոն: Մինչեւ ցերեկ հեծեալ զօրքը կը հետապնդէ Գուրգէնը, որ վիրաւոր, քարի մը կողքին կը շարունակէ կռուիլ թշնամին դէմ մինչեւ վերջին վայրկեան, ապա մոսինն ու ատրճանակը քարին զարնելով կը կտրէ եւ կը նահատակուի: Մկրոն կը յաջողի հասնիլ մինչեւ Մեղրագետքի եզերքը, բայց ինք եւս կը պաշառուի, ու կը սպաննուի:[1]

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. «Բաղդասար (Գուրգեն) Մալյան -Հայ Ֆիդայի (1878-1899)»։ arfd.info - Armenian (en-US)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-02-29-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-31