Գրիգոր Օտեան

հայ հասարակական գործիչ

Գրիգոր Օտեան, (1834, Սկիւտար, Կ. Պոլիս - 1887, Փարիզ) Օսմանահայ հասարակական քաղաքական գործիչ, հրապարակախօս։

Գրիգոր Օտեան
Ծնած է 1834
Ծննդավայր Սկիւտար, Կ. Պոլիս
Մահացած է 1887
Մահուան վայր Փարիզի 16-րդ շրջան, Փարիզ[1]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Երկեր/Գլխաւոր գործ Ազգային Սահմանադրութիւն հայոց եւ 1876 թվականի Օսմանյան սահմանադրություն?
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ, փաստաբան, գրագէտ, հասարակական գործիչ
Աշխատավայր քաղաքական գործիչ, հրապարակախօս

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Ծնած՝ 1834-ին, Սկիւտարի մէջ (Պոլիս): Նախնական կրթութիւնը ստացած է տան մէջ. ուսուցիչները եղած են Գաբրիէլ եւ Խաչատուր Պարտիզպանեաններ (ուսողութիւն),«Մասիս»ի խմբագիր՝ Կարապետ Իւթիւճեան եւ Խաչատուր Միսաքեան (հայերէն), Յովհաննէս Տէրոյենց (հոգեբանութիւն), Օգսէն Շահինեան (թրքերէն), Անտոն Փերթեւ (ֆրանսերէն):

Տասնեօթ տարեկանին կը հրատարակէ իր առաջին գրքոյկը՝ «Առաջարկութիւն՝ աշխարհաբար լեզուն կանոնաւորելու եւ հասարակաց լեզու ընելու վրայ» (1851): Նոյն տարին իսկ կը մեկնի Փարիզ, ուր կը մնայ մինչեւ 1854:

Կը հաւատար որ գրաբարը հասարակաց լեզու չի կրնար ըլլալ եւ անհրաժեշտ է ստեղծել ժողովրդական լեզուն՝ պոլսահայ աշխարհաբարի զարգացումով։

Գործունէութիւն Խմբագրել

Օտեանի գործին ու կեանքին մէջ, անհատական թէ ընկերային յարաբերութիւններուն մէջ՝ անկարելի է անջատել միտքն ու սիրտը, տրամաբանութիւնն ու զգացումը, դատողութիւնն ու զգայնականութիւնը։ 1850-ական թուականներու Պոլիսը՝ իր հանրային եռուզերով, սահմանադրական պայքարներով, հակամիրայական խիզախումներով, յեղաշրջական շարժումներով ու զարթօնքեան խմորումներով, Օտեա՛ն ունեցած է ազգային բեղուն գործունէութիւն։

Ունեցած է հրապարակագրական եւ գրական բեղուն գործունէութիւն։ Ազդուած է Լամարթինէն եւ Վ. Հիւկոյէն:

Կ'աշխատակցի «Մեղու»ի, զոր Յարութիւն Սվաճեան կը հրատարակէր 1856-էն ի վեր։

1860-ի ազգային սահմանադրութեան վերջնական մշակումին մէջ, կարեւոր դեր ունեցած է նաեւ ինք՝ Նիկողայոս պէյ Պալեանի, Տոքթ. Սերվիչէնի, Ռուսինեան]]Ռուսինեանի, Զօրայեանի, Կարապետ Իւթիւճեանի, Գրիգոր Աղաթոնի եւ ուրիշներու հետ։

1864-ին, իբրեւեւ պետական պաշտօնեայ, Միտհաթ փաշայի հետ կը մեկնի Պուլկարիա:

1867-ին, դարձեալ Պոլիս կը գտնուի։

1876-ին, պետութեան կողմէ կը կոչուի պետական խորհուրդի անդամակցութեան։ Հեղինակութիւն մը կը դառնայ պետական շրջանակներու մէջ, եւ խորհրդականը՝ Միտհաթ փաշայի, որոնք կը հաւատային ազատական գաղափարներու։ Նոյն տարուան մէջ, Սուլթան Համիտի գահ բարձրացումով, Սուլթան Ազիզի կողմէ հաստատուած սահմանադրական կարգերը կը ջնջուին եւ տարագիր Միտհաթ փաշայի աքսորէն քիչ ետք, երբ մտաւորականութիւնը հալածանքի կ'ենթարկուի, խոհեմութիւն կը համարէ հետեւիլ իր բարեկամներու խորհուրդին, ու գաղտնօրէն կ'անցնի Փարիզ, ուր կը մնայ մինչեւ իր մահը՝ 1887:

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • Մանկավարժ ամսագիր 12, 1990:
  • Մ. Չերազ, Կենսագրական միւզիոններ, Գրիգոր Օտեան, Փարիզ, 1929:
  • Մ. Կազմարարեան, Գրիգոր Օտեանի գոհարները, Կ. Պոլիս, 1931:
  • «Դիմաստուերներ», Հրանդ Ասատուր, 1921, էջ 74-103։
  1. https://archives.paris.fr/arkotheque/visionneuse/visionneuse.php?arko=YTo2OntzOjQ6ImRhdGUiO3M6MTA6IjIwMjItMDktMjAiO3M6MTA6InR5cGVfZm9uZHMiO3M6MTE6ImFya29fc2VyaWVsIjtzOjQ6InJlZjEiO2k6NDtzOjQ6InJlZjIiO2k6MjM4MzQ1O3M6MTY6InZpc2lvbm5ldXNlX2h0bWwiO2I6MTtzOjIxOiJ2aXNpb25uZXVzZV9odG1sX21vZGUiO3M6NDoicHJvZCI7fQ==#uielem_move=-670%2C115&uielem_islocked=0&uielem_zoom=140&uielem_brightness=0&uielem_contrast=0&uielem_isinverted=0&uielem_rotate=F