Դիմակ, որեւէ պատկերով (մարդու դէմք, անասունի դունչ, դիցաբանական էակի գլուխ) խաւաքարտէ կամ այլ նիւթերէ պատրաստուած՝ մարդու դէմքին հագցուող յատուկ հարմարանք։ Դիմակները կը գործածուին հնագոյն ժամանակներէն'

  1. որպէս ծիսադիմակներ․ կրած են ծիսակատարութիւններիու (պաշտամունքային եւ մոգական պարեր եւ այլն) մասնակիցները։
  2. Թաղման ընթացքին, մահացողին դէմքին դրուող դիմակ։ Փայտէն, կավէն, ոսկուց եւ այլ նիւթերէ պատրաստուած դիմակներ յհայտնաբերուած են Եգիպտոսի, Կարթագէնի, Նինվեի, Մեքսիկայի, Իրանի եւ ուրիշ երկրներու հին գերեզմանոցներուն մէջ։ Այդ դիմակները մեծ մասամբ անհատական են եւ դիմապատկերներ։
  3. Թատերական դիմակներ, օգտագործած են դերասաններն վաղեմի թատրոնին մէջ։ Դիմակները փոխարինած են դիմախաղին, հաղորդեած տարբեր հոգեկան ապրումներ (օրինակ, դիմակի մէկ կողմը կը պատկերէր տառապանք, միւսը՝ ուրախութիւն)։ Դերասանի ձայնը ուժեղացնելու համար դիմակի ներսը եղած են մետաղեայ ձայնադարձիկներ։ Միջին դարերուն դիմակներ օգտագործած են միմոսները, սքոմորոխները։ Հայ գուսաններն օգտագործած են նաեւ երկդէմ դիմակներ։ 16-18 դարերուն դիմակներ կրած են իտալական կոմետիա տել արթէի կատակ–երգական անձնաւորութիւնները։
Ակամեմնոնի դիմակը
Կնոջ դիմակ
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։