Եղիա Տէմիրճիպաշեան

Եղիա Տէմիրճիպաշեան (8 Մայիս 1851(1851-05-08)[1], Խասգիւղ, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 19 Յուլիս 1908(1908-07-19)[1], Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն), արեւմտահայ արձակագիր, բանաստեղծ, փիլիսոփայ։

Եղիա Տէմիրճիպաշեան
Ծնած է 8 Մայիս 1851(1851-05-08)[1]
Ծննդավայր Խասգիւղ, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 19 Յուլիս 1908(1908-07-19)[1] (57 տարեկանին)
Մահուան վայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Ուսումնավայր Նուպար-Շահնազարեան վարժարան
Մասնագիտութիւն արձակագիր, բանաստեղծ, փիլիսոփայ, Խմբագիր, գրագէտ
Աշխատավայր Ծաղիկ
Ստորագրութիւն

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Ծնած է Խաս­գիւղ (Պոլիս), որ ԺԹ․ դարուն Կ․ Պոլսոյ հայութեան մտաւոր զարգացման գլխաւոր կեդրոններէն մէկը եղած է։ Նախնական կարթութիւնը կը ստանայ «­Ներ­սէ­սեան» եւ «­Նու­պար-­Շահ­նա­զա­րեան» վար­ժա­րան­նե­րէն ներս[2], աշակերտելով ծանօթ գրագէտներու։ Մենակեաց պատանին՝ կը ջանայ իր հետաքրքրութիւնները գոհացնել անյագ ու անկանոն ընթերցումներով։ Առաջին ելոյթներէն իսկ կը նկատուի՝ մելամաղձոտ, յոռետես անհատականութիւնը։

Ուսման փափաքը եւ անկայուն նկարագիրը զինք կը մղեն լքելու պաշտօնեայի ասպարէզը, զոր մտած էր կարիքէ մղուած։ Մայրն ու ազգականները 1874-ին, անձնասպանութեան մէկ փորձէն մտահոգ, զինք կը ղրկեն Ֆրանսա՝ Առեւտրական բարձրագոյն վարժարանին մէջ ուսանելու, բայց անոր փոխարէն կը հրատարակէ «Le Littaeraire et Financier de Marseille» («շաբաթաթերթին մի քանի թիւերուն մէջ՝ Արեւմուտքի հայութիւնը ներկայացնելու ձգտումով Եւրոպայի:

1876-ին կը դառնայ Պոլիս։ Ուշադրութիւն կը գրաւէ մամուլի մէջ մտածողական-քրոնիկային յօդուածներով։ Կը գրէ ճոխ, բայց անկանոն աշխարհաբարով, գրաբարի տարրերով եւ նորարարական ձգտումներով նոյնքան հարուստ, յաճախ արուեստականութեան կնիքով։ Լոյս կ՛ընծայէ խորհրդածու գրութիւններու փոքր հատոր մը՝ «Փիլիսոփայական Բառարան» խորագրով։ Տարի մը ետք, 1880–ին, կը սկսի կանոնաւորապէս աշխատակցիլ Կարապետ Իւթիւճեանի «Մասիս»ին։

Նոյն ատեն՝ կրթական մշակ եղած է (ուսուցիչ, կարճ ատեն դպրոցի տնօրէն) եւ հանրային գործիչ՝ հակառակ հոգեմտաւոր անկայուն առողջութեան եւ թոքախտի նշաններուն։

1880-1890 տասնամեակը, փաստօրէն, Եղիայի գրական-հրապարակագրական արտադրութեան ամենաբեղուն շրջանն է։ Կը հրատարակէ «Երկրագունդ» եւ «Գրական եւ Իմաստասիրական Շարժում» թերթերը[3]։ Առաջինին կ՛աշխատակցին Գ․ Զօհրապի պէս ծանօթ անուններ, մինչ երկրորդը ինք գրեթէ առանձին կը լեցնէ՝ զանազան ծածկանուններով։ Հոս լոյս կը տեսնէ մէկ կարեւոր մասը իր քրոնիկային-գրական էջերուն, նաեւ քերթուածներուն, որոնց մէջ տասնեակ մը՝ զինք արժանի կը դարձնեն դասուելու Պէշիկթաշլեանի եւ Օհան Դուրեանի քով։ Նոյն եւ հետեւող տարիներուն, կը հեղինակէ ֆրանսերէն-հայերէն խնամեալ բառարան մը։

1890-էն ետք, ընտանեկան կորուստները լրիւ կը խախտեն Եղիայի միտքը[2]։ Անձնասպանութեան նոր փորձէ մը հազիւ կը փրկեն զինք։ 1895-էն ետք, ալ անտուն ու մինակ, բախտը կ՛ունենայ ընդունուելու օտար կնոջ մը կողմէ։ Եղիա ալ կը կապուի անձնուէր այս կնոջ, գգալի բարելաւման պահերով, որոնց շնորհիւ նոյնիսկ կը ճամբորդէ Եւրոպա։ Բայց, Պոլսոյ կարօտով, արագ կը վերադառնայ։ Վատթարացման շրջանի մը, կը մնայ հիւանդանոց։ Տիկնոջ քով դարձած՝ ի վերջոյ անձնասպան կ՛ըլլայ։

Թաղուած է Պոլիս։

Երկեր Խմբագրել

  • Նոր կեանք, Կ. Պոլիս, 1879:
  • Գրական եւ Իմաստասիրական շարժում, Կ. Պոլիս, 1882:
  • Գրպանի բառարան հայերէնէն գաղղիերէն, Կ. Պոլիս, 1894, 412 էջ:
  • Բառարան ֆրանսերէնէ հայերէն, Կ. Պոլիս, 1896, 936 էջ:
  • Ազգագրութիւն Տէմիրճիպաշեանց, Վիեննա, 1900:
  • Պետական վերանորոգութիւնն ու հողային հարցը, Կ. Պոլիս, 1910, 68 էջ:
  • Սիրային նամակները (1886-1889 թթ.), Կ. Պոլիս, 1910, 100 էջ:
  • Սիրային նամակները (1886-1889 թթ.), Կ. Պոլիս, 1911, 100 էջ:
  • Գրպանի բառարան հայերէնէն գաղղիերէն, Կ. Պոլիս, 1925, 376 էջ:
  • Բառարան ֆրանսերէնէ հայերէն, Կ. Պոլիս, 1930, 1197 էջ:
  • Արձակ էջեր: Նամակներ: Քերթուածներ, Փարիզ, 1955, 464 էջ:
  • Երկեր, Երեւան, 1986, 536 էջ:
  • Հրայրք մութին, Իսթանպուլ, 2008, 328 էջ:
  • Անգեղն երգ (Բանաստեղծութիւններ), Երեւան, 2015, 448 էջ:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Աղբիւրներ Խմբագրել