Երկուշաբթի
Երկուշաբթի, շաբթուան երկրորդ օրն է։ Անունը բաղկացած է երկու բառերէ՝ «երկու» եւ «շաբաթ», նշանակելով որ այս օրն շաբթուան երկրորդ օրն է։
Եւրոպական երկիրներուն մէջ երկուշաբթին կը համարուի աշխատանքային շաբթուան առաջին օրը։ Որպէս կարճ ձեւ արեւելահայերը կը գործածեն՝ «Եկշ» ձեւը, իսկ արեւմտահայերը՝ «Բշ.» ձեւը։ Անգլերէնի մէջ կը հանդիպինք՝ «Mon» ձեւին։
Օրուան անունը այլ լեզուներով Խմբագրել
Հայերէնի երկուշաբթի բառը նոյն իմաստով կը գործածուի նաեւ.
Հին ժամանակներուն երկուշաբթին նուիրուած էր լուսինին։ Այդ պատճառով եւրոպական բազմաթիւ լեզուներու մէջ երկուշաբթիին կ'ըսեն «լուսնի օր»:
Գերմանական լեզուներով Խմբագրել
- անգլերէն՝ Monday
- գերմաներէն՝ Montag
- դանիերէն՝ mantag
- հոլանտերէն՝ maandag
- շուէտերէն՝ mandag
Ռոմանական լեզուներով Խմբագրել
- իտալերէն՝ lunedi
- սպաներէն՝ lunes
- ռումաներէն՝ luni
- ֆրանսերէն՝ lundi
Ուշագրաւ փաստ Խմբագրել
Տաճիկիստանի մայրաքաղաքի «Տուշանպէ» անունը թարգմանաբար «Երկուշաբթի» կը նշանակէ։