Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի Կանանց Յուշարձան

Երկրորդ համաշխարհային Պատերազմի Կանանց Յուշարձան (անգլMonument to the Women of World War II), Լոնտոնի Ուայթհոլ փողոցին վրայ Կենոտաֆէն հիւսիս գտնուող Մեծն Բրիտանիոյ ազգային պատերազմի յուշահամալիր: Հեղինակն է քանդակագործ Ճոն Ու. Միլսին: Բացման արարողութիւնը կատարած է Էլիզապէթ Բ.-ը, Յուլիս 2005-ին:

Հիմնադրում Խմբագրել

Յուշահամալիրին ստեղծման գաղափարը 1997-ին առաջարկած է թոշակառու դիւանագէտ Տէյվիտ Մակնոլի Ռոպըրթսընը, որ ըսած է, թէ բազմաթիւ երկիրներ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմին ընթացքին կանանց կատարած աշխատանքը յաւերժացնող ազգային յուշարձան ունին, մինչդեռ Մեծն Բրիտանիան չունի[1]:

Նախորդ արշաւներու արդիւնքով, Ռոպըրթսընի մասնակցութեամբ իրականացուած դրամահաւաքով, յաջողած էին յուշատախտակ մը փակցնել Նիւ Եորքի Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ:

Յուշահամալիրին ստեղծման նպատակով կը կազմակերպուի դրամահաւաք մը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ազգային ժառանգութեան յիշատակի հիմնադրամը: Պարոնուհի Պութրոյտը դրամահաւաքի 800,000 ֆունտ ստերլինկի կոկիկ գումար մը ձեռք կը բերէ «Ով կ'ուզէ միլիոնատէր դառնալ» պատկերասփիւռի ծրագիրին ընթացքին:

Արշաւին յառաջատարներն էին՝ նախկին հրացանակիրներ Էտնա Սթորրը եւ Միլտրէտ Ուիլը[2]: Դրամահաւաքին իրենց աջակցութիւնը կը բերեն նաեւ՝ Բրիտանական Կայսրութեան շքանշանակիր Վերա Լիննը եւ Բրիտանական թագաւորական ընտանիքին անդամ արքայադուստր Աննան[1]: Դրամահաւաքին կ'աջակցին նաեւ քաղաքական գործիչներ Ճոն Կրոկան, Հիու Պէյլին, Պարոնուհի Ֆինլա Լանտաֆցին եւ Ռոպըրթ Քրաուֆորտը[3]:

Ազգային ժառանգութեան յիշատակի հիմնադրամը կը յատկացնէ 934,115 ֆունտ ստերլինկ[3] [4]: Գումարին մնացած մասը կը յատկացնէ Նիւ Եորքի մէջ հիմնադրուած Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի յուշահամալիրին հիմնադրամը:

Նախագիծ Խմբագրել

 

Նախագիծին նախնական տարբերակը կը ներկայացնէր օդային յարձակման հսկիչ կին մը, որ ապաստան կու տար երեխաներու: Այս տարբերակը կը մնայ, մինչեւ վերջնական տարբերակին վաւերացումը[1]:

Պրոնզէ յուշարձանը ունի 6,7 մեթր բարձրութիւն[4], 4,9 մեթր երկայնք եւ 1,8 մեթր լայնք[3]: Պատերազմի ժամանակաշրջանին գիրքերուն մէջ օգտագործուած նոյն տառատեսակը օգտագործուած է յուշարձանին կողերուն վրայ տեղադրուած գրութիւններուն համար: Յուշարձանին շուրջը 17 անհատական հագուստներ ու համազգեստներ կան, որոնք կը խորհրդանշեն Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին կանանց ստանձնած տարբեր աշխատանքները[5]: Հանդերձանքը կը ներառէ համազգեստներ, որոնք հագած են կիներ ցամաքային բանակին մէջ, արքայական ռազմածովային նաւատորմին մէջ, բուժքրոջ եւ ոստիկանի տարազներ եւ զօդման դիմակ[1]:

Յուշարձանին բացումը Խմբագրել

Յուշարձանին բացման արարողութիւնը տեղի ունեցած է 9 Յուլիս 2005-ին, Լոնտոնի պայթումներէն երկու օր ետք: Յուշարձանին բացումը կատարած է Էլիզապէթ Բ.-ը Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի աւարտին 60-ամեայ տարեդարձին միջոցառումներուն ընթացքին: Բացման արարողութեան մասնակցած են նաեւ Պարոնուհի Պութրոյտը, Մարկրէթ Թաչըրը, Վերա Լիննը, Պաշտպանութեան քարտուղար Ճոն Ռէյտը, ինչպէս նաեւ պատերազմի վեթերան կանայք[5] եւ Ֆրանսական դիմադրութեան բրիտանացի գործակալ Նենսի Ուէյքը[6]: Բացման հանդիսութեան ընթացքին անցած են հինգ ուղղաթիռներ՝ Apache, Sea King, Lynx, Chinook եւ Merlin, զորս վարած են կանանց անձնակազմը: Անոր յաջորդած են կին օդաչուներու վարած երկու Tornado ADV-ները[5]:

Վայրագութիւն Խմբագրել

Մայիս 2015-ի ընտրութիւններուն, Մեծն Բրիտանիոյ պահպանողական կուսակցութեան յաղթանակէն ետք, յուշարձանը ներկուած է կարմիր գրութեամբ մը[7]: Դաունինկ փողոցը պատահարը համարած է «վիրաւորական», եւ նուազագոյնը 17 անձ ձերբակալուած է Ուայթհոլ փողոցին բախումներուն ընթացքին[8]:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել