Էրզրում կամ Կարին, Թուրքիոյ Էրզրում մարզի վարչական կեդրոնն է։

Անուանում Խմբագրել

Անաստասուպոլիս, Առզըռում, Առզռում, Արգիրոն, Արդուրում, Արզ, Արզան, Արզան ար-Ռում, Արզան էր Ռում, Արզարում, Արզերում, Արզը Ռում, Արզն ար ռում, Արզնե էլ-Ռում, Արծն Հոռոմոց, Արզն Ռում, Արզրում, Արտը Ռում, Բարանդիս, Կարիկալա, Գալիգուլա, Գարանիգիս, Գարանիտիդե, Էրեզ Էրում, Էրզեն Էլ-Ռում, Էրզենէրում, Էրզեն Էրում, Էրզենիռում, Էրզերում, էրզ էր-Ռում, Էրզին էրում, էրզիռում, էրզիրում, էրզյուրյում, էրզրում, էրզունիրում, էրզուրում, Թէոդոպոլիս, Թէոդոսիպոլ, Թէոդոսիոպոլիս, Թէոդոսիպոլիս, Թէոդոսիուպոլիս, Թէոդոսոպոլիս, Թէոդոսպոլիս, Թէոդոսուպոլ, Թէոդոսուպոլիս, Թէոդուպոլիս, Թվուլուս, Կալիկալա, Կալիքալա, Կարախպոլիս, Կարանա, Կարանատիդէ, Կարանիտիդէ, Կարանիտիս, Կարէն, Կարէնտիս, Կարնոյ, Կարնոյտէս, Կարնոյտիս, Կարնային քաղաք, Կարնա քաղաքի, Կարնոյ քաղաք, Կարնու քալաքի, Կարնու քաղաք, Կարունս քաղաք, Կարուց քաղաք, Քալիքալա, Քարին քաղաք):

Աշխարհագրական դիրք Խմբագրել

Քաղաք Մեծ Հայքի Բարձր Հայք աշխարհի Կարին գաւառին մէջ, Կարնոյ սարահարթին մէջ, Եփրատ գետի ձախ կողմը, Այծպտկունք լերան հիւսիս արեւմտեան լանջերուն, ծովու մակերեւոյթէն շուրջ 2000 մ բարձրութեան վրայ։ Քաղաքէն հարաւ կ'երեւին Հաւատամք լերան բլրաշարերը։ Արեւելքէն կ'երկարի Դավաբոյնի լեռնաշղթան, իսկ հիւսիսէն եւ արեւմուտքէն քաղաքին մօտերը կը տարածուի Կարնոյ դաշտը։ Ունի զով ու առողջարար կլիմայ, առատ եւ սառնորակ խմելու ջուր։ Ձմեռը հոս երկարատեւ ու խստաշունչ է, ամառը՝ զով, կարճատեւ[1]։

Պատմութիւն Խմբագրել

Կարինը Հայկական լեռնաշխարհի հնագոյն բնակավայրերէն է։ Անոր հիմնադրումը կը վերագրուի Ք.ա. 2 - րդ հազարամեակի Բ. կէսին ապրած հայոց (Հայասական) թագաւոր Կարաննիին, որմէ ալ յառաջացած է «Կարին» անունը։ Քաղաքին անուան ծագումնաբանութիւնը կը կապուի նաեւ Կարնոյտես անձնանունին կամ նոյնանուն ցեղանունին հետ։ Կարնոյ մասին պատմական հաւաստի տեղեկութիւնները պահպանուած են յունահռոմէական (Ա. դարուն) եւ հետագայի հայ պատմիչներու գործերուն մէջ։ Երուանդունի, Արտաշիսեան եւ Արշակունի թագաւորական հարստութիւններուն ատեն, Կարինը Կարնոյ գաւառին կեդրոնն էր։ Անոր դերն ու նշանակութիւնը կը սկսի մեծնալ յատկապէս 387-ին Հայաստանի առաջին բաժանումէն ետք, իբրեւ բիւզանդական մասի սահմանային կարեւորագոյն բերդաքաղաք։ Բիւզանդիոնի Թէոդոս Բ. կայսեր (408 - 450) եանձնարարութեամբ, Անատոլ զօրավարը, 431-ին Կարնոյ մէջ կը կառուցէ նոր ամրութիւններ եւ կայսեր անունով քաղաքը կը կոչէ Թէոդոսուպոլիս։ Քաղաքին ամրութիւններն ու պաշտպանական կառոյցները կ'ընդարձակուին, կը վերակառուցուին նաեւ Անաստաս Ա.-ի (491-518) եւ յատկապէս՝ Յուստինիանոս Ա.-ի (527-565) ատեն։ Է.-Թ. դարերուն Կարինը մերթ բիւզանդական, մերթ արաբական մասին մէջ կը գտնուէր։ Այդ շրջանին Կարինը Կալիկալա եւ այլ անուններով շատ յաճախ կը յիշուի նաեւ արաբական աղբիւրներուն մէջ։ 885-ին Հայաստանի մէջ Բագրատունիներիու թագաւորութեան հաստատումէն ետք, Կարինը նոյնպէս կ'անցնի հայկական պետութեան կազմին մէջ։ 949-ին, սակայն, բիւզանդացիները զայն դարձեալ կը խլեն հայերէն, 1049-ին, երբ սելճուք-թուրքերը հիմնայատակ կը կործանեն Արծն քաղաքը, անոր ողջ մնացած բնակիչները կու գան ու կը հաստատուին Կարնոյ մէջ եւ զայն իրենց հայրենի քաղաքին անունով կը կոչեն նաեւ Արծն, որմէ կը յառաջանան Կարնոյ թուրք-արաբական Արզն Ռում (այսինքն՝ բիւզանդացիներու Արծն), Արզրում եւ Էրզրում անունները։ Սելճուք-թուրքերը կարճ տեւողութեամբ հոսկէ կը վռնտեն Զաքարեանները, իսկ 1242-ին քաղաքը կ'անցնի մոնկոլ-թաթարներու իշխանութեան տակ։ ԺԵ. դարուն Կարնոյն յաջորդաբար կը տիրեն Քարաքոյունլու եւ աղքոյունլու վաչկատուն ցեղերը, իսկ 1514- ին զայն կը գրաւէ օսմանցի սուլթան Սելիմ Ա.-ը։ ԺԹ.-Ի. դարերուն ռուսական զօրքերը երեք անգամ կ'ազատագրեն քաղաքը թուրքերէն եւ երեք անգամ ալ՝ կը վերադարձնեն։ 1829-ին Ատրիանապոլսոյ դաշնագիրով, երբ Կարինը կը վերադարձուի թուրքերուն, ռուսական զօրքերուն հետ քաղաքէն կը հեռանան աւելի քան 20.000 հայեր, որոնք բնակութիւն կը հաստատեն Ախալցխայի, Ախալքալաքի, Լոռիի եւ Փամբակի շրջաններուն մէջ։ Կարնեցիները իրենց նոր բնակավայրերէն մէկ քանին կը վերանուանեն Կարին գաւառի գիւղերուն անուններով։ 1877-1878 թուականներուն ռուս-թրքական պատերազմէն ետք, 7 Սեպտեմբերին, հոնկէ Անդրկովկաս կը գաղթէ 2000 ընտանիք։ Առաջին համաշխարհային պատերազմին Կարնոյ հայ բնակչութեան զգալի մասը զոհ կ'երթայ թրքական եաթաղանին։ 26 Փետրուար 1918-ին քաղաքը դարձեալ կ'անցնի թուրքերուն ձեռքը։ Կարինը միշտ ալ եղած է Հայաստանի կարեւոր կեդրոններէն մէկը, Կարնոյ վարչաքաղաքական, Յուստինիանոս Ա.-ին վերակազմած Առաջին Հայք ծայրագաւառին, հետագային էրզրումի էմիրութեան, իսկ թրքական տիրապետութեան ողջ ընթացքին Արեւմտեան Հայասատանի ամենաընդարձակ Էրզրումի նահանգի (վիլայեթի) կեդրոնը։ Կարինը նախ բերդաքաղաք եղած է։ Թէեւ հին հայկական եւ վաղ միջնադարեան պաշտպանական կառոյցներէն հոս քիչ բան պահպանուած է, սակայն ուշ ժամանակներուն թուրքերու կառուցած բերդն ու քաղաքամերձ ամրութիւնները (Մէճիտիէ, Նիխախ, Սեւիշլի) կանգուն էին մինչեւ Ա. Համաշխարհային պատերազմը եւ կը պահպանէին իրենց ռազմական նշանակութիւնը։ Քաղաքին միջնաբերդը կը գտնուի կեդրոնը, երեք բլուրներու վրայ շրջապատուած կրկնակի պարիսպներով։ Անիկա ունէր նաեւ խրամ, որ անհրաժեշտութեան պարագային, կը լեցուէր Մուրտառ գետակին ջուրերով։ Հոս կային գաղտնի գետնուղիներ, զինանոցներ, պահեստներ ու զօրանոցներ։ Միջնաբերդէն բացի, քաղաքը նոյնպէս ունէր շրջապարիսպներ, որոնց կը վերահսկէին 72 աշտարակներ։ Պարսպաշարին համալիրին մէջ կը մտնէին Ախալցխայի (կամ Վրացական), Երզնկայի, Թաւրիզի եւ Խարբերդի քաղաքային 4 գլխաւոր դարպասները։

Բնակչութիւն Խմբագրել

Օտարներու երկարատեւ տիրապետութիւնը զգալիօրէն փոխած է Կարնոյ բնակչութեան ազգային պատկերը ի վնաս հայերուն։ 1829-ին Կարինը ունէր շուրջ 130.000 բնակիչ, որմէ 30.000 հայեր, 1909-ին՝ 60.000 բնակիչ, որմէ 15.000 (2500 ընտանիք) հայեր։ Հայերը գլխաւորաբար կը բնակէին քաղաքին հիւսիսային ու հիւսիս արեւմտեան թաղամասերուն մէջ։ Հոս կը գտնուէին նաեւ ԱՄՆ-ի, Անգլիոյ, Ֆրանսայի, եւ Ռուսաստանի հիւպատոսութիւնները։

Տնտեսութիւն Խմբագրել

Իբրեւ առեւտրական գլխաւոր մայրուղիներուն վրայ գտնուող քաղաք, Կարին պատմական բոլոր ժամանակներուն ալ ունեցած է տնտեսական կարեւորագոյն նշանակութիւն։ Առեւտրական սերտ կապեր ունէր Կոստանդնուպոլսոյ, Տրապիզոնի, Թաւրիզի, Երեւանի եւ Թիֆլիսի հետ։ 1856 - 1871 թուականներուն կառուցուած Տրապիզոն-Բաբերդ-Կարին շուրջ 300 քմ երկար խճուղին ա՛լ ավելի կ'աշխուժացնէ կապը արտաքին աշխարհին հետ։ Անկէ ետք կ'աւարտի նաեւ Կարին-Հասանկալա ճանապարհին կառուցումը։ 1915-ին Կարին երկաթուղային հաղորդակցութիւն ունէր Սարիղամիշի հետ։ Այդ ճամբաներով քաղաք կը հասնէին մետաքս, բամպակէ նուրբ հիւսուածքներ, համեմներ, ապակեղէն, դեղորայք, բուսական իւղ, սուրճ, արդուզարդի առարկաներ եւ այլ ապրանքներ։ Ներքին ու արտաքին առեւտուրով եւ արհեստագործութեամբ գլխաւորաբար կը զբաղէին հայերը։ Ի. դարու սկիզբը քաղաքը ունէր քանի մը շուկայ, 12 հրապարակ, 32 կարաւանատուն եւ իջեւան, 18 բաղնիք, 150 պանդոկ, 180 հացի փուռ։ 1909-ին աւելի քան 3000 արհեստանոցներու, խանութներու եւ առեւտրական կրպակներու գրեթէ կէսը կը պատկանէր հայերուն։

Կարնոյ հայ արհեստաւորները հռչակ շահած էին ոսկերչութեան, դերձակութեան, դարբնութեան, զինագործութեան, որմնադրութեան, կաշեգործութեան, մուշտակագործութեան եւ պղնձազործութեան մէջ։ Կարնեցի կանանց ձեռքով գործուած գունագեղ ու նրբաճաշակ գորգերն ու արհեստագործական միւս ապրանքները մեծ հռչակ ունէին Հայաստանի եւ դուրսի շուկաներուն մէջ։ 1870-ական թուականներուն Կարնոյ մէջ կար ապուխտի եւ միսի 4 տնային գործարաններ, որոնք հայերուն կը պատկանէին։ Այդ օրերուն քաղաքին մէջ տարեկան 5000 միայն մեծ եղջերաւոր անասուն կը մորթուէր։ ԺԹ. դարու կէսերուն Կարնոյ մէջ կը գործէին նաեւ 6 կաշեգործական, քանի մը օղեթորման, ներկարարական եւ այլ նախաձեռնութիւններ։

Քաղաքին մօտակայքը կերակուրի աղ կ'արտահանէին։ 1880-ական թուականներուն իտալացի կոմս Քոնտ տը Պիրզանին Կարնոյ մէջ կը հիմնէ ծխախոտի մշակման գործարան մը, որու հումքին (անմշակ նիւթին) մէկ մասը Տրապիզոնէն կը բերէին։ Ա. համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին գերմանացի դրամատէրերը իրաւունք ունէին Կարնոյ շրջակայքը նաւթի պաշարներ որոնելու։ Կարնոյ հայերը մինչեւ 1880-ական թուականներուն համեմատաբար կ'ապրէին տնտեսապէս ապահով պայմաններու մէջ։ Անոնք աչքի կը զարնէին ջերմ հայրենասիրութեամբ, ընտանեկան յարաբերութիւններու աւանդապահութեամբ։

Կարին ԺԹ. դարուն եւ Ի. դարու սկիզբը սովորական ասիական քաղաք մըն էր, սակայն ունէր համեմատաբար լայն սալայատակ փողոցներ եւ հրապարակներ։ Մեկ-երկու յարկանի քարաշէն ու կաւաշէն տուները զուրկ էին ամենատարրական յարմարութիւններէն, որու պատճառով ալ յաճախ համաճարակով կը վարակուէին։ Քաղաքին մէջ մեծ աւերներ եղած են 728, 1659, 1791, 1843, 1850 -1852, 1861 եւ 1901-1902 թուականներուն երկրաշարժերու պատճառով։ 1861-ի երկրաշարժէն զոհուած է 3000 հոգի։

Կարինը ջրառատ քաղաք է, հոնկէ կը բխին շուրջ 500 յորդառատ ու սառնորակ աղբիւրներ։ Աղբիւրներ կային փողոցներուն մէջ, հրապարակներուն մէջ, նոյնիսկ տուներու բակերուն մէջ։ Ջուրին մէկ մասն ալ քաղաք կը բերուէր խողովակաշարքով Այծպտկունք լերան լանջերէն։ Կլիմային խստութեան պատճառով քաղաքին մէջ եւ շրջակայքի բանջարանոցներուն մէջ կը մշակէին միայն գետնախնձոր, կաղամբ, ստեպղին եւ բանջարեղէններու քանի մը տեսակներ։

Կարինը հայ մշակոյթի ու լուսաւորութեան մեծ կեդրոն էր։ Անոր ամենահին կրթական հաստատութիւնը Կեդրոնական մայր վարժարանն էր, զոր հիմնած էր Կարապետ Արք. Բագրատունին 1811-ին։ Հետագային այդ կրթարանը կը վերանուանուի Արծնեան եռամեայ երկսեռ վարժարան։ 1909-ին անիկա ունէր 334 աշակերտ եւ 9 ուսուցիչ։ ԺԹ. դարու վերջը եւ Ի. դարու սկիզբը Կարնոյ մէջ կը գործէին նաեւ Աղաբալեան, Արծնեան (երկրորդ), Գալֆաեան, Հռիփսիմեան, Մսրեան, Մսրեան հնգամեայ եւ Տէր-Ազարեան դպրոցները։ Կրթական գործին մէջ իր առանձնայատուկ տեղը ունէր Սանասարեան իննամեայ արական վարժարանը (1881-1916)։ 1909-ին Կարնոյ հայ աշակերտներուն թիւը 2800-էն աւելի էր։ 1878-ին Կարնոյ մէջ հիմնուած է թատերական միութիւն մը։ Մշակութային ընկերութիւններէն յայտնի էին՝ ուսումնասիրաց, Անձնուէր, Վարդանանց, Ընկերասիրաց, Սիսական, Կրթական, Աղքատասիրաց եւ այլն։ Այդ օրերուն Կարնոյ մէջ կար նաեւ 3 մանկապարտէզ։ Մինչեւ Ա. Համաշխարհային պատերազմ Կարնոյ մէջ լոյս կը տեսնէին «Յառաջ», «Սիրտ», «Ալիք», «Երկիր» եւ «Լոյս» պարբերականներրը։ 1878-ին Պերլինի վեհաժողովէն ետք Թուրքիոյ մէջ Ապտուլ Համիտի սկսած հայահալած քաղաքականութիւնը պայքարի կը կոչէ նաեւ Կարնոյ հայութիւնը։ 1881-ին Խ. Կետեկցեանի, Հ. Աստուրեանի, Բ. Նաւասարդեանի եւ Կ. Նշկեանի ջանքերով հոս կը ստեղծուի «Պաշտպան հայրենեաց» խմբակը, որ կը հետապնդէր ազգային-ազատագրական նպատակներ։ 1890-ական թուականներու կէսերուն Արեւմտեան Հայաստանի մէջ եւ Թուրքիոյ հայաբնակ շրջաններուն մէջ սկսած հայկական կոտորածներու ալիքները կը հասնին նաեւ Կարին։ Հոս կոտորածը կը սկսի 18 Հոկտեմբեր 1895-ին։ Քանի մը օրուան ընթացքին կ'աւերուին, կը հրկիզուին ու կը կողոպտուին հայերուն տուները, արհեստանոցներն ու խանութները։ Դաժանօրէն սպաննուած հայերուն թիւը 1000-ը կ'անցնի։ Գերի կը բռնուին կամ կ'առեւանգուին հարիւրաւոր կիներ ու երեխաներ։


Պատկերասրահ Խմբագրել

Քաղաքը այսօր՝

Քաղաքը նախապէս՝

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • «Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան» (5 հատորով), 1986-2001, Երեւանի Համալսարանի հրատարակչութիւն:

Տես նաեւ Խմբագրել