Ընձառիւծ կամ յովազ[1] կամ ինձ[2] (լատ.՝ Panthere pardus), կատուազգիներու ընտանիքի գիշատիչ կաթնասուն։

Արտաքին Յատկանիշներ Խմբագրել

Մարմինը համաչափ է, գեղակազմ, երկարութիւնը՝ մինչեւ 165 սմ., պոչը՝ 75–110 սմ., քաշը՝ 60 քկ.։ Էգերը աւելի փոքր են։ Մարմինը երկարաւուն է, մկանոտ, ոտքերը՝ համեմատաբար կարճ են։ Մէջքը դեղին է կամ դեղնակարմրաւուն՝ մոխրագոյն երանգով, համաչափ ցրուած վարդանախշաձեւ սեւ բիծերով: Կան նաեւ լրիւ սեւ մորթով յովազներ (կը տեսնուին Ճաւա կղզիին վրայ)։ Ոտքերն ամուր են, թաթերը՝ լայն ու սուր ճանկերով։ Ականջները կարճ են եւ կլորաւուն։ Կ'ապրին անտառներու մէջ եւ սարերու վրայ։ Լաւ կը մագլցին ծառերը։ Ունին սուր տեսողութիւն, լաւ լսողութիւն, հոտառութիւնը թոյլ է։

 
Սեւ յովազ
 

Հարաւային Ամերիկայի հիւսիսային կէսին մէջ եւ Ասիոյ որոշ շրջաններուն մէջ տարածուած է։ ՀՀ կ'անցնի Թուրքիայէն եւ Իրանէն։ Կը հանդիպի Սիւնիքի մարզէն Արարատի մարզ ինկած գօտիին մէջ, երբեմն նաեւ հիւսիսային մարզերու անտառներուն մէջ։ Որջը կը շինէ քարանձաւներուն, ժայռաճեղքերուն, հաստաբուն ծառերու փչակներուն, երբեմն՝ մացառախոզերու հին բոյներուն մէջ։ Սնունդ կ'առնէ եղջերուներով, այծեամներով, վայրի խոզերով, նապաստակներով, մկնանման կրծողներով, նաեւ՝ ձուկերով ու լէշերով։ Ուժեղ եւ ճարպիկ կենդանի է, որսին վրայ կը յարձակի գաղտագողի՝ դարանակալելով։

Բազմացումը Խմբագրել

Կ'ունենան 1–4 (երբեմն՝ 6) ձագ, որոնք կաթով կը կերարկուին 3 (երբեմն՝ 6–8) ամիս։ Ձագերը 5 ամսուան մէջ կրնան որսալ մանր կենդանիներ, 1–1,5 տարեկանին՝ կ'ապրին ինքնուրոյն։ Անազատ պայմաններուն մէջ՝ յովազը կ'ապրի 21 տարի։

Տարածումը Խմբագրել

Ընձառիւծները ամէնատարածուած վայրի կատուազգիներն են, բնակելով արեւելեան եւ կեդրոնական Ափրիկէի մէջ: Որոշ խումբեր կան մերձ-սահարեան Ափրիկէի, Հնդկաստանի, Ինտոնեզիոյ, Արաբական թերակղզիի, Ռուսիոյ, Քորիայի, Չինաստանի, Կովկասի, Թուրքմէնստանի, Իրանի, Հնդկաչին թերակղզիի, Ցէյլոն կամ Սրի-Լանքա կղզիին մէջ։ Անոնք անհետացած են մայրցամաքային Եւրոպայէն։

Գրանցուած է բնութեան պահպանութեան միջազգային միութեան եւ ՀՀ Կարմիր գիրքերուն մէջ։

Հայաստանի Մէջ Խմբագրել

Հայաստանի մէջ, մարդիկ եւ ընձառիւծները կ'ապրին կողք-կողքի վաղ Հոլոցէնէն։ 20-րդ դարու կէսերուն, ընձառիւծները տարածուած էին ողջ երկրի տարածքով։[3][4]: Սակայն տարածքի կրճատումը, որսը իջեցուցած են ընձառիւծներու թուաքանակը մինչեւ՝ 10-13 անհատներու։ Ներկայիս՝ ընձառիւծը տարածուած է Խոսրովի անտառ արգելոցին մէջ, որ կը գտնուի Երեւանէն հարաւ-արեւելք, Գեղամայ լեռնաշղթայի հարաւ-արեւմուտքը, ուր 2000-ի Հոկտեմբերէն մինչեւ 10 Յուլիս-2002 ընձառիւծ նկատուած է։[5]Ընձառիւծները տարածուած են նաեւ Մեղրիի լեռնաշղթայի մօտակայքը, Հայաստանի հարաւ ծայրամասը, ուր սակայն Օգոստոս 2006-էն մինչեւ Ապրիլ 2007 միայն մէկ ընձառիւծ նկատուած է[6]:

Պատկերներ Խմբագրել

Տե՛ս նաեւ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Հրաչեայ Աճառեան, Հայերէնի Արմատական Բառարան, Ե.1926 http://www.nayiri.com/imagedDictionaryBrowser.jsp?dictionaryId=7&query=%D5%80%D5%88%D5%8E%D4%B1%D4%B6
  2. Հրաչեայ Աճառեան, Հայերէնի Արմատական Բառարան, Ե. http://www.nayiri.com/imagedDictionaryBrowser.jsp?dictionaryId=7&query=%D5%AB%D5%B6%D5%B1
  3. Khorozyan, I. (2003) The Persian leopard in Armenia: research and conservation. Proceedings of Regional Scientific Conference “Wildlife Research and Conservation in South Caucasus”, 7–8 October 2003, Yerevan, Armenia: 161–163
  4. Armenpress Հայաստանին Մէջ Կովկասեան Յովազ Նկատած Են:
  5. Khorozyan, I., Malkhasyan, A. (2002) Ecology of the leopard (Panthera pardus) in Khosrov Reserve, Armenia: implications for conservation. Scientific Reports of the Zoological Society “La Torbiera” 6: 1–41
  6. Khorozyan, I., Malkhazyan, A. G., Abramov, A. (2008) "Presence – absence surveys of prey and their use in predicting leopard (Panthera pardus) densities: a case study from Armenia." Integrative Zoology 2008, 3:322-332