Թադէոս Զաքարեան

Թադէոս Զաքարեան (1862, Շամախի - 1918, Պաքու), հայ բժիշկ, գրող, հասարակական, ազգային գործիչ։

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Ծնած է 1862 թուականին Շամախիի մէջ։ Միջնակարգ կրթութեան ընթացքին կատարեալ ուսումնասիրած է հայոց լեզու եւ հայ ժողովուրդի պատմութիւն։ Աւարտած է Ռազմաբժշկական ակադեմիան եւ ստացած է բժշկական մասնագիտութիւն։

Ուսանողական տարիներուն ընկերակցած է Յովհաննէս Յովհաննիսեանի եւ Գարեգին Ենգիբարեանի հետ, որոնց հետ ամառները շրջած է Հայաստանի գաւառներու մէջ՝ հայ գիւղացիին անմիջականօրէն ծանօթանալու եւ ուսումնասիրութիւններ կատարելու նպատակով։ 1880-ական թուականներուն այդ թեմաներով շարք մը յօդուածներ տպագրած է «Աղբիւր» հանդէսին մէջ։ Դեռեւս ուսանողական տարիներեն զբաղուած է գրական ու հասարակական աշխոյժ գործունեութեամբ։ Երկար տարիներ բժշկական, ազգագրական, բանասիրական, հրապարակախօսական արժէքաւոր յօդուածներով աշխատակցած է Թիֆլիսի «Տարազ», «Մուրճ», «Մշակ», ինչպէս նաեւ Երեւանի «Պսակ», Էջմիածնի «Արարատ» եւ այլ պարբերականներու՝ ստորագրելով «Զ.» կամ «Թ. Զ.» ծածկանուններով։

1917-ին եղած է Պաքուի «Հայկական Կուլտուրական Միութեան» բժշկական բաժանմունքի՝ ընդամէնը 9 թիւ հրատարակած «Առողջ Կեանք», ժողովրդական առողջապահիկ ամսագիրի խմբագիր-հրատարակիչը։ Ամսագիրի տպագրութիւնն իրականացուած է Պաքուի Երեւանցեանի տպարանին մէջ։

Թադէոս Զաքարեանը մի քանի գիրքերու ու թարգմանութիւններու հեղինակ է։ Որպէս զինուրական բժիշկ ծառայած է Արտահանի մէջ, Ախալքալաքի, Պաթումի, Կորիի մէջ եւ ամէն տեղ բարի հիշատակ թողեած է։ Պետական բժշկական ծառայութիւնը թողնելէ յետոյ հաստատուած է Պաքուի մէջ, որտեղ եռանդուն մասնակցութիւն ունեցած է քաղաքի հասարակական կեանքէն ներս։ Եղած է Պաքուի հայոց միջնակարգ դպրոցներու հոգաբարձութեան անդամ։ Ունեցած է բժշկապետի կոչում։

1918-ին սեպտեմբերեան կոտորածէն ետք Ազրպէյճանի թուրքա-թաթարական բռնակալ կառավարութեան հրամանով ձերբակալուած ու նետուած է Պաքուի բանտը, ուր եւ բարբարոսական տանջանքներէն նահատակուած է 56 տարեկանին։

Գրականութիւն Խմբագրել

  • Բժ. Թադէոս Զաքարեան, «Տարազ», Թիֆլիս, 1919, թ. 9։
  • Յուշամատեան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Ալպոմ-ատլաս, Ա. հատոր, Դիւցազնամարտ, 1890-1914, Լոս Անճելըս, 1992։
  • Հովակիմեան Բախտիար, Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ գործիչների ծածկանուններ, Երեւան, 2002։
  • Հովակիմեան Բախտիար, Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ գործիչների ծածկանուններ, Երեւան, 2005։

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։