Թաներ Աքչամ (թուրքերէն՝ Taner Akçam, 23 Հոկտեմբեր 1953, Արտահան), թուրք պատմաբան, Մասաչուսեցի «Քլարք» համալսարանի պատմութեան դասախօս։


թրք.՝ Taner Akçam
Ծնած է 23 Հոկտեմբեր 1953
Ծննդավայր Արտահան
Քաղաքացիութիւն  Թուրքիա[1][2]
 Գերմանիա
Ուսումնավայր Միջինարևելյան տեխնիկական համալսարան?
Հանովերի համալսարան?
Երկեր/Գլխաւոր գործ The Young Turks’ Crime against Humanity: The Armenian Genocide and Ethnic Cleansing in the Ottoman Empire?, Սպանության հրամաններ? եւ Ամօթալի Արարք Մը (գիրք)
Մասնագիտութիւն Պատմաբան, ընկերաբան, իրաւապաշտպան եւ համալսարանի փրոֆէսօր։
Աշխատավայր Hamburg Institute for Social Research?
Քլարք համալսարան

Կենսագրական գիծեր Խմբագրել

Տոկթ. Աքչամ ծնած է Արտահան, 1953-ին: Ան փոքր տարիքին հետաքրքրուած է թրքական քաղաքականութեամբ: Որպէս խմբագիր ուսանողական քաղաքական թերթի մը, ան ձերբակալուած է 1976-ին եւ դատապարտուած 10 տարուան բանտարկութեան: «Միջազգային ներում» կազմակերպութիւնը (Amnesty International) որդեգրած է զինք որպէս «խղճմտանքի բանտարկեալ» (Prisoner of conscience): Տարի մը ետք, ան փախած է Գերմանիա եւ ստացած քաղաքական ապաստան: 1988-ին, ան սկսած է աշխատելու գիտական եւ ընկերային ուսումնասիրութեանց Համպուրկի հիմնարկին մէջ:

Առաջին ուսումնասիրութեան նիւթը եղած է քաղաքական բռնարարքներու պատմութիւնը՝ Օսմանեան կայսրութեան եւ Թուրքիոյ հանրապետութեան մէջ։ 2000-2002 տարիներուն, ան պատմութեան այցելու դասախօս եղած է Միշիկընի համալսարանին մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Մինիսոթայի համալսարանի ու 2008-էն ի վեր «Քլարք» համալսարանի Ողջակիզման եւ ցեղասպանութեան ուսմանց կեդրոնի ուսումնասիրող եւ դասախօս: Ան հրատարակած է բազմաթիւ գիրքեր եւ յօդուածներ՝ անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն եւ թրքերէն լեզուներով[3]:

Մրցանակներ Խմբագրել

  • Թաներ Աքչամ մրցանակ կը ստանայ «Աշխարհը առանց ցեղասպանութեան» կազմակերպութեան կողմէ։

Այս առթիւ՝ կազմակերպութեան ղեկավարը, նամակով մը կ՚ըսէ.

  Մենք երկար ատեն է, որ կը հիանանք ձեր խիզախ աշխատանքով, որուն նպատակն է փաստել Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած վայրագութիւնները: Հակառակ թուրք ծայրայեղականներուն կողմէ եղած մահուան սպառնալիքներուն` դուք Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ձեր խօսքին մէջ ցուցաբերած էք հետեւողական յամառութիւն[4]:
- Էլէն Քենետի
 


Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել