Կաղապար:Տեղեկաքարտ Երաժշտական Գործիք արւմտ.

Թաւջութակը, (իտալ.՝ violoncello) ջութակի ընտանիքին աղեղնաւոր երաժշտական գործիքներէն մէկն է: Թաւջութակը մենակատարող եւ նուագախմբային գործիք մըն է։ Եւ ունի չորս լարեր, որուն մեծ ձայնաստիճաններն են՝ տօ եւ սոլ, իսկ փոքր ձայնաստիճաններն են՝ րէ եւ լա։

Թաւջութակը ստեղծուած է 15-րդ դարու վերջաւորութեան կամ 16-րդ դարուն սկիզբը։ Անոր դասական նմոյշները պատրաստուած են իտալացի վարպետներու կողմէ, օրինակ՝ Անտրէա եւ Նիքոլօ Ամաթիներու, Ճ. Կուարներիի եւ Անտոնիօ Ստրադիվարիի կողմէ, 17-րդ եւ 18-րդ դարերու ընթացքին։

Թաւջութակի համար գրուած ու ստեղծուած են շատ մը հատանուագներ եւ նուագերգութիւններ։

Արտաքին յղումներ Խմբագրել