Թոր՝ Մռայլ Աշխարհը

«Թոր՝ Խաւարի Աշխարհը» (անգլերէն՝ Thor: The Dark World), խաղարկային ֆիլմ, որ հիմնուած է «Marvel Comics»ի համանուն կատակերգական գիրքին հիման վրայ։ Կը համարուի «Թոր» ֆիլմին սիքվելը (թատերական ներկայացում կամ շարժանկար) եւ «Marvel»ի շարժանկարչութեան տիեզերքի ութերորդ ֆիլմը։ Ֆիլմը նկարահանած է բեմադրիչ Տոն Փէյնը: Թատերական ուրուագիծին հեղինակներն են՝ Քրիսթոֆըր Եոսթը, Քրիսթոֆըր Մարքուսը եւ Սթիւըն Մաքֆիլին։ Գլխաւոր դերերու մէջ նկարահանուած են Քրիս Հեմսուորթը, Նաթալի Փորթմանը, Թոմ Հիտլսթընը, Սթելան Սքարսկարդը, Իտրիս Էլպան, Քրիսթոֆըր Էքլսթոնը, Ատելաւէ Ակինուոյէ-Ագդաբաճէն, Քեթ Տեննինկսը, Ռեյ Սթիւընսոնը, Զաքարի Լիւայը, Տադանոբու Ասանոն, Ճէյմի Ալեքսանդրը, Ռընէ Ռուսոն եւ Էնթընի Հոփքինսը։

Թոր՝ Մռայլ Աշխարհը
Պատկեր:Thor - The Dark World poster.jpg
ՖԻլմի թողարկման պաստառ
Thor: The Dark World
Բեմադրիչ Ալան Թէյլըր
Արտադրիչ Քեւըն Ֆայկի
Թատերագիր Քրիստոֆըր Եոսթ, Քրիստոֆըր Մարկուս եւ Սթիւըն Մաքւիլի
Երաժշտութիւն Պրայըլ Թէյլըր
Մոնտաժ Տէն Լիպենթըլ եւ Ուայաթ Սմիտ
Արտադրող
ընկերութիւններ
Marvel Studios
Թողարկման
թուական
31 Հոկտեմբեր 2013 (Մեծ Բրիտանիա), 8 Նոյեմբեր 2013 (ԱՄՆ)
Տեւողութիւն
112 վայրկեան
Երկիր  ԱՄՆ ԱՄՆ
Լեզու անգլերէն

Ֆիլմի արտադրութիւնը սկսած է Ապրիլի 2011-ին:

Յուլիս 2011-ին Քեննեթ Պրանան՝ «Թոր»ի բեմադրիըչը, կը լքէ նախագիծը։ Պրայան Քիրքը եւ Պեթի Ճենքինսը կը սկսին նկարահանել ֆիլմը, իսկ Յունուար 2012-ին ստեղծագործական խումբին կը միանայ Թէյլըրը։

Օգոստոս 2012-ին կը լրանայ երկրորդական դերասանական կազմը, որուն մէջ կային Էքլսթոունը, Տենինկսը եւ Ակինուոյէ-Ագդաբաճէն։ Հիմնական նկարահանումները կը սկսին Սեպտեմբեր 2012-ին Սուրէյի մէջ (Անգլիա), որմէ ետք կը շարունակուին Իսլանտայի եւ Լոնտոնի մէջ ու կը տեւեն մինչեւ Դեկտեմբեր 2012։ Իր արտադրական փուլին ընթացքին «Թոր՝ Մռայլ աշխարհը» կը փոխակերպուի 3D ֆիլմի։

Շարժանկարի շնորհահանդէսը տեղի ունեցած է 2 Հոկտեմբեր 2013-ին Օտէոնի Լեսեսթըր հրապարակին վրայ։ Համաշխարհային շնորհահանդէսը տեղի ունեցած է 30 Հոկտեմբեր 2013-ին, իսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ 8 Նոյեմբեր 2013-ին։ Ֆիլմը կը ստանայ խառն գնահատականներ[1][2], սակայն կ'ունենայ համաշխարհային առեւտրական յաջողութիւն. ամբողջ շահը կազմած է շուրջ 644 միլիոն տոլար։ Երրորդ՝ «Թոր՝ Ռագնարիոկ» ֆիլմի շնորհահանդէսը կը նախատեսուի 3 Նոյեմբեր 2017-ին։

Նիւթ Խմբագրել

Հազարամեակներ առաջ՝ Օտինի հայրը՝ Պիոր, կը յաղթէ Մալեկիտի գլխաւորած Սեւ էլֆերին, որ կը փափաքէր տիեզերքը բերել իր նախկին տեսքին՝ Եթերով ոչնչացնելով Ինը աշխարհները, որոնք մատերիան կը դարձնէ սեւ մատերիա։ Մալեկիտի ջախջախումէն ետք, լքելով իր բանակը, ան կը պահուըտի, իսկ Պիոր կը հրամայէ Եթերը կարելի եղածին չափ խոր պահել։

Մեր օրերուն Թոր կը զբաղի Ինը աշխարհներու մէջ կարգ ու կանոնի վերականգնումով։ Լոկին ձեռնաշղթաներով փակուած է Ասկարդի բանտին մէջ, եւ անոր մայրը, անընդհատ անհանգստանալով իրեն համար, յաճախ կ'այցելէ իրեն։ Այդ օրերուն Երկրի վրայ՝ Լոնտոնի մէջ, Ճէյն Ֆոսթըր կը գտնէ անբացատրելի տարականոն մը, որ կը ստիպէ իրերը ակնթարթի մը մէջ անհետանալ, որոնք դարձեալ կը յայտնուին այլ վայրի մը մէջ։ Անիկա կ'ուղեկցի ձգողականութեան խախտումով, որուն պատճառով որոշ մեքենաներ կը թռչին օդին մէջ։ Անցնելով տարականոնէն՝ Ճէյն կը յայտնուի Եթերի մօտ, որ շուտով կը մտնէ իր մարմինին մէջ։

Թոր ամէն երեկոյ հետեւելով Ճէյնին վերականգնած Ծիածանէ կամուրջին, կ'իմանայ, որ դարպասներու պահապանը կորսնցուցեր է զայն իր տեսադաշտէն, եւ կ'ուղեւորուի որոնելու։ Այդ ընթացքին Ճէյն գիտակցութեան կու գայ գործարանին մէջ, ուր նաեւ նկատուած էին տարականոնները։ Այն ատեն Դարսին, անհանգստանալով ընկերուհիին անհետացումով, որուն մասին ոչինչ գիտէր հինգ ժամէ, ոստիկանութեան լուր տուած էր։ Երբ օրէնքի պահապաններէն մէկը կը ցանկայ բռնել Ճէյնի ձեռքերը, զայն ետ կը շպրտէ ուժեղ իմփուլսը։ Այն ատեն յայտնուած Թորը կ'իյնայ գլխուն խրայ, որ ուժի աղբիւրը կը կրէ ոչ երկրային բնոյթ եւ Ճէյն իրեն հետ կը տանի Ասկարդը։ Օտի կը ճանչնայ Ճէյնի մէջ մտած ուժը՝ իբրեւ Եթեր եւ կը կանխատեսէ անոր մօտալուտ մահը։ Ան կը ցանկայ, որ Թորը ետ տանի Ճէյնը Երկիր, սակայն Ֆրիկան իր խնամակալութեան տակ կը վերցնէ զայն։

Արթննալով Եթերի ուժէն՝ Ամելկիտ եւ իր բանակը կը յարձակին Ասկարդի վրայ։ Ճէնի մէջ գտնելով Եթերի աղբիւրը՝ անոնք կը ցանկան իրենց հետ տանիլ աղջիկը, սակայն Ֆրիկան կը թաքցնէ զայն, որուն պատճառով ինք կը զոհուի։ Յարձակումը ետ կը մղուի, սակայն Օտի կ'անհանգստանայ։ Ֆրիկայի թաղումէն ետք ան կը ցանկայ Մալեկիտը յաղթել կռինի ընթացքին։ Թոր կը հասկնայ, որ կռիւի պատճառով շատ զոհեր պիտի ըլլան եւ կը խնդրէ հօր զինք ու Ճէյնը տանիլ Մռայլ աշխարհ եւ հոն անոր մարմինէն հանել Եթերը, սակայն մերժում կը ստանայ։ Ան կը ստիպէ օգնութիւն խնդրել Լոկիէն, որ գիտէ գաղտնի աշխարհներ տանող ճամբաներ։ Լոկի կը համաձայնի օգնել, քանի որ կը ցանկայ վրէժ լուծել մօր համար։ ԱՆ Թորի ու Ճէյնի հետ կը փախչի Ասկադէն եւ երկուքն ալ կը փրկէ, Մալեկիտը հանելով Եթերը Ճէյնի մէջէն։ Թոր կը ձգէ մեռած եղբօր մարմինը, որ իր փրկութեան համար անձնասպան եղած էր։ Ան Ճէյնի հետ կ'ուղեւորուի Երկիր, ուր Տարսին իր օգնական Եէնի օգնութեամբ հոգեբուժարանէն կը հանէ գիտնական Էրիք Սելվիկը, ուր յայտնուած էր մարդոց ինը աշխարհներու մօտենալու մասին տեղեակ պահելու պատճառով։

Ճէյնը, Թորը եւ բժիշկ Սելվիկը կը մշակեն Մալեկիտի դէմ դիմակայելու ծրագիր մը՝ օգտագործելով Երկրի վրայի տարածական տարականոնները։ Մալեկիտ կը ցանկայ օգտագործել աշխարհներու հաւասարեցումը, որպէսզի Եթերի ուժ ուղարկէ անոնց միջոցով եւ տիեզերքին մէջ վերստեղծէ Սեւ էլֆերու աշխարհը։ Ճէյնի եւ Սելվիկի օգնութեամբ Թոր կը յաջողի այնքան մօտենալ Մալեկիտին, որ կրնայ հարուածել զայն մուրճով։ Անոմալիաներու միջոցով սեւ էլֆերը եւ իրենց նաւը ետ կ'երթան իրենց աւերուած աշխարհը։

Ճէյն կը մնայ Երկրի վրայ, իսկ Թոր կը վերադառնայ հօրը քով՝ Ասկարդ։ Ան կը խնդրէ Օտինէն իրեն ազատել Ինը աշխարհներու մէջ թագաւորելու պարտականութենէն եւ կը պատմէ Լոկիի զոհաբերութեան մասին։ Օտին որդիին յաջողութիւն կը մաղթէ, սակայն չի տար իր օրհնութիւնը։ Երբ Թոր կը լքէ դղեակը, Օտի կը վերածուի անասունի եւ առողջ Լոկիի՝ գահին նստած հօր դիմակի տակ։

Տիտրերէն ետք կը յայտնուին Վոլշթագն ու Սիֆը, որոնք Կոլեկցիոներուն կը փոխանցեն Եթերի պահպանման գործը, որովհետեւ կը վախնան զայն միաժամանակ պահել Տեսարակտի հետ՝ Ասկարդի մէջ։ Անոնց մեկնելէն ետք Կոլեկցիոներ կ'ըսէ․ «Մէկը կայ, մնացին հինգը» (նկատի ունի Անսահմանութեան քարերը)։ Վերջին տեսարանին մէջ Եոտունհէյմի գազանը, որ նախքան՝ վերջին մարտի ժամանակ, անցած էր միջտարածական սահմանով, Լոնտոնի մէջ թռչուններ կ'որսայ։

Դերակատարներ Խմբագրել

Ընդհանուր առմամբ ֆիլմին մէջ նկարահանուած են թիւով 70 դերասան՝ առանց հաշուելու մասսայական տեսարանները։

Ստեղծում Խմբագրել

 
Թոմ Հիտըլսթըն Լոկիի՝ Օտինի հոգեորդիի տարազով

Ապրիլ 2011-ին Marvel Studios-ի նախագահ Քեւըն Ֆէյճ յայտարարեց, որ «Վրիժառուներ»-էն ետք Թոր կ'ուղեւորուի նոր արկածներ փնտրելու։ «Թոր»-ի բեմադրիչ Քեննեթ Պրանան մեկնաբանեց Ֆէյճի յայտարարութիւնը․ «Անոր ըսածը ինծի համար նորութիւն է։ <…> Իմ արեանս մէջ շատ կայ իրլանտական սնահաւատութիւն, որպէսզի ենթադրեմ, որ պիտի յայտնուի «Թոր 2»-ը։ Սակայն, եթէ Marvel-ը ըսէ, որ այդ մէկը պիտի իրականանայ, ապա ճիշդ է»[4]։ Բացի անկէ, Ֆէյճը նշեց, որ նոր ծրագիրներէ առաջ անոնց ուշադրութեան կեդրոնը կը գտնուի ֆիլմի առաջին մասի շահոյթային յաջողութիւնը եւ ըսաւ. «Տոն Փէյն արդէն կ'աշխատի երկրորդ մասի ուրուագիծին վրայ։ Մենք ունինք քանի մը ծրագիրներ՝ Քեննեթ Պրանայի հետ կապուած, որպէսզի քննարկենք անոր վերադարձը, սակայն այժմ ամբողջ ուշադրութիւնը կը կեդրոնացուի առաջին ֆիլմի վրայ»[5]։ Յունիս 2011-ին Walt Disney Pictures-ը եւ Marvel Studios-ը յայտարարեցին, որ երկրորդ ֆիլմի շնորհահանդէսը տեղի պիտի ունենայ 26 Յուլիս 2013-ին[6][7]։ Քրիս Հեմսուորթ կրկին պիտի յայտնուի Թորի դերին մէջ, իսկ Քեննեթ Պրանան պիտի լքէ բեմադրիչի աթոռը, սակայն պիտի մնայ իբրեւ արտադրող[8], ընդ որուն, Պրանայի խօսքերով, այդ որոշումը փոխադարձ էր[9]։ Լոյս ընծայման օրուան մասին յայտարարելու յաջորդ օրը Տոն Փէյն հաստատեց, որ հրաւիրուած է գրելու երկրորդ ֆիլմի ուորւագիծը[10]։

Յուլիս 2011-ին դերասան Իտրիս Էլպան San Diego Comic-Con International-ի ժամանակ IGN կայքին տուած հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ ֆիլմի սիկվելի մէջ կրկին հանդէս պիտի գայ Հէյմտալի դերով[11], իսկ մէկ ամիս ետք հաստատեց, որ պայմանանագիրը կքնուած է[12]։ Օգոստոսին պարզ դարձաւ, որ բանակցութիւններ կը վարուին բեմադրիչ Պրայըն Քիրկի հետ։ Պայմանագիրի կնքումը պատճառը պիտի դառնար Քիրկի սկիզբը Հոլիուուտի մէջ։ Նախքան ան աշխատած էր «Գահերու խաղը» եւ «Ընդյատակեայ կայսրութիւն»-ը հեռուստաշարերը HBO պատկերասփիւռի ալիքի, «Տեքսթըր»-ը՝ Showtime-ի եւ «Լիութըր»-ը՝ BBC One-ի համար[13]։

Սեպտեմբերի սկիզբը յայտնի դարձաւ, որ Թոմ Հիտըլսթըն կրկին պիտի յայտնուի Լոկիի դերով։ MTV-ի հետ տուած հարցարզրոյցի ժամանակ Հիտըլսթընը նշեց, որ իր կերպարը «պէտք է պատասխան տայ իր ըրածներուն համար»[14][15]։ Նոյն ամսուան ընթացքին Պրայան Քիրկ ստուդիայի հետ ֆինանսական եւ ստեղծագործական անհամաձայնութիւններու պատճառով որոշեց հրաժարիլ բեմադրիչի պաշտօնէն, որուն համար արդէն բանակցութիւններ սկսած էր Փեթթի Ճենքինսի հետ, որ յայտնի է «Հրէշ» ֆիլմով եւ «Սպանութիւն» հեռուստաշարով[16]։ Սեպտեմբերին Ռէյ Սթիւընսըն պատմեց, որ շատ հաւանական է վերադառնալ Վոլշթագի դերով, «եթր Վրիժառուները բոլոր աշխարհները մէկ ամբողջութեան մէջ չտեղափոխեն»[17], իսկ Ճոշուա Տալլաս հաստատեց, որ կրկին պիտի խաղայ Ֆանտրալի դերը[18]։ Ֆէյճ ըսաւ, որ սիկվելի ստեղծողները կը ցանկան լայնցնել Ասկարդ մոլորակի ինը աշխարհները, իսկ Թոր «բառին բուն իմաստով պիտի տեղափոխուի այլ տիեզերքներ»[19]։ Առաջին ֆիլմին մէջ ցուցադրուեցան անոնցմէ միայն երկուքը՝ Ասկարդն ու Եոտունհէյմը, իսկ մնացածը յիշատակուեցան ֆլէշպեքերու եւ Թորի պատմութիւններու մէջ։ Հոկտեմբեր ամսուան ստուդիան յայտնեց ֆիլմի լոյս ընծայման թարմացուած թուականը՝ 15 Նոյեմբեր 2013[20]։ Նոյն օրը Փեթթի Ճենքինս պաշտոօնապէս դարձաւ «Թոր 2»-ի բեմադրիչը, իսկ Նաթալի Փորթման պատմեց, որ կրկին պիտի խաղայ Ճէյն Ֆոսթըրի դերը[21]։

Չնայած պայմանագիրը կնքուած էր, Դեկտեմբեր 2011-ին Ճենքինս հրաժարեցաւ բեմադրիչի աթոռէն՝ ստեղծագործական անհամաձայնութիւններու պատճառով[22][23]։ Նոյն ամսուան ընթացքին The Hollywood Reporter-ը յայտնեց, որ Marvel-ը կը վերանայի Ալան Թեյլըրի թեկնածութիւնը։ Marvel նաեւ կը փնտրէր նոր թատրոն ուրուագծող, որպէսզի վերանայուի Փէյնի ուրուագիծը եւ կը ցանկար այդ պաշտօնին վրայ տեսնել Ճոն Քոլլին, Ռոպերթ Ռոտեթը կամ Ռոճըր Էֆերին[24]։ Այդ ամիս բեմադրիչ դարձաւ Ալան Թեյլըր[25]։

Յունուար 2012-ին Թոմ Հիտըլսթըն յայտնեց, որ ֆիլմի նկարահանումները կը ծրագրուին իրակացուիլ Լոնտոնի մէջ 2012-ի ամառը[26]։ Նոյն ամսուան ընթացքին յայտնեց, որ ուրուագծողը պիտի ըլլայ Ռոպերթ Ռոտեթը, որ յայտնի էր «Փրկել շարքային Ռայանը» ֆիլմով[27], եւ այդ օր դերասանուհի Ճէյմի Ալեքսանդրը, որ խաղացած էր Սիֆի դերը, յայտնեց, որ նոյնպէս պիտի յայտնուի սիկվելի մէջ[28]։

Մայիս ամսուն սկսան Մետսըն Միքլեսընի հետ բանակցութիւնները՝ չարագործներէն մէկուն դերով յայտնուելու համար[29]։ Նոյն օրը Էնթընի Հոփքինս, որ խաղացած էր Օտինի դերը, յայտնեց, որ համաձայն է հետագային կրկնել իր դերը, եթէ նման առաջարկ ստանայ[30]։ Ամսուան վերջաւորութեան Disney-ն ֆիլմի դուրս գալու օրը տեղափոխեց 8 Նոյեմբեր 2013[31]։ Յունիս 2012-ին Ճոշուա Տալլաս ստիպուած եղաւ «Մէկ Անգամ Հեքիաթի Մէջ» հեռուստաշարի համար հրաժարիլ սիկվելի իր դերէն[32]։ Ըստ The Hollywood Reporter-ի հաղորդագրութեան, Ֆանտրալայի դերի համար դիտարկուեցաւ նաեւ Զաքարի Լիւայի թեկնածութիւնը, որ կրցաւ խաղալ նաեւ առաջին շրջանին, սակայն ան զբաղած էր «Չաք» հեռուստաշարի նկարահանումներով[33]։

Նկարահանումներ Խմբագրել

 
«Թոր՝ Մռայլ Աշխարհ» ֆիլմի նկարահանման հրապարակը Պորն Ուուտ, Սուրրէյ

Նկարահանումները սկսան 10 Սեպտեմբեր 2012-ին Պորն Ուուտի մէջ (Սուրրէյ)[34]։ Comikaze Expo 2012-ին Թորի համահեղինակ Սթէն Լի պատմեց, որ ան ֆիլմին մէջ պիտի յայտնուի քամէօով[35]։ Քանի մը շաբաթ ետք դերասանական կազմին միացան Քլայֆ Ռասսելը եւ Ռիչարտ Պրէյքը՝ համապատասխանաբար Թիուրայի եւ Էնհերիի կապիտանի դերերով[36]։ Ֆիլմի նկարահանումներու առաջին ամսուան վերջաւորութեան Ճէյմի Ալեքսանդրը վնասուեցաւ՝ սայթաքելով անձրեւի ժամանակ[37]։ Հոկտեմբեր 2012-ին արտադրութիւնը տեղափոխուեցաւ Իսլանտա, ուր նկարահանումները տեղի ունեցան Տոմատալուրէյի, Սքոուկրաֆոսսի, Ֆիատրարգլուֆիւրէյի եւ Սքէյտարայի մէջ[38]։ Հոկտեմբերի վերջաւորութենէն նկարահանումները շարունակուեցան Լոնտոնի Գրիւինական հիւանդանոցին մէջ[39]։ Ինչպէս նաեւ Հոկտեմբերին Disney-ն յայտարարեց, որ ֆիլմը դուրս պիտի գայ 3D ձեւաչափով[40]։ 14 Հոկտեմբեր 2012-ին Ճէյմի Ալեքսանդր իր Թուիթթըրի վրայ գրեց, որ նկարահանումները աւարտած են[41]։

Սթէն Լի՝ Marvel-ի տիեզերքի ստեղծողը, որ Marvel-ի շարժանկարչական տիեզերքի նախկին ֆիլմերու մէջ յայտնուած էր քամէօներով, յայտնուեցաւ տեսարանի մը մէջ, ուր հոգեբուժարան տեղափոխուած Էրիք Սելվիկ կը պատմէ մօտալուտ վերացման մասին։ Ան կը լսէ այլ հիւանդի մը, որմէ Սելվիկ վերցուցած էր երկարաճիտ կօշիկ՝ փորձելով բացատրել, թէ ինչպէս աշխարհները կը մտնեն իրարու մէջ։

Երաժշտութիւն Խմբագրել

Օգոստոս 2012-ին Փաթրիք Տոյլ ըսաւ, որ զրոյցներ կը վարէ բեմադրիչին հետ ֆիլմի երաժշտութիւնը ստեղծելու համար[42]։ 2013 թվականի ապրիլից Քարթեր Բարուելը կանչվեց ֆիլմի երաժշտության կոմպոզիտորը դառնալու համար[43], սակայն յաջորդ ամիսը ան լքեց ծրագիրը՝ ստեղծագործական անհամաձայնութիւններու պատճառով[44]։ Յունիս 2013-ին Marvel-ը ներգրաւեց Պրայըն Թայլըրը, որ աշխատած էր «Երկաթէ մարդը 3»-ի երաժշտութեան վրայ[45][46]:

Երգացանկ Խմբագրել

Բոլոր երգերուն հեղինակն է՝ Պրայըն Թայլըր[47]։
# Անուանում Տեւողութիւն
1. «Thor: The Dark World»   2:10
2. «Lokasenna»   2:31
3. «Asgard»   1:55
4. «Battle of Vanaheim»   1:39
5. «Origins»   3:49
6. «The Trial of Loki»   2:38
7. «Into Eternity»   3:40
8. «Escaping the Realm»   3:53
9. «A Universe from Nothing»   2:20
10. «Untouchable»   4:08
11. «Thor, Son of Odin»   1:51
12. «Shadows of Loki»   2:25
13. «Sword and Council»   3:46
14. «Invasion of Asgard»   2:59
15. «Betrayal»   4:02
16. «Journey to Asgard»   2:17
17. «Uprising»   2:35
18. «Vortex»   2:20
19. «An Unlikely Alliance» (Includes) 3:47
20. «Convergence»   3:42
21. «Beginning of the End»   5:20
22. «Deliverance»   2:21
23. «Battle Between Worlds»   3:29
24. «As the Hammer Falls»   2:40
25. «Legacy»   4:08
26. «Marvel Studios Fanfare»   0:29

Թողարկում Խմբագրել

Ֆիլմի շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ 2 Հոկտեմբեր 2013-ին Օտէօն Լիսեստըր հրապարակին վրայ, Լոնտոն[48][49]։ Ֆիլմի Մեծ Բրիտանիոյ մէջ մեծ էկրաններ բարձրացաւ քանի մը օր առաջ՝ 30 Հոկտեմբեր-ին[50]։ Ֆիլմի Հիւսիսային Ամերիկայի շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ Հոլիուուտի El Capitan Theatre-ի մէջ, 7 Նոյեմբեր 2013-ին[51]։

Ընդունում Խմբագրել

Շահ Խմբագրել

«Թոր՝ Մռայլ աշխարհը» Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ հաւաքեց 206.4 միլիոն տոլար եւ 438 միլիոն տոլար՝ Ամերիկայէն դուրս, իսկ համաշխարհային շահը կազմեց 644.6 միլիոն տոլար[52]։ Անիկա անցավ իր նախկինէն՝ թողարկումէն ընդամէնը 19 օր ետք[53]։ Ըստ Deadline.com-ի, որ հաշուած էր ֆիլմի բոլոր ծախսերը, մաքուր հասոյթը կազմած է 139.4 միլիոն տոլար[54]։

Քննադատութիւն Խմբագրել

Շարժապատկերի քննադատներէն ֆիլմը հիմնականին ստացաւ դրական արձագանգներ։ Rotten Tomatoes-ի մէջ, հիմնուելով 221 կարծիքի վրայ, ֆիլմի վարկանիշը կազմեց 65%[55]։ Metacritic-ի մէջ ֆիլմի միջին գնահատականը 100-էն կազմեց 54՝ հիմնուելով 44 կարծիքներու վրայ[56]։ Հանդիսատեսը դրական արձագանքեց ֆիլմի մասին. IMDb-ի վրայ վարկանիշը 10-էն կազմած է 7,1[57][58]։

Մրցանակներ Եւ Անուանակարգեր Խմբագրել

Տարի Մրցանակաբաշխութիւն Անուանակարգ Ստացող / Աշխատանք Արդիւնք Ծան.
2014 IGN-ի 2013-ի լաւագոյնները Քոմիքսի գիրքի լաւագոյն ֆիլմի պատրաստութիւն Թոր՝ Մռայլ աշխարհը Կաղապար:Nom-W/hy [59]
Մարդոց 40-րդ ընտրութիւն Սիրուած արեվերջեան ֆիլմ Թոր՝ Մռայլ աշխարհը Կաղապար:Nom-W/hy [60]
Ամերիկեան սեւական շարժապատկերի փառատօն Տարուան արուեստագէտ Իտրիս Էլպա Կաղապար:Nom-W/hy [61]
19-րդ կայսրութիւն մրցանակաբաշխութիւն Երկրորդ ծրագիրի լաւագոյն դերասան Թոմ Հիտըլսթըն Կաղապար:Nom-W/hy [62]
Սաթուրն մրցանակաբաշխութիւն Քոմիքսէն ֆիլմ լաւագոյն շարժանկար Թոր՝ Մռայլ աշխարհը Կաղապար:Nom-W/hy [63]
Երկրորդ ծրագիրի լաւագոյն դերասան Թոմ Հիտըլսթըն Կաղապար:Nom-W/hy
Լաւագոյն տարազ Ուէնտի Փերթրիճ Կաղապար:Nom-W/hy
Լաւագոյն դիմայարդարում Քերէն Քոհեն / Տէյվիտ Ուայթ / Էլիզապէթ Եիաննի-Ճեօրճօու Կաղապար:Nom-W/hy
Լաւագույն Յատուկ էֆեկտներ Ճէյք Մորիսոն / Փոլ Քորպոուլտ / Մարք Պրէյքսփիր Կաղապար:Nom-W/hy
MTV ֆիլմի մրցանակաբաշխություն Լաւագոյն առանց շապիկ կատարում Քրիս Հեմսուորթ Կաղապար:Nom-W/hy [64]
Լաւագոյն հերոս Քրիս Հեմսուորթ Կաղապար:Nom-W/hy
Լաւագոյն կերպար Լոկի Կաղապար:Nom-W/hy
Ոսկիէ թրեյլըր մրցանակաբաշխութիւն Լաւագոյն մարտական հեռուստահոլովակ Թոր՝ Մռայլ աշխարհը Կաղապար:Nom-W/hy [65]
BET Լաւագոյն դերասան Իտրիս Էլպա Կաղապար:Nom-W/hy [66]
Դեռահասներու ընտրութիւն 2014 գիտական, առասպելական եւ երեւակայական ոճի ընտրուած ֆիլմ Թոր՝ Մռայլ աշխարհը Կաղապար:Nom-W/hy [67]
Գիտական, առասպելական եւ երեւակայական ոճի ընտրուած դերասան Քրիս Հեմսուորթ Կաղապար:Nom-W/hy
Գիտական, առասպելական եւ երեւակայական ոճի ընտրուած դերասանուհի Նաթալի Փորթման Կաղապար:Nom-W/hy

Սիկվել Խմբագրել

Թոր՝ Ռագնարոկ-ի թողարկումը ծրագրուած է 3 Նոյեմբեր 2017-ին[68], որուն բեմադրիչն է Տայիկա Վայիտիտին[69]։ Ստեֆանի Ֆոլսոմ պիտի գրէ թատերական ուրուագիծը[70], իսկ Քեւըն Ֆէյճ՝ արտադրողը[71]։ Հեմսուորթ, Հիտըլսթըն, Ալեքսանդր, Քոփքինսը եւ Էլպա պիտի ըլլան իրենց նախկին՝ Թորի, Լոկիի, Սիֆի, Օտինի եւ Հէյմտալի դերերով[69][72][73][74], իսկ Մարք Ռուֆալօն Marvel-ի շարժանկարչութեան տիեզերքի խաղացած Հալք․ Պրիուս Պեննըրի դերով[75]։ Քէյթ Պլանշետ, Տեսսա Թոմփսընը, Ճեֆֆ Կոլտլամ եւ Քառլ Ուրպան հիմնական դերասանական կազմին միացած են Հելայի, Վալքայրիի, Կրանտմէյսթըրի եւ Դահիճի դերերով[69]։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Hanna Beth (October 23, 2013)։ «Review Roundup: Critics Mixed on 'Thor: The Dark World' -- Generic Marvel Entry With Too Little of Loki?»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ August 25, 2015-ին։ արտագրուած է՝ August 25, 2014 
  2. Lombardi Ken (November 8, 2013)։ «"Thor: The Dark World" gets mixed responses from critics»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ November 13, 2014-ին։ արտագրուած է՝ August 25, 2014 
  3. Նար տեսքը մի քանի րոպեով ընդունում է Լոկին, որպէսզի Թորին ձեռք առնի
  4. VanAirsdale S.T. (2011-04-27)։ «Imminent Thor Sequel is News to Kenneth Branagh»։ Movieline (անգլերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-09-03-ին։ արտագրուած է՝ 2016-10-09 
  5. Yamato Jen (2011-05-01)։ «Chris Hemsworth and Co. on Avengers Ego-Clashing and Thor Sequel Plans»։ Movieline (անգլերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-08-20-ին։ արտագրուած է՝ 2016-10-09 
  6. «Release Schedule: New dates and change»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-10-08-ին։ արտագրուած է՝ 2016-10-09 
  7. Mike Flemming (30 հունիսի, 2011)։ «Marvel And Disney Setting 'Thor 2' For Summer 2013; Chris Hemsworth's Back But Kenneth Branagh Won't Return» (անգլերեն)։ Deadline։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-07-03-ին։ արտագրուած է՝ 2016-10-09 
  8. Kiel Phegley։ «Marvel Studios Readies "Thor 2" Without Branagh»։ Comic Book Resources։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-24-ին։ արտագրուած է՝ 2016-10-09 
  9. «Кеннет Брана отказался снимать сиквел "Тора"»։ Lenta.ru։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-05-ին։ արտագրուած է՝ 2016-10-09 
  10. Mike Flemming Fleming, Mike (1 июля 2011)։ «Thor 2 To Be Scripted By Don Payne» (անգլերեն)։ Deadline։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-02-21-ին։ արտագրուած է՝ 2016-10-09 
  11. «Idris Elba Briefly Talks Ghost Rider Sequel; Confirms His Return As 'Heimdall' For THOR 2» (անգլերեն)։ IGN։ 5 августа 2011։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-11-07-ին։ արտագրուած է՝ 2016-10-09 
  12. «Ghost Rider: Spirit of Vengeance - Idris Elba Interview»։ IGN (անգլերեն)։ 5 августа։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-02-11-ին։ արտագրուած է՝ 2011-09-19 
  13. Graser, Marc; Kroll, Justin (4 августа)։ «Brian Kirk in talks to direct 'Thor 2'»։ Variety (անգլերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-11-08-ին։ արտագրուած է՝ 2016-10-09 
  14. Warner Kara (1 сентября 2011)։ «'Thor 2' Director Not Set Yet, Says Tom Hiddleston»։ MTV News (անգլերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-06-09-ին։ արտագրուած է՝ 2011-09-19 
  15. «Loki and Thor are here to stay» (անգլերեն)։ TG Daily։ 2011-09-04։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-06-18-ին։ արտագրուած է՝ 6 сентября 2011 
  16. Graser, Marc; Kroll, Justin (2011-09-22)։ «Jenkins in talks to helm 'Thor 2'»։ Variety (անգլերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-11-09-ին։ արտագրուած է՝ 2011-09-22 
  17. David Bentley։ «Ray Stevenson talks Thor 2, G.I. Joe 2 and The Three Musketeers - Coventry Telegraph - The Geek Files» (անգլերեն)։ // blogs.coventrytelegraph.net։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-10-02-ին։ արտագրուած է՝ 2011-9-28 
  18. Goldman Eric (2011-10-04)։ «Josh Dallas Talks Thor 2»։ IGN։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-10-06-ին։ արտագրուած է՝ 2011-10-07 
  19. Breznican Anthony (2011-09-22)։ «'Monster' director Patty Jenkins considered for 'Thor 2'»։ Entertainment Weekly (անգլերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-09-27-ին։ արտագրուած է՝ 2011-09-28 
  20. Masters Kim (2011-10-13)։ «Official: Disney's 'Lone Ranger' Sets May 31, 2013 Release Date»։ The Hollywood Reporte։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-10-14-ին։ արտագրուած է՝ 2011-10-14 
  21. Flemming Mike (2011-10-13)։ «TOLDJA! Patty Jenkins Confirmed As ‘Thor 2′ Director»։ Deadline.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-10-14-ին։ արտագրուած է՝ 2011-10-14 
  22. Fleming Mike (2011-12-06)։ «Director Patty Jenkins Exits Marvel’s 'Thor 2'»։ Deadline.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-12-07-ին։ արտագրուած է՝ 2011-12-08 
  23. Kit Borys (2011-12-06)։ «'Thor 2' Director Patty Jenkins Exits»։ The Hollywood Reporter։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-12-12-ին։ արտագրուած է՝ 2011-12-08 
  24. Kit Borys, Masters Kim (2011-12-09)։ «'Thor 2' Closing in on New Director and Writer (Exclusive)»։ The Hollywood Reporter։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-01-07-ին։ արտագրուած է՝ 2011-12-15 
  25. Jessica Shaw (24 декабря 2011)։ «'Thor 2' to be directed by 'Game of Thrones' helmer Alan Taylor: Report»։ Entertainment Weekly (անգլերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-01-04-ին։ արտագրուած է՝ 2011-12-26 
  26. Gordon Jeremy (2012-01-10)։ «Loki Will Keep People Guessing In 'Thor 2,' Says Tom Hiddleston»։ Empire։ MTV News։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-05-09-ին։ արտագրուած է՝ 2012-04-04 
  27. Fleming Mike (2012-01-10)։ «Robert Rodat To Rewrite ‘Thor 2′»։ Deadline։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-04-18-ին։ արտագրուած է՝ 2012-04-04 
  28. Wigler Josh (2012-01-11)։ «Jamie Alexander Teases 'Thor 2' Romance, Possible 'Avengers' Appearance»։ MTV News։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-04-23-ին։ արտագրուած է՝ 2012-04-04 
  29. Knoll Justin, Graser Marc (2012-05-24)։ «Mikkelsen in talks for 'Thor 2' villain role»։ Variety։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-05-27-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-25 
  30. Fleming Mike (2012-05-24)։ «Anthony Hopkins Up For ‘Red 2′ Villain; Can ‘Thor’ Sequel Dates Work?»։ Deadline.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-05-26-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-24 
  31. McNary Dave (2012-05-31)։ «'Lone Ranger' to get July 2013 release»։ Variety։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-06-03-ին։ արտագրուած է՝ 2012-06-01 
  32. Rice Lynette (2012-06-08)։ «'Thor' scoop: Josh Dallas won't reprise role as Fandral -- EXCLUSIVE»։ Entertainment Weekly։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-06-09-ին։ արտագրուած է՝ 2012-06-08 
  33. Kit Borys (2012-06-08)։ «'Thor 2' Eyes 'Chuck' Star Zachary Levi (Exclusive)»։ The Hollywood Reporter։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-06-10-ին։ արտագրուած է՝ 2012-06-09 
  34. Saunders Louise (September 10, 2012)։ «Filming for Thor 2: The Dark World gets underway in Surrey... but where is Chris Hemsworth?»։ Daily Mail։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ September 11, 2012-ին։ արտագրուած է՝ September 10, 2012 
  35. «NTF Scoop – Stan Lee Confirms Cameo in "Thor: The Dark World"»։ Nuke the Fridge։ September 15, 2012։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ September 19, 2012-ին։ արտագրուած է՝ September 17, 2012 
  36. Patten Dominic (September 24, 2012)։ «‘Thor: The Dark World’ Adds Pair To Cast»։ Deadline.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ September 26, 2012-ին։ արտագրուած է՝ September 24, 2012 
  37. Doty Meriah (September 25, 2012)։ «‘Thor’ star’s scary on-set injury»։ Yahoo! News։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ September 27, 2012-ին։ արտագրուած է՝ September 26, 2012 
  38. «Chris Hemsworth Arrives to Shoot ‘Thor’ in Iceland»։ Iceland Review։ October 12, 2012։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ October 24, 2013-ին։ արտագրուած է՝ October 15, 2012 
  39. «Photos from the Thor 2 filming in Greenwich»։ Greenwich, England: Greenwich.co.uk։ October 22, 2012։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ October 26, 2012-ին։ արտագրուած է՝ October 22, 2012 
  40. Goldberg Matt (October 15, 2012)։ «ANT-MAN Set for November 6, 2015; IRON MAN 3 and THOR: THE DARK WORLD Confirmed for 3D; Disney Announces More Release Dates and Changes»։ Collider։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ October 17, 2012-ին։ արտագրուած է՝ October 15, 2012 
  41. Александр Джейми (December 14, 2012)։ «Heading back to Los Angeles after wrapping up on THOR 2 :) farewell Asgard, I will miss you xo»։ Թուիթթըր։ արտագրուած է՝ December 14, 2012 
  42. «ScoreKeeper Chats All Things Scottish with 'Brave' Composer Patrick Doyle!!»։ Ain't It Cool News։ August 29, 2012։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ August 31, 2012-ին։ արտագրուած է՝ August 30, 2012 
  43. «Carter Burwell to Score 'Thor: The Dark World'»։ Film Music Reporter։ April 19, 2013։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ April 22, 2013-ին։ արտագրուած է՝ April 23, 2013 
  44. Yamato Jen (May 28, 2013)։ «Composer Carter Burwell Departs Marvel's 'Thor: The Dark World'»։ Deadline.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ June 7, 2013-ին։ արտագրուած է՝ May 28, 2013 
  45. «Brian Tyler to Score 'Thor: The Dark World'»։ Film Music Reporter։ June 18, 2013։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ June 21, 2013-ին։ արտագրուած է՝ June 18, 2013 
  46. Yamato Jen (2013-05-28)։ «Composer Carter Burwell Departs Marvel’s ‘Thor: The Dark World’»։ Deadline.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-06-07-ին։ արտագրուած է՝ 2013-05-28 
  47. «Thor: The Dark World’ Soundtrack Details»։ Film Music Reporter։ October 18, 2013։ արտագրուած է՝ October 18, 2013 
  48. «Mingle with the stars at the premiere of Thor: The Dark World»։ The։ October 14, 2013։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ December 7, 2013-ին։ արտագրուած է՝ October 16, 2013 
  49. Mercedes Lara Maria (October 22, 2013)։ «Natalie and Tom Make A Hot Thor 2 Pair»։ PopSugar։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ October 23, 2013-ին։ արտագրուած է՝ October 22, 2013 
  50. West Michael (October 24, 2013)։ «Thor 2: The Dark World Scores 83%: Where Does It Rank in Marvel's Oeuvre?»։ Contactmusic.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ November 2, 2013-ին։ արտագրուած է՝ November 4, 2013 
  51. Milly Jenna (November 5, 2013)։ «'Thor: The Dark World' premieres in Hollywood to screaming crowd»։ Entertainment Weekly։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ November 5, 2013-ին։ արտագրուած է՝ November 5, 2013 
  52. «Thor: The Dark World (2013)»։ Box Office Mojo (Amazon.com)։ արտագրուած է՝ April 19, 2014 
  53. «Global: 'Thor: The Dark World' Outgrosses Original In 19 Days»։ BoxOffice.com։ November 17, 2013։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ January 28, 2014-ին։ արտագրուած է՝ October 9, 2016 
  54. Fleming Jr Mike (March 21, 2014)։ «2013 Most Valuable Blockbuster – #7 ‘Monsters University’ Vs. #10 ‘Thor: The Dark World'; #2 ‘Frozen’ Vs. #15 ‘The Great Gatsby’»։ Deadline.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ March 20, 2015-ին։ արտագրուած է՝ March 22, 2015 
  55. «Thor: The Dark World (2013)»։ Rotten Tomatoes։ արտագրուած է՝ July 19, 2015 
  56. Thor: The Dark World Reviews - Metacritic
  57. Тор 2: Царство тьмы — Internet Movie Database
  58. Subers Ray (November 10, 2013)։ «Weekend Report: 'Thor' Sequel Gets Boost from 'The Avengers'»։ Box Office Mojo։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ November 11, 2013-ին։ արտագրուած է՝ November 11, 2013 
  59. «Best Comic Book Adaptation Movie»։ IGN։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ December 23, 2013-ին։ արտագրուած է՝ December 23, 2013 
  60. Hayner Chris E. (January 8, 2014)։ «People's Choice Awards 2014 - Full winners list»։ Zap2It։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ January 10, 2014-ին։ արտագրուած է՝ January 11, 2014 
  61. «2014 ABFF Hollywood Awards Nominees Announced»։ PR Newswire։ January 8, 2014։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ January 11, 2014-ին։ արտագրուած է՝ February 10, 2014 
  62. «The Hobbit on a quest for Empire Awards»։ BBC News։ February 24, 2014։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ February 26, 2014-ին։ արտագրուած է՝ February 28, 2014 
  63. Johns Nikara (February 25, 2014)։ «'Gravity,' 'The Hobbit: The Desolation of Smaug' Lead Saturn Awards Noms»։ Variety։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ February 27, 2014-ին։ արտագրուած է՝ February 28, 2014 
  64. «2014 MTV Movie Awards: Full Nominations List»։ MTV News։ March 6, 2014։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ March 6, 2014-ին։ արտագրուած է՝ March 6, 2014 
  65. «The 15th Annual Golden Trailer Award Nominees»։ Golden Trailer Awards։ May 7, 2014։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ May 23, 2014-ին։ արտագրուած է՝ June 11, 2014 
  66. «Best Actor»։ BET։ May 14, 2014։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ June 2, 2014-ին։ արտագրուած է՝ June 11, 2014 
  67. «Teen Choice Awards 2014 Nominees Revealed!»։ Yahoo! Movies։ June 18, 2014։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ August 12, 2014-ին։ արտագրուած է՝ June 18, 2014 
  68. Strom Marc (February 10, 2015)։ «Marvel Studios Schedules New Release Dates for 4 Films»։ Marvel.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ February 13, 2015-ին։ արտագրուած է՝ February 9, 2015 
  69. 69,0 69,1 69,2 Strom Marc (May 20, 2016)։ «Marvel Studios Confirms Stellar New Cast Members of the Highly Anticipated 'Thor: Ragnarok'»։ Marvel.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ June 4, 2016-ին։ արտագրուած է՝ May 20, 2016 
  70. Kit Borys (December 2, 2015)։ «'Thor 3' Lands New Writer (Exclusive)»։ The Hollywood Reporter։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ December 3, 2015-ին։ արտագրուած է՝ December 2, 2015 
  71. Sneider Jeff (January 29, 2014)։ «Marvel Hires One of Its Own Executives to Co-Write 'Thor 3'»։ The Wrap։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ January 31, 2014-ին։ արտագրուած է՝ January 29, 2014 
  72. Strom Marc (October 28, 2014)։ «Thor Brings Ragnarok to the Marvel Cinematic Universe in 2017»։ Marvel.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ October 28, 2014-ին։ արտագրուած է՝ October 28, 2014 
  73. Breznican Anthony (October 28, 2014)։ «Marvel Studios reveals Phase Three slate, including two-part 'Avengers' threequel»։ Entertainment Weekly։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ October 28, 2014-ին։ արտագրուած է՝ October 28, 2014 
  74. Wickman Kase (July 11, 2015)։ «Jamie Alexander Confirms Whether She’ll Be Back For ‘Thor: Ragnarok’»։ MTV։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ July 14, 2015-ին։ արտագրուած է՝ July 11, 2015 
  75. Blickley Leigh (October 23, 2015)։ «Mark Ruffalo Wants To See Bruce Banner And Hulk Face-Off On Screen»։ The Huffington Post։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ October 24, 2015-ին։ արտագրուած է՝ October 24, 2015 

Արտաքին յղումներ Խմբագրել