Թուքան

թռչունի ընտանիք
Թուքան
Ramphastidae ընտանիքին պատկանող նորարեւադարձային թռչուններ
Գիտական դասակարգութիւն
Թագաւորութիւն Կենդանիներ
Դաս Ծառաբնակ թռչուն
Ընտանիք Ramphastidae
Լատիներէն անուանում
Toucan



Դասակարգումը
Ուիքիցեղերու մէջ


Պատկերներու որոնում
Ուիքիպահեստի մէջ




Թուքան (անգլերէն՝ Toucan), «Ramphastidae» ընտանիքին պատկանող նորարեւադարձային թռչուն։ Հասարակ յատկանիշն է մեծ կտուցը։ Այս ընտանիքը կը բաղկանայ 5 սեռէ եւ 43 տարբեր տեսակներէ։

Ընդհանուր տեղեկութիւններ Խմբագրել

Թուքանները ծառաբնակ թռչուններ են եւ ընդհանրապէս իրենց բոյները ծառերու կոճղերու խոռոչներուն եւ կամ ուրիշ կենդանիներէ պեղուած ծակերուն մէջ (ինչպէս օրինակ փայտփորիկէն) կը շինեն եւ կ՛ածեն 2-4 ճերմակ հաւկիթներ։ Թխսումի վերջաւորութեան նորածինները մես-մերկ դուրս կու գան առանց վար իյնալու։

Թուքան թռչուններուն կը հանդիպինք զոյգ եւ կամ ալ փոքր խումբերու։ Անոնք չեն գաղթեր։ Ամենածանօթ տեսակն է Թոքօ թուքանը։

Թուքանները տարածուած են մասնաւորաբար կեդրոնական եւ հարաւային Ամերիկայի մէջ՝ հարաւային Մեքսիքոյէն մինչեւ հիւսիսային Արժանթին։ Ափրիկէի եւ Ասիոյ մէջ, եղնեղջիւր թռչունները կը գրաւեն թուքաններու բնապահպանական խորշերը, որ զուգամերձ բարերշրջութեան օրինակ մըն է։

Պատկերասրահ Խմբագրել

[1] [2] [3] [4] [5] [6]

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել