Իւղաներկ (անգլ.՝ oil pain), դանդաղ չորցող ներկի տեսակ մըն է, որ բաղկացած է ներկանիւթերու մասնիկներէ, սովորաբար՝ կտաւատի իւղէ[1]:

Իւղաներկ՝ կտաւատի իւղով, ձախին՝ իւղ, աջին՝ փոշի ներկ:

Իւղաներկերը առաջին անգամ օգտագործուած են Ասիոյ մէջ (Ք.Ե.) է. դարուն եւ կարելի է անոնց հանդիպիլ Աֆղանիստանի մէջ պուտտայական նկարներու օրինակներու մէջ: Իւղի վրայ հիմնուած ներկերը ԺԲ. դարուն կ'ուղղուին դէպի Եւրոպա եւ հոն կ'օգտագործուին պարզ ձեւաւորման համար, բայց իւղաներկը կը սկսի ընդունուիլ իբրեւ գեղարուեստական ​​միջոց մինչեւ ԺԵ. դարու սկիզբը[2]:

Իւղաներկի ընդհանուր ժամանակակից կիրարկութիւնները կը վերաբերին շէնքերու եւ բաց մետաղական կառոյցներու փայտի յարդարման եւ պաշտպանութեան, ինչպիսիք են նաւերը եւ կամուրջները: Անոր դիմացկուն յատկութիւնները եւ լուսաւոր գոյները ցանկալի կը դարձնեն ինչպէս ներքին, այնպէս ալ արտաքին օգտագործման համար փայտի եւ մետաղի վրայ:

Դանդաղ չորցող յատկութիւններու շնորհիւ անիկա վերջերս օգտագործուած է ներկերու վրայ ապակիի կենսունակութեան մէջ: Իւղաներկին բարակ շերտերը համեմատաբար արագ կը չորնան:

Գեղարուեստական իւղաներկեր

Իւղաներկը չորցնելու արագութիւնը կախեալ է անոր տեսակէն եւ չորցնելու պայմաններէն։ Սենեկային պայմաններուն մէջ չորցնելու ատեն իւղաներկին շերտը քիչ ջրակայուն է, 250-300 °C-ով չորցածը կայուն է նոյնիսկ կալաքարայիններու նոսր լուծոյթներու նկատմամբ։

Գեղարուեստական Իւղաներկեր Խմբագրել

Գեղարուեստական իւղաներկերը կը պատրաստեն գունանիւթերը կտաւատի ձէթի հետ տրորելով։ Երբեմն կ'աւելցնեն նաեւ ընկոյզի եւ արեւածաղիկի ձէթեր։ Այդպիսի իւղաներկերով կը նկարեն հիմնաներկով պատած կտաւի, փայտի, մետաղի (հաստոցային գեղանկարչութիւն), ծեփուած պատի (յիշատակի գեղանկարչութիւն) վրայ։ Իւղաներկով նկարելու ատեն, առաւելապէս քան գեղանկարչութեան որեւէ այլ արուեստի հմտութեամբ, հնարաւոր է հարթ մակերեսի վրայ ստանալ ծաւալի եւ տարածութեան տեսողական պատրանք, գունային հարուստ ներգործութիւններ, նկարին հաղորդել աւելի խոր արտայայտչականութիւն։

 
Իւղաներկերու երանգապնակ

Իւղաներկերու օգտագործման հմտութեան եղանակները տարբեր են։ Գունաբիծերը կրնան ըլլալ ոչ թափանցիկ եւ հակառակը։ Մինչեւ ԺԹ. դար իւղաներկերով նկարելու ատեն կիրարկած են բազմաշերտ քսուածքը՝ ջնարակերու օգտագործումով։

 
ՀՆդկական շուկային մէջ վաճառուող ներկեր

ԺԹ. դարու սկիզբէն գլխաւորաբար կը կիրարկուի մաքուր աստառի կամ նուրբ նախաներկուած, տօնայնացուած հիմքի վրայ ներկերը քսելու «ալլա փրիմա» (մէկ նիստով) եղանակը․ ջնարակեր քիչ կ'օգտագործուին։

Իւղաներկերու կիրարկման մասին գրաւոր սուղ տեղեկութիւններ պահպանուած են վաղ եւ միջնադարեան ձեռագիրերուն մէջ։ Իւղաներկերով գեղանկարչութիւնը տարածուած է ԺԵ. դարու Բ. կէսէն Եա․ Վան էյքի կատարելագործումէն ետք, ԺԶ. դարէն դարձած է գեղանկարչութեան յառաջատար միջոց։

Աւանդական իւղաներկերը իւղ կը պահանջեն, որ միշտ կը կարծրանայ՝ ձեւաւորելով կայուն եւ անթափանց թաղանթ մը: Այս իւղերը կը կոչուին չորցնող իւղեր եւ կը բնութագրուին ճարպաթթուներու բարձր մակարդակով։

Օդի ազդեցութեան տակ իւղերը գոլորշիացման գործընթացին չեն ենթարկուիր, ինչպէս ջուրը: Փոխարէնը կը չորնան կիսապինդ վիճակի մէջ: Այս գործընթացը կրնայ շատ դանդաղ ըլլալ[3]:

Իւղաներկին դանդաղ չորնալու առաւելութիւնը այն է, որ նկարիչը կրնայ հանգրուաններով նկարել: Իւղաներկերը լաւ կը միաձուլուին իրարու հետ՝ հնարաւոր դարձնելով գունային նուրբ տատանումները, ինչպէս նաեւ ստեղծելով լոյսի եւ ստուերի բազմաթիւ մանրամասնութիւններ: Իւղաներկերը կարելի է նոսրացնել զանազան նիւթերով, որոնցմէ նկարիչները կ'օգտուին շերտերով ներկելու համար:

Գոյութիւն ունի նաեւ մէկ այլ տեսակի իւղաներկ, որ ջուրով կը խառնուի, եւ որ կը դիւրացնէ մաքրման եւ օգտագործման գործընթացը եւ աւելի քիչ թունաւոր է[4]:

Ամենավաղ եւ առաւել յաճախ օգտագործուող փոխադրամիջոցը կտաւատի իւղն է, որ սեղմուած է կտաւատի բոյսի սերմերէ: Ժամանակակից գործընթացները ջերմութեան կամ գոլորշիի միջոցով կը ստանան աւելի քիչ աղտոտ իւղերու զտուած տեսակներ: Բուսական այլ իւղեր, ինչպիսիք են կանեփի, կակաչի սերմի, ընկոյզի, արեւածաղիկի, կարմրուկի եւ սոյայի իւղերը, կրնան օգտագործուիլ իբրեւ կտաւատի իւղի այլընտրանք տարբեր պատճառներով: Օրինակ, ծաղկակաղամբի եւ կակաչի իւղերը աւելի գունատ են, քան կտաւատի իւղը:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Իւղաներկը
  2. «Ասիոյ մէջ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-10-10-ին։ արտագրուած է՝ 2022-08-26 
  3. Չորցնելու գործընթացը
  4. Արդի իւղաներկեր
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։