Լեւոն Մանուէլեան

Հայ բանասէր, թատերագիր, պատմաբան, բանաստեղծ, գրող։

Լեւոն Մանուէլեան (Մանուէլեանց, 3 Դեկտեմբեր 1864(1864-12-03)[1], Ներքին Ագուլիս, Օրդուբադի գավառ, Երեւանի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն[2][1] - 21 Փետրուար 1919(1919-02-21)[2][1], Թիֆլիս, Վրաստանի Դեմոկրատական Հանրապետութիւն[2][1]), հայ բանասէր, թատերագիր, բանաստեղծ, գրող։

Լեւոն Մանուէլեան
Ծնած է 3 Դեկտեմբեր 1864(1864-12-03)[1]
Ծննդավայր Ներքին Ագուլիս, Օրդուբադի գավառ, Երեւանի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն[2][1]
Մահացած է 21 Փետրուար 1919(1919-02-21)[2][1] (54 տարեկանին)
Մահուան վայր Թիֆլիս, Վրաստանի Դեմոկրատական Հանրապետութիւն[2][1]
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ[2]
Ուսումնավայր Թիֆլիսի Գիմնազիոն
Մոսկուայի կայսերական համալսարան[2]
Մասնագիտութիւն գրագէտ, բանաստեղծ, թատերագիր, լեզուաբան, պատմաբան
Աշխատավայր Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարան[2]
Ներսիսեան դպրոց[2]
Պաքուի Հայոց Մարդասիրական Ընկերութիւն[2]

Կենսագրական գիծեր Խմբագրել

Ծնած է ծնած է Ներքին Ագուլիս (Նախիջեւան)։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է գիւղի դպրոցին մէջ՝ աշակերտելով Րաֆֆիին:

1886-ին, Թիֆլիսի Գիմնազիոնը աւարտելէ ետք, Մանուէլեան ընդունուած էւ Մոսկուայի Համալսարանը, ուր չորս տարի հմտացած է ռուսական եւ եւրոպական գրականութեանց պատմութեան մէջ, միաժամանակ արդիական շարժումներու լոյսին տակ ուսումնասիրելով հայ գրականութեան զարթօնքի շրջանը։

Գործունէութիւն Խմբագրել

1890-ականներու սկզբնաւորութեան վերադարձած է Հայաստան եւ ուսուցչական պաշտօնի կոչուած՝ Ս. Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանին ու Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանին մէջ։ Ուսուցչական կողքին, ան նուիրուած է գեղարուեստական ստեղծագործութեանց եւ գրականագիտական ուսումնասիրութեանց մշակումին։

1897-ին գրադարանապետի պաշտօնին կոչուած է Պաքուի Հայ Բարեսիրական Ընկերակցութեան մօտ։ Այնտեղ աւելի քան վեց տարի աշխատելով՝ Լեւոն Մանուէլեան հարուստ պաշար հաւաքած է՝ խորազնին ուսումնասիրելու եւ պատրաստելու համար հայ գրականութեան նուիրուած եռահատոր իր աշխատասիրութիւնը։ «Ռուսահայ գրականութեան պատմութիւն» խորագրով կոթողական այդ աշխատասիրութեան երեք հատորներուն վրայ ան աշխատած է տարիներով եւ 1912-ին աւարտած է անոնց հրատարակութիւնը։

Վերադառնալով ուսուցչութեան՝ Լեւոն Մանուէլեան ստանձնած է Ալեքսանդրապոլի Առեւտուրի Վարժարանին մէջ հայ գրականութեան դասաւանդութիւնը եւ այդ պաշտօնին վրայ մնացած է մինչեւ իր մահը։

Գրական-գեղարուեստական աշխատութիւններ Խմբագրել

Գրական-գեղարուեստական իր ժառանգութիւնը բազմաճիւղ եղած է։ 1909-ին լոյս տեսած «Բանաստեղծութիւններ եւ պոեմաներ» խորագրով հաւաքածոյին մէջ մէկտեղած է Վահան Մանուէլեանի քերթողական վաստակը

Բանաստեղծութիւններ Խմբագրել

Հռչակաւոր բանաստեղծութիւններէն են՝

  • «Սասունցի Դաւիթ եւ Մսրայ Մելիք»,
  • «Սողոմոնի Աղբիւրը»
  • «Փոթորիկ»,
  • «Իմ Թշնամիներին»,
  • «Ցանկալի Երգ»,
  • «Դէպի Վեր» (նուիրուած Խաչատուր Աբովեանի անհետացումին՝ դէպի Արարատ լեռը բարձրանալու ժամանակ) խորագրով իր պատմական խորքով երկարաշունչ բանաստեղծութիւնները,

Ինրպէս նաեւ՝ «Տիգրանուհի» խորագրով ողբերգական պոեման։

Թատերգութիւններ Խմբագրել

Լեւոն Մանուէլեան ստեղծագործած է նաեւ թատրերգութեան մարզին մէջ՝ իրապաշտ եւ հոգեվերլուծական գործեր կտակելով հայ գրականութեան․

  • «Տոքթոր Երուանդ Բալայեան»,
  • «Նկարիչ Թաշճեան»,
  • «Վերածնուածը»,
  • «Մայտա»։

Վէպեր Խմբագրել

Արձակ ստեղծագործութեանց բնագաւառին մէջ Լեւոն Մանուէլեանի անունը կապուեցաւ «Խորտակուած կեանք» խորագրուած ծաւալուն վէպին, որ կը ներկայացնէ քաղքենի կարգերու անիրաւութեանց դէմ պայքարող արուեստագէտի մը ներաշխարհը՝ արծարծելով ընկերային արդիական տագնապներ[3]։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։