Լիբանանեան Համալսարան

'Լիբանանեան Համալսարան, (ֆրանսերէն՝ Université Libanaise, արաբերէն՝ الجامعة اللبنانية‎) Լիբանանի բարձրագոյն ուսման պետական միակ կեդրոնն է:[2] 1951-ին հիմնուած է Ուսուցիչներու Բարձրագոյն Տունը կազմակերպութիւնը պրոֆեսորներու եւ զարգացած անձնաւորութիւններու կողմէ՝ վայելելով Լիբանանի նախագահ Պշարա Ալ Խուրիի հովանաւորութիւնը: Այս կազմակերպութիւնը եղաւ համալսարանին առաջին դասարանը:

Լիբանանեան Համալսարան
Միջազգային անուանում Lebanese University
Կարգախօս Ուսում, գրաւչութիւն եւ բարգաւաճում
Հիմնադրուած է 1951
Նախագահ Ֆուատ Այյուպ
Ուսանողներ 79000
Ընդհանուր անձնակազմ 13000
Ակադեմական կազմ 8000
Անդամակցութիւն Միջերկրածովյան համալսարանների ասոցիացիա? եւ Ֆրանքոֆոնի համալսարանական գործակալութիւն[1]
Երկիր Լիբանան
Հասցէ Հատաթ, Պէյրութ, Լիբանան
Կայք Պաշտօնական կայք
Lebanese University Վիքիպահեստում

Այժմ, համալսարանէն ներս կը գործեն 16 բաժանմունքներ եւ կը հրամցնէ աշակերտներու եւ ուսուցիչներու մշակութային, կրօնական եւ ընկերային խումբեր: Այս անկախ համալսարանը կը վայելէ վարչական, ակադեմական եւ նիւթական ազատութիւն: Իր կրթական նպատակներէն են ստեղծել մշակոյթներու միացում մը եւ աշակերտին տալ համապատասխան ուսուցումը՝ պարզագոյն ձեւով, որ զայն կ'արտօնէ տիրանալ զանազան պաշտօններու:

Նշանաբան Խմբագրել

Ուսում, Գրաւչութիւն եւ Բարգաւաճում[3]

Պատմութիւն Խմբագրել

Լիբանանեան Համալսարանը հիմնուած է 1951-ին[4], ուսուցանելու համար բարձրագոյն կրթութիւն լիբանանեան շրջապատին՝ համալսարանական վկայականներով: Ի միջի այլոց, սկսած է աշակերտներուն թիւը աւելնալ երկրորդական 10րդ, 11րդ եւ 12րդ կարգերուն մէջ:

Առաջին բաժանմուքներն էին Ուսուցիչներու Բարձրագոյն Տունը եւ Վիճակագրութիւններու Կեդրոնը: 1951-ին, առաջին դասարանը, որ կը բաղկանար 68 աշակերտներէ, մուտք գործեց համալսարան՝ բազմաթիւ պրոֆեսորներու եւ զարգացած անձնաւորութիւններու հսկողութեամբ եւ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ՝ Պշարա Ալ Խուրիի հովանաւորութեամբ:

26 Փետրուար 1953-ին, յօդուած թիւ 25-ը հիմնեց համալսարանի տնտեսագիտութեան եւ վարչագիտութեան կեդրոնը՝ Տնտեսագիտութեան եւ Վարչագիտութեան Դպրոց անունով:

Յաջորդ մեծ փոփոխութիւններն էին 1939-ի թիւ 2883 յօդուածը եւ 1960-էն 1972-ի յօդուածները, որոնց շնորհիւ համալսարանին կառոյցին մէջ աւելցան նոր նիւթեր եւ բոլոր աշխատանքները կարգ ու կանոնի դրուեցան: Աշակերտները մաս կազմեցին շատ մը բաժանմուքներու վարչութեան:

Համալսարանի Տնօրէններ Խմբագրել

Հետեւեալ անձնաւորութիւնները Լիբանանեան Համալսարանի տնօրէնութեան պաշտօնը վարած են.

  1. Ֆուատ Ըֆրեմ Ըլ Պուսթանի (1953-1970)
  2. Էտմոն Նաաիմ(1970-1976)
  3. Պութրոս Տիպ (1977-1980)
  4. Ժորժ Թոհմէ(1980-1988)
  5. Ասաատ Տիապ (1993-2000)
  6. Իպրահիմ Քօպէյսի (2001-2006)
  7. Զուհայր Շոքր (2006-2011)
  8. Ատնան Հուսէյն (2011-մինչեւ այսօր)

Բաժանմուքներ Խմբագրել

Համալսարանը ունի 16 բաժանմուքներ եւ 2 դպրոցներ, որոնք են.

  1. Գրականութեան եւ Մարդկային Գիտութիւններու բաժանմունք
  2. Իրաւաբանութեան, Քաղաքական Գիտութեան եւ Վարչագիտութեան բաժանմունք
  3. Գիտութիւններու բաժանմունք
  4. Ընկերային Գիտութիւններու բաժանմունք
  5. Արուեստի բաժանմունք
  6. Մանկավարժութեան բաժանմունք
  7. Թղթակցութեան բաժանմունք
  8. Առեւտրական Վարչագիտութեան եւ Քաղաքական Տնտեսութեան բաժանմունք
  9. Ճարտարապետական բաժանմունք
  10. Երկրագործութեան բաժանմունք
  11. Հանրային Առողջութեան բաժանմունք
  12. Բժշկութեան բաժանմունք
  13. Ատամնաբուժական բաժանմունք
  14. Դեղագործութեան բաժանմունք
  15. Զբօսաշրջութեան եւ Պանդոկի Վարչագիտութեան բաժանմունք
  16. Արհեստագիտութեան ակադեմական դպրոց

Մինչեւ 1975, համալսարանի բոլոր բաժանմունքներն ու դպրոցները կը գտնուէին Պէյրութի եւ անոր արուարձաններուն մէջ, բայց 1976-ին Լիբանանի Քաղաքացիական պատերազմի պատճառով, այլ մասնաճիւղեր բացուած են Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի շրջաններուն, Հիւսիսային Լիբանանի, Հարաւային Լիբանանի եւ Պեքաայի մէջ։ Այս որոշումը կայացուեցաւ պատերազմական ճնշուած իրավիճակին հետեւանքով փոխադրութեան դժուարին պայմաններու պատճառով: Կրթական ծրագիրը ամրապնդուած էր բոլոր մասնաճիւղերուն մէջ։ Գլխաւոր գրասենեակն ու գլխաւոր վարչական գրասենակը կը գտնուէին Պէյրութի մէջ՝ Պէյրութի Ազգային Թանգարանին ետեւը:

Հետազօտութիւն Խմբագրել

Լիբանանեան Համալսարանին մէջ կը գտնուի PhD մակարդակի ուսուցման զանազան նիւթեր, ունենալով 3 տոքթորական դպրոց, որոնք կ'ուսուցանեն հետեւեալ մասնագիտութիւնները. Ուոսողութիւն, Բնագիտութիւն, Կենսաբանութիւն, Քիմիագիտութիւն, Ճարտարապետութիւն,[5] Արուեստ, Կրթութիւն, Գրականութիւն,[6] Իրաւաբանութիւն, Առեւտուր, Քաղաքական Տնտեսութիւն եւ այլ մասնագիտութիւններ:

Գրադարաններ Խմբագրել

Լիբանանեան Համալսարանը ունի 62 գրադարաններ, որոնց մէջ կը գտնուին 700,000 գիրքեր: Բոլոր գրադարաններուն ծաւալները ձրիօրէն տրամադրելի է աշակերտներուն:

Գործունէութիւն եւ Յարմարութիւններ Խմբագրել

Համալսարանը իր աշակերտներուն համար կը կազմակերպէ դաշտագնացութիւններ եւ մարզական գործունէութիւններ, ինչպէս նաեւ աշակերտներու փոխանակում՝ թէ՛ երկրէն թէ՛ այլուր: Իւրաքանչիւր բաժանմունքի իւրաքանչիւր ճիւղ ունի իր գրադարանը: Նաեւ, աշակերտներուն առիթ կը տրուի մարզումներու անձնական եւ հանրային բաժիններու մէջ։ Յատուկ ուսումնաթոշակ կը տրամադրուին ռահվիրաներուն, որպէսզի իրենց ուսումը շարունակեն արտասահմանի մէջ։ Բոլոր աշակերտները ապահովագրուած են: Վկայեալներուն վկայականներն ու մրցանակները կը տրուին վկայականաց բաշխման արարողութեան ժամանակ:

Նշանաւոր Շրջանաւարտներ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. https://web.archive.org/web/20221123144401/https://www.auf.org/les_membres/nos-membres/
  2. Ofeish Sami A. (1 January 1999)։ «Lebanon's second republic: secular talk, sectarian application»։ Arab Studies Quarterly։ արտագրուած է՝ 23 March 2013 
  3. «Université Libanaise»։ ul.edu.lb։ արտագրուած է՝ 30 March 2014 
  4. Rayane Abou Jaoude (17 September 2013)։ «Students condemn new registration form, LU denies sectarian claims»։ The Daily Star (Beirut)։ արտագրուած է՝ 16 November 2013 
  5. «EDST»։ Ecole Doctorale Science Technique։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 8 April 2014-ին։ արտագրուած է՝ 8 April 2014 
  6. «Universite Libanaise»։ Universite Libanaise 

Արտաքին յղումներ Խմբագրել