Լիբանանեան Մայրի

Լիբանեան մայրին (լատ.՝ Cedrus libani), սոճազգիներու ընտանիքի, մայրի ցեղի բոյս-ծառ[1]։

Լիբանանեան մայրի ծառը

Լիբանան-Հայաստան Կապեր Խմբագրել

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանին եւ Լիբանանահայ պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ Զուարթնոց Օդակայան հասան Լիբանանեան մայրի ծառի 250 տունկեր։ Օդանաւէն տուփերով սպասասրահ բերուեցան լիբանանեան մայրիներու տունկերը` «դիւանագիտական բեռ» անունի տակ:

250 տունկերու նուիրատու` լիբանանահայ գործարար Տիար Կարապետ Պապահէքեանի նուիրած այս տունկերը հայաստանի "Հայ Անտառ" բնապահպանութեան խմբակին կողմէ պիտի փորձարկուին հայաստանի զանազան շրջաններուն մէջ, ջանք չխնայելով, որ այս ծառատեսակը յարմարի Հայաստանի կլիմայական պայմաններուն։ Վերջնական եզրակացութեան համար մօտ երկու տարի կը պահանջուի, ստուգելու համար թէ մայրիները պիտի աճի՞ն, թէ՞ ոչ, և թէ ինչպէ՞ս պիտի անցնեն ցրտաշունչ ձմեռը եւ չոր ամառը:

Եթէ ծառատնկումը յաջողի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը ևս իր աջակցութիւնը պիտի բերէ այս աշխատանքին, մայրիի մեծաթիւ նոր տունկեր տրամադրելով։

Նշենք, որ մայրի ծառը Լիբանանի խորհրդանիշն է և կը գտնուի Լիբանանեան դրօշակին ու պետական զինանշանի վրայ։ Մայրիի ծառը նաեւ բազում անգամներ նշուած է Աստուածաշունչին մէջ։

Այս տուեալներէն մեկնած, այն շրջանը ուր մայրիները լաւապէս կարենան աճիլ, պիտի կառուցուի հայ֊լիբանանեան բարեկամութեան պուրակ մը։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Gardner, M. (2013)։ «Cedrus libani»։ IUCN Red List of Threatened Species (IUCN) 2013: e.T46191675A46192926։ doi:10.2305/IUCN.UK.2013-1.RLTS.T46191675A46192926.en։ արտագրուած է՝ 27 August 2016