Լորձունքը կ'արտադրուի լորձնագեղձերու մէջ։ Բնական պայմաններու մէջ անիկա շարունակ կ'արտադրուի, ապա կը հոսի բերանին մէջ։ Մարդիկ տեւաբար եւ անգիտակցաբար կը կլլեն բերանին մէջ գտնուած լորձունքը։

Լորձունք՝ մանկիկին շրթունքին վրայ։

Լորձունքը կը պարունակէ ամիլէյզ (amylase) կոչուած խմորիչը (enzyme), որ կ'օգնէ հացահատիկներու-ոսլայի (starch) լուծումին բերանին մէջ, ինչպէս նաեւ կրածին եւ ֆոսֆոր, որոնք կարեւոր են ակռաներու կառոյցին եւ առողջութեան։

Լորձունքը մաքուր, թափանցիկ հեղուկ մըն է, որ շարունակ կ'արտադրուի բերնին մէջ գտնուող լորձնաբեր գեղձերու (salivary glands) կողմէ:

Լորձնագեղձերը կը գտնուին բերանին մէջ։ Այս գեղձերը երկու տեսակ են՝ հիմնական եւ երկրորդական։

Հիմնական լորձնագեղձերը Խմբագրել

Հիմնական լորձնագեղձերը մեծ են չափով։ Այս խմբաւորումին մաս կը կազմեն ունկնալորձնագեղձերը/ունկնագեղձերը (parotid glands), ենթածնօտային լորձնագեղձերը (submaxillary glands) եւ ենթալեզուային լորձնագեղձերը (sublingual glands):

Ունկնալորձնագեղձերը թիւով երկուք են. իւրաքանչիւրը կը գտնուի դէմքին մէկ կողմը, ականջին յառաջամասին եւ ծնօտին վրայ։

Ենթածնօտային լորձնագեղձերը նոյնպէս երկուք են. իւրաքանչիւրը կը գտնուի լեզուին տակը, աջ եւ ձախ կողմերը եւ ծնօտին ետեւն ու տակը։

Ենթալեզուային լորձնագեղձերը բազմաթիւ են եւ կը գտնուին լեզուին տակ։

Երկրորդական լորձնագեղձերը Խմբագրել

Երկրորդական մանր լորձնագեղձերը բազմաթիւ են եւ կը գտնուին քիմքին ամբողջ տարածքին։ Լորձունքը ունի հիմնական դերեր.

  1. Անիկա կ'օգնէ մարսողութեան։ Նախնական մարսողութիւնը կը սկսի բերանին մէջ, լորձունքին մէջ գտնուող ամիլէյզ խմորիչին միջոցով:
  2. Անիկա կակուղ, լպրծուն եւ սահուն կը պահէ ամբողջ բերանին լորձնաթաղանթը (mucous membrane) եւ արգելք կը հանդիսանայ բերանին չորութեան։ Այս մէկը կարեւոր է, որպէսզի մարդիկ դիւրաւ խօսին, ծամեն եւ կլլեն:
  3. Կը չէզոքացնէ բերանին մէջ գտնուող մանրէները, սունկերը եւ աւելորդ հիւթերը:
  4. Կը պաշտպանէ ակռաները փտումէ (decay):
  5. Կը վնասազերծէ (neutralize) բերանին թթուն:
  6. Կ'օգնէ բերանի վէրքերուն շուտափոյթ ախտահարման եւ բերանի մակերեսի վերակազմութեան (regenerate):

Երկրորդական մանր լորձնագեղձերը Խմբագրել

Երկրորդական մանր լորձնագեղձերուն ախտապատճառներն են՝

  1. Գրգռիչ պատճառներ,
  2. Յղութիւն,
  3. Կարգ մը հիւանդութիւններ, օրինակ՝ կատղախտ (rabies) եւ լուսնոտութիւն (epilepsy).
  4. Որոշ դեղեր,
  5. Երկարատեւ ծամոնի գործածութիւն,
  6. Որոշ կերակուրներու համը եւ հոտը,
  7. Միջատասպան թոյներ,
  8. Լինտաբորբ (gingivitis) եւ բերանի զանազան բորբոքումներ, խոցեր,
  9. Թունաւոր մետաղներ՝ սնդիկ, կապար եւ զարիկ (arsenic).

Լորձունքին բնական հոսքը բերնին մէջ Խմբագրել

Մարսողական համակարգը կ'ընդգրկէ բերանը, ըմբանը (pharynx), որկորը-կերակրափողը (eso-phagus), ստամոքսը եւ բարակ ու հաստ աղիքները: Լեարդը, լեղուցը եւ շարոյրը (pancrease) մարսողական համակարգին յարակից օրկաններ են, որոնք իրենց յատուկ հիւթերով կ'ամբողջացնեն մարսողութեան գործընթացը:

Մարսողութիւնը կը ղեկավարուի ուղեղով: Անիկա մարսողական համակարգը գործի կը լծէ, երբ որոշ տեղեկութիւններ հասնին իրեն: Այդ տեղեկութիւններն են՝ կերակուրի մը հոտը, տեսքը եւ համը՝ լեղի, կծու կամ թթու: Նոյնիսկ կերակուրի մասին մտածելը ահազանգի կը մատնէ ուղեղը: Ուղեղը այս տեղեկութիւնները ընկալելէ ետք կը հրահանգէ բերնին լորձնաբեր գեղձերուն, ստամոքսին, տասներկումատնեայ աղիքին (duodenum),  բարակ աղիքներուն, շարոյրին, լեարդին եւ լեղուցին (gallbladder), որպէսզի արտադրեն իրենց հիւթերը, խմորիչները (enzymes) եւ լեղին-մաղձը (bile) ու մասնակից դառնան սննդանիւթերու մարսողութեան:

Մարսողութիւնը կը սկսի բերանին մէջ: Ակռաները, լեզուն եւ բերանի որոշ գեղձային հիւթեր իրենց բաժինը կը բերեն մարսողութեան առաջին հանգրուանին: Բերանին մէջ սննդանիւթերը ֆիզիքական եւ քիմիական փոփոխութեան կ'ենթարկուին ծամուելով եւ լորձունքի ներգործութեամբ:

Առողջ ակռաները մեծապէս կը նպաստեն ծամելու գործողութեան, իսկ լորձունքին բնական հոսքը բերնին մէջ կը նպաստէ մարսողութեան առաջին հանգրուանին:

Այս բոլորին կ'օժանդակեն լեզուն, լինտերը եւ ծնօտները, որպէսզի ծամուելու գործողութիւնը լաւապէս կատարուի եւ սննդանիւթերը առաւելագոյն ձեւով շաղախուին լորձունքին հետ:

Լորձունքին կուտակումը բերանին մէջ Խմբագրել

Այս մէկը տեղի կ'ունենայ հետեւեալ ախտապատճառներով եւ հիւանդութիւններով.

  • Կլլելու դժուարութիւն, որուն պատճառներն են՝
  • Դէմքի անդամալուծութիւն (facial paralysis),
  • Ծնօտի կոտրուածք եւ վնաս,
  • Բերանի քիմիադարմանում (chemotherapy),
  • Նեարդային որոշ հիւանդութիւններ, ինչպէս՝ Փարքինսըն (parkinsons disease), զօրաւոր մկանաթուլութիւն (myasthenia gravis),
  • Նշկաբորբ (tonsillitis), որկրաբորբ (esophagitis), ըմբանաբորբ (pharyngitis), մակալեզուակի բորբոքում (epiglotitis),
  • Որկորի ընդոծին խցում եւ կերակրափողի լաւորակ ու վատորակ ուռեր։

Լորձունքին արտադրութիւնը՝ ըստ պահանջքի Խմբագրել

  • Ուտելու կամ աճապարելու ընթացքին մարդուն բերանը աւելի լորձունք կ'արտադրէ։
  • Մարդիկ, օրական, մօտաւորապէս, մէկ լիթր լորձունք կ'արտադրեն. գրեթէ մէկ շիշ։
  • Մարդիկ աւելի լորձունք կ'արտադրեն, երբ ոտքի ըլլան, քան՝ նստած։
  • Գիշերը աւելի քիչ լորձունք կ'արտադրեն, քան՝ օրուան ընթացքին[1]:

Գերլորձնահոսութիւն եւ բերանալորձնավազք Խմբագրել

Գերլորձնահոսութիւն կը նշանակէ լորձունքի առատ արտադրութիւնը լորձնագեղձերու կողմէ։ Անիկա կը յառաջանայ զանազան հիւանդութիւններու կամ ախտապատճառներու հետեւանքով։

Լորձունքին՝ բերանէն դուրս հոսիլը կը կոչուի բերանալորձնավազք կամ բերանալորձնահոսք (drooling): Անիկա կը յառաջանայ հետեւեալ հիւանդագին եւ անբնական երեւոյթներով՝

  • Բերանին մէջ լորձունքը պահելու դժուարութիւն, որուն պատճառներն են՝
  • Գերլորձնահոսութիւն,
  • Շրթունքներու մկանային տկարութիւն,
  • Քիթի խցում,
  • Լեզուի շարժումներու նուազում եւ անդամալուծութիւն,
  • Ընդոծին (congenital) եւ ոչ-ընդոծին լեզուի գերծավարում,
  • Ակռաներու յոռի նստուածք (malocclusion)
  • Դէմքի մկաններու տկարութիւն եւ անդամալուծութիւն,
  • Նեարդային կեդրոնական համակարգի որոշ հիւանադութիւններ,
  • Ուղեղային թերաճութիւն,
  • Ուղեղային կաթուած (stroke)

Լորձունքին կուտակումը բերանին մէջ կրնայ յառաջացնել լորձունքի ներխուժում խռչափողէն ներս եւ հոնկէ՝ թոքեր, ինչպէս նաեւ թոքատապ։

Երկարատեւ բերանալորձնավազքի հետեւանքով տեղի կ'ունենան կարգ մը բարդութիւններ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են՝

  • Մարմնական ընդհանուր ջրանուազում,
  • Շրթունքներու եւ բերանի շուրջի մորթի մաշում եւ բորբոքում,
  • Հոգեբանական-զգացական խանգարումներ՝ ամօթխածութիւն, ընկճուածութիւն, առանձնութիւն եւ ընկերային կեանքի խզում,
  • Բերանի գարշահոտութիւն:

Գերլորձնահոսութեան, բերանին մէջ լորձունքի կուտակման եւ բերանալորձնավազքի ախտաճանաչումը ինքնին բացայայտ է։ Սակայն պէտք է ախտաճանաչուին անոնց ախտապատճառները, որպէսզի յարմարագոյն դարմանումի ձեւը որդեգրուի։

Գերլորձնահոսութեան, բերանին մէջ լորձունքի կուտակման եւ բերանալորձնավազքի դարմանումը տեղի կ'ունենայ դարմանելով անոնց ախտապատճառները։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. «Լորձունքը»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ արտագրուած է՝ 2016-02-01 

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • «Asbarez» օրաթերթ, Յօդուածներ, տօքթ. Կարպիս Հարպոյեան, 6 Մարտ 2015:
  • Carolina, A. (2017). Food-saliva interactions: Mechanisms and implications. Trends in food science & technology |résumé.
  • Ho, A., Affoo, R., Rogus-Pulia, N., Nicosia, M., Inamoto, Y., Saitoh, E., ... & Fels, S. (2017). Inferring the effects of saliva on liquid bolus flow using computer simulation. Computers in biology and medicine, 89, 304-313|résumé
  • Kupirovič, U. P., Elmadfa, I., Juillerat, M. A., & Raspor, P. (2017). Effect of saliva on physical food properties in fat texture perception. Critical reviews in food science and nutrition, 57(6), 1061-1077.
  • Ngamchuea, K., Chaisiwamongkhol, K., Batchelor-McAuley, C., & Compton, R. G. (2018). Chemical analysis in saliva and the search for salivary biomarkers–a tutorial review. Analyst.