Լուսանկարչութիւն

Լուսանկարչութիւն, պատկերներու ստեղծուման եւ պահպանման աշխատանք՝ լուսային կամ այլ ելեկտրամագնիսական ճառագայթներու արձանագրութեան միջոցով։ Ցուցադրութեան ընթացքին մարմիններու կողմէ արձակուած կամ վերադարձուած լոյսի ճառագայթները կը պահպանուեն լուսազգայուն մակերեսի (ժապաւէն, թուղթ կամ յիշողութեան ֆիզիքական կրողներ՝ սենսորի) վրայ։ Լուսանկարչութիւնն ունի արուեստային, ընկերային, գիտական կիրառութիւններ։

Սովետական հանրաճանաչ Զենիթ լուսանկարչական գործիք

Ստուգաբանութիւն Խմբագրել

Լուսանկարչութիւն բառի համարժէքը՝ "photography" (Յուն․ phōtos՝ լոյս եւ γραφή՝ գծային պատկերում, նկարչութիւն)[1] կիրառութեան մէջ մտած է Սըր Ճոն Հերշելի Լոնտոնի Թագաւորական Միութեան մէջ կարդացած դասախօսութեան շնորհիւ 14 Մարտ 1839-ին։ Սակայն նոյն թուականի 25 Փետրուարին գերմանական «Վոսիշէ Ցայտունգ» (Vossische Zeitung) թերթի հրատարակած յօդուածին՝ գերմանացի աստղագէտ Եոհան ֆօն Մետլեռը օգտագործած էր այդ բառը։[2] Յայտնի է նաեւ, որ թերեւս 1834-ին լուսանկարչութեան անկախ յայտնագործող Անթուան Հերկիւլ Ֆլորանս իր աշխատանքը անուանած է photographie (ֆրանսերէն):[3]

Պատմութիւն Խմբագրել

 
1920-ականներ՝ Նկարահանման սեանս ֆոթոսթուտիայի մէջ

Լուսանկարչութիւնը կը համարուի տարրաբանութեան եւ բնագիտութեան բնագաւառներու մէջ եղած շարք մը յայտնագործութիւններու համադրման արդիւնք։ Քիմիայի բնագաւառին մէջ առաջնային էին Ալպերթուս Մակնուսի եւ Ճորճ Ֆապրիցիուսի կողմէ, համապատասխանաբար՝ արծաթի նիտրատի ու արծաթի քլորիտի յայտնաբերումը, Ուիլյըմ Հոմբերկի եւ Եոհան Հէյնրիխ Շուլցէի արծաթի որոշ աղերու լուսազգայուն ըլլալու մասին նկարագրութիւնները։ Ֆիզիքայի բնագաւառին մէջ կարեւոր էին թերեւս Արիստոտէլի գրառումներէն յայտնի կամերա օպսկուրայն (camera obscura, լատ.` մութ խցիկ), ատոր հիմքի վրայ Ուիլեամ Հայտ Ուոլաստօնի կողմէ ստեղծուած Գամերա լուչիդան (camera lucida, լատ.` լուսաւոր խցիկ) եւ ոսպնեակներու կատարելագործումը։

 
Ֆոթոլրագրողներ: 2008 թուական

Ֆրանսացի նկարիչ եւ քարտէսագրող Անթուան Ֆլորանսը, ժամանակագրական առումով առաջինը յայտնաբերած է լուսանկարչական աշխատանքը, թէեւ այդ մասին յայտնի դարձած է միայն 1930-ականներուն։[3] 15 Յունուար 1833-ին (3 տարի աւելի կանուխ քան լուսանկարչութեան արտօնութեան պաշտօնական տարեթիւէն) ան իր օրագրին մէջ մանրամասնօրէն կը նկարագրէ պատկերի ստացումին եւ հաստատելուն լուսանկարչական արուեստագիտութիւնը։ Ֆլորանսը իր յայտնագործութիւնը կը կոչէ «ֆոտոկրաֆի» (photographie

Գոյն Խմբագրել

 
Դագերատիպ գործիք
 
Բնանկար՝ օպկուրի խցիկի միջոցով

Թերեւս հին ժամանակներէն մարդիկ փափաքած են ստանալ որեւէ առարկայի իրական պատկերը։ Իսկ Լէօնարտօ տա Վինչին գծած է լուսանկարչական գործիքի նախատիպը, որ կը կոչուէր օպսկուր գամերա։ Այն թարգմանաբար կը նշանակէ "մութ սենեակ"։ Այս գործիքի սկզբունքը կը կառուցուի ստուերներու օգտագործման վրայ։ Կազմուած է ընդամէնը փայտի արկղէն, որու դիմաց կը տեղադրեն որեւէ առարկայ եւ առարկան կը լուսաւորուի պայծառ լոյսով։

Առարկայի ստուերը կ'անցնի արկղի անցքով եւ կը պատկերուի արկղի ետեւի պատին։ Այս ձեւը կ'օգտագործուի մինչեւ հիմա, մասնաւորապէս նկարիչներու մօտ։ Բայց աս դեռ իրական պատկերը չէ։ Առհասարակ լուսանկարչութեան ծնունդը կը համարուի 7 Յունուար 1839 թուականը, երբ ֆրանսական գիտութիւններու ակումբը հաստատեց նոր գիտութեան ծնունդը։

Ատոր հիմքին մէջ ինկած էր լոյսի ազդեցութեան միջոցով արծաթէ թիթեղի վրայ իրական պատկերի ստացումը, այդ պատճառով ալ կոչուեցաւ ֆոտոկրաֆիա։ Ֆոտօ-լոյս, կրաֆիա-նկարչութիւն։ Առաջին լուսանկարչական գործիքները կոչուեցան դագերատիպ՝ ֆր. գիտնական Լուի Դագեր անունով, որ կը համարուի առաջին լուսանկարչական գործիքներ ստեղծողներէն մէկը։ Լուսանկարչութեան ստեղծումին նպաստած են քանի մը կարեւոր յայտնագործութիւններ։

  1. Օրինակ։ Առաջին օրինակը ստեղծուած է 1812 եւ կը կոչուի մենիսկ։ Այն բաղկացած է մեկ դրական ոսպնեակէն։
  2. Արծաթի յայտնագործումը որպէս լուսազգայուն նիւթ։
  3. Քիմիական մշակումը (проявка)
 
Պահպուանած հին լուսանկար․ «Տեսարան Լէ Կրասի պատուհանէն», 1826 թուական

Առաջին լուսանկարչական գործիքները իրենց կառուցուածքով կը յիշեցնէին օպսկուր գամերա։ Ան նոյնպէս կազմուած էր լուսաթափանց արկղէ, որու վրայ արդէն կար օրինակը։ Վերջինս կը կառուցէ պատկերը եւ կը փոխանցի արկղի մեջ տեղադրուող արծաթէ թիթեղի վրայ։ Նկարը ստանալու ժամանակ թիթեղի վրայ կը ստացուի իրական փոքրացած եւ շրջուած պատկեր, որովհետեւ իւրաքանչիւր օպտիկական դրութիւն՝ ինչպէս նաեւ օրինակը կը կառուցուի շրջուած պատկեր։

Դագերատիպի աշխատանքային սկզբունքները հետեւեալն են՝ պատկերը լաւ կը լուսաւորուի, որովհետեւ առաջին լուսանկարչական թիթեղները ունէին շատ ցած լուսազգայնութիւն։ Օրինակի կառուցած պատկերը կը ցուցադրուի դագերատիպի ետեւի պատին, որ բաղկացած էր կաթնագոյն ապակիէ։ Նկարը ստանալէն առաջ ապակին կը հեռացուի, եւ տեղը կը դրուի նկարի թիթեղ, որու վրայ կը կատարուի լուսանկարումը։

 
Տալպոտի՝ «Լեկոկ աբբայութեան պատուհան» առաջին լուսանկարի թղթային նեկաթիւ, 1835 թուական

Առաջին լուսանկարչական թիթեղները կը պատրաստուէին արծաթէն, որ շատ հարթ մշակելէն ետք մութ սենեակին մէջ կը տեղադրուէին եոտով լեցուն ափսէի վրայ։ Ափսէն կը տաքցնէին եւ եոտի գոլորշիները, նստելով արծաթէ թիթեղի վրայ, կ'առաջացնէին լուսազգայուն միացութիւն։ Թիթեղը կը տեղադրէին սենեակին մէջ յատուկ սկաւառակի մէջ եւ նկարահանման ժամանակ կը տեղադրուի գործիքի վրայ։ Թիթեղով կարելի էր նկարել մէկ լուսանկար։ Ետքը արծաթէ թիթեղը կ'ենթարկէին տարրաբանական մշակման։ Նկարահանման նոյն սկզբունքը ինկած է եւ շարժանկարի հիմքին մէջ։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. φάος, Henry George Liddell, Robert Scott, A Greek-English Lexicon, on Perseus
  2. Eder J.M (1945) [1932]։ History of Photography, 4th. edition [Geschichte der Photographie]։ New York: Dover Publications, Inc.։ էջեր 258–259։ ISBN 0-486-23586-6 
  3. 3,0 3,1 Boris Kossoy (2004)։ Hercule Florence: El descubrimiento de la fotografվa en Brasil։ Instituto Nacional de Antropologվa e Historia։ ISBN 968-03-0020-X 

Արտաքին յղումներ Խմբագրել