Լուսաւոր Հայաստան Կուսակցութիւն

Լուսաւոր Հայաստան, գործող ընդդիմադիր կուսակցութիւն Հայաստանի մէջ։ Նախագահն է ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր Էտմոն Մարուքեան։ 18 պատգամաւորներով ներկայացած է 7-րդ գումարման ազգային ժողովին։

Հիմնադրում Խմբագրել

«Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնը հիմնադրուած է 12 Դեկտեմբեր 2015-ին, Երեւան՝ կուսակցութեան հիմնադիր համագումարով[1][2]։

Խորհուրդ Խմբագրել

Կուսակցութեան խորհուրդի անդամներ են Էտմոն Մարուքեանը, Անի Սամսոնեանը, Դաւիթ Խաժակեանը, Գրիգորի Դոխոյեանը, Կարէն Սիմոնեանը, Մանէ Թանդիլեանը, Նորայր Մովսիսեանը, Գէորգ Գորգիսեանը, Արտակ Ոսկանեանը, Ջիւան Նադարեանը եւ Հայկազ Սիմիկեանը[3]։

Մասնակցութիւնը ընտրական գործընթացներուն Խմբագրել

Վանաձորի աւագանիի ընտրութիւններուն Խմբագրել

6 Յուլիս 2016-ին կուսակցութեան Լոռիի մարզային խորհուրդը որոշեց մասնակցիլ 2 Հոկտեմբեր 2016-ին Վանաձոր քաղաքին մէջ կայանալիք տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն կուսակցութեան համամասնական ցուցակը գլխաւորող քաղաքապետի թեկնածիի, կուսակցութեան նախագահ ՀՀ Ազգային ժողովի պատգամաւոր էտմոն Մարուքեանի եղբայր Քրիստ Մարուքեանի գլխաւորութեամբ[4][5]:

Նախընտրական քարոզչական գործընթացներուն մէջ կուսակցութիւնը քննադատած է ոչ միայն ՀՀ-ում իշխանութիւն ձեւաւորած Հանրապետական եւ Դաշնակցական կուսակցութիւններուն, այլեւ իրենց ընդդիմադիր հռչակած Հայկական վերածնունդ, Բարգաւաճ Հայաստան, Քաղաքացիական պայմանագիր եւ Գալայ կուսակցութիւններուն: Փոխադարձ մեղադրանքներէն ետք «Լուսաւոր Հայաստան» եւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւններու նախագահներ Էտմոն Մարուքեանն ու Նիկոլ Փաշինեանը տեսականօրէն կը հաշտուին ՀՀ ԱԺ մէկ այլ պատգամաւոր՝ Թեւան Պօղոսեանի կողմէ իր տան մէջ կազմակերպած խնջոյքի ժամանակ: Հակամարտութեան պատճառը այն էր, որ Ն.Փաշինեանը Է.Մարուքեանին կը մեղադրէր իշխանութիւններու շահերը պաշտպանելու, ՀՀ ԱԺ նիստերուն իշխանական օրինագծերուն, ինչպէս՝ ՀՀ պետական պիւճէի կատարողականը հաստատելուն կողմ քուէարկելուն համար[6][7][8][9]:

«Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնը ընտրութիւններուն հաւաքեց աւագանիի 10 մանդատ: Աւագանիին մէջ մեծամասնութիւն կազմելու նպատակով բանակցութիւններէն ետք դաշինք կազմեց «Հայկական վերածնունդ» եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւններուն հետ, որոնց սուր քննադատութեան ենթարկած էր նախընտրական գործընթացին մէջ՝ մեղադրելով իշխանութեան հետ համագործակցելու: 10 Հոկտեմբեր 2016-ին կայացած Վանաձորի աւագանի նիստին քաղաքապետ ընտրուեցաւ ՀՀԿ թեկնածու Մամիկոն Ասլանեանը՝ չնայած այն հանգամանքին, որ դաշինք կազմած կուսակցութիւններու ձայները աւելի շատ կրնային ըլլալ: Խնդիրը այն էր, որ դաշինք կազմած կուսակցութիւնները ներկայացնող որոշ անդամներ գաղտնի կերպով քուէարկած էին իշխող Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուի օգուտին[10][11][12][13][14][15]։

Մասնակցութիւնը խորհրդարանական ընտրութիւններուն (2017) Խմբագրել

«Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնը կոալիցիոն պայմանագիր կնքած է «Հանրապետութիւն» եւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութուններուն հետ «Ելք» անունը կրող դաշինքով 2 Ապրիլ 2017-ին կայանալիք ՀՀ Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն մասնակցելու նպատակով[16][17]։ Դաշինքի ներկայացուցիչ Էտմոն Մարուքեանը յայտարարած է, որ ընդդիմադիր դաշտին միակ ուժը, որ կրնայ պայքարիլ իշխող Հանրապետական կուսակցութեան դէմ, իր ներկայացուցած «Ելք» դաշինքն է[18]:

Մասնակցութիւնը Երեւանի աւագանիի եւ քաղաքապետի ընտրութիւններուն (2017) Խմբագրել

Մասնակցած է «Ելք» դաշինքով ՔՊԿ-ի եւ «Հանրապետութեան» հետ։

Մասնակցութիւնը Երեւանի աւագանիի եւ քաղաքապետի ընտրութիւններուն (2018) Խմբագրել

Մասնակցած է «Լոյս» դաշինքով «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան հետ, քաղաքապետի թեկնածուն՝ Արտակ Զեյնալեան: Ընտրութիւններու արդիւնքով Լոյս դաշինքը ստացած է 3 մանդատ, որմէ 2-ը եղած են Լուսաւոր Հայաստան Կուսակցութեան անդամներ (Դաւիթ Խաժակեան եւ Անի Սամսոնեան) : Յետագային Անի Սամսոնեանը դարձած է ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր, եւ տեղը զիջած է «Հանրապետութիւն» կուսակացութեան անդամ Թեհմինա Վարդանեանին:

Մասնակցութիւնը խորհրդարանական ընտրութիւններուն (2018) Խմբագրել

«Լուսաւոր Հայաստանը» մասնակցած է ՀՀ Ազգային ժողովի 2018-ի արտահերթ ընտրութիւններուն՝ ստանալով ընտրողներու ձայներու 6,37%-ը։ 18 պատգամաւորներով ներկայացուած են ՀՀ ԱԺ 7-րդ գումարման խորհրդարանին[19]։

Արտաքին յղումներ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. ««Լուսաւոր Հայաստան»-ի հիմնադիր համագումարը. 1in.am. ուղիղ (տեսանիւթ)»։ A1Plus (հայերեն)։ արտագրուած է՝ 2019-09-28 
  2. ««Լուսաւոր Հայաստան»-ի հիմնադիր համագումարը. 1in.am. ուղիղ (տեսանիւթ)»։ A1Plus (հայերեն)։ արտագրուած է՝ 2019-09-28 
  3. ««Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնը նոր գոյն կը բերէ Հայաստանի քաղաքական ներկապնակին»։ armenpress.am (հայերեն)։ արտագրուած է՝ 2019-09-28 
  4. «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-11-10-ին։ արտագրուած է՝ 2019-09-28 
  5. Որոշուեցաւ` Վանաձորի ընտրութիւններուն ով կ՛ըլլայ«Լուսաւոր Հայաստան»-ի թեկնածուն:
  6. Technologies Peyotto։ «ՔՊ թեկնածուն Վանաձորի մէջ ինքնաբացարկ չի յայտնի. Փաշինեանի պատասխանը Մարուքեանին»։ 1in.am։ արտագրուած է՝ 2019-09-28 
  7. LLC Helix Consulting։ «Էտմոն Մարուքեանը Նիկոլ Փաշինեանին պայման ներկայացուցած է»։ www.panorama.am (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2019-09-28 
  8. Վանաձորի մէջ «Լուսաւոր Հայաստանը» ցոյց կու տայ, որ սկզբունքային է. ՔՊ փոխնախագահ:
  9. «Փաշինեանն ու Մարուքեանը իրենց ընտանիքներով՝ Թեւան Պօղոսեանի տան մէջ. Հաճելի ընթրիք, ոչ մէկ քաղաքականութիւն»։ news.am (հայերեն)։ արտագրուած է՝ 2019-09-28 
  10. «Վանաձորի ՏԻՄ ընտրութիւններուն Լուսաւոր Հայաստանը ստացած է տասը մանդատ:»։ Armtimes.com (հայերեն)։ արտագրուած է՝ 2019-09-28 
  11. «Այսօր տեղի կ՛ունենայ Վանաձորի քաղաքապետի երդման արարողութիւնը»։ Armtimes.com (հայերեն)։ արտագրուած է՝ 2019-09-28 
  12. «ԲՀԿ-ի եւ ՀՎ-ի քաղաքական շուստրիութիւնն ու քաղաքական պոռնիկներու փնտրտուքը:»։ Armtimes.com (հայերեն)։ արտագրուած է՝ 2019-09-28 
  13. «Վանաձորի մէջ ստորագրած են համագործակցութեան յուշագիր Քրիստ Մարուքեանին սատարելու մասին:»։ Armtimes.com (հայերեն)։ արտագրուած է՝ 2019-09-28 
  14. «ՀՎԿ-ն Վանաձորի մէջ պաշտպանելու է Լուսաւոր Հայաստան կուսակցութեան թեկնածուին. Յայտարարութիւն:»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-09-28-ին։ արտագրուած է՝ 2019-09-28 
  15. «Արթուր Բաղդասարեանը կ՚ակնարկէ, որ Վանաձորի մէջ ՀՀԿ-ի հետ կոալիցիա կը ձեւաւորի:»։ Armtimes.com (հայերեն)։ արտագրուած է՝ 2019-09-28 
  16. ««Ելք». Փաշինեանի, Մարուքեանի ու Արամ Սարգսեանի դաշինքի անունը յայտնի է»։ www.civilnet.am (հայերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-10-29-ին։ արտագրուած է՝ 2019-09-28 
  17. LLC Helix Consulting։ ««Լուսաւոր Հայաստան»-ը, «ՔՊ»-ն ու «Հանրապետութիւն»-ն ընտրութիւններուն կը մասնակցին «ԵԼՔ դաշինք» անուանումով»։ www.aysor.am (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2019-09-28 
  18. «Ընդդիմադիր դաշտին մէջ միակ ուժը, որ կարող է մարտահրաւէր նետել «Հանրապետական» համակարգին, «Ելք» դաշինքն է. Էտմոն Մարուքեան:»։ www.tert.am (հայերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-09-28-ին։ արտագրուած է՝ 2019-09-28 
  19. ««ՀՀ 7-րդ գումարման ազգային ժողովին մէջ կ՛ըլլայ 132 պատգամաւոր. «Իմ քայլը» դաշինքը կ՛ունենայ 88 մանդատ, ԲՀԿ-ն՝ 26, ԼՀԿ-ն՝ 18»»։ www.tert.am (հայերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-08-16-ին։ արտագրուած է՝ 2019-09-28