Լուսիըն Հապըրտ (22 Դեկտեմբեր 1888(1888-12-22)[1], Fort Thomas, Քեմպբել շրջան, Կենտուկի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ - 31 Դեկտեմբեր 1971(1971-12-31)[1], Պեվըրլի Հիլզ, Լոս Անճելըս շրջան, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ամերիկացի ֆիլմի արտադրիչ եւ թատերագիր մըն էր։ Ան ամէնէն շատ գիտցուած է իր Wings ֆիլմին համար, որու պատճառաւ ան ստացած է պատմութեան առաջին Լաւագոյն Նկարի Օսքարը (Academy Award for Best Picture): Լուսիընը արտադրած/գրած է շուրջ 92 ֆիլմմեր իս ասպարեզի ընթացքին: Ան իր նոյն տունին մէջ ապրած է մինչեւ մահացած օրը Պէվըրլի Հիլզի մէջ։ Ան ձիարշաւարան մը ունէր եւ շատ յաճախ կը հեծնէր ձի դէպի Ուիլ Ռոճըրզի տունը եւ երբեմն ալ դէպի Paramount Studios: Ան ժամանակ մը ետք դարձաւ Paramount Studios-ի նախագահ իր յաջող Wings ֆիլմէն ետք: Այս ֆիլմը նաեւ օգնեց բեմադրիչ Ուլիըմ Ա. Ուէլմըն դառնալու հռչակաւոր:

Լուսիըն Հապըրտ
Ծնած է 22 Դեկտեմբեր 1888(1888-12-22)[1]
Ծննդավայր Fort Thomas, Քեմպբել շրջան, Կենտուկի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Մահացած է 31 Դեկտեմբեր 1971(1971-12-31)[1] (83 տարեկանին)
Մահուան վայր Պեվըրլի Հիլզ, Լոս Անճելըս շրջան, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Մասնագիտութիւն հեղինակ, ժապաւէնի բեմադրիչ, ժապաւէն արտադրող
Լուսիըն Հապըրտէն վկայագիր մը, 1922

Լոս Անճելըս չեկած, ան The New York Times կ'աշխատէր: Ան գրած էր 5 թատերագիրներ եւ կ'ուզէր Հոլիւուուտ երթալ եւ տեսնել եթէ պիտի կարենայ ծախել այդ թատերագիրները: Ան 3 հատը ծախեց արդէն 1923-ին: Ֆիլմերէն մէկն էր The Vanishing American ֆիլմը եւ ինքն էր, որ առաջին անգամ հնդիկներուն ներկայացուց իբրեւ լաւ ժողովուրդ ֆիլմի մը մէջ։ Այդ ֆիլմին համար ան Չիրոքի ժողովուրդէն յուշանուէր մը ստացաւ: Ան ունէր 2 դուստրեր՝ Պէթի եւ Ժանէթ, եւ եղբայր մը՝ Հարլըն Հապըրտ, ով դարձաւ արուեստագէտ եւ գրագէտ մը:

Ֆիլմեր Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել