Խաչակիրներու Ա. Արշաւանք, Անտիոքի Պաշարում

Անտիոքի պաշարումը կը դառնայ Խաչակիրներու Ա. Արշաւանքին առանցքային իրադարձութիւններէն մէկը։ Տեղի ունեցած է 1097-1098 թուականներուն, որուն իբրեւ հետեւանք՝ քաղաքը նուաճած են խաչակիրները: Պաշարումը եւ անոր յաջորդող իրադարձութիւնները կը ստիպեն խաչակիրները Անտիոքի շրջանին մէջ մնալու աւելի քան մէկ ու կէս տարի։ Խաչակիրներու առաջնորդներուն տարաձայնութիւնները եւ կապերու վերջնական խզումը Բիւզանդիոնի կայսր Ալեքսիոս Ա. Քոմնենոսի հետ` կապուած Անտիոքի գրաւման հետ, հիմք կը հանդիսանան Մերձաւոր Արեւելքի մէջ լատինական իշխանութիւններ հիմնելու համար։

Խաչակիրներու Ա. Արշաւանք, Անտիոքի Պաշարում
Խաչակիրներու Ա. Արշաւանք
Անտիոքի պաշարումը խաչակիրներու կողմէ, միջնադարեան մանրանկար
Թուական 21 Հոկտեմբեր 109728 Յունիս 1098
Վայր Անտիոք
Արդիւնք Խաչակիրներու յաղթանակ
Հակառակորդներ
խաչակիրներ սելճուքներ
Հրամանատարներ
Կոտֆրիտ Պուլիոնցի
Պոհեմունդ Տարենտացի
Ռայմոնտ Դ. Թուլուզցի
Եաղի-Սիան
Կողմերու ուժեր
25,000 75,000
Կորուստներ
անյայտ անյայտ

Նախապատմութիւն Խմբագրել

1095-ին Ուրպանոս Բ. Հռոմի Պապը կը հրաւիրէ Քլերմոնի ժողովին եւ կը յայտարարէ Խաչակիրներու արշաւանքը ընդդէմ իսլամներուն, որուն նպատակն էր ազատագրել իսլամներու տիրապետութեան տակ գտնուող Երուսաղէմ քաղաքը[1], ուր մեծցած, խաչուած ու թաղուած էր Յիսուս Քրիստոսը: Ուրպանոս կը խոստանար մեղքերու թողութիւն տալ արշաւանքի մասնակիցներուն։ Եւրոպացիները կը մտածէին, որ դիւրութեամբ կրնան յաղթել իսլամներուն։

Գիւղացիներու Խաչակրաց Արշաւանք Խմբագրել

Հոկտեմբեր 1096-ին կը մեկնարկէ գիւղացիներուն կամ աղքատներուն խաչակիրներու արշաւանքը։ Արշաւին մասնակիցներուն մեծ մասը կանոնաւոր բանակի անդամներ չէին, հետեւաբար իրենք լուրջ ռազմական ուժ մը չէին ներկայացներ։ Ս. Երկրի ճանապարհին խաչակիրները կը թալանէին խաղաղ բնակչութիւնը, կը կազմակերպէին հրէական համայնքի ջարդեր։ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ կը հաւաքուի շուրջ 180 հազար հոգի, որոնք մեծ վտանգ կը ներկայացնէին Բիւզանդիոնի համար։ Ալեքսիոս Ա. Քոմնենոս կը հասկնայ, որ հմուտ զինուորներու փոխարէն Հռոմի Պապը անոր ուղարկած է աղքատներու հիւծած խումբեր, որոնք պարզապէս չեն կրնար մարտնչիլ լաւ պատրաստուած եւ զինուած իսլամներուն դէմ։ Բացի անոնցմէ «բանակը» Բիւզանդիոն գտնուելու ընթացքին կ'ոչնչացնէ մեծ թիւով տուներ, պալատներ, առեւտրականներու կրպակներ հակառակ անոր, որ բիւզանդացիները կը շարունակէին սնուցել խաչակիրները։ Ալեքսիոս չի կրնար համոզել Պետրոս Ամիենցին սպասելու ասպետ-խաչակիրներուն[2]: 21 Հոկտեմբեր 1096-ին Նիկիոյ մօտ գտնուող Ցիւետոտոս քաղաքին մօտ սելճուքները կը ջախջախեն խաչակիրները։

Արշաւանքին Շարունակութիւնը Խմբագրել

Աղքատներու խաչակիրներու արշաւանքին տապալումէն ետք Կոտֆրիտ Պուլիոնցին (այդ օրերուն արդէն լոթարինկիա հերցոկ) իր եղբայրներ` Պալթուինի եւ Էստաշի հետ միասին կը գլխաւորէ խաչակիրներու կանոնաւոր բանակը։ Զանոնք կ'ընդունէին իբրեւ` Հռոմի Պապի դաշնակիցներ։ Աննա Քոմնենոսի վկայութեամբ Կոտֆրիտի բանակը կազմուած էր 10 հազար հեծեալէ եւ 70 հազար հետեւակէ, սակայն այս թիւերը զգալիօրէն ուրճացած են։ Մինչեւ զօրքերը գլխաւորելը Կոտֆրիտ կը վաճառէ իր ունեցածին զգալի մասը, ինչպէս նաեւ Պուլիոնի կոմսութիւնը[3]: Նախ Լոթարինկիացիները կ'արշաւեն եւ անոնց առաջնորդներէն կը պահանջուի մեծ ջանքեր գործադրել, որպէսզի ընդհանուր յայտարարի գան Հունգարիոյ բնակիչներուն հետ` որոնք լաւ կը յիշէին աղքատ-խաչակիրներու անմարդկային գործողութիւնները։ Պելկրատէն ոչ հեռու Կոտֆրիտ կը հանդիպի Բիւզանդիոնի կայսեր Ալեքսիոս Ա. Քոմնենոսի դեսպաններուն եւ անոնց հետ դաշինք մը կը կնքէ. բիւզանդացիները կը պարտաւորուէին սննդամթերք տրամադրել խաչակիրներուն անոնց հողերը պաշտպանելու պայմանով։ Այս համագործակցութիւնը կը տեւէ մինչեւ խաչակիրները անյայտ պատճառներով կը պաշարեն Սելիպրիա քաղաքը։ Տագնապահար Ալեքսիոս կը հրամայէ Կոտֆրիտին ներկայանալ իր քով՝ Կոստանդնուպոլիս: Սակայն Կոտֆրիտ կը մերժէ եւ 23 Դեկտեմբեր 1096-ին լոթարինգիացիները կը հասնին Կոստանդնուպոլսոյ պարիսպներուն[4]: Ալեքսիոս կ'որոշէ դադրեցնել խաչակիրներու մթերքներով մատակարարումը, բայց երբ խաչակիրները կը սկսին թալանել քաղաքին շրջակայքը, տեղի կու տայ։ Զինուած բախումներէն ետք Ալեքսիոս եւ Կոտֆրիտ դաշինք մը կը կնքեն, Կոտֆրիտ կ'երդմնակալէ Ալեքսիոսը[5] վասսալի կարգավիճակով եւ փոխարէնը մեծ գումար կը ստանայ։ Երբ Կոստանդնուպոլիս կը ժամանեն մնացեալ խաչակիրները Կոտֆրիտ կը շարժի դէպի Նիկիա: Քաղաքը գրաւելէն ետք խաչակիրները կը բաժնուին. յառաջագիծը կը ղեկավարէր Պոհեմունդ, իսկ թիկունքը՝ Կոտֆրիտ։

Անտիոքի Դրութիւնը Խմբագրել

Անտիոք կը հանդիսանար Մերձաւոր Արեւելքի ամենանշանակալի քաղաքներէն մէկը։ Քաղաքին պատմութիւնը կը սկսի Հռոմէական կայսրութեան ժամանակներէն։ Յետոյ քաղաքը ձեռքէ ձեռք կը փոխանցուի: Սկիզբը Բիւզանդիոն կը տիրէ Անտիոքին, ապա կ'անցնի արաբներուն ձեռքը, յետոյ՝ Ժ. դարուն դարձեալ կը վերադառնայ Բիւզանդիոնին, 1085-ին քաղաքը կը նուաճեն սելճուքները: Վերջիններս մասամբ կը վերակառուցեն դեռ Յուստինիանոս Ա.-ի ժամանակաշրջանին քաղաքային պարիսպները` լայն պատերը կը պաշտպանուին 450 աշտարակներու կողմէ` որոնք զգալիօրէն կը հզօրացնեն քաղաքին պաշտպանութիւնը։ Բացի ատոնցմէ քաղաքը հարաւ-արեւմուտքէն կը պաշտպանուէր լեռներով, իսկ հիւսիս-արեւմուտքէն՝ ճահճուտներով։ 1088-էն Անտիոք կը ղեկավարէր ամիրա Եաղի-Սիանը, որ կանխատեսելով քրիստոնեաներու կողմէ հնարաւոր յարձակումը օգնութեան խնդրանքով կը դիմէ հարեւան քրիստոնեայ երկիրներուն: Եաղի-Սիան կը բանտարկէ պատրիարք Յովհաննէս Օքսիտը։ Քաղաքէն կը վտարէ քաղաքին մեծամասնութիւնը կազմող` հայերուն ու յոյներուն մեծ մասը։ Եաղի-Սիանի կայազօրը կրնար պաշտպանել պարիսպները. ամէն ինչ պատրաստ էր քաղաքին պաշտպանութեան համար։

Խաչակիրներու Ժամանումը Խմբագրել

Խաչակիրները կը ղեկավարէին` Կոտֆրիտ Պուլիոնցին, Պոհեմունդ Տարենտացին եւ Ռայմոնտ Դ. Թուլուզցին, որոնք անհամաձայն էին քաղաքը գրաւելու հարցին մէջ։ Ռայմոնտ մտադիր էր անմիջապէս գրոհի անցնիլ, իսկ Կոտֆրիտ եւ Պոհեմունդ կողմնակից էին քաղաքին պաշարման։ 21 Հոկտեմբեր 1097-ին խաչակիրները կը պաշարեն քաղաքը[6]: Խաչակիրներուն սննդամթերք կ'ուղարկէին Կիլիկիոյ եւ Սեւ Լերան շրջաններու հայ իշխանները,[7]որոնք թշնամական յարաբերութիւններու մէջ էին սելճուքներուն հետ:

Առաջին Պաշարումը Խմբագրել

Պաշարման սկզբնական փուլերուն յաջողութիւնը խաչակիրներուն էր: Նոյեմբերի կէսերուն Անտիոք կը ժամանէ Պոհեմունդի զարմիկը` Տանկրետ: Բացի ատկէ աշնան ընթացքին խաչակիրները պաշարի պակաս չէին զգար, քանի որ Անտիոքի շրջակայ բերքատու շրջանները կ'ապահովէին քրիստոնեաները անհրաժեշտ սննդամթերքով։ Ճենովայէն 14 նաւ 17 Նոյեմբեր-ին Ս. Սիմէոնի նաւահանգիստէն խաչակիրներուն պաշար կը հասցնէ։ Ձմրան մօտեցումով վիճակը կը սկսի վատթարանալ։ Դեկտեմբերին Կոտֆրիտ կը հիւանդանայ, իսկ պաշարը կը սկսի սպառիլ։ Ամսուան վերջը Պոհեմունդ կը հեռանայ պաշար հայթայթելու նպատակով։ Եաղի-Սիան օգտուելով անոնց բացակայութենէն իր զօրքերուն հետ պարիսպներէն դուրս կու գայ եւ կը յարձակի Ռայմոնտի ճամբարին վրայ։ Ըստ անանուն զինուոր-ականատեսի մը ժամանակագրութեան իսլամները կը սպաննեն շատ թոյլ պաշտպանուած խաչակիրները, այնուամենայնիւ վերջիններս կը յաջողին կասեցնել գրոհը, սակայն քաղաքը գրոհի ենթարկելու համար բաւարար ուժ չունէին։ Նոյն ատեն Պոհեմունդի բանակը կը բախի պաշարուողներուն օգնութեան հասնող` Դամասկոսի կառավարիչ Տուկակա Մելիքի զօրքերուն հետ[8]: 31 Դեկտեմբեր 1097-ին քրիստոնեաներու եւ իսլամներու միջեւ ճակատամարտ մը տեղի կ'ունենայ, որմէ ետք երկու կողմերն ալ կը վերադառնան ծանր կորուստներ ձգելով։

Սովը Խմբագրել

Ձմրան խաչակիրներուն վիճակը աւելի կը վատանայ։ Ժամանակագիրները կը վկայեն, որ սովի պատճառով կը մահանար իւրաքանչիւր եօթներորդ խաչակիրը։ Շատերը կը մորթէին իրենց ձիերը եւ էշերը հազիւ զսպելով իրենք զիրենք մարդակերութենէ[9]: Սակայն ըստ կարգ մը պատմաբաններու խաչակիրներուն մէկ մասը ինքզինք չէր կրնար զսպել եւ կը զբաղէր մարդակերութեամբ։ Սննդամթերք կարելի էր գնել հայերէն եւ սուրիացիներէն սակայն վերջիններս մեծ գումար կը պահանջէին սննդամթերքին փոխարէն, որ հասու չէր սովորական խաչակիրներու գրպանին։ Բացի սովէն խաչակիրները նաեւ կը տուժէին հիւանդութիւններէ եւ եղանակէն։ 9 Փետրուարին տեղի Խարիմ ամրոցին շրջակայքը Հալէպի ամիրա Րիտուանի ուժերով համալրուած սելճուքներու եւ Պոհեմունդի զօրքերուն միջեւ ճակատամարտ մը տեղի կ'ունենայ։ Ճակատամարտին կը յաղթեն խաչակիրները։

Անգլիացիներուն Օգնութիւնը Խմբագրել

1098-ին անգլիական նաւատորմը պաշարողական մեքենաներ կառուցելու համար շինանիւթ կը հասցնէ խաչակիրներուն: Անհրաժեշտ նիւթերը ստանալով, խաչակիրները կ'անցնին պաշարողական մեքենաներու կառուցման։

Ֆաթիմեաններու Դեսպանութիւնը Խմբագրել

 
Անտիոքի գրոհը: Խաչակիրները Փիրուզի օգնութեամբ աստիճանով կը բարձրանան աշտարակ:

Ապրիլին խաչակիրներուն ճամբարը կը ժամանեն Ֆաթիմեան խալիֆայութեան դեսպանները։ Անոնք խաչակիրներուն կ'առաջարկեն դաշինք կնքել ընդդէմ ընդհանուր թշնամի` սելճուքներուն. ըստ պայմաններու բերումին, խաչակիրներուն պիտի անցնէր Սուրիան, սակայն անոնք պէտք չէր յարձակէին Պաղեստինի վրայ։ Նման պայմանները ձեռնտու չէին քրիստոնեաներուն, քանի որ անոնց գլխաւոր նպատակը Երուսաղէմն էր։

Անտիոքի Գրաւումը Խմբագրել

Մայիս 1098-ին տեղեկութիւններ կը հասնին, որ Մուսուլի ամիրա Քերպողան հուժկու բանակով մը կը շարժի դէպի Անտիոք։ Խաչակիրներուն համար ակնյայտ էր, որ անոնք պիտի գրաւէին Անտիոքը մինչեւ ամիրային ժամանումը։ Բարեբախտաբար ամիրան երեք շաբաթ կը կորսնցնէ Եդեսիան գրաւելու ապարդիւն փորձեր կատարելու վրայ։ Պոհեմունդ գաղտնի համաձայնագիր մը կը կնքէ հայ-զինագործ Փիրուզին հետ՝ վերջինս լուծելիք վրէժ ունէր Եաղի-Սիանէն, քանի որ Եաղի իւրացուցած էր իր ունեցուածքը[10]: Փիրուզ Երկու քրոջ աշտարակի կայազօրքէն էր։ Պոհեմունդ Փիրուզի մեծ գումար մը կու տայ, փոխարէնը Փիրուզ կը խոստանայ ապահովել խաչակիրներուն քաղաք մուտքը ։ 2 Յունիսի գիշերը Փիրուզ կ'արտօնէ Պոհեմունդի փոքրաթիւ ջոկատի մը պատուհանէն ներս մուտքը [11]: Ջոկատին մարտիկները կը բանան քաղաքային դարպասները։ 3 Յունիսի առաւօտեան խաչակիրները ութամսեայ տանջանքներու վրէժով լեցուած կը ներխուժեն քաղաք։ Խաչակիրները կը սկսին անխնայ ոչնչացնել քաղաքին բնակչութիւնը։ Եաղի-Սիան 30 մարտիկներու հետ կը լքէ քաղաքը, սակայն քանի մը քիլոմեթր անցնելէ ետք ան կը զղջայ իր արարքին համար։ Անոր ուղեկիցները կը լքեն զայն։ Նոյն օրը Եաղի-Սիան կը սպաննուի եւ կը գլխատուի, իսկ իր կողմէ տեղահան եղած շրջակայքի հայ բնակիչները հետագային Եաղիի գլուխը կը յանձնեն Պոհեմունդին։

Երկրորդ Պաշարումը Խմբագրել

3 Յունիսի երեկոյեան, Անտիոքին մեծ մասը, բացի միջնաբերդէն, անցած էր քրիստոնեաներու տիրապետութեան տակ։ Երկու օր ետք քաղաքին մօտ կը հասնին Քերպողանի ուժերը։ 7 Յունիսին Քերպողան կը փորձէ գրոհի ենթարկել քաղաքը, սակայն չի յաջողիր: 9 Յունիսին անոնք կը պաշարեն քաղաքը։ Խաչակիրները կը յայտնուին աննախանձելի իրավիճակի մը մէջ. անոնց դէմ կը կռուէին ինչպէս միջնաբերդին մէջ ամրացած սելճուքները այնպէս ալ քաղաքէն դուրս գտնուող ուժերը[12]: Ըստ Պոհեմունդի Խաչակիրները կը կռուէին թէ՛ քաղաքին ներսը թէ՛ ալ քաղաքէն դուրս` գիշեր ու ցերեկ։

Ս. Գեղարդին Յայտնաբերումը Խմբագրել

10 Յունիսին Մարսէյցի հոգեւորական մը` Փիեռ Պարտելեմի բոլորին կը պատմէ իր տեսած տեսիլքը։ Ըստ հոգեւորականին, իր առջեւ կանգնած էր Անդրէաս առաքեալը եւ տեղեկացուցած, որ քաղաքին մէջ պահուած է գեղարդը, որմով հռոմէացիները խոցած էին խաչուած Յիսուսին մարմինը, որպէսզի համոզուէին, որ վերջինս սպաննուած էր։ Ուրիշ հոգեւորական մը՝ Ստեփան Վալենցի կը վստահեցնէ, որ իր տեսիլքին մէջ տեսած է Ս. կոյս Մարիամ Աստուածածինը եւ Փրկիչը եւ անոնք նոյնպէս տեղեկացուցած են, որ գեղարդը կը գտնուի քաղաքին մէջ։ 14 Յունիս-ին երկնակամարին վրայ ասուպ մը կը նկատուի , որուն երեւան գալը լաւ նշան կը համարուի։ Ս. Պետրոսի տաճարին մէջ փնտռտուքներու ատեն կը յայտնաբերուի Ս. Գեղարդը: Ռայմոնտ Թուլուզցի գտնուածը կը համարէ ապագայ յաղթանակի մը վկայութիւնը։ Փիեռ Պարտելեմի բոլորին կը պատմէ իր եւ Անդրէաս առաքեալին նոր հանդիպման մասին, որուն ընթացքին վերջինս անոր տեղեկացուցած է, որ յաղթական գրոհէն առաջ պէտք է հինգ օր ծոմ պահել։ Ճակատամարտը անխուսափելի էր։

Ճակատամարտ Անտիոքի Համար Խմբագրել

Երկուշաբթի, 28 Յունիսին մարտին պատրաստ խաչակիրները դուրս կու գան քաղաքէն։ Քրիստոնեաները շարքերով կանգնած էին դէմ-դիմաց։ Ֆլարանտիոյ կոմսը կ'իջնէ ձիէն եւ երեք անգամ ծնկաչոք կ'աղօթէ: Ապա Ռայմոնտ Անժիլցի զինուորներուն առջեւ դուրս կը բերէ Ս. գեղարդը։ Քերպողան կը կարծէ, թէ առանց դժուարութեան կրնայ յաղթել խաչակիրներուն։ Չլսելով իր զօրակալներուն խորհուրդը գրոհի կ'ենթարկէ խաչակիրներուն ամբողջ բանակը։ Քերպողան կ'որոշէ քրիստոնեաներուն ծուղակ մը լարել եւ կեղծ նահանջ մը կը կազմակերպէ: Գեղարդէն ոգեշնչուած քրիստոնեաները հակառակ լուրջ կորուստներուն ինքնամոռաց մարտի կը նետուին։ Մարտը երկար չի տեւեր, երբ խաչակիրները վերջապէս կը հասնին Քերպողանին սելճուքները խուճապի կը մատնուին։ Յառաջագիծի հեծեալները կը փախչին մարտի դաշտէն։ Յաղթանակէն ետք խաչակիրները կը վերադառնան քաղաք եւ կը սկսին բանակցիլ միջնաբերդի պաշտպաններուն հետ։ Միջնաբերդը Քերպողանի փախուստէն ետք կը դառնայ իսլամներու վերջին յենակէտը Անտիոքի մէջ։ Պաշարուածները հասկնալով իրենց վիճակին լրջութիւնը միջնաբերդը կը յանձնեն ։

Գրաւելէ Ետք Խմբագրել

Պոհեմունդ նկատի ունենալով, որ շնորհիւ իրեն քաղաքը ինկած էր, իր պահանջները կը ներկայացնէ գահին[13]: Սակայն ըստ բիւզանդացիներուն տրուած խոստումին, խաչակիրները պէտք էր քաղաքը յանձնէին Ալեքսիոսին։ Պոհեմունդ կը սկսի համոզել իր համախոհները, որ Ալեքսիոս կայսրը կորսնցուցած է իր հետաքրքրութիւնը խաչակիրներու արշաւանքներուն մէջ։ Ուրպանոսի ուղարկուած նամակին մէջ անոնք կը յայտնեն, թէ Ալեքսիոս իրենց շատ բան խոստացած էր, բայց շատ քիչ բան գործադրած էր, որմէ կը հետեւցուի, որ անոնք Ալեքսիոսին ոչինչ պարտական են։ Հետագային Պոհեմունդ կը նշանակուի Անտիոքի դուքս։ 1099-ին խաչակիրները կը գրաւեն Երուսաղէմը, ստեղծելով Երուսաղէմի թագաւորութիւնը։

Գրականութիւն Խմբագրել

  • France, John (2001), «The Fall of Antioch during the First Crusade», in Michael Balard, Benjamin Z. Kedar, and Jonathan Riley-Smith, Dei Gesta per Francos: Études sur les croisades dédiées a Jean Richard, Ashgate, pp. 13–20 
  • Morris, Colin (1984), «Policy and vision: The case of the Holy Lance found at Antioch», in John Gillingham & J. C. Holt, War and Government in the Middle Ages: Essays in honour of J. O. Prestwich, The Boydell Press, pp. 33–45 
  • Peters, Edward, ed։ (1971), The First Crusade: The Chronicle of Fulcher of Chartres and Other Source Materials, University of Pennsylvania 
  • Roger, Randall (1997), Latin Siege Warfare in the Twelfth Century, Oxford University Press, ISBN 9780198206897 
  • Runciman, Steven (1951), The History of the Crusades Volume I: The First Crusade and the Foundation of the Kingdom of Jerusalem, Cambridge University Press 
  • Runciman, Steven (1969) [1955], «The First Crusade: Antioch to Ascalon», in Marshall W. Baldwin & Kenneth M. Setton, A History of the Crusades Volume One: The First Hundred Years (second տպ.), The University of Wisconsin Press, pp. 308–343 

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Ժաք Լէ Կոֆֆ Միջնադարեան արեւմուտքի քաղաքակրթութիւնները. — Էկաթերինպուրկ: Ը-Ֆակտորիա, 2005. — С. 83-85.
  2. Steven Runciman, The First Crusade, pg. 59
  3. Վիյմառ. - Էջ 50.
  4. Կոմնենոս. - Էջ 282.
  5. Օսքար Եկեր Համաշխարհային պատմութիւն, 2-րդ հատոր. — Մ.: ԱՍՏ, 1999. — С. 271.
  6. Աննա Քոմնենոս. Ալեքսականը
  7. Վ. Ստեփանենկօ // Տասներկու իշխանների խորհուրդը եւ Պոհեմունդ Ֆլանդրիացին. // Անթիք հնութիւնը եւ միջին դարերը` սոց. զարգացման խնդիրները — Սվերդլովս, 1985. — էջ. 82—92 [1] Archived 2012-01-11 at the Wayback Machine. արխիւ Archived 2018-05-25 at the Wayback Machine.
  8. Քամալ ալ-Տին. Հալէպի պատմութիւնը
  9. Աննալա Հիլդեսհեյմ
  10. Իպն ալ-Քալանսի. Անտիոքի գրաւումը խաչակիրներուն կողմէ
  11. Անտիոքի գրաւումը խաչակիրներուն կողմէ
  12. Խաչակիրներու առաջնորդներուն նամակը Ուրպանոս Բ.-ին ուղղուած 11 Սեպտեմբեր 1098-ին
  13. "Riley-Smith 2003"

Արտաքին յղումներ Խմբագրել