Խաչակիրներու Գ․ Արշաւանք

Խաչակիրներու Երրորդ Արշաւանքը կազմակերպուած է Հռոմի Պապեր Գրիգոր VII եւ (Գրիգոր VIII մահէն ետք) Կղեմես III ջանքերով։ Արշաւանքին իրենց մասնակցութիւնը ունեցած են ժամանակի ակնառու միապետեր՝ կայսր Ֆրիդրիխ I Շիկամորուս, ֆրանսացի արքայ Ֆիլիփ II Օգոստոսը, աւստրիական հերցոգ Լեոպոլդը V եւ Անգլիոյ արքայ Ռիչարտ I Առիւծասիրտը: 1187–ին, Երրորդ խաչակրաց արշաւանքին նախորդեց Սալահ ալ-Տինի կողմէն Երուսաղէմի նուաճումը։

Խաչակիրներու Գ․ Արշաւանք
Խաչակիրներու Արշաւանքներ
Աքքայի պաշարումը՝ արշաւանքի գլխաւոր ճակատամարտը
Թուական 11891192
Վայր Մերձաւոր Արեւելք
Արդիւնք Խաչակիրներու յաղթանակ
  • Երուսաղէմը մնաց մուսուլմաններու վերահսկողութեան տակ
  • Լեւանտի քրիստոնէական պետութիւնները շարունակեցին գոյատեւել
  • Մուսուլմանները թոյլ տուին քրիստոնեաներուն ուխտագնացութեան երթալ Երուսաղէմ։
Հակառակորդներ
Խաչակիրներ
Մուսուլմաններ:
Հրամանատարներ
* Ֆիլիփ II Օգոստոս * Սալահ ալ-Տին
Կողմերու ուժեր
անյայտ անյայտ
Կորուստներ
անյայտ անյայտ

Նախապատմութիւն Խմբագրել

4 յուլիս 1187-ին Հաթթինի ճակատամարտէն ետք Սալահ ալ-Տին առանց մարտի կրցաւ Աքքա քաղաքը գրաւել։ Դեռեւս խաչակիրներուն կը վերահսկէին՝ Տիւրոսը, Թրիբոլին եւ Անտիոքը։ Վերջիններս նոյնպէս պաշարուած էին Սալահ ալ-Տինի կողմէն, սակայն անյաջող։ Մերձաւոր Արեւելքէն ստացած լուրերը մեծ խառնաշփոթի մէջ ձգեցին Եւրոպացիներուն, իսկ Հռոմի Պապ Գրիգոր VIII-րդը յայտարարեց 3-րդ խաչակրաց արշաւանքի։

Արշաւանքի Նախապատրաստում Խմբագրել

Ի տարբերություն նախորդ երկրորդ արշավանքների (Առաջին խաչակրաց արշավանք, Երկրորդ խաչակրաց արշավանք) խաչակիրներու երրորդ արշաւանքը տեղի ունեցաւ աւելի բարենպաստ պայմաններու մէջ, բան մը որ կը պակսէր միւս խաչակրաց արշաւանքներուն մօտ (խաչակիրներու առաջին արշաւանք, խաչակիրներու երկրորդ արշաւանք), քանզի իրենց մասնակցութիւնը ունեցան միանգամից չորս թագադրուած անձ՝ Ֆրիդրիխ I Շիկամորուս, Ֆիլիփ II Օգոստոսը, Լեոպոլդը V եւ Ռիչարդ I Առիւծասիրտը։ Փոխարէնը կը բացակայէր համընդանուր գաղափարը։ Խաչակիրները տարբեր ուղիներով կը շարժէին՝ անգլո-ֆրանսական ուժերը ծովով, գերմանացիները ցամաքով։ Արշաւանքը երեք դրուագի բաժնուեցաւ՝ անգլո-ֆրանսական ուժերու շարժը, գերմանացիներու շարժը եւ Աքքայի պաշարում (1189-1191):

Անգլո-Ֆրանսական ուժերու շարժ Խմբագրել

Անգլիոյ եւ ֆրանսայի արքաները տարաձայնութիւններ ունէին եւ չէին համարձակիր արշաւանքը սկսիլ։ Երկու երկիրներուն մէջ դրամահաւաքներ սկսան, խաչակրաց արշաւանքի համար հարկ եղաւ «տասնորդական Սալահ ալ-Տինի համար» անուամբ, որ բոլորին վրայ կը տաարածէր։ Կարճ ժամանակի ընթացքին, երկու երկիրներու բանակները սպառազինուեցան նոր եւ առանձնակի որակեալ զինամթերքով։ Ամէն ինչ պատրաստ էր, միայն կողմերու միջեւ համաձայնութիւնը կը պակսէր։ 1189–ին Անգլիոյ արքայ Հէնրիխ II մահացաւ, իսկ գահ բարձրացած Ռիչարտ I Առիւծասիրտը եւ Ֆրանսայի արքայ՝ Ֆիլիփ II Օգոստոսը ընկերներ էին։ Արդէն կարելի էր շարժումը սկսիլ։ Ռիչարտ Սուրբ Երկրի մէջ դաշնակից գտաւ՝ արաբական գերութենէն ազատուած Գի տը Լուզինեանին։ Կիպրոսի արքայ Իսահակ Կոմնինը գերեվարեց Ռիչարտի հարսնացուին եւ Ռիչարտը պարտադրուած պատերազմ սկսաւ Կիպրոսի թագաւորութեան դէմ, ուր փայլուն յաղթանակ տարաւ։ Այս աննախադեպ իրադարձութիւն էր՝ Անգլիան առաջին անգամ տարածքային տիրոյթներ ունեցաւ Միջերկրական ծովուն մէջ: Սակայն Ռիչարտ հասկանալով, որ ան երկար չի կրնար իրենց երկրէն հեռու պահել հեռու կղզիին մէջ գտնուող արգան, որոշեց վաճառել Կիպրոսը իր դաշնացին Գի տը Լուզինեանին։

Գերմանացիներու շարժ Խմբագրել

Ամբողջ խաչակրաց արշաւանքի համար մեծ կորուստ էր ծեր ռազմական գործիչ եւ դիւանագէտ Ֆրիդրիխ I Շիկամորուսի անմիջական մասնակցութեան բացակայութիւնը։ Շիկամորուսը կանխամտածած էր, որ Եգիպտոսէն ու Միջագետքէն միշտ համալրուող երկրին պէտք ներսէն հաղթել։ Ան դեսպաններ ուղարկեց դաշնակից արքաներու մօտ, Բիւզանդիոն, Երուսաղէմի թագաւորութիւն եւ նոյնիսկ Սալահ ալ-Տինին, բոլոր դեսպանները լաւ լուրեր ուղղրկեցին։ Անոր ճանապարհը Պալքաններուն Բիւզանդական կայսրութեն մօտէն կ՛անցնէր: Պալքաններու սլաւոնական ազգերը կը ցանկային անկախանալ Բիւզանդիոնը մուսուլմաններու հետ դաշինքի մէջ դնել։ Պալքաններուն բիւզանդական փոքրաթիւ ջոկատներու ասպատակութիւններէն հիւծուած գերմանացիները համաձայնեցան պուլկարացիներու եւ սերբերու առաջարկած 60 հազարանոց բանակը (40 հազար պուլկարացի եւ 20 հազար սերբ) ստանալ։ Ոոսփորը անցնելէ ետք Իկոնիոյ սուլթանութեան տարածքին մէջ գերմանացիները հաղթեցին սուլթանութեան բանակին։

Գերմանացիները Կիլիկեան Հայաստանի մէջ եւ Ֆրիդրիխ I Շիկամորուսի մահը Խմբագրել

 
«Ֆրիդրիխ Շիկամորուսի մահը», Գ․Դորո։

Մայիս 1190–ի վերջը խաչակրաց զօրքերը Ֆրիդրիխ I Շիկամորուսի գլխաւորութեամբ, Իկոնիոյ սուլթանութեան վրայով մտան Կիլիկիա եւ ճամբարեցին Սելեւկիա քաղաքի մօտ։ Լեւոն Բ համաձայնեցաւ խաչակիրներուն օգնել՝ պահանջելով Կիլիկեան Հայաստանը թագաւորութիւն ճանչնալ, իսկ աինքը՝ թագաւոր։ Ֆրիդրիխ I-ը համաձայնեցաւ, եւ խաչակրաց սովեալ զօրքերը սնունդ ստացան հայկական հողերուն մէջ։ Սալահ ալ-Տինը ահով կը սպասէր Շիկամորուսի ժամանմանը Սուրիա: Սակայն մինչ Կիլիկեան Հայաստանը որպէս թագաւորութիւն ճանչնալը, Կիլիկիոյ Սալէֆ գետին մէջ խեղդուեցաւ Ֆրիդրիխ I-ը (10 յունիս 1190–ին)։ Անոր մահէն ետք Գերմանական բանակի մէկ մասը Ֆրիդրիխ V-ի գլխաւորութեամբ շարունակուեցաւ ճանապարհը։

Աքքայի պաշարում Խմբագրել

Նախապատմութիւն Խմբագրել

Երուսաղէմը նուաճելէ ետք Սալահ ալ-Տինը առանց մարտի նուաճեց Աքքան։

Տիւրոսի իրավիճակը Խմբագրել

Կոնրադ Մոնֆերատացին՝ որ ամրապնդուելով Տիւրոսի մէջ կրցաւ դիմադրել պաշարմանը, քաղաք չձգեց Հաթթինի ճակատամարտի ընթացքին ջախջախուած եւ գերեւարուած Գի տէ Լուզինեանին (կնոջ Սիբիլլա Երուսաղէմցիի հետ մէկտեղ Երուսաղէմի արքայ), որ անոնց միջեւ առկայ սրեց կռիւը։

Պաշարում Խմբագրել

 
Աքքայի պաշարումը(1191)

Գին չստանալով Կոնրադի աջակցութիւնը գնաց եւ իր զօրքերով պաշարեց քաղաքը․ վերջինիս զօրքերը 2 անգամ աւելի քիչ էին, քան պաշարուածներունը։ Ան յոյսը դրած էր անսպասելի գրոհի վրայ, սակայն հասկանալով, որ չի կրնար յաջողութեան հասնիլ, իր փոքրաթիւ ուժերով դիրքաւորուելով, սպասեց օգնական զօրքերու օգնութեան հասան ֆրանսական եւ գերմանական ուժերը։ Արքեպիսկոպոսները յաջողեցան մտափոխել Կոնրադին եւ օգնական ուժեր ժամանեցին նաեւ Տիւրոսէն։ Սալահ ալ-Տինը տեղեկանելով իրադարձութիւններու մասին 15 սեպտեմբեր 1189-ին Կիի վրայ յարձակիլ։ Խաչակիրները բոլոր ուժերը ներառեալ տաճարականներուն դէպի Սալահ ադ-Տինի զօրքերու աջ թեւը ուղեցին, ստիպուած բոլոր ուժերը աջ կողմը կեդրոնացուց, սակայն զօրքերը փախուստի մատնուեցան։ Վերջինս զօրքերը փրկելու նպատակով ձախ կողմը ինչպէս նաեւ թէթեւ հեծելազօրը մարտի նետեց։ Կին ստիպուած մարտի դաշտ ուղարկեց պահեստազօրայիններուն, Սալահ ադ-Տինը, իր հերթին մարտի քաղաքի կայազօրայիններուն (5000 զինուոր) ուղղեց դէպի խաչակիրները։ Քրիստոնեաները մօտ 5 հազար զոհ տուին[1][2], սակայն Սալահ ադ-Տինը չկրցաւ գլխաւոր նպատակին հասնիլ՝ ետ շպրտել քաղաքի մօտ դիրքաւորուած խաչակիրներուն։ Մարտի արդիւնքը այն էր, որ տաճարականներու միաբանութեան առաջնորդ Ժերար տէ Ռիդֆորը, իսկ Կին եւ Կոնրադը դարձեալ վիճեցին։

Երկկողմանի պաշարում Խմբագրել

Աշնան ընթացքին, Կին օգնական ուժեր ստացաւ Եւրոոպայէն։ Այսպիսով Կին արդէն կտրեց Աքքան ցամաքէն եւ կը շրունակէր կտրած պահել քաղաքը ջրային ճանապարհներէն, նաւատորմի միջոցով այսպիսով քաղաքը պաշարուած էր։ Նոյն ատեն տեղեկութիւններ հասան, որ Ֆրիդրիխ I Շիկամորուսը մեծ զօրքերով միացած է խաչակրաց արշաւանքին եւ դէպի Սրբազան երկիր կը շարժէր, այդ լուրերը բարձրացուցին պաշարողներու մարտական ոգին։ Դէպքերէն անտեղեակ չէր մնացած նաեւ Սալահ ադ-Տինը եւ ան նոր ուժեր ուղարկեց քրիստոնեաներու օղակը շրջափակելու նպատակով։ 31 հոկտեմբեր-ին 15 եգիպտական նաւեր կրցան քրիստոնեաներու ծովային շրջափակումը ճեղքել եւ քաղաք հասցուցին մթերքներ։ 26 դեկտեմբեր-ին եգիպտական նաւատորմը վերականգնեց քաղաքի ծովային մուտքը։ 1190–ին Կոնրադ Մոնֆերատացին իր նաւերով Տիւրոս գնաց եւ նոր ուժերով վերդարձաւ, որ պէտք է օգնէր իրենց շրջափակած մուսուլմաններուն յաղթելու համար։ Կոնրադը նաեւ շինանիւթեր բեռաւ պաշարային մեքենաներ կառուցելու համար, որ քաղաքի վրայ օգտագործեցին հերթական յարձակման ժամանակ 5 մայիս-ին։ 19 մայիս-ին Սալահ ադ-Տինը՝ որ նախորդ ամիսներու ընթացքին հզօրացացած էր, քրիստոնեաներու վրայ յարձակեցաւ․ 8 օր շարունակ անոնք կը յարձակէին։ Ամբողջ ամառուայ ընթացքին, ֆրանսական զօրքերը ծովէն կը ժամանէին եւ պաշարողներուն կը միանային, ինչպէս նաեւ օգնական ուժերով միացան Կիլիկիոյ Սելիֆ գետին մէջ խեղդուած Ֆրիդրիխ I Շիկամորուսի որդին՝ Ֆրիդրիխ V-ը։ Օգնական ուժերը Հայֆա քաղաքը գրաւեցին, որուն միջոցով կրցան մթերքներ ուղարկել Կիի ճամբար։ Կի տէ Լուզինեանը զրկուեցաւ Երուսաղէմի արքայի գահէն քանի, որ մահացան անոր կինը Սիբիլլան եւ դուստրերը, Ամուսնացան Սիբիլայի քոյր՝ Իզապելլան եւ Կոնրադ Մոնֆերատացին այսպիսով գահը Կոնրադին փոխանցուեցաւ։ Մինչ խաչակիրները գահը կը կիսէին, Սալահ ադ-Տինը բանակը կը հզօրացնէր։ 1990–ին աւստրիական արքայազն Լեոպոլդ V միացաւ պաշարողներուն։ 31 դեկտեմբեր-ին միացեալ ուժերը փորձեցին պատերը անցնիլ։ Իսկ 6 յունուար-ին պատի մասնակի քանդման արդիւնքը այն եղաւ, որ քրիստոնեաները փորձեցին քաղաքի կայազօրը գրաւել։ 13 յունուար-ին Սալահ ադ-Տինը կրցաւ ճեղքել խաչակիրներու շրջափակումը եւ քաղաք մտցուց նոր կայազօր։ Ցուրտ եղանակը Սալահ ադ-Տինի փոխարէն կը խանգարէր խաչակիրներուն։ Մարտին եղանակը լաւացաւ եւ Եւրոպայէն նոր ուժեր ժամանեցին, ինչպէս նաեւ Ռիչարտ Առիւծասիրտը եւ Ֆիլիփ Օգոստոսը Սալահ ադ-Տինի յաղթելու արիթները կտրուկ նուազեցուցին: 3 յուլիս-ին քաղաքը յանձնուեցաւ, Ռիչարտ հրամայեց մահապատժի ենթարկել քաղաքի կայազօրայիններուն։ Անգլո-ֆրանսական ուժերով համալրուած խաչակիրները ափով դէպի հարաւ շարժեցան նոյն ձեւով վարուեցան մուսուլմանները։

 
Աքքայի Ֆիլիփ Օգոստոսին յանձնումը 1191

7 սեպտեմբեր-ին Յաֆֆա քաղաքէն փոքր-ինչ հիւսիս տեղի ունեցաւ Արսուֆի ճակատամարտը: Ճակատամարտի ընթացքին Ռիչարտ փայլուն յաղթանակ տարաւ: Սալահ ադ-Տին խաչակիրներու յաղթանակը պարզաբանեց ըսելով, թէ անգլիացիներու կարգապահութիւնը եւ զրահները անյաղթելի էին.

  Ես զինուոր մը տեսայ, որուն մէջքին կար 5-է աւելի նետեր, ան կը շարունակէր մարտնչել, մեր նետաձիգները չէին կրնար վնաս հասցնել խաչակիրներուն  

Արսուֆի ճակատամարտ Խմբագրել

Հետախոյզներէն տեղեկութիւններ ստանալէ ետք Ռիչարտ մարտի պատրաստուելու սկսաւ առաջնագիծի վրայ տաճարականներուն Ռոպեր տէ Սաբլէի գլխաւորութեամբ անոնց կը հետեւէին Ռիչարտի անձնական ուժերը եւ Երուսաղէմի թագաւորութեան զօրքերը Կի տէ Լուզինեանի ղեկավարութեամբ։ Թիկունքը կը պահէին հիւանդախնամներու միաբանութիւն եւ ֆրանսացի զինուորները[3]: Խաչակիրները դէպի հարաւ կ՛երթային, իսկ մուսուլմանները թիկունքի վրայ յարձակեցան։ Արաբ ժամանակագիր Ամբռուազը իր «Սրբազան պատերազմի պատմութիւնը»[4] մատեանին մէջ կը գրէ, որ Սալահ ալ-Տինի բանակի հետեւակայինները սուդանցիներէ եւ բեդուիններէ բաղկացած էին թէթեւ հեծելազօրը թուրքերէն եւ սուրիացիներէ, իսկ ծանր հետեւակայինները մամլյուքներ էին։ Վերտինս իր նետաձիգներուն յարձակման ուղղեց ծանր ասպետներու վրայ, որպէսզի անոնք վատ դիրքի պատճառով թուլացնէին կարգապահութիւնը եւ մուսուլմաններու հեծելազօրի կողմէն խոցուէին։ Ռիչարտ կռահեց վերջիններուս մտահղացումը եւ նիզակակիրներուն հրամայեց առաջ դուրս գալ եւ նիզակներէն «պատ» կազմել անոնց միջեւ տեղադրեց տեգակիրներու պատասխան կրակոցի նպատակով, իսկ իր ասպետներուն վերտիններիս պաշտպանելու ուղարկեց։ Արաբ նետաձիգներու կրակոցները լուրջ վնաս չէին հասցներ մարտերու մէջ կոփած քրիստոնեաներուն։

 
Գիւստավ Դորէ, Արսուֆի ճակատամարտը. Ռիչարտ Առիւծասիրտ

Առաւել շատ վնաս կը կրէին հիւանդախնամները, որոնք տեղակայուած էին շարասեան վերջը։ Սալահ ալ-Տին, իր զօրքերուն ոգեւորելու նպատակով գրոհի անցաւ, ան իրեն մեծ վտանգի կ՛ենդարկէր, սպաննուած ըլլալու տեգակիրներու կողմէն։ Ռիչարտը իր զօրքերուն հրահանգած էր, որ սպասեն իր ազդանշանին՝ յարձակելու համար, սակայն հիւանդախնամներու միբանութեան առաջնորդ Գրանյէ տը Նապլուզը հակառակորդի հերթական գրոհէն ետք զայրացած, յարձակեցաւ մուսուլմաններու վրայ։ Ռիչարտը հասկանալով, որ կարգը խախտեցաւ, ամբողջական ուժերով գրոհի նետուեցաւ։ Մուսուլմաններուն կազմակերպած պաշտպանութենէն անմիջական յարձակմն անցումը խուճապի մատնեց եւ սկսաւ նահանջել։ Բահա ալ-Տինը ով՝ պատերազմի մասնակից կը հանդիսանար հետագային իր աշխատութիւններուն մէջ գրած է, որ իրենք ջախջախուեցան, սակայն Սալահ ալ-Տին յոյսը դրած էր, որ իր հեծեալները անկազմակերպ խաչակիրներու գրոհներուն հակագրոհներով կը պատասխանեն եւ կը յաղթեն, սակայն Ռիչարտ կանխատեսելով դէպքերու նման զարգացումը, հրամայեց վերականգնել շարքը. Սալահ ալ-Տինի հակագրոհները անյաջողութեան մատնուեցան։

Յաֆֆայի ճակատամարտ Խմբագրել

10 սեպտեմբեր 1191-ին, Ռիչարտ պաշտպանեց Սալահ ադ-Տինի կողմէն պաշարուած Յաֆֆա քաղաքը։ Իմանալով քաղաքի պաշարման մասին, Ռիչարտ 80 ասպետներու հետ նաւերով Յաֆֆա մեկնեցաւ, քաղաքի վրայ տեսնելով մուսուլմանական դրօշ ան մտածեց, որ քաղաքը գրաւած է։ Սակայն երբ արդէն ետ վերադառնալ կը ցանկար, լողալով անոր մօտեցաւ հոգեւորական մը, որ տեղեկացուց, որ քաղաքը դեռեւս կանգուն է։ Ռիչարտ ասպետներու հետ ծով նետուեցաւ եւ լողալով մօտեցաւ Սալահ ադ-Տինի զօրքերուն եւ ջախջախեց 1000 հոգանոց զօրքը, ազատեց քաղաքը պաշարումէն, մտաւ քաղաք եւ սկսաւ ամրացնել ամրոցը։ Ռիչարտին մօտեցան օգնական ուժեր Հէնրիխ Շանպայնացիի գլխաւորութեամբ, վերջինս իր հետ բերած էր 50 ասպետ եւ 500 տեգակիր։ Սալահ ադ-Տինը որոշեց յարձակիլ, Ռիչարտը հետախոյզներէն տեղեկացած էր սպասուող յարձակման մասին եւ դասաւորած էր իր փոքրաթիւ զօրքերը՝ ամէն ասպետի կողքին 2 տեգակրի կանգնեցուցած էր։ Ռիչարտ չափազանց քիչ քանակութեամբ հեծելազօր ունէր՝ մօտ մէկ տասնեակ, ան իր զօրքերը կանգնած կը ղեկավարէր։ Ճակատամարտի մասնակից Բեռնարտը կը նշէ ուշագրաւ դրուագ մը.
Սալահ ադ-Տին տեսնելով, որ Ռիչարտ կանգնած է իր զօրքերու մէջ, կը բացականչէ.

  Ինչպէ՜ս, նման արքան կանգնած է իր մարդկանց մէջ, այդ արքայավայել չէ» եւ Ռիչարտին արաբական ձի մը կ՛ընծայէ  

Սալահ ադ-Տինի զօրքերը տեսնելով խաչակիրներու դասաւորութիւնը չեն համարձակիր յարձակիլ։ Միայն մամլյուքներու ջոկատը կը յրձակի, վերջիններս տեգակիրներու արձակած նետերէր կը զոհուին։ Սալահ ադ-Տին ստիպուած կը նահանջէ։

Հետեւանքներ Խմբագրել

Յաֆֆայի ճակատամարտը Երրորդ խաչակրաց արշաւանքի վերջը նշանակալից ճակատամարտն էր։ Մարտէն ետք Ռիչարտ I Առիւծասիրտը կը սկսի Սալահ ալ-Տինի հետ բանակցիլ։ Պայմանագիրը 2 սեպտեմբեր 1192–ին կը կնքուի։ Այսպիսով Սալահ ալ-Տինի վերահսկողութեան տակ կը մնայ Երուսաղէմը, իսկ Երուսաղէմի թագաւորութեան նեղ ցամաքային ճամբան Յաֆֆայէն մինչեւ Տիւրոս։

Գրականութիւն Խմբագրել

  • H. W. Koch: Illustrierte Geschichte der Kriegszüge im Mittelalter (1998), Bechtermünz Verlag, S. 60-61, ISBN 3-8289-0321-5.
  • J. F. Verbruggen: The Art of Warfare in Western Europe During the Middle Ages: From the Eighth Century to 1340. Boydell Press, 1997.
  • James Jr Reston: Warriors of God. Richard the Lionheart and Saladin in the Third Crusade. Random House, New York 2001. ISBN 0-385-49561-7
  • Kenneth M. Setton / Robert L. Wolff / Harry W. Hazard: The later Crusades, 1189—1311. University of Wisconsin Press, Madison 2006, ISBN 0-299-04844-6, S. 51 ff.
  • Itinerarium Peregrinorum et Gesta Regis Ricardi, ed. William Stubbs, Rolls Series, (London: Longmans, 1864) III, 1, 5, 13, 17-18 (pp. 210–11, 214-17, 224-26, 231-34), translated by James Brundage, The Crusades: A Documentary History, (Milwaukee, WI: Marquette University Press, 1962), 175-81 [1]
  • René Grousset, Histoire des croisades et du royaume franc de Jérusalem — III. 1188—1291 L’anarchie franque, Paris, Perrin, 1936 (réimpr. 2006), 902 p., ISBN 2-262-01569-4
  • Перну Р. Ричард Львиное Сердце = Richard Cœur de Lion / Пер. с фр. А. Г. Кавтаскина; вступ. ст. А. П. Левандовского. — М.: Молодая гвардия, 2009. — 232 с. — 3000 экз. — ISBN 978-5-235-03229-3.
  • Gillingham, John (1978). Richard the Lionheart. London: Weidenfeld & Nicolson. ISBN 0-297-77453-0.
  • Angus Konstam: Die Kreuzzüge. Tosa Verlag, Wien 2001. S.127,144-145.
  • Oman, Charles William Chadwick. (1924) A History of the Art of War in the Middle Ages Vol. I, 378—1278 AD. London: Greenhill Books; Mechanicsburg, Pennsylvania: #Stackpole Books, reprinted in 1998.
  • Baha' Al-Din Yusuf Ib Ibn Shaddad, trans. C.W. Wilson (1897) Saladin Or What Befell Sultan Yusuf. Reprinted: Kessinger Publishing, 2004.

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Ibn Al-Athir, XII, 20-6; Chapter four in Arab Historians of the Crusades, ed. and trans. by Francesco Gabrieli
  2. Christopher Tyerman, God’s War A New History of the Crusades, p.416. Belknap Press, 2008.
  3. Oman, стр 311—312
  4. Ambroise, «Estoire de la guerre sainte»