Խաչակիրներու Դ․ Արշաւանք

Խաչակիրներու Դ․ Արշաւանքը (1201-1204), ունէր նպատակ եւ թիրախ Երուսաղէմը գրաւել, Եգիպտոս ներխուժելէ ետք։  Սակայն, կը շեղի իր նախնական ծրագրէն եւ խաչակիրները Կոստանդնուպոլիսը գրաւելով կը հիմնեն Լատինական Կայսրութիւնը։

Խաչակիրներու Դ․ Արշաւանք
Խաչակիրներու Արշաւանքներ
Կոստանդնուպոլսոյ նուաճումը խաչակիրներուն կողմէ
Թուական 1202–1204 թթ.
Վայր Պալքանեան Թերակղզի
Արդիւնք Լատինական Կայսրութեան հիմնումը
Հակառակորդներ
Խաչակիրներ`

Ֆրանսայի Թագաւորութիւն

Բիւզանդական Կայսրութիւն
Հրամանատարներ
Էնրիքօ Տանտոլօ Ալեքսիոս Գ․
Կողմերու ուժեր
Խաչակիրներ` 10 000
Վենետիկ` 10 000 եւ 210 նաւ
Բիւզանդիոն` 15 000 եւ 20 նաւ
Կորուստներ
մեծ մեծ

Պատմական տուեալներ Խմբագրել

Դ․ Խաչակիրներու արշաւանքին ծրագիրը ու Կոստանդնուպոլսոյ գրաւումը Խմբագրել

Խաչակիրներուն Դ․ Արշաւանքը զուտ կրօնական բնոյթ չունէր, այլ զանազան շահերու խառնուրդ մըն էր։  Մէկ կողմէն կրօնական, բարոյական գոհունակութիւն եւ տնտեսական շահ, միւս կողմէն՝ արկածախնդրութեան եւ նիւթական շահերու փափաք։ Վերջինս կը գերիշխէ։     

Առաջին ծրագիրն էր նախ Եգիպտոս ներխուժել եւ Աղեքսանդրիան գրաւել, ու ապա՝ Երուսաղէմը։  Սակայն առաջին ծրագիրը տեղի կու տայ երկրորդին՝ նախ Կոստանդնուպոլիսը գրաւելուն։

Խաչակիրներու բանակին մեծ մասը Վենետիկ կը հաւաքուի Մայիս 1202-ին։ Սակայն զինուորներուն թիւը սպասուածը չէ․ 35 000-ի փոխարէն, Վենետիկ հաւաքուած են 12 000։  Կ'առաջանան տնտեսական հարցերու շուրջ վէճեր՝ շատ մասնակիցներ կը մերժեն լիուլի վճարել նախապէս որոշուած իրենց համապատասխան բաժինը։  Սակայն, պէտք է գումարներ ապահովել։  Շատեր կ'առաջարկեն յարձակիլ հարեւան հարուստ շրջաններ, որպէսզի նիւթական պահանջները լրացուին։  Վենետիկը կը պատրաստուի արշաւել Տալմաթիոյ ափերուն գտնուող Զարա (Զատըր) քաղաքին վրայ։ Կարգ մը կարտինալներ կը համաձայնին, հակառակ Պապին հրամանին եւ ուրիշ եւրոպացի վեհապետներու փափաքին՝  չյարձակիլ քրիստոնեայ պետութիւններու վրայ։

24 Նոյեմբեր 1202-ին խաչակիրները արագ պաշարումէ ետք կը գրաւեն Զարա քաղաքը։ Հռոմի պապը, խաչակիրներու Դ․ արշաւանքի ղեկավարներուն ուղարկած նամակով մը կը հրամայէ բոլորին վերադառնալ իրենց խոստումին՝ ուղղուիլ դէպի Երուսաղէմ։   Սակայն արշաւանքին մասնակցող վեհապետները վախնալով թէ այս հրահանգով բանակը պիտի լուծուի,  նամակին պարունակութիւնը չեն յայտներ եւ կը պատրաստեն Կոստանդնուպոլսոյ դէմ արշաւանքը։

Վենետիկի Հանրապետութեան եւ Բիւզանդական կայսրութեան միջեւ առեւտրական մրցակցութիւնը եւ դեռ կենդանի յիշատակը Կոստանդնուպոլսոյ մէջ «Լատիններու Ջարդ»ին Σφαγὴ τῶν Λατίνων (Ապրիլ 1182), ինչպէս նաեւ Իսահակ Բ․ի զաւկին, Ալեքսիոսին խոստումները՝ Բիւզանդիոնը Վենետիկին վճարէ բոլոր պարտքերը, Դ․ արշաւանքին բանակին հայթայթէ 10 000 զինուորներ ու Երուսաղէմի մէջ պահէ 500 ասպետներ, շարժառիթն են որպէսզի Խաչակիրները յարձակին Բիւզանդիոնի հարուստ մայրաքաղաքին վրայ։

Յարձակում Կոստանդնուպոլսոյ վրայ Խմբագրել

 
Արփանեակէ նկարուած, դիտուած՝ Մարմարա ծովէն․ Վոսփորի նեղուցը եւ ձախին Ոսկեղջիւրի ծոցը Κεράτιος κόλπος

Այդ ժամանակաշրջանին, Բիւզանդական Կայսրութիւնը տկարացած էր, որովհետեւ բիւզանդական գահին վրայ բարձրացած Անկելոսներու Տան ներքին պառակտումը կը շարունակուէր։  Եղբօրը դէմ դաւադրութենէն ետք, գահին բարձրացած Ալեքսիոս Գ․ կը մերժէ խաչակիրներու արշաւանքին մասնակցութեան ծախսերուն Բիւզանդիոնի բաժինը վճարել։  Խաչակիրները, 1203  Յուլիսին, Կոստանդնուպոլսոյ արեւմտեան ափը Ղալաթա (կամ Փերան) կը գրաւեն եւ Ոսկեղջիւրի ծոցը մտնելով կը հրկիզեն հոն գտնուող բոլոր նաւերը։  Խաչակիրներու Դ․ արշաւանքին հետ կը դաշնակցին Անկելոսներու տոհմէն ինքզինքնին անիրաւուած սեպողները՝ գլխաւորութեամբ յետագային Ալեքսիոս Դ․ին։ 

Ալեքսիոս Գ․ կը փախչի հետը տանելով կայսերական գանձը։  Մայրաքաղաքին բնակիչները Իսահակ Բ․ (Ալեքսիոսին կողմէն գահէն տապալուած եւ կոյր մնացած եղբայրը), բանտէն կ'ազատեն եւ գահին վրայ կը բարձրացնեն։  Խաչակիրներուն պահանջով, անոր զաւակը՝ Ալեքսիոս (խաչակիրներուն հետ դաշնակցած եւ քաղաք հասած) գահակից կը յայտարարուի Ալեքսիոս Դ․ անունով։

Կայսերական գանձը պարապ ըլլալով Ալեքսիոս Դ․, որպէսզի  խաչակիրներուն տուած իր խոստումին տէրը կանգնի, բնակչութեան վրայ ծանր տուրքեր կը դնէ եւ եկեղեցիներուն զարդարանքէն արծաթը եւ ոսկին կը հաւաքէ։  Սակայն կայսրին այս քայլերէն ժողովուրդը կը դժգոհի եւ ապստամբութիւն կը պայթի։  Երկու գահակից թագաւորները կը տապալին եւ Կոստանդնուպոլսոյ ժողովուրդը կայսր կը հռչակէ Տուքաս տոհմէն Ալեքսիոս Ե․։  Վերջինիս կողմնակիցները խաչակիրներուն ընդիմադիրներն են։  Ալեքսիոս Ե․ չ'ընդունիր խաչակիրներուն հետ իր նախորդներուն ըրած համաձայնութիւնը եւ կը սկսի կազմակերպել մայրաքաղաքին պաշտպանութիւնը, հաւանական յարձակման մը դիմաց։

Բիւզանդացիներուն եւ խաչակիրներուն միջեւ փախումը անխուսափելի կ'երեւի։  1204 Մարտին, Վենետիկի եւ խաչակիրներուն միջեւ Հռոմէական կայսրութեան բաժանման համաձայնագիր մը կը ստորագրուի։

*Համաձայնութեան առաջին նախադասութիւնը այսպէս կը սկսի․-«Քրիստոսի անունով, քաղաքը զէնքերով պիտի գրաւենք»

Համաձայնագրին գլխաւոր կէտերն են․-

  • Լատիններուն կառավարութիւնը կը հաստատուի քաղաքին մէջ եւ անոնց դաշնակիցները կը մասնակցին աւարին բաժանման։
  • Վեց վենետիկցիներէ եւ վեց ֆրանսացիներէ բաղկացած կոմիտէ մը պիտի ընտրէ անոր,  որ պիտի կարենայ կառավարել ըստ՝ «Աստուծոյ, Հռոմէական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ Կայսրութեան փառքին»։
  • Լատին Կասրը իր տրամադրութեան տակ պիտի ունենայ քաղաքին մէկ չորրորդը, քաղաքէն դուրս տարածքները եւ քաղաքին մէջ գտնուող երկու պալատները։
  • Քաղաքին մնացեալ երեք քառորդը կը կիսուին վենետիկցիներն ու խաչակիրները։
  • Բոլոր խաչակիրները, որոնք աւարէն բաժին պիտի ստանան, պարտին հաւատարմութիւն խոստանալ նոր կայսրին, բացի Վենետիկի վեհապետէն՝ Էնրիքօ Տանտոլօէն Enrico Dandolo։

Կոստանդնուպոլսոյ վերջնական գրաւումը եւ կողոպուտը Խմբագրել

Խաչակիրները համաձայնագիրէն ետք, 9 Ապրիլ 1204-ին կը սկսին լայնածաւալ յարձակումները Կոստանդնուպոլսոյ դէմ, ցամաքէն եւ ծովէն։  Բիւզանդիոնի ղեկավարութիւնը անկարող է դիմադրել նման յարձակման։  Կայսրը եւ ազնուականները քաղաքը կը լքեն եւ կը մեկնին դէպի Թրակիա։  Առանց դիմադրութեան, խաչակիրները յաղթական քաղաք կը մտնեն ու կը հաստատեն Լատինական Կայսրութիւնը։

 
«Պղինձէ Քառաձի» հսկայ քանդակը․ բնագիրը

Երեք օր անդադար բռնութեամբ եւ ագահութեամբ քաղաքը կը կողոպտեն, յոյն բնակչութիւնը սուրէ կ'անցընեն։ Չեն յարգուիր նոյնիսկ եկեղեցիները, մասունքները, յուշարձանները։  Այս կողոպուտին, բացի զինուորներէն եւ ասպետներէն, կը մասնակցին նաեւ լատին կրօնաւորներ։  Կը քանդուին յուշարձաններ, կը փճանան ձեռագիրներ, իսկ Սուրբ Սոֆիա (Այիա Սոֆիա) եկեղեցին լրիւ կը կողոպտուի։ Մայրաքաղաքին գրաւման եւ կողոպուտին վկայ՝ պատմաբան Նիքիթաս Խոնիաթիս, իր վկայութիւններուն մէջ մանրամասնութեամբ կը նկարագրէ կողոպուտը։  Աւարները կը մեկնին դէպի արեւմտեան Եւրոպայի երկիրները եւ կը զարդարեն եկեղեցիներ եւ պալատներ։  Մասունքները կը տարուին ու կը պահուին ֆրանսական վանքերու մէջ, սակայն անոնց մեծ մասը կը փճանայ ֆրանսական յեղափոխութեան ժամանակ (1789)։  Կոստանդնուպոլսոյ ձիարձակարանի գլխաւոր քանդակներէն՝ «Պղինձէ Քառաձի»ն կը փոխադրուի Վենետիկ եւ մինչեւ այսօր բնագիրը կը պահուի թանգարանին մէջ, իսկ անոր պատճէնը կը զարդարէ Սուրբ Մարկոս տաճարի Basilica Cattedrale Patriarcale di San Marco նախադուռը։

[1] [2] [3] [4] [5]

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել