Խաչիկ Սամուէլեան

Խաչիկ Ստեփանի Սամուէլեան (1873, Կերչ, Տաւրիկեան նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն - 16 Հոկտեմբեր 1940(1940-10-16), Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), հայ ազգագրագէտ, իրաւագէտ, պատմաբան եւ լեզուաբան, հայագէտ[1]։ Խաչիկ Սամուէլեան, Հայաստանի մէջ ազգագրական գիտութեան հիմնադիրներէն մէկն էր։ Ան մշակած էր տոտեմականութեան, մայրապետութեան, խնդիրներու շարք մը, սովորութեան իրաւունքի որոշ խնդիրներ։

Խաչիկ Սամուէլեան
Ծնած է 1873
Ծննդավայր Կերչ, Տաւրիկեան նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն
Մահացած է 16 Հոկտեմբեր 1940(1940-10-16)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
 Խորհրդային Միութիւն
Ուսումնավայր Սան Փեթերսպուրկի համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունք
Ենայի Համալսարան
Մասնագիտութիւն պատմաբան, լեզուաբան, ազգագրագէտ, բանասէր, թարգմանիչ

Յիշատակ Խմբագրել

  • Երեւանի Էրեբունի համայնքի Խաչիկ Սամուէլեան անուան թիւ 47 երկրորդական վարժարան[2]:

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Խաչիկ Սամուէլեան ծնած է 1873-ին Խրիմի Քերչ քաղաքին մէջ, քահանայի ընտանիքի մէջ։ Միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է Թէոտոսիոյ վարժարանէն։

  • 1895-1900 վկայուած է Ս․ Փեթերսպուրկի համալսարանի իրաւագիտութեան բաժինէն[3] ։
  • 1901-1903 ուսանած է գերմանական Իենայի համալսարանին մէջ։ Արտասահմանէն վերադառնալէ ետք, Խաչիկ Սամուէլեան, բնակութիւն կը հաստատէ Թիֆլիսի մէջ եւ մինչեւ 1907 թուական լրագրութեամբ կը զբաղի[3]։
  • 1904-1905 թուականներուն եղած է «Կովկասեան գիւղտնտեսութիւն» (ռուս.՝ Кавказское сельское хозяйство) ամսագիրի քարտուղարը։ Այդ շրջանին ան բազմաթիւ յօդուածներով հանդէս եկած է պարբերական մամուլին մէջ։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. «Խաչիկ Սամուէլեանը ՀՀ ԱՆ Իրաւաբանական ինստիտուտի կայքում»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-03-08-ին։ արտագրուած է՝ 2016-10-27 
  2. ԵՐԵՒԱՆԻ №47 ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑ ԽԱՉԻԿ ՍԱՄՈՒԷԼեԱՆԻ ԱՆՈՒԱՆ
  3. 3,0 3,1 Կ.Վ. Մելիք-Փաշայեան, [{{{յղում}}} Խաչիկ Սամուէլեան (Ծննդեան 100-ամեակի առթիւ)], Երեւան 86, էջեր 86 — 86 էջ։

Արտաքին յղումներ Խմբագրել