Խլութիւն (լսողական կորուստ)

լսողական կորուստ

Լսողական կորուստ ըսելով՝ կը հասկնանք լսողութեան մասնակի տկարացում եւ կամ ամբողջական խլութիւն[1][2]:

Համաշխարհային նշանը խլութեան.

Խմբաւորում Խմբագրել

Լսողական կորուստը ունի երկու խմբաւորում՝

Փոխանցման կորուստ Խմբագրել

Փոխանցման կորուստ տեղի կ'ունենայ ձայնի փոխանցման որեւէ մէկ արգելքի եւ կամ խանգարումի գոյութեամբ՝ արտաքին ականջի սկիզբէն մինչեւ ներքին ականջի սկիզբը, այսինքն՝ արտաքին ականջի անցուղիէն-ականջացնցուղէն մինչեւ ձուաձեւ պատուհան։ Ականջացնցուղի խցումը, թմբկաթաղանթի հիւանդութիւններ, միջին ականջի բորբոքումները, միջին ականջի երեք ոսկրիկներու անշարժութիւնները եւ անբնական երեւոյթները հիմնական պատճառներն են լսողական փոխանցման կորուստին։ Փոխանցման կորուստը ընդհանրապէս ժամանակաւոր է եւ զանազան դարմանումներու կիրարկումով կորուստը կը չէզոքանայ։ Փոխանցման կորուստի պատճառներէն եւ հիւանդութիւններէն կարելի է յիշել.

Արտաքին ականջի պարագային` Խմբագրել

  1. Ականջակոնքի ամբողջական բացակայութիւն
  2. Արտաքին ականջի անցուղիի անանցելիութիւն
  3. Արտաքին ականջի ականջագէջ
  4. Արտաքին ականջի անցուղիի նեղացում, որ հետեւանք է տարածուն եւ մնայուն բորբոքումներու, նաեւ՝ ոսկրային ուռերու գոյութեան
  5. Անցուղիի մէջ օտար մարմիններու գոյութիւն
  6. Թմբկաթաղանթի վնասում, պատռուածք եւ ծակ

Միջին ականջի պարագային` Խմբագրել

  1. Թարախային եւ ոչ թարախային սուր եւ կամ մնայուն բորբոքումներ
  2. Միջին ականջի երեք ոսկրիկներու անշարժութիւն, ոսկրապնդացում, բորբոքային փճացում, հարուածային վնաս-կոտրուածք եւ ծինային անբնական երեւոյթներ
  3. Լաւորակ ու չարորակ ուռեցքներ.

Զգացողական-Ընկալողական Կորուստ Խմբագրել

Զգացողական-ընկալողական կորուստ տեղի կ'ունենայ ներքին ականջին մէջ պատահած որեւէ մէկ հիւանդութեան եւ կամ խանգարումի՝ սկսելով ձուաձեւ պատուհանէն մինչեւ լսողական ջիղի մուտքը դէպի ուղեղ։ Ընկալական կորուստը ընդհանրապէս մնայուն է եւ ոչ դարմանելի։

Զգացողական-ընկալողական լսողական կորուստի պատճառներէն եւ հիւանդութիւններէն կարելի է յիշել հետեւեալները.

Խխնջային պատճառներ եւ կամ հիւանդութիւններ` Խմբագրել

  1. Որոշ դեղերու գործածութիւն՝ հակամանրէ դեղեր, միզամղիչ դեղեր, ասփրօ, ասփիրին
  2. Մենիէրեան (Meniere’s disease) հիւանդութիւն
  3. Տարեցութիւն (Տարեցախլութիւն)
  4. Ներքին ականջի զարկերակային խցում
  5. Ներքին ականջի հարուածին վնաս-կոտրուածք
  6. Ժառանգականութիւն եւ ծինային խանգարումներ
  7. Աղմուկ
  8. Multiple scleroisis հիւանդութիւնը
  9. Շաքարախտ
  10. Զանազան տեսակի բորբոքումներ

Վերոյիշեալ բոլոր ազդակներով խխունջի լսողական մազմզուկները կը վնասուին, կը տկարանան, կը փճանան, եւ տեղի կ'ունենայ լսողական մասնակի եւ կամ ամբողջական կորուստ։

Լսողական ջիղի հիւանդութիւններ` Խմբագրել

  1. Գանկային հարուած՝ վնաս-կոտրուածք
  2. Զարկերակային անակնկալ եւ կամ դանդաղ խցում
  3. Շաքարախտ
  4. Բորբոքումներ

Վերոնշեալ պատճառներով լսողական ջիղը կը վնասուի, կը տկարանայ ու տեղի կ'ունենայ ձայնի ոչ ամբողջական ընկալումը ուղեղին կողմէ։

Մնայուն եւ երկարատեւ միջին ականջի բորբոքումներ յաճախ կը յառաջացնեն միացեալ փոխանցման եւ ընկալական լսողական կորուստ։

Ախտորոշում Խմբագրել

Պարզ անձերու Խմբագրել

Լսողական կորուստի ախտորոշումը կը կատարուի հետեւեալ միջոցառումներով.

  1. Լսելով հիւանդին պատմականը
  2. Քննելով ականջը ականջադիտակով
  3. Քննելով հիւանդին լսողութիւնը ճղլակով (tuning fork) եւ լսելաչափով (audiometer). լսելաչափով կարելի է գիտնալ անհատի մը լսողական կարողութիւնը՝ նշուած db-ով։ Այսպէս, 0-20 db լսողութիւնը կը համարուի բնական լսողութիւն. 20-40 db լսողութիւնը կը համարուի մեղմ լսողական կորուստ. 40-60 db լսողութիւնը կը համարուի միջակ կորուստ. 60-80 db լսողութիւնը կը համարուի յառաջացած կորուստ. 80 db-էն վեր լսողութիւնը կը համարուի շատ ծանր կորուստ եւ կամ խլութիւն։

Մանուկներու պարագային Խմբագրել

Մանուկներու պարագային լսողական կորուստի ախտորոշումը բաւական դժուար կ'ըլլայ, բայց՝ ոչ անկարելի։ Նախ մասնագէտ բժիշկը մանուկին կը ներկայացնէ տարբեր ուժգնութեամբ զանազան ձայներ եւ կը հետեւի անոր գլխու եւ աչքերու շարժումներուն. իսկ լսելաչափի քննութիւնը կը կատարէ խաղերով։

Հետեւեալ նորածին մանուկները հակամէտ են ունենալու լսողական ընկալական կորուստ.

  1. Լսողական կորուստ ունեցող ծնողներու զաւակներ
  2. Յղութեան շրջանին որոշ սնկային հիւանդութիւններ ունեցողներու զաւակներ
  3. Գլխու եւ վիզի անբնական կազմաւորում ունեցողներ
  4. Ծանրութեամբ թերաճներ (premature), մանաւանդ՝ 1500 կրամէ պակաս կշռողներ
  5. Արեան բարձր bilirubin ունեցողներ
  6. Խելապատապ ունեցողներ
  7. Զանազան պատճառներով շնչարգելութիւն ունեցողներ

Դարման Խմբագրել

Լսողական կորուստի դարմանը կախեալ է անոր ախտապատճառէն։

Աղմուկի պատճառով յառաջացած լսողական կորուստը կանխարգելի է՝ պարզապէս հեռու մնալով աղմուկէ, զօրաւոր ձայներէ, հրացանաձգութենէ, օդակայաններէ, աղմկարար գործարաններէ եւ մեքենաներէ։ Լսողական կորուստը ընդհանրապէս երկկողմանի է, ականջաբզզիւնը կ'ընկերակցի լսողական կորուստին։ Լսողական օժանդակ գործիքը կը բարելաւէ լսողութիւնը՝ հակառակ ականջաբզզիւնին, որ կը մնայ նոյն վիճակին մէջ։

Դեղերու պատճառով յառաջացած լսողական կորուստը երկկողմանի է եւ ընդհանրապէս մնայուն ու անվերադարձ՝ բացի ասփրոյի եւ ասփիրինի պարագային։

Թեթեւ եւ միջակ ուժգնութեամբ ընկալական կորուստ ունեցող հիւանդներ կ'օգտուին լսողական օժանդակ գործիքներէ, իսկ յառաջացած կորուստ ունեցողներ ընդհանրապէս չեն օգտուիր անոնցմէ. վերջիններս կ'օգտուին միայն բարդ լսողական գործիքէ մը՝ արուեստական ականջի պատուաստ, որ կը զետեղուի քանկոսկրին մէջ. այս միջոցառումը շատ ծախսալից է եւ կ'իրականանայ յատուկ մասնագիտական կեդրոններու մէջ։

Ուռեցքներու եւ քաղցկեղի պատճառով յառաջացած լսողական կորուստը մասամբ մը կը բարելաւուի վիրաբուժական միջամտութենէ ետք։

Բորբոքումներու պարագային, դեղերը կու տան իրենց արդիւնքը։ Լսողական փոխանցման կորուստը կը բարելաւուի դարմանելով հիմնական պատճառը եւ կամ գործածելով լսողական օժանդակ գործիք մը։

Անակնկալ Լսողական Կորուստ Խմբագրել

Յաճախ կը հանդիպինք հիւանդներու, որոնք կը տառապին անակնկալ լսողական կորուստէ, որ ընդհանրապէս կը պատահի տարեցներու մօտ։ Այս պարագաներուն, միայն 10-15 առ հարիւրին կարելի կ'ըլլայ հասնիլ յստակ ախտորոշումի մը։

Անակնկալ կորուստի հիմնական պատճառներն են.

  1. Մարմնական սուր սնկային եւ կամ մանրէական բորբոքումներ՝ հարբուխ, կրիփ, ջրծաղիկ, ունկնանկ (mumps), սողնախտագօտի (herpes zoster), վերին շնչառական բորբոքումներ
  2. Զարկերակային խցումներ
  3. Արեան յառաջացած գերճնշում
  4. Յառաջացած շաքարախտ
  5. Խխունջի արկած-վնաս-կոտրուածք
  6. Արտաքին աշխարհի ճնշումի անակնկալ փոփոխութիւն՝ լեռ մագլցում, սուզուիլ կամ ընկղմիլ։

Տե՛ս Նաեւ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. D.W. Robinson and G.J. Sutton "Age effect in hearing -- a comparative analysis of published threshold data." Audiology 1979; 18(4): YOLO 320-334 [1] Archived 2016-03-04 at the Wayback Machine.
  2. E. Van Eyken, G. Van Camp, L. Van Laer, "The Complexity of Age-Related Hearing Impairment: Contributing Environmental and Genetic Factors", Audiol Neurotol 2007;12:345-358 [2]

Աղբիւրներ Խմբագրել