Ծէս, աւանդական կամ սահմանուած կանոններով կատարուող կրօնական արարողութիւն, որուն հաւատացեալները կը վերագրեն մոգական, խորհրդաւոր յատկութիւններ։ Ծագած է հնագոյն ժամանակներուն եւ դարձած է պաշտամունքային արարողութիւններու անբաժան մաս։

Ծիսակատարութիւնը, որու մեջ գլխաւոր դեր կը խաղայ հոգեւորականութիւնը, կ'ընթանայ աղօթատան (տաճար, եկեղեցի) մէջ, սահմանուած օրերուն ու ժամերուն՝ հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։ Արարողութեան ընթացքին կը կատարուին աղօքներ, խմբերգներով եւ երաժշտութեամբ շարականներ։ Ծէսը հաւատացեալներուն վրայ ներգործելու ազդու միջոց է։ Ծեսերը կ'արտայայտեն որոշակի հասարակական յարաբերութիւններ, ուստի ժամանակի ընթացքին փոխուած են, վերամշակուած եւ յարմարեցուած իրադրութեան պահանջներուն։ Ծէսերու գիրքը հին հայոց մեջ կոչուած է Ծիսարան կամ Մաշտոց։ Յետագային քրիստոնէական եկեղեցին Մաշտոց անուանեց օրհնութիւններու գիրքը։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։