Ծխախոտ, ծխախոտ բոյսին մշակուած եւ մանրակրկիտ կտրուած տերեւներ, որոնք փաթթուած են թուղթէ գլանակի մէջ՝ ծխելու համար։ Ժամանակակից ծխախոտի գլանակները մեծ մասամբ զտուած են։

Գերմանական ծխախոտներ

«Սիկար» կամ «սիկարեթ» (cigarette) բառը ծագում առած է մայաներու լեզուին (Մայաները հնդիկ ժողովուրդ են Մեքսիքոյի մէջ)՝ «սիյար» բառէն, որ կը նշանակէ ծխախոտին փաթթուած տերեւները ծխել. [1]) բառը առաւելապէս կը բնութագրէ տափակ կոչուող բոյսը, սակայն երբեմն այս բառը կը կապուի նաեւ ծխախոտի ուրիշ տեսակներու՝ մեխակի կամ կանեփի հետ, որոնք ըստ ծխամոլներուն, զանոնք ծխելով «հաճոյք» կը ստանան։

Ծխախոտը մորմազգիներու ընտանիքին միամեայ, երբեմն բազմամեայ խոտաբոյս մըն է։ Գլխաւորաբար կ'աճի Ամերիկայի եւ Աւստրիոյ մէջ։ Տարածուած է ծխախոտի աւելի քան 65 տեսակ։ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ծխախոտը մշակուած է Արագածոտնի, Կոտայքի, Տաւուշի, Գեղարքունիքի, Արարատի եւ Վայոց ձորի մարզերուն մէջ։

Ծխախոտին կառուցուածքը`1.95% բջիջանիւթի քացախաթթուի աղէն պատրաստուած զտոց:2. Զտոցը փակելու համար օգտագործուող թուղթ: 3. Ծխախոտը ծածկելու համար նախատեսուած թուղթ:

Կառուցուածք Խմբագրել

Ծխախոտին արմատային համակարգը հզօր է եւ առանցքային: Ցօղունը կանգուն է, կլորաւուն, վերի մասը՝ ճիւղաւորուող, բարձրութիւնը՝ 120-150 սմ: Տերեւները կրնան ըլլալ՝ կլորաւուն, ձուաձեւ, շեղակի, նշտարաձեւ եւ այլն։

Ծաղկաբոյլը գնդաձեւ, վահանաձեւ, փռուած, հակադարձ բրգաձեւ կոթ մըն է, ծաղիկը՝ երկսեռ, վարդագոյն կամ կարմիր: Պտուղը՝ բազմասերմ, երկբուն եւ ձուաձեւ տուփիկ մըն է: Սերմերը մանր են, հարթ, մութ շագանակագոյն։

Ծխախոտը ջերմասէր բոյս է, կ'աճի տաք, խոնաւ եւ անձրեւոտ վայրերու մէջ։ Տերեւները համապատասխան մշակումէն ետք կ'օգտագործուին գլանակներ, սիկար, սիկարեթներ, ծխամորճի համար թելաւոր (կտրտուած) ծխախոտ պատրաստելու համար: Տերեւները կը պարունակեն ածխաջուրեր, նիքոթին, սպիտակուցներ, թթուներ, եթերաիւղեր, բուրաւէտ նիւթեր, սերմերը՝ 36-39% իւղ, զոր կ'օգտագործեն արհեստական նպատակներով։

Տարածում Խմբագրել

Հայաստանի մէջ բաւական զարգացած է ծխախոտի արտադրութիւնը: Բայց միշտ պէտք է յիշել, որ ծխելը վնասակար է առողջութեան։

Ծխախոտին հայրենիքը Հարաւային Ամերիկան է։ Սերմերը հոնկէ Եւրոպա բերած են ԺԶ. դարուն սկիզբը, մէկ դար ետք՝ Ռուսաստան, իսկ ԺԷ. դարուն վերջը՝ Կովկաս։ Ծխախոտը Հայաստանի մէջ կը մշակեն ԺԹ. դարու վերջը։

Ծխախոտին մնացորդները Խմբագրել

Ծխախոտին մնացորդները կը կազմեն ծխախոտին սկզբնական երկարութեան շուրջ 30%-ը: Անիկա բաղկացած է հիւսուած խողովակէ մը, որ կը պարունակէ զտիչ մը եւ ծխախոտի որոշ մնացորդներ՝ մոխիրի հետ խառնուած: Անոնք թուային առումով ամէնէն յաճախակի աղբն են աշխարհի տարածքին: Ծխախոտին մնացորդները կը կուտակուին շէնքերէ դուրս եւ փողոցները, ուրկէ փոթորիկներու միջոցով կը տեղափոխուին դէպի առուներ, գետեր եւ լողափեր:

2013-ին, Վանքուվըրի Պրիթիշ Քոլումպիա քաղաքը համագործակցելով TerraCycle-ի հետ՝ կը ստեղծէ ծխախոտի մնացորդներու վերամշակման համակարգ մը[2]:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Արտաքին յղումներ Խմբագրել