38°40′14″N 34°50′21″E / 38.67056°N 34.83917°E / 38.67056; 34.83917

Գամիրք
Ուչհիսար բերդը

Գամիրք կամ Կապադովկիա[1] (յուն․՝ Καππαδοκία, լատ.՝ Cappadocia, թրք.՝ Kapadokya, պարս․՝ کاپادوکیه, հին պարսկ․՝ Huw-aspa-dahyu — «Գեղեցիկ ձիերու երկիր»), պատմական երկրամաս Փոքր Ասիոյ արեւելքը, ներկայիս Թուրքիոյ տարածքին։ Հայկական հնագոյն աղբիւրներուն մէջ կը յիշատակուի իբրեւ Գամիրքխ իսկ Աստուածաշունչին մէջ՝ իբրեւ Գամեր/Գոմեր։ Ըստ Մովսէս Խորենացիի, Գամիրքը (Կապադովկիան) նուաճուած եւ միացուած էր Հայոց թագաւորութեան Հայկազեան Արամի կողմէ, ով հրամայած է տեղի բնակչութեան սորվիլ հայերէն։

Աշխարհագրական դիրք Խմբագրել

 
Ծոփք-Կոմմագենէի թագաւորութիւնը

Ժամանակի ընթացքին Կապադովկիոյ սահմանները նկատելիօրէն փոխուած են։ Թագաւորական շրջանին (Ն.Ք. IV-I դարերուն) Կապադովկիան հարաւէն սահմանակից էր Կիլիկիոյ (բաժնուած էին իրարմէ Տաւրոսի լեռներով), հարաւ-արեւելքէն՝ Կոմագենէին, արեւելքէն՝ Ծոփքի եւ ապա Մեծ Հայքի թագաւորութիւններուն։ Սահմանը հայ-հռոմէական առաջին պատերազմէն առաջ կ՛անցնի Եփրատի եւ Հալիսի ջրբաժան լեռներով՝ Եփրատ գետէն տասնեակ քիլոմեթրերով դէպի արեւմուտք, իսկ այդ պատերազմի նախօրէին կ՛անցնի Եփրատ գետով), հիւսիս-արեւելքէն՝ Փոքր Հայքին, հիւսիսէն՝ Պոնտոսին, արեւմուտքէն՝ Գաղաթիային եւ Լիկաոնիային։ Տարբեր ժամանակներու մէջ Կապադովկիայի սահմանները հիւսիսէն հասած են մինչեւ Սեւ ծով՝ ընդգրկելով, այսպէս կոչուած, Կապադովկիական Պոնտոսը։ Ժամանակակից Թուրքիոյ մէջ Կապադովկիա անուան տակ կը հասկցուի շատ աւելի փոքր տարածք՝ Նեվշեհիր նահանգը։

Կապադովկիոյ պատմական մայրաքաղաքը Մաժաք քաղաքն է, որ հռոմէական շրջանին (Ն.Ք. Ա. դար) վերանուանուած է Կեսարիա։ Ներկայիս այն մեծ քաղաք է Թուրքիոյ մէջ՝ անուան աղաւաղուած Կայսերու տարբերակով։

Աղբիւրներ Խմբագրել

  1. Յովհաննէս Բարսեղեան (2006)։ «Աշխարհագրական անունների հայերեն տառադարձության մասին որոշում»։ Տերմինաբանական եւ ուղղագրական տեղեկատու։ Երեւան: 9-րդ հրաշալիք։ էջ 51։ ISBN 99941-56-03-9