Կարագ, կաթնամթերքային արտադրատեսակ մը, որ կը ստացուի սերուցքի կամ խնոցիացուած կաթի խմորումէն։ Անիկա կ'օգտագործուի թէ՛ որպէս հացի վրայ քսուկ եւ թէ՛ ճաշ պատրաստելու ատեն:

Կարագ պատրաստելու համար շատ կարեւոր է կաթին սննդարար, հեշտ անջատուող, իւրայատուկ եւ որակով օժտուած բաղադրամասը՝ կաթնաիւղը։ ԱՊՀ երկիրներուն մէջ կ'արտադրուի շուրջ 20 տեսակի կարագ՝ 52-82,5% իւղայնութեամբ, 16-35% ջուրի 1-2,5-3,0% չոր իւղազուրկ մնացորդային նիւթի պարունակութեամբ։ Կաթնաիւղը օրկանիզմին մէջ կը մարսուի բարձր՝ 97% գործակիցով, իսկ փլազմայի չոր նիւթերը՝ 94,1%։ Կաթնաիւղի լիարժէքութիւնը պայմանաւորուած է նաեւ անոր մէջ առկայ ճարպալուծ՝ A, E, PP, B1, C կենսանիւթերով եւ կենսաբանական այլ աշխոյժ նիւթերով։

Կարագը շերտ առ շերտ կտրտուած

Կարագներու ապրանքագիտական դասակարգումը Խմբագրել

Գործարանային եղանակով կովու կաթնասերէն պատրաստուած կարագները, կը ստորաբաժանուին հետեւեալ տեսակներուն՝

  • վոլոգոտեան,
  • անալի,
  • աղած,
  • սիրողական,
  • պաշկիրական,
  • գիւղացիական,
  • պաթըրպրոտային,
  • լրացումներով եւ համով,
  • հալած։
 
Կարագի վաճառք Լոնտոնի խանութներէն մէկուն մէջ

Վոլոգոտեան կարագ Խմբագրել

Բարձր ջերմաստիճաններու մէջ քաղցր կաթնասերէն պատրաստուած անարատ սերակարագ է։ Ունի ընկոյզի համ եւ հոտ։ Այդ համին եւ հոտին բացակայութեան պարագային կարագը կը դասուի անալի քաղցր սերակարագներու շարքին։ Վոլոգոտեան կարագը կը պատկանի քաղցր կարագներու ընտանիքին։

Անալի կարագ Խմբագրել

Անալի կարագը քաղցր կամ թթու սերակարագ է, որ կը պատրաստեն կաթնաթթուային ցպիկներու մաքուր մշակումներ աւելցնելու միջոցով կամ առանց անոնց։

Աղած կարագ Խմբագրել

Քաղցր կամ թթու սերակարագ է, որ կը պատրաստուի նոյն ձեւով, ինչպիսին անալի կարագի պարագային, այսինքն՝ սերին կ'աւելցնեն կաթնաթթուային ցպիկներու մաքուր մշակում, սակայն վերջը իբրեւ լրացուցիչ կը խառնեն միայն կերակուրի աղ։

 
Աղած կարագ

Սիրողական կարագ Խմբագրել

Կը պատրաստեն քաղցր, թթու եւ անալի, ջուրի քանակը պէտք է ըլլայ 20%-էն ոչ աւելի, իսկ չոր իւղազուրկ մնացորդային նիւթը՝ 2%։

Պաշկիրական կարագ Խմբագրել

Կը հանդիսանայ անալի, քաղցր, թթուային կարագ, որուն մէջ իւղը կը կազմէ 79,5%-էն ոչ պակաս, ջուրի քանակը՝ 18%-էն ոչ աւելի, իսկ չոր իւղազուրկ մնացորդը (ՍՈՄՈ)` 2,5-3%: Ունի բնորոշ քաղցր համ։

Գիւղացիական կարագ Խմբագրել

Քաղցրահամը կ'ըլլայ աղի կամ անալի, իսկ թթուասերակարագը` միայն անալի։ Իւղին քանակը անալի կարագին մէջ պէտք է ըլլայ 72,5%, իսկ աղիին մէջ՝ 71,5%-էն ոչ պակաս, ջուրին քանակը 25%-էն ոչ աւելի, չոր իւղազուրկ մնացորդը՝ 2,5%։

Պաթըրպրոտային կարագ Խմբագրել

Կ՛ըլլայ անալի, քաղցրահամ։ Իւղիn քանակը կը կազմէ 61,5%-էն ոչ պակաս, ջուրը՝ 35%-էն ոչ աւելի, իսկ չոր իւղազուրկ մնացորդը՝3,5%։

Լրացումներով եւ համով կարագ Խմբագրել

Լրացումներով եւ համով կարագները ունին լայն տեսականի։ Անոնք կրնան ըլլալ քաղցր՝ իւղով, քաղցր՝ տուրմով, մեղրով, հատապտուղներով։

 
Կարագը լայնօրէն կ'օգտագործուի որպէս լցոն

Կարագին արատները Խմբագրել

Կարագը ունի նաեւ արատներ։ Անոնք կրնան ըլլալ անասուններուն տուած վատ կերէն, բնակլիմայական ոչ պատշաճ պայմաններէն եւ այլն։

Կարագի արատներ կը հանդիսանան նաեւ դառն համը, որ կ՛առաջանայ անասունին դառն խոտով կերակրելու կամ այլ պատճառներով։

Արտաքին յղումներ Խմբագրել