Կարապետ Ամիրա Պալեան ,(1800[1][2], Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 15 Նոյեմբեր 1866(1866-11-15), Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[5]), սուլթանական ճարտարապետ, Պալեաններու ամիրայական ընտանիքին հռչակաւոր ներկայացուցիչը[6]։

Կարապետ Պալեան
Ծնած է 1800[1][2]
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 15 Նոյեմբեր 1866(1866-11-15)
Մահուան վայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ[3]
Երկեր/Գլխաւոր գործ Տոլմապահչէ Մզկիթ, Պէյլերպէյի Պալատ, Օրթագիւղի Մզկիթ, Թոփհանէ Ժամացոյցի Աշտարակը եւ Զոյգ Պալատներ
Մասնագիտութիւն ճարտարապետ
Ծնողներ հայր՝ Գրիգոր Պալեան
Երեխաներ Նիկողայոս Պալեան[4], Սարգիս Պալեան, Յակոբ Պալեան եւ Սիմոն Պալեան

Կարապետ Ամիրա ծնած է 1800–ին, իր հօրը մահուան ատեն թէեւ երիտասարդ, սակայն ճարտարապետական արուեստին ծանօթ ըլլալով, իր հօրը տեղ կ'անուանուի կայսերական պալատի ճարտարապետ՝ իր քեռայրին Սէրվէրեան Յովհաննէս ամիրային հետ։

Իր արուեստին մէջ ցոյց տուած ճարտարութեան շնորհիւ՝ Կարապետ խալֆա, կ'արժանանայ բարձրագոյն գնահատման, այդ պատճառով ազգային կեանքէն ներս արաջնակարգ դիրք կը վայելէ։

Բարեսիրտ եւ գթած ըլլալով, հետամուտ կ'ըլլայ բարենպատակ հաստատութեանց հաստատման ու բարգաւաճման։ Ուսման անհրաժեշտութենէն մեկնած ազգին մէջ դաստիարակութիւն տարածելու համար ջանք չէ խնայած։ Կրօնասէր ըլլալով` խստապահանջ եղած է հաւատալիքներու ու աններող բոլոր անոնց հանդէպ, որոնք չեն յարգեր հայ եկեղեցւոյ աւանդութիւնները։

1832–ին, երբ Պեզճեան ձեռնարկեց հիմնել Եէտի-Գուլէի Ազգ. հիւանդանոցը, իր գլխաւոր աջակիցն էր Կարապետ ամիրան, որ Սէրվէրեան Յովհաննէս ամիրայի հետ հիւանդանոցի շէնքին ճարտարապետը հանդիսացաւ։ Քիչ ետք 1836–ին, միշտ իր քեռայրին հետ, Սկիւտարի մէջ բարձրագոյն ուսումնարան մը հաստատելու գաղափարը ունեցաւ։ Իրենց նախաձեռնութեամբ ժամանակի ամիրաները ժողով մը գումարեցին Պատրիարքարանին մէջ, Աղաւնի պատրիարքի նախագահութեամբ՝ Օգոստոս 26–ին։ Այդ ժողովին մէջ որոշուեցաւ Սկիւտարի Երուսաղէմատան խարխուլ վանքը վերաշինելով բանալ ճեմարանը։ Ամիրաները յանձն առին ճեմարանին տարեկան ծախքին համար Երուսաղէմի վանքին վճարել 20000 ղրուշ։ Շէնքին հիմնարկութիւնը կատարուեցաւ Սեբտեմպեր 18–ին եւ երկու տարի ետք 1838–ի Դեկտեմբեր 9–ին Ճեմարանը բացուեցաւ։

Սկիւտարի ճեմարանը Ազգին առաջին բարձրագոյն վարժարանը եղաւ. մանկավարժական նոր սկզբունքներու համաձայն կառավարուելով կարող ուսուցիչներու ձեռքով հասցուց զարգացած աշակերտներ։ Կրթական սոյն հաստատութիւնը դուռ բացաւ ժողովուրդին ու ամիրաներուն միջեւ վէճերու, որոնց միջոցին Պալեան ամիրան «էսնաֆ»ներուն կողմը կը բռնէր միշտ։

1847–ին Կարապետ ամիրա աջակցելով վառօդապետ ամիրաներուն՝ Ճէզայիրլեանի եւ Կրճիկեան Յակոբ էֆէնտիի, հաստատուեցաւ հոգեւոր, ինչպէս նաեւ գերագոյն ժողովները, այս վերջինին կը մասնակցէին էսնաֆներն ալ: Անմիջապէս ետք Մատթէոս Պատրիարքին ստորագրել տուին խնդրագրիր մը, ուր կառավարութենէն արտօնութիւն կը խնդրուէր երկու ժողովներու կազմակերպումը։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել