Կարի Կարապետեան

Կարի Կարապետեան (լատինատառ՝ Gary Garabedian, արաբերէն՝ غاري غرابيديان) լիբանանահայ շարժապատկերներու տաղանդաւոր բեմադրիչ 1960-ական թուականներուն։[1] Սկսաւ իր արուեստագիտական կեանքը Լիբանանեան հեռուստանկերութեան մէջ "Ապու Սալիմ ալ Թապըլ» (արաբերէն` أبو سليم الطبل) հեռատեսիլի serie-ով։ Նկարահանեց «Ալ Այն ալ Սահիրա» (արաբերէն` العين الساهرة) / «Եա Լէյլ» (արաբերէն` يا ليل) եւ «Ապու Սալիմ ին Աֆրիքիա» (արաբերէն` أبو سليم في أفريقيا) վաթսունական թուականներուն (1963-1965):

Կարի Կարապետեան
Մահացած է 1969
Քաղաքացիութիւն  Լիբանան
Մասնագիտութիւն կինեմատոգրաֆ, հեռուստահաղորդավար

Իր 1969-ին նկարահանած շարժապատկերը «Կարօ» անունով (արաբերէն` غارو, լատինատառ՝ Garo) մեծ համբաւ ստացաւ։[2] Կը պատմէ կեանքը լիբանանահայ օրինազանց "ղապատայ" անձնաւորութեան մը եւ անոր եղերական մահը երբ Լիբանանի ներքին ապահովութեան ոյժերը զինք հալածեցին եւ սպանեցին։ Գլխաւոր դերերը խաղցած են շատ նշանաւոր լիբանանցի դերասաններ ինչպէս՝ Մահմուտ Սայիտ, Ժօզէֆ Նանօ, Սամիրա Պարուտի, Նատիա Ժամալ եւ Անթուան Քերպաժ։

Կարապետեանը զոհ գնաց մեծ սթուտիոյի հրդեհի մը մէջ երբ կը նկարահանէր «Քուլլունա Ֆիտա'իյյուն» այսինքն "Ամէնքս ֆետայի ենք" (արաբերէն` كلّنا فدائيون) շարժապատկերը 1969 թուականին պատմելով Պաղեստինեան Դիմադրութեան ֆետայական դրուագ մը։ Պատկերին մէջ կը գործածուէր մուխի ձեռնառումբ մը ներկայացնելու ֆետայական գործողութիւն մը։ Այդ պատճառ դարձաւ հրդեհի մը սթուտիոներէն ներս։ Կարապետեան փրկուած էր հրդեհէն, բայց մերժելով ձեռնծալ մնալ, ետ ներս մտած էր այրող սթուտիոյէն ներս փորձելով փրկել այլ անձեր եւ մահացած այդ փորձին մէջ։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել