Կարպիս Սուրէնեան

Կարպիս Յովհաննէս Սուրէնեան (Սարկաւագեան, 21 Օգոստոս 1925(1925-08-21), Աթէնք, Յունաստան - 5 Հոկտեմբեր 2011(2011-10-05), Երեւան, Հայաստան[1]), հայ արձակագիր, թարգմանիչ[2]:

Կարպիս Սուրէնեան
Ծննդեան անուն Կարպիս Յովհաննէս Սարկաւագեան
Ծնած է 21 Օգոստոս 1925(1925-08-21)
Ծննդավայր Աթէնք, Յունաստան
Մահացած է 5 Հոկտեմբեր 2011(2011-10-05) (86 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստան
Ուսումնավայր Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն
Մաքսիմ Կորքիի անուան գրականութեան հիմնարկ
Մասնագիտութիւն թարգմանիչ, արձակագիր
Աշխատավայր Հայաստանի Պետական Ակադեմիական Երգչախումբ
Խորհրդային Արուեստ (ամսագիր)
Անդամութիւն Հայաստանի Գրողներու Միութիւն

Կենսագրութիւն Խմբագրել

1945 թուականին աւարտած է Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը, 1967 թուականին՝ Մոսկուայի Մաքսիմ Կորքիի անուան գրականութեան հաստատութիւնը: 1946 թուականին ներգաղթած է Խորհրդային Հայաստան:

Աշխատութիւններ Խմբագրել

Հրատարակուած են Սուրէնեանի «Մաքուր ձեռքեր» (1959), «Բնիկ Որտեղացի՞ Էք» (1969), «Արեւորդիներ» (1979), «Ոգու Ամրոցներ» (1982) վիպակներու, պատմուածքներու, էսսեներու ժողովածուները: «Արեւորդիներ» վիպակ-էսսէին մէջ, որու իւրօրինակ հերոսներն են Մարտիրոս Սարեանն ու Աւետիք Իսահակեանը, շօշափուած է հայրենադարձութեան թեման: Սուրէնեանի էսսեները կը յատկանշուին քնարա-փիլիսոփայական շնչով ու ոճով: Գրած է «Դոստոեւսկիի Մեծ Հոգսը Եւ Մեծ Նորարարութիւնը» էսսե-ուսումնասիրութիւնը: Թարգմանած է Ֆ. Դոստոեւսկիի «Կարամազով Եղբայրներ» վէպը, Ջ․ Գոլսուորդիի «ֆորսայթներու Պատմութիւնը վիպաշարը, Ուիլիըմ Սարոյեանի պատմուածքներէն («Պատերազմ Յայտարարուած Է», 1963):

Օրագրութիւն Խմբագրել

Պատանի հասակէն Սուրէնեան օրագիր պահած է, որ հրատարակուած է նոր կեանքի վերջին տարիներուն երկու հատորով («Սարգիս Խաչենց» հրատարակչութիւն, 2005 եւ 2007 թուականներուն): Օրագրութիւնը կ'արտայայտէ անոր մանկութիւնը Աթէնքի մէջ, պատանեկանութիւնը՝ Կիպրոսի եւ երկրորդ աշխարհամարտէն ետք՝ կեանքը Խորհրդային Հայաստանի մէջ։ Ընդհանուր առմամբ կ'ընդգրկէ գրեթէ 60 տարուան ժամանակահատուած:

Մրցանակներ Խմբագրել

  • Եղիշէ Չարենցի անուան մրցանակ, 1982
  • «Մովսէս Խորենացիի մետալ, 2002
  • «Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ» շքանշան, 2004

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. «Նուիրյեալ անձեր․ Կարպիս Սուրէնէան»։ matyan.am։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2022-01-22-ին։ արտագրուած է՝ 2020-09-02 
  2. «Կարպիս Սուրէնեան. «Ճիշտը կեանքն է»» (en-US)։ 2020-08-21։ արտագրուած է՝ 2020-09-02 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։