Կոստանդնուպոլսոյ Պաշարում (1203)

Կոստանդնուպոլսոյ պաշարում, ռազմական ընդհարում Բիւզանդական կայսր Ալեքսիոս III Անգելոսի (1195-1203) եւ Վենետիկի հանրապետութեան դոժ Էնրիկո Դանդոլոյի (1192-1205) միջեւ։ Տեղի ունեցած է Չորրորդ Խաչակրաց արշաւանքի ընթացքին՝ 11 յուլիսէն 18 յուլիս 1203-ին՝ Բիւզանդիոնի մայրաքաղաք Կոստանդնուպոլսոյ մատոյցներուն մէջ։

Կոստանդնուպոլսոյ Պաշարում
Խաչակրաց չորրորդ արշաւանք
Կոստանդնուպոլսոյ պաշարում
Թուական 11 յուլիս-18 յուլիս 1203
Վայր Կոստանդնուպոլիս, Բիւզանդական կայսրութիւն
Արդիւնք Խաչակիրներու յաղթանակ
Հակառակորդներ
Խաչակիրներ
Վենետիկի հանրապետութիւն
Բիւզանդական կայսրութիւն
Հրամանատարներ
Բոնիֆացիոս Մոնֆերացի
Էնրիկո Դանդոլո
Ալեքսիոս III Անգելոս
Կողմերու ուժեր
30, 000 մարտիկ
200 նաւ
70, 000 մարտիկ
20 նաւ
Կորուստներ
անյայտ անյայտ

Պատմութիւն Խմբագրել

1189-1192 թուականներուն երեք խաչակիր միապետներու՝ Ռիչարդ I Առիւծասիրտի (Անգլիա), Ֆիլիփ II Օգոստոսի (Ֆրանսա) եւ Ֆրիդրիխ I Շիկամորուսի (Գերմանիա) կազմակերպած խաչակրաց երրորդ արշաւանքը չի հասնիր իր հիմնական նպատակին. Երուսաղէմ քաղաքը կը շարունակէ մնալ Սալահ ալ-Տինի պետութեան սահմաններուն մէջ։ Կաթոլիկ քրիստոնեաներու առաջնորդ ընտրուելէ ետք Հռոմի պապ Ինոկենտիոս III1198-ին քանի մը հրովարտակ կը հրապարակէ՝ խաչակրաց նոր արշաւանք կազմակերպելու կոչով։ Պապի կոչը սկզբնական շրջանին չընդունուիր եւրոպական ազնուականութեան շրջանին, սակայն երկու տարի ետք 35, 000 զինուոր կը հապաքուի։

 
Բոնիֆասիոս Մոնֆերացին խաչակրաց չորրորդ արշաւանքի առաջնորդ կ՛ընտրուի

1201-ին Վենետիկի իննիսունչորսամեայ դոժ Էնրիկո Դանդոլոն խաչակիրներու հետ համաձայնութիւն կնքեց, ըստ որուն հանրապետութիւնը արշաւանքին կը միանայ եւ կը պարտաւորուի արեւելք տեղափոխել խաչակիրներուն՝ 85, 000 արծաթէ դրամի փոխարէն[1]: 1202-ին նաւերը պատրաստ էին, սակայն խաչակիրներու զօրքերէն միայն 12 հազարը Վենետիկ հասած էին, քանզի մնացածներն այլ ճամբուն ընթացքին նախընտրած էին հետաձգել իրենց մասնակցութիւնը։ Ըստ պայմանաւորուածութեան գումարը պէտք էր ամբողջութեամբ վճարուէր, իսկ Վենետիկի մէջ գտնուող բանակը կարողացած էր հաւաքել միայն 51 հազար արծաթ, աւելին՝ ոմանք նաեւ հասցուցած էին մեծ պարտքեր կուտակելու։ Դոժը առաջարկեց հետաձգել պարտքի մարումը եւ արշաւանքը սկսիլ՝ Վենետիկի գլխաւոր առեւտրային մրցակից Դալմաթիայի մէչ գտնուող Զառա (Զադար) քաղաքի գրաւման պայմանով։ Խաչակիրները կ՛ընդունեն պայմանը։ Հաշուի չառնելով Հռոմի Պապի՝ քրիստոնէական քաղաքները գրոհելու արգելանքը, ինչպէս նաեւ շարք մը նշանաւոր ասպետներու բողոքը՝ խաչակիրները 1202-ին պատարաստուեցան նոր արշաւանքի։

23 նոյեմբեր 1202-ին խաչակիրները կը պաշարեն եւ կը գրաւեն Զառա քաղաքը: Որոշ ժամանակ ետք Դանդոլոյին եւ խաչակիրներուն առաջնորդներուն օգնութեան խնդրանքով դիմեց բիւզանդական գահընկեց եղած կայսր Իսահակ II-ի որդի Ալեքսիոս IV-ը։ Վէրջինիս կը յաջողի խաչակիրներուն համոզել գրաւելու Կոստանդնուպոլիսը՝ ըսելով, որ միայն անոր ներկայութիւնը Կոստանդնուպոլսոյ մատոյցներուն մէջ կը ստիպէ քաղաքի պաշտպաններուն հանձնել քաղաքը։ Այսպիսով, խաչակրաց արշաւանքի սկզբնական նպատակները փոխուեցան ի նպաստ Դանդոլոյի։ Միացեալ բանակի հրամանատարները Ալեքսիոսին կայսր կը հռչակեն, սակայն, մօտենալով արդէն Կորֆու կղզիին, բնակիչներու «ջերմ» ընդունելութենէն խաչակիրները կը հասկնան, որ Ալեքսիոսի ներկայութիւնը աւելի կը զայրանան միայն բիւզանդացիներուն։ Կղզիի բնակիչները քարեր եւ այրող հեղուկներ կը նետէին խաչակրաց նաւատորմի վրայ, ի պատասխան խաչակիրները կ՛աւերէին եւ կը թալանէին կղզին։

Ոսփորի ափհանում Խմբագրել

24-25 մայիս 1203-ին նաւատորմը լքեց Կորնթոսը եւ ժամանեց Աթենքէն ոչ հեռու գտնուող Նեգրոպոնտոս (Եվբեա) կղզի, այնուհետեւ խարիսխ միացնելով Անդրոս կղզիին։ Տեղացիները մեծ փրկագին վճարեցին խաչակիրներուն, 1 յունիսին առաջին նաւերը հասան Աբիդոս կղզի, մէկ շաբաթ ետք ժամանեց նաւատորմի մնացած մասը։ Հելլեսպոնտոսը անցնելէ ետք խաչակրաց նաւատորմը կայանեց մայրաքաղաքէն երեք քիլոմեթր հարաւ գտնուող Սուրբ Ստեփանի վանքի մօտ։ Այդտեղէն արդէն շատ լաւ կ՛երեւէր Կոստանդնուպոլիսը, որ մեծ տպաւորութիւն ձգեց խաչակիրներու վրայ։

 
Կոստանդնուպոլիս մայրաքաղաքը Բիւզանդական կայսրութեան գոյութեան վէրջին դարերուն

Ըստ Ժոֆրուա դը Վիլլարդուենի խաչակիրները՝ հատկապէս անոնք, որոնք առաջին անգամ կը տեսնէին Կոստանդնուպոլիսը, երկար ժամանակ քաղաքը կ՛ուսումնասիրէին։ Մասնակիցներէն շատերը կեանքի ընթացքին տակաւին երբէք չէին տեսած այսքան հարուստ քաղաք՝ բարձր պատերով, եկեղեցիներով եւ պալատներով։ Հեղինակը նաեւ կը նշէ որ չկար այնպիսի խիզախ, որ տեսնելով քաղաքը՝ երկմտութիւն չունենար քաղաքը գրաւելու մասին։

24 յունիս-ին արշաւանքի առաջնորդները նաւերով մօտեցան Քաղկեդոն քաղաքին եւ պալատը գրաւեցին։ Երկու օր ետք խաչակիրները գրաւեցին հիւսիսային շրջանին մէջ տեղակայուած Սկիւտարը, իսկ նաւերը կայանեցին Դիպլոկիոնիայի (ներկայիս Ստամպուլի Պեշիկթաշ թաղամաս) մօտակայքին։ Կայսր Ալեքսիոս III-ն իր բանակը դիրքաւորեց Ոսփորի հակադարձ ափին։

Բիւզանդական պաշտպանութեան դրութիւնը Խմբագրել

Չնայած բիւզանդական բանակի թուաքանակը քանի մը անգամ կը գերազանցէր խաչակիրներուն, սակայն այդ մէկը բաւական չէր նման մեծ քաղաքը պաշտպանելու համար։ Գլխաւոր խնդիրը մեծ նաւատորմի բացակայութիւնն էր, քանի որ ըստ 1187-ին Վենետիկի հանրապետութեան հետ կնքուած պայմանագիրի կայսրութիւնը կը պարտաւորուէր հասցնել նաւատորմի քանակը նուազագոյնի, իսկ հիմա, երբ դաշնակիցները կայսրութեան դաւաճանեցին, վէրջինս անպաշտպան մնաց։

Նաւատորմի սպառազինութեան համար նախատեսուած դրամական միջոցները պարբերաբար կ՛իւրացուէին պետական պաշտոնեաներու կողմէն։ Ռազմածովային ուժերու ղեկավար զօրավար Միքայէլ Ստրիֆնոսը, օգտուելով արքայի փեսան ըլլալու հանգամանքէն, անհատներուն նաւեր կը վաճառէին, առագաստներ, թիակներ եւ նաւարկման համար նախատեսուած այլ պարագաներ, իսկ ստացած միջոցները օտար էր։ Արդիւնքը այն էր, որ պաշարման սկզբը Բիւզանդիոնը ընդամէնը ունէր 20 նաւ:

Այսպիսով վենետիկեան նաւատորմը կարող էր խափանել ցանկացած վայրին մէջ, քանզի բիւզանդացիները կարողութիւն չունէին ծովէն դիմակայել անոնց։ Բիւզանդացիներուն միայն կը մնար յուսալ քաղաքի պարիսպներու ամրութեան եւ ծովու կողմէն անմատչելիութեան վրա{յ{sfn|Ուսպենսկի|1997|էջ=287}}:

Բանակցութեան փորձեր Խմբագրել

Ալեքսիոս III-ը քայլեր ձեռնարկեց հակամարտութեան խաղաղ լուծման համար եւ իր լոմպարտացի դեսպան Նիկոլո Ռոսսիին ուղարկեց վենետիկցիներու ճամբար։ Դեսպանը առաջարկեց մեծ գումար վճարել եւ սննդամթերք մատակարարել դէպի Սուրբ Երկիր արշաւանքը շարունակելու համար։ Խաչակիրներու ներկայացուցիչ Քոնոն դը Բեթյուն պատասխանեց, որ խաչակիրները չեն լքեր Ոսփորը մինչեւ բռնակալը չվերադարձնէ գահը օրինական տիրոջը։ Միեւնոյն ժամանակ խաչակիրները զարմացած էին, որ ոչ մէկ յոյն ճամբար չր ներկայացներ եւ գահի օրինական տեր Ալեքսիոս IV-ին չի ողջուներ։

Էնրիկո Դանդոլոյի առաջարկով յաջորդ օրը Բոնիֆացիոս Մոնֆերացին Ալեքսիոսի հետ մօտեցան քաղաքի պարիսպներուն, սակայն միեւնոյնն է բնակիչները չէին ոգեւորուած Ալեքսիոսի ներկայութենէն, ընհակառակը պաշարողական մեքենաներէն կրակ կ՛արձակէին վենետիկեան նաւատորմի վրայ[2]:

Գալաթիայի գրաւումը Խմբագրել

Վենետիկ-խաչակրաց ուժերու ղեկավարները որոշեած էին «կամ յաղթել, կամ մեռնիլ»[3]:

 
խաչակիրներու Կոստանդնուպոլիս ներխուժումը

5 յուլիս-ին խաչակիրները խափանեցին Գալաթիա շրջանը։ Առջեւէն կը շարժէին նետաձիգներու նաւերը, ապա ռազմական նաւերը քարշ կու տային իրենց կցուած բեռնատար նաւերուն։ Բիւզանդացիները չհամարձակեցան դիմակայել խաչակիրներուն եւ փախուստի մատնեցին։

Հուգո դը Սեն-Պոլը Լուվենցի կոմսին ուղղուած նամակին մէջ քմծիծաղով կը յայտնէ, որ յոյները այնքան արագ կը փախչէին, որ նոյնիսկ անոնց նետերը չէին դիպչեր։

Գիշերը խաչակիրները կանգնեցուցին Գալաթի աշտարակի եւ իրենից «շատ գեղեցիկ եւ շատ հարուստ ամբողջ քաղաք մը» ներկայացնող հրէական թաղամասի դիմաց[4]:

Գալաթիան գրաւելու եւ քաղաքի մատոյցներուն հասնելու համար անհրաժեշտ էր կտրել քաղաքը պաշտպանող երկաթեայ շղթաները։ Նման շղթաները հնարաւոր կ՛ըլլար կտրել միայն յատուկ հարմարանքներով զինուած նաւէն[5]: Գալաթիայի կայազօրը անգլո-դանիական ջոկատներէ կը նկատուէր ինչպէս նաեւ վենետիկցիներու թշնամիներ՝ ջենովացիներէն եւ պիզացիներէն: Քաղաքի պաշտպանները պարբերաբար արտագրոհներ կը կազմակերպէին եւ լուրջ վնասներ էական արդիւնքի չհասնելով աշտարակ կը վերադառնար։ Վենետիկեան նաւատորմի «Արծիւը» կ՛րցաւ կտրել շղթան, իսկ նաւատորմը կարողացաւ խորտակել շատ բիւզանդական նաւեր[6]:

7 յուլիս-ին խաչակիրներու նաւերը նաւահանգիստ մտան, իսկ ափին տեղի ունեցաւ խորհրդաժողով, որուն ընթացքին որոշուեցաւ, որ խաչակիրները պէտք է գրոհեն քաղաքը ցամաքէն, իսկ վենետիկցիները ծովէն[7]:

Պաշարում եւ գրոհ Խմբագրել

10 յուլիս-ին խաչակրաց ջոկատները ըստ մարտական ծրագրի դէպի ափի երկայնքով շարժեցան, իսկ վենետիկեան նաւատորմը ուղեւորուեցաւ դէպի հարաւ-արեւմուտք։ Խաչակիրները գրաւեցին Բոհեմունդի պալատի շրջակայ տարածքը, սակայն անոնց ուժերը բաւարար էին միայն Վլահերնի դարպասի պաշարման համար.[8], սուր էր նաեւ սննդամթերքի խնդիրը։ Պաշարուածները արքայի փեսա Թորոս I Լասկարիսի հրամանատարութեամբ կազմակերպեցին երկու մեծ արտագրոհ ըստ որուն ապացուցեցին, որ «հռոմէացիները» դեռ չեն կորսնցուցած կռուելու ունակութւնը[9]:

 

17 յուլիս-ին տեղի ունեցաւ Կոստանդնուպոլսոյ ծովային եւ ցամաքային գրոհը։ Ճամբարը պաշտպանելու համար մնացին երեք մարտական ջոկատ։

Ֆլանդրիայի կոմս Բալդուին ղեկավարեց գրոհը։ Պատերը կայսերական գուարդիան կը պաշտպանէին։ Ծանր մարտէ ետք երկու ասպետի եւ երկու զինակիր կը յաջողին պարիսպի մէկ հատուածը գրաւել եւ անոնց կը միանան եւս 15 ասպետներ, քաղաքի պաշտպանները կը յաջողէին դուրս շպրտել ասպետներուն, իսկ երկուքը կը յաջողէին գերեվարել եւ հասցնել Ալեքսիոս կայսրին։ Մեծաքանակ կորուստներ ստանալով խաչակիրները կը նահանջեն։

Ի տարբերութիւն խաչակիրներու՝ վենետիկցիները աւելի յաջող ձեւով կը գործէին։ Անոնք քանի մը շարքով կանգնեցուցած էին նաւերը որոնց վրայ տեղադրուած պաշարողական մեքենաները անդադար կը գնդակոծէին քաղաքը։

Քանի որ վենետիկցիները չէին համարձակեր խափանել, կոյր դոժ Դանդոլոն հրամայեց իրեն առաջինը իջեցնել։ Անոր ուղեկիցները դոժի առջեւ կը պահէին Սուրբ Մարկոսի դրօշը։ Անոր օրինակը ոգեշնչեց մնացածին եւ վենետիկցիները հետեւեցան դոժին։ Անոնք պատի մէջ ճեղք բացին եւ գրոհի նետուեցան, սակայն պիզացիները դուրս վտարեցին անոնց։

Այդ ժամանակ նաւերէն նոր իջած նաւաստիները նոր գրոհի նետուեցան, պիզացիներու ուժերը արդէն բաւարար չէին գրոհը կասեցնելու համար։ Վենետիկցիները յաջողեցան 25 աշտարակ գրաւել եւ քաղաքի մէջ երկու քիլոմեթր խորանալ[10], իսկ հակագրոհէն խուսափելու համար վենետիկցիները այրեցին հարակից թաղամասերը։ Դոժը ֆրանկերուն հաղորդեց, որ կ՛րցած է ներխուժել քաղաք որպէս ապացոյց ուղարկելով 200 բիւզանդական ձի։

Ալեքսիոս III կայսեր փախուստ: Բանակցութիւններ Խմբագրել

Վենետիկցիներու յաջողութեան մասին լուրերը եւ ժողովուրդի հորդորները վէրջապէս ատիպեցին Ալեքսիոսին զէնք վերցնել եւ դուրս գալ քաղաքէն մարտնչելու։ Ըստ Վիլլարդուենի, քաղաքէն դուրս եկած բիւզանդական բանակը տաս անգամ կը գերազանցէր խաչակիրներու ջակատներուն։ Սակայն խաչակիրները ճամբարի շուրջ պարիսպ կառուցած էին, այնպէս որ անոնց հնարաւոր էր գրոհել միայն ճակատէն։

 
Իսահակ II եւ Ալեքսիոս III

Բիւզանդացի նետաձիգները մօտեցան ճամբարին եւ սկսան փոխհրաձգութիւնը։ Վենետիկցիները անհապաղ օգնութեան հասան։ Յոյն պատմիչ Քոնիաթը հավաստիացնում է, որ բիւզանդացիները կը յաղթէին ճակատամարտի ընլացքին, եթէ արքան անձամբ գլխաւորէր գրոհը կամ ան հանձնարարէր Թորոս Լասկարիսին։ Բիւզանդական զօրքերը քանի մը ժամ խաչակիրներու դիմաց կանքնած էին, իսկ արքան չհամարձակելով գրոհել ամոթալի որոշում կայացուց՝ վերադառնալ քաղաք։

Յաջորդ օրը՝ լուսաբացին, արքան իր դստեր Իրինային տարաւ, տասը տարա ոսկի եւ լքելով կնոջը նաւով փախուստի մատնեց։ Իսահակ II-ն ազատ արձակուեցաւ դարձեալ գահը գրաւեց։ Խաչակիրները անոր մօտ ուղարկեցին պատուիրակութիւն, վէրջինիս որդիի տուած խոստումները կատարելու պահանջով։ Բանակցութիւնները շարունակուեցան մինչեւ 1 օգոստոս, որմէ ետք Իսահակի որդին՝ Ալեքսիոսը, կայսր հռչակուեցաւ:

Հետեւանքներ Խմբագրել

19 յուլիս-ին անկարգութիւններ սկսան. պիզացիները դժգոհելով բիւզանդացիներու եւ Վենետիկի համաձայնութենէն, խաչակիրներուն համոզեցին մուսուլմանական թաղամասը թալանել։ Մտնելով թաղամաս՝ խաչակիրները եւ պիզացիները մզկիթ ներխուժեցաին եւ զայն թալանեցին։ Մուսուլմանները, հարեւան յոյներու օգնութեամբ հետեւեցան կողոպտիչներուն, սակայն չկարողացան վերադարձնել թալանուած հարստութիւնները, քանի որ հետագային յոյները լքեցին զանոնք։ Զայրանալով յոյներու դաւաճանութենէն՝ անոնք հարակից թաղամասը կ՛այրեն, հրդեհը երկու օր շարունակուեցաւ, այրեցան նաեւ քաղաքի գլխաւոր ձիարշաւարանը եւ շուկան։

Ըստ համաձայնութեան խաչակիրներուն եւ վենետիկցիներուն պէտք էր մեծ գումար վճարուէր եւ սննդամթերք մատակարարուէր։ Կառավարութիւնը մեծ դժուարութեամբ կը յաջողի 100 հազար արծաթէ դրամ հաւաքել։ Հաւաքուած գումարը հաւասարաչափ բաժանուեցաւ խաչակիրներու եւ վենետիկցիներու միջեւ։ Խաչակիրները դժգոհութիւն յայտնեցին գումարի քանակին վերաբերեալ եւ ի դժգոհութեան հաւաստիք մնացին ձմեռելու Ոսփորի շրջանը, վերցուցին Գալաթիան եւ քաղաքը պարիսպէն 10 մեթր հողին հաւասարեցուցին։ Իրադրութիւնը երթալով կը վատթարանար, իսկ նոյեմբերին բիւզանդացիները դադրեցուցին սննդամթերքի մատակարարումը։

Խաչակիրները եւ վենետիկցիները յաջորդ տարին, նախաձեռնեցին նոր ռազմական գործողութիւններ, որ հանգեցուց Կոստանդնուպոլսոյ գրաւմանը: Բիւզանդիոնի մէջ խաչակիրներու հերթական պետութիւնը ստեղծուեցան՝ Լատինական կայսրութիւնը:



Տե՛ս նաեւ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. «Fourth Crusade»։ Historynet.com։ 14 Փետրուարի 2016։ արտագրուած է՝ 14 Փետրուարի 2016 
  2. Ժոֆրուա դը Վիլլարդեն «Կոստանդնուպոլսոյ կործանումը» 141-146 էջեր
  3. Ժոֆրուա դը Վիլլարդեն «Կոստանդնուպոլսի կործանումը» 154 էջ
  4. Ժոֆրուա դը Վիլլարդեն «Կոստանդնուպոլսի կործանումը» 159 էջ
  5. Ռոբեր դը Կլարի, 53 էջ
  6. Никита Хониат, [{{{յղում}}} Царствование Алексея Комнина, брата Исаака Ангела], Սանկտ Պետերբուրգ։
  7. Ժոֆրուա դը Վիլլարդեն «Կոստանդնուպոլսոյ կործանումը» 160 էջ
  8. «Կոստանդնուպոլսի կործանումը, 1204»։ Agiasofia.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009-02-07-ին։ արտագրուած է՝ 2008-12-30 
  9. Քոնիաթ. Իսահակ Անգելոսի եղբայր Ալեքսիոսի գահակալությունը: III գլուխ, 10 էջ
  10. «Չորրորդ խաչակրաց արշավանքը եւ Կոստանդնուպոլսի կործանումը»։ Geocities.com։ արխիւացուած բնօրինակէն 2009-08-08-ին։ արտագրուած է՝ 2008-12-30 

Գրականութիւն Խմբագրել

  • Жоффруа де Виллардуэн. Завоевание Константинополя / Перевод и комментарии М. А. Заборова. - М.: Наука, 1993.
  • Робер де Клари. Завоевание Константинополя / Перевод, статья и комментарии М. А. Заборова. - М.: Наука, 1986
  • Никита Хониат. История, начинающаяся с царствования Иоанна Комнина // Византийские историки, переведенные с греческого при Санкт-Петербургской Духовной Академии / Перевод под редакцией В. И. Долоцкого. - СПб., 1860.
  • Успенский Ф. И., История Византийской империи XI-XV вв. Восточный вопрос, Մ.։

Կաղապար:Խաչակիրների ճակատամարտերը Մերձավոր Արեւելքում