Հաղբատի Վանք

գիւղ ՀՀ Լոռու մարզ‎ին մէջ

Հաղբատի վանք, միջնադարեան Հայաստանի հոգեւոր, մշակութային եւ գիտաուսումնական կեդրոն, կը գտնուի Հաղբատ գիւղի հարաւ-արեւելեան բարձրադիր մասին մէջ, Դեբետի աջ ափին։ Վանքի առաջին Ս․ Նշան եկեղեցին, որ նուիրուած է Քրիստոսի փրկարար խաչին, 976 թուականին սկսած է կառուցել Աշոտ Ողորմած թագաւորի կինը՝ Խոսրովանոյշ թագուհին, եկեղեցիին շինութիւնը աւարտած է 991 թուականին։ Թագուհին, մոռնալով իր սեփական անձը, իր որդիներուն՝ Սմբատի եւ Կիւրիկէի (Գուրգէն ) արեւշատութեան նուիրած է եկեղեցին։ Եկեղեցւոյ թմբուկին վրայ եղած արձանագրութեան համաձայն՝ Հաղբատի առաջին վանահայր Սիմէոն եւ Տիրանուն երէցը հիմնած են հոգեւոր դպրոց՝ հրաւիրելով գիտնական եւ ուսուցիչ վանականներ եւ միաբաններու թիւը հասած է 500-ի։ 1996 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեան որոշումով վանքը վերադարձուած է Ս․ Էջմիածնի տնօրինութեան։

Հաղբատավանք

Անուան պատմութիւն Խմբագրել

Հաղբատ գիւղը հին ժամանակ կոչուած է «Սրբլիս» (Սուրբ Լոյս), որովհետեւ արեւը կը բարձրանար հարեւան սարի ետեւէն եւ լոյս կը սփռէր հարեւան գիւղերու վրայ։ Հաղբատ վանքի կառուցումէն ետք գիւղը վերանուանուեցաւ, իսկ Սրբլիս անունը անցաւ հարեւան սարին։ Սկիզբը, նախապէս գոյութիւն ունեցած Մարիամաշէն գաւիթի (1185) տեղը։ Այն արեւելք-արեւմուտք ձգուած ընդարձակ սրահ է՝ լայնաթռիչք, հուժկուէ փոխհատուող զոյգ կամարներու վրայ յենուող իւրայատուկ ծածկով։ Կամարներով սահմանուած՝ քառակուսիէն, արեւմուտքէն կը շարունակէ եւս 3 մ․՝ սահմանագիծին ունենալով հաստահեղոյս փնջաձեւ զոյգ սիւներ, որոնց վրայ չորս կողմէն կը հանգչին թաղակիր կամարները։ Փոխհատուող զոյգ կամարներու հնարքը կիրառուած է նաեւ կեդրոնական քառակուսի ծածկոյթի մէջ, ուր անոնք կը կազմեն քառակուսի երդիկը՝ պսակուած վեցսիւնանի ռոտոնդայով։ Սուրբ Նշանի հիւսիս-արեւելեան անկիւնային մասին մէջ գտնուող գրատուն-մատենադարանը քառակուսի դահլիճ է՝ պատերուն կից կիսագլանաձեւ որմնամոյթերէն բարձրացող փոխհատուող զոյգ կամարներու վրայ յենուող ծածկով։ Միջին քառակուսիին վրան կը բարձրանայ բուրգաձեւ ութանիստ գմբէթը՝ լուսաւորութեան միակ աղբիւր երդիկով։ Ներկայ շէնքը 1258-62-ին Յովհաննէս վանահօր վերակառուցածն է։ Ուշ միջնադարուն ծառայած է որպէս մառան, որուն մասին կը վկայեն մեծ թիւով թաղուած կարասները։ Գրատուն-մատենադարանի վերակառուցման հետ միաժամանակ կառուցուած են գրատան սրահը եւ փոքր գաւիթը, որոնցով իրարու հետ կը կապուին գրատուն-մատենադարանը, Սուրբ Նշանը եւ Համազասպի ժամատունը։

Համազասպի ժամատուն Խմբագրել

Փոքր գաւիթի հիւսիսէն՝ կցուած է Համազասպի ժամատունը, 1257-ին կառուցած է Համազասպ Անեցի վանահայրը։ Չորս հզօր սիւներով, երդիկաւոր, կեդրոնակազմ դահլիճ է՝ իր ժանրին մէջ ամենամեծը (18, 68 x 18, 20 մ․)։ Արեւելքէն կցուած է աւելի վաղ կառուցուած մատուռը։

Զանգակատունը Խմբագրել

Վանքի տարածքի արեւելեան բարձրադիր մասին մէջ, գլխաւոր մուտքի դիմաց, առանձին կանգնած է հայ ճարտարապետութեան անզուգական յուշարձան՝ Հաղբատ վանքի զանգակատունը, որ 1245-ին կառուցած է Համազասպ վանահայրը «Բազում ջանիւ, ի դառն ժամանակս թաթարաց», ինչպէս կը տեղեկացնէ արձանագրութիւնը։ Բաղկացած է եօթսիւնանի զանգաշտարակով, պսակուած երկու յարկաբաժիններէ, որոնց միջեւ հաղորդակցումը կը կատարուի քարէ բարձր աստիճաններով։ Կառոյցին բացառիկ շուք ու հմայք կու տան վարպետօրէն զուգակցուած տարբեր մեծութեան ճակտոնները, անկիւններու շթաքարէ անցումները, բացուածքներու շքեղ եզրակալները, կամարակապ զոյգ պատուհանները, գեղանի զանգաշտարակը։

Սեղանատունը Խմբագրել

Համալիրի հիւսիս-արեւելքը գտնուող սեղանատունը (13-րդ դար, նորոգուած է 1975 - 1978 թթ․) յատակագիծը ուղղանկիւն կառոյց է՝ մէկ զոյգ սիւներով բաժնուած երկու հաւասար քառակուսի մասերու, որոնցմէ իւրաքանչիւրն ունի փոխհատուող զոյգ կամարներու վրայ յենուող երդիկաւոր ծածկ։ Մուտքը արեւմուտքէն է՝ պարսպէն դուրս։

Սուրբ Գրիգոր եկեղեցի Խմբագրել

Գաւիթէն հարաւ տեղադրուած՝ Սուրբ Գրիգոր եկեղեցին (1025), դուրսէն ուղղանկիւն, իսկ ներսէն խաչաձեւ յատակագիծով, երկթեք կտուրով, թաղակապ շինութիւն է, որուն չորս անկիւնները աւանդատուներ են (արեւմտեանները՝ կրկնայարկ)։

Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի Խմբագրել

Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին (13-րդ դար), գաւիթի հիւսիսային կողմն է՝ Սուրբ Գրիգորին գրեթէ համաչափ դիրքով։ Ցած համաչափութիւններով, գմբէթաւոր փոքրաչափ կառոյց է։

Խաչքարեր Խմբագրել

Փոքր գաւիթէն ներս՝ Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ հիւսիսային շքամուտքի արեւելեան կողմն է, պատկերագրական հարստութեամբ եւ արտայայտչամիջոցներու բարձրարուեստ միահիւսմամբ բնութագրուող, Ամենափրկիչ խաչքարը (1273)՝ կանգնեցուած Աթաբեկ եւ ամիրսպասալար Սադունի պատւոյն։ Պարսպի հիւսիս-արեւմտեան անկեան մօտ Ուքանանց տոհմի՝ գեղաքանդակ խաչքարերով պսակուած մատուռ-դամբարաններն են (13-րդ դարի առաջին կէս)։

Համաշխարհային Ժառանգութիւն Խմբագրել

1996-ին Հաղբատի վանական համալիրը ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային մշակութային արժէքներու ցուցակին մէջ։

Լուսանկարներ Խմբագրել

Արտաքին յղումներ Խմբագրել

Կաղապար:Համաշխարհային ժառանգություն Հայաստանում

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։