Համազգայինի Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւն

Համազգային Մշակութային Միութիւն, Համազգային մշակութային եւ կրթական հաստատութիւն, 1990-էն՝ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն (ՀՀԿՄՄ), համահայկական կազմակերպութիւն։ Կը վայելէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութեան հովանաւորութիւնը[1]։

Պատմութիւն Խմբագրել

Հիմնուած է 28 Մայիս 1928-ին, Գահիրէի մէջ՝ սկիզբը «Հայ կրթական եւ հրատարակչական ընկերութիւն» անունով[2]։ Հիմնադիրներ՝ Համօ Օհանջանեան, Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան, Գասպար Իփէկեան, Ստեփան Եսայեան, Մինաս Խաչատուրեան, Սարգիս Մալխասեան, Սեդրակ Պալըգճեան, Յակոբ Պալըգճեան։

Կանոնակարգ Խմբագրել

Ընկերութեան կանոնագրի առաջին կէտը յստակօրէն ճշդեց «Համազգային»-ի նպատակը.

  Հայ Կրթական եւ Հրատարակչական Համազգային Ընկերութեան նպատակն է հայ ժողովուրդի կրթական մակարդակը բարձրացնել հայ լեզուով եւ հայ հոգով:  


Այս նպատակին հասնելու համար «Համազգային»ը պէտք է գործեր երեք ուղիներով.

  • Նոր սերունդին հայեցի կրթութիւն տալ.
  • Նպաստել չափահասներու ինքնազարգացման.
  • Մշակել հայագիտութիւնը.

Նպատակ Խմբագրել

«Հայ ժողովուրդի կրթական մակարդակը բարձրացնել հայ լեզուով եւ հայ հոգով». ըստ 1990-ին ընդունուած կանոնագրի՝

  • սատարել հայ մշակոյթի, հայ դպրութեան, հայ լեզուի եւ ընդհանրապէս հայ հոգեկան եւ իմացական արժէքներու ճանաչման, զարգացման, տարածման եւ ժողովրդականացման Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ, օժանդակել հայապահպանման ճիգերը, ազգային նշանակութիւն ունեցող աւանդոյթներու շարունակման եւ մշակութային նոր աւանդներու ստեղծման,
  • մշակութային ձեռնարկներով (ցուցահանդէս, հանդիսութիւն, հրատարակութիւններ, հայը, հայութիւնն ու Հայ դատը) ծանօթացնել հայ եւ օտար հասարակութեան»։
  • Առաջինը՝ նոր սերունդի դաստիարակութիւնն էր ամենակարեւորը, ամենաընդարձակը եւ մեծ ճիգ ու նիւթական միջոցներ պահանջողը: Պետք էր հիմնել միջնակարգ վարժարաններ. «Եւրոպական քոլեջներուն համապատասխան»: Պէտք էր պատրաստել հայոց լեզուի բոլոր նիւթերով դասագիրքեր, մանուկներու եւ պատանիներու համար ընթերցանութեան գիրքեր. պէտք էր օժանդակել հայագիտական երկերու հեղինակներուն: Հայերէն պէտք էր թարգմանել օտար եւ միջնադարեան գրողներու այն հատուածները, որոնք կը վերաբերէին Հայաստանին եւ հայերուն: Պետք էր վերահրատարակել հին հայերէն բնագիրներն ու ձեռագրերը:
  • Այս հսկայական գործը գլուխ բերելու համար անհրաժեշտ էր երկու բան. նախ դպրոցական, գրական եւ գիտական աշխատաւորներու մեծ թիւ եւ ապա՝ նիւթական լայն միջոցներ: Նախքան արտասահմանի գրական-գիտական աշխատաւորները իր շուրջը համախմբելը, «Համազգային»-ը կը ջանար կազմակերպութեան իր ցանցերը ունենալ ամէն տեղ եւ նիւթապէս ապահովել իր գոյութիւնը:
  • «Համազգային»-ի գաղափարները ժողովրդականացնելու համար Նիկոլ Աղբալեանը 1928-ի ամրան մեկնեցաւ Սուրիա եւ Լիբանան, ուր կատարեց «Համազգային»ի մասին հրապարակային բանախօսութիւններ եւ աւելի նեղ շրջանակի մէջ՝ մասնաւոր խորհրդակցութիւններ:

Ստեղծման նախապատմութիւն եւ գործունէութիւն

1920-ականները կը զուգադիպին Հայ ժողովուրդի պատմութեան հոլովոյթի քաղաքական ու մշակութային նշանակալից ժամանակներու հետ:

1915-1923-ականներուն Օսմանեան ու Թրքական իշխանութիւններու գործադրած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ 1920-ին Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան անկումն ու անոր յաջորդող Խորհրդային իշխանութիւններու հալածանքները պատճառ դարձան հսկայական դիմադրութիւններու: Վերապրողները ցրուեցան աշխարհի չորս կողմերը: Հիմնական բնակավայրեր հանդիսացան Արեւելքի երկրները:

Նոր պայմանները պատճառ հանդիսացան յեղաշրջումներու, որ իր ազդեցութիւնը ունեցաւ նաեւ հայկական կենցաղի, բարոյականութեան եւ մտածողութեան վրայ։ Հայը փոխած էր իր տեղը: Գիւղացին դարձած էր վաճառական, արհեստաւոր եւ արդիւնաբերող: Փոխուած էին նաեւ բարոյական ըմբռնումները. քաղաքին մէջ կրնայինք հանդիպիլ հազարաւոր թշնամիներու, որոնց դէմ պէտք էր պայքարել, պէտք էր յաղթել: Ստեղծուեցաւ բարոյական նոր ըմբռնում՝ յաջողութիւն ունենալ, տեղ գրաւել քաղքենիներու շարքին: Հայի հոգին քաղքենի դարձաւ. յաջողութիւն ունենալը կը հանդիսանար անոնց նպատակը, ինչ գնով ալ ըլլար: Բնական է, որ նման միջավայրի մէջ անաղարտ չէր կրնար մնալ գիւղացիի եւ պարզունակ հայու նկարագիրը:

Ահա այս տարագիր, ցիրուցան եղած հայութիւնն է, որ պէտք էր համախմբել եւ միասնականացնել: Բոլոր մասերուն անհրաժեշտ էր կապ ստեղծել: Պետք էր մշակել բոլոր այն միջոցները, որոնք կը նապաստէին հայութեան միացման ու հարատեւման: Կար նաեւ ուրիշ պահանջ՝ ստեղծել հայ մտաւորականութիւն: Մտաւորականութիւնն է հանրային գաղափարներ մշակողը, ազգութիւնը մէկ մտքի շուրջ հաւաքողը եւ հոգեւոր աշխարհի ղեկավարը: Թուրքը ծանր հարուած հասցուցած էր հայ մտաւորականութեան՝ գլխատելով այդ խաւը, որ կը մշակէր արժէքներ եւ կը հաւաքէր անոնց շուրջը:

Եւ դեռ, պէտք էր հանրային-մշակութային գործիչներ պատրաստել, տարագիր հայութեան ձեռքը գիրք տալ, գրի եւ դպրութեան միջոցով կենդանի պահել հայոց լեզուն դպրոցէն դուրս, ընտանիքներուն մէջ։ Անհրաժեշտ էր հրատարակել մեր դասական գրականութիւնը, պէտք էր հայուն կապել իր անցեալին հետ, տէր դարձնել իր պատմութեան, դարաւոր ժառանգութեան եւ հարուստ մշակոյթին:

Դպրոց, լեզու, գիր, գաղափարական երիտասարդութիւն. ասոնք կը հանդիսանային այն գործօնները, որոնք անհրաժեշտ էին այդ պայքարի մէջ՝ հայը հայ պահելու համար:

Հայութեան եւ հայ մշակոյթի պահպանման եւ հաւերժացման այս հարցը կը դրուէին մասնաւորաբար արաբական երկիրներուն մէջ ապրող հայ ղեկավարութեան եւ մտաւորականութեան առջեւ: Հարցը այստեղ աւելի կենսական էր, որովհետեւ հայութեան մեծ զանգուածները կեդրոնացած էին եգիպտական, լիբանանեան եւ սուրիական քաղաքներուն մէջ, արդեօ՞ք անոնք կ՛ապրէին համախմբուած: Այս հայութիւնը կազմակերպուած էր իբրեւ եկեղեցական համայնք: Կային բազմաթիւ ազգային դպրոցներ, բայց չկար աւելի բարձր՝ միջնակարգ դպրոց, ուր ազգային դպրոց աւարտողները կրնային շարունակել իրենց կրթութիւնը: Անհրաժեշտ էր ճեմարան, որ ցանուցիր դառած հայութեան մէջ խաղար այն դերը, ինչ որ խաղցան Էջմիածնի Գեորգեան ճեմարանը եւ Պոլիսի Կեդրոնականը:

Մայիս 1928-էն մինչեւ 1929-ի վերջը «Համազգային»-ի համար եղած է նախապատրաստութեան, գաղափարներու արծարծման եւ ժողովրդականացման տարի: Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը ապահովեց նաեւ ՀՅԴ-ի աջակցութիւնը:

Համազգայինի հիմնադիրներու շարքին պատկանող՝ Գասպար Իփէկեանի ներկայութիւնը անպայման ծնունդ պիտի տար թատերական շարժումի, այնպէս ինչպէս Լ. Շանթի եւ Ն. Աղբալեանի ճիգերով կեանքի կոչուած էին Համազգայինի կրթական եւ հրատարակչական առաջին իրագործումները:

1931-ին Գ. Իփէկեանի մեծ յաջողութեան շնորհիւ առաջին անգամ բեմադրեց Լեւոն Շանթի «Օշին Պայլ»-ը, իսկ 1934-ին, նոյն յաջողութեամբ ներկայացուց իր հեղինակութեամբ «Արա եւ Շամիրամ»-ը:

1952-ին մահացաւ Գ. Իփէկեանը: Համազգայինի թատերասէրներու խումբը իր ղեկավարի յիշատակը յաւերժացնելու համար ՝ «Համազգայինի Թատերասէրներու Միութիւնը» անուանեց «Համազգայինի Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ, որ մինչ այսօր կը շարունակուի կոչուիլ նոյն անունով:

Գ. Իփէկեանի արժանաւոր յաջորդը եղաւ Ժորժ Սարգսեանը, ով շարունակեց գործել մեծ թափով, իբրեւ բեմադրիչ եւ դերասան-դերուսոյց:

Ամբողջ 30 տարի ԺորԺ Սարգիսեանը ամբողջական նուիրումով մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց ամէնուր: Իր օրօք եւ իր անձնական ճիգերով Լիբանանի հայ գաղութը օժտուեցաւ նաեւ սեփական թատերասրահով ՝ Յակոբ Տեր Մելքոնեան թատերասրահը՝ համանուն բարերարի նուիրատւութեամբ կառուցուած ու սարքաւորուած:

Ժորժ Սարգսեանի մահին ետք, աշխատանքը վստահուեցաւ Վարուժան Խտըշեանին եւ այնուհետեւ ուրիշներուն :

Յունուար 1962-ին ՀՅԴ Բիւրոյի նախաձեռնութեամբ, հրատարակուեցաւ «Բագին» գրական-մշակութային հանդէսը, որ 1990-ականներուն վերջերուն հանդիսացաւ Համազգայինի պաշտօնաթերթը:

2002-2003 թթ. կրթական տարեշրջանի աւարտին, Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկը շրջանաւարտներու թիւը բարձրացուց 146-ի:

1974-ին հիմնուած այս հիմնարկը, տարիներու ընթացքին մնայուն ճիգի մէջ եղաւ՝ ծառայելու իրեն ճշդուած առաքելութեան եւ պատրաստեց երիտասարդ մարդկանց, որ այսօր որպէս ուսուցիչ,խմբագիր կը գործեն, կը վարեն ազգային զանազան կառոյցներու թէ՛ տնօրէնի, թէ՛ գործավարի պաշտօններ Լիբանանի մէջ, թէ այլուր:

2005-ին, նիւթական դժուարութիւններու եւ թեկնածուներու սակաւութեան պատճառով Հիմնարկը դադարեց գործել:

Համազգայինի Մարսելի կրթական կեդրոնը կեանք առաւ 1980-ին դառնալով Կեդրոնական Վարչութիւն, իսկ Համազգայինի Արշակ եւ Սոֆի Գոլստն վարժարանը 1986-ին Սիտնիի մէջ Աւստրալիայի շրջանային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ[1]:

Այլ աշխատանքներ, ընդգրկելով մշակոյթի այլազան մարզերը բաւականին մեծ զարգացում ապրեցան: Արդարեւ, 1960-ականներուն, սփիւռքահայ զանգուածներու տեղաշարժներու հետեւանքով, Համազգայինի մասնաճիւղեր սկսան առաջանալ Եւրոպայի, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներու եւ Աւստրալիայի մէջ։ Կրթական-մշակութային գործունէութիւնը վաղուց ծաւալուած էր նաեւ Պարսկաստանի մէջ՝ Համազգայինի գործակից «Արարատ» եւ այլ կազմակերպութիւններու ջանքերով: Ժամանակի ընթացքին, նոյն երկրամասին մէջ գործող մասնաճիւղերը միասնաբար ստեղծեցին շրջանային կառոյցներ:

Օգոստոս 1990-ին՝ Աթէնքի մէջ[1], գումարուեց Համազգայինի համասփիւռքեան Ա. Պատգամաւորական ժողովը, որտեղ որոշուեցաւ այդ միութեան ներկայիս անուանումը՝ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն, եւ առաջացաւ առաջին ընտրովի Կեդրոնական Վարչութիւնը:

Ծաղկաձորի մէջ, Հայաստան, Սեպտեմբեր 1994-ին գումարուեցաւ Համազգայինի Բ. Պատգամաւորական ժողովը, իսկ Սեպտեմբեր 1998-ի, Մարտ 2002-ի եւ Ապրիլ 2006-ի տեղի ունեցան Գ., Դ. եւ Ե. Պատգամաւորական ժողովները, Լիբանանի Ատմա ու Այն Սաատէ շրջաններուն մէջ:

Համազգայինը կը գործէ երկու գրասենեակներով՝ Պէյրութի գրասենեակը (Կեդրոնական Վարչութեան նստավայր) եւ Երեւանի գրասենեակը:

Կառուցուածք Խմբագրել

Համազգային Մշակութային Միութեան գերագոյն մարմինն է Կեդրոնական վարչութիւնը՝ կազմուած 11 անդամէ. կ՛ընտրուի պատգամաւորական ժողովով՝ 4 տարի ժամկէտով։ Կեդրոնական վարչութեան կից ստեղծուած են կրթական, տնտեսական, հրատարակչական, դասագիրքերու, շինարարական, ռատիօժամի յանձնախումբեր։ Կը գործեն շրջանային վարչութիւնները, որոնք կը կազմուին աշխարհագրական սկզբունքով. Լիբանանի, Սուրիոյ, Յունաստանի, Կիպրոսի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու (Արեւելեան եւ Արեւմտեան), Քանատայի, Աւստրալիոյ, Ֆրանսայի, Հայաստանի, շուրջ 50 մասնաճիւղ։ Համազգային Մշակութային Միութեան միջոցները կը գոյանան նուիրատուութիւններէ եւ հանգանակութիւններէ, ունեցած կալուածքներու ու հաստատութիւններու հասոյթներէ։

Մասնաճիւղեր Խմբագրել

Եգիպտոս Խմբագրել

Այս գործի իրականացման գլուխ կանգնած էին Եգիպտոսի մէջ ապրող խումբ մը մտաւորականներ եւ հասարակական գործիչներ, ինչպէս Լեւոն Շանթը, Նիկոլ Աղբալեանը, Վահան Նաւասարդեանը, Բժիշկ Համօ Օհանջանեանը, Գասպար Իփէկեանը, Ստեփան Եսայեանը, Մինաս Խաչատրեանը եւ ուրիշներ: Լեւոն Շանթը եւ Նիկոլ Աղբալեանը կը վարէին Ալեքսանտրիայի Պողոսեան վարժարանը: ԱԱնոնք ջերմ կողմնակից էին բարձր վարժարանի հիմնադրութեան եւ իրենց խնամքին յանձնած դպրոցը կը տանէին այդ ուղղութեամբ:

Լեւոն Շանթը կ՛առաջարկէր կազմել «Լոյս» անունով կրթական-մշակութային ընկերութիւն, որ պիտի պահէր միայն մէկ վարժարան կամ Լիբանանի, կամ Եգիպտոսի մէջ:

Լեւոն Շանթը Վահան Նաւասարդեանի հետ քննարկեց այս հարցը Նիկոլ Աղբալեանի հետ:

  Լաւ միտք է,ըսաւ ան, սակայն փողը. դրամը գաղափար չունի, իսկ գաղափարը՝ դրամ չունի. մեր մէջ ան, ով գաղափար ունի՝ դրամ չունի, իսկ ով գաղափար չունի՝ ան դրամ ունի: Այդ հազար ոսկին դուք ուրկէ՞ պիտի առնէք,ո՞վ ձեզ հազար ոսկի կու տայ:  


Վահան Նաւասարեանը Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի հետ հիմնական հարցի մասին համաձայնելով՝ Գահիրէի մէջ աշխատած են այդ ծրագիրը հասցնել Ստեփան Եսայեանին եւ Բժիշկ Համօ Օհանջանեանին. Երկուքն ալ փայլուն դէմքեր էին հասարակական կեանքին մէջ եւ մեծ հեղինակութեան տէր:

Լեւոն Շանթի առաջարկին առանց վարանելու հարած են թէ՛ Ստեփան Եսայեանը, թէ՛ Բժիշկ Համոյ Օհանջանեանը: Անոնց միացան նաեւ Գասպար Իփէկեանը: Անոնց համաձայնութիւնը վերցնելու համար Գահիրէ գացին Լեւոն Շանթը եւ Նիկոլ Աղբալեանը: Կատարեցին շարք մը խորհրդակցութիւններ: Ապա մասնակցեցան հիմնադիր ժողովին, բացի վերոյիշեալներէն նաեւ Յակոբ Պալգճեանը, Սեդրակ Պալգճեանը, Գուրգէն Մխիթարեանը եւ Կարապետ Մալխասեանը:

Այս ժողովին երկու տարբեր տեսակէտներ հակադրուեցան իրար: Լեւոն Շանթը, որու միացած էր նաեւ Նիկոլ Աղբալեանը, կողմնակից էին սահմանափակ ծրագրով գործունէութեան: Անոնք կը բաւարարուէին մէկ միջնակարգ դպրոց պահելով, որովհետեւ յոյս չունէին աւելի ընդարձակ գործունէութիւն ծաւալելու մասին՝ նիւթական տագնապի պատճառով: Ընդհակառակը՝ Վահան Նաւասարդեանը, Բժիշկ Համօ Օհանջանեանը, Ստեփան Մալխասեանը կը պաշտպանէին աւելի ընդարձակ ծրագիր: Ընկերութիւնը իր գործունեութեան դաշտը պիտի դարձնէր ամբողջ սփիւռքը: Թող նախնական գործը ըլլար համեստ, միայն մէկ դպրոց, բայց պիտի ծաւալուէր եւ դառնար համազգային ընկերութիւն:Ժողովը ի վերջոյ ընդունեց երկրորդ տեսակէտը եւ նոր ընկերութեան անունն ալ կնքեց «Հայ Կրթական եւ Հրատարակչական Համազգային Ընկերութիւն»:

Պէյրութ Խմբագրել

3 Մարտ 1930-ին կ'իրականայ Համազգայինի երկրորդական վարժարանը բանալու ծրագիրը. Պէյրութի մէջ կը հիմնուի Հայ Ճեմարանը: Յետագային հաստատութիւնը կը ստանայ Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարան անունը, իր բարերարի յիշատակին, իսկ աւելի ուշ, Անթիլիասի իր համալիրը կը կոչուի նոր բարերարներուն անունով՝ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան:

«Համազգային» ընկերութեան գործունէութիւնը այնուհետեւ կը շարունակէ գլխաւորաբար կեդրոնացած Ճեմարանին մէջ եւ Պէյրութի մէջ այն պատճառով որ Լ. Շանթ, Ն. Աղբալեան, Գ. Իփէկեան հաստատուած էին Պէյրութի մէջ, ուր գաղութը իր հոծ հայութեամբ մշակութային գործունէութեան ընդարձակ հնարաւորութիւններ կը ներկայացնէր: Հետեւաբար, 1947-ին Համազգայինի կեդրոնը կը փոխադրուի Պէյրութ, եւ ընկերութիւնը լիբանանեան կառավարութեան կողմէ կը ճանչցուի իբր Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Ընկերակցութիւն:

1941-ին, իբրեւ Համազգայինի Պէյրութի Վարչութեան նախագահ, կը նախաձեռնէ «Համազգայինի Թատերասէրներու Միութիւն»-ը , որուն նպատակն էր թատերական արուեստի վերահաստատումը եւ տարածումը հայ գաղութներուն մէջ։ Միութիւնը նաեւ կը սերմանէր հաւատք՝ հայ թատրոնի դաստիարակիչ դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ ազգապահպանման գործին անոր բերած նպաստի հանդէպ: «Համազգայինի Թատերասէրներու Միութեան» անդրանիկ ներկայացումը՝ «Ընկած Բերդի Իշխանուհին» էր (1942), ապա՝ Բաբգէն Փափազեանի օժանդակութեամբ՝ «Պեպեքս»ը (1943), իսկ 1944-ին՝ Լ. Շանթի «Հին Աստուածները», 1945-ին Լ. Շանթի «Կայսր»-ը…:

1931-ին, դարձեալ Պէյրութի մէջ, կը հաստատուի Համազգայինի տպարանը, որ յետագային կը կոչուի իր բարերարի ու գլխաւոր կազմակերպիչի անունով՝ Համազգայինի Վահէ Սէթեան տպարան: Տպարանի շնորհիւ զարկ կը տրուի հրատարակչական ու գրատարածման աշխատանքներուն: Համազգայինը Լիբանանի մէջ կ'օժտուի նաեւ սեփական գրախանութով:

Լիբանան Խմբագրել

Լիբանանի մէջ կայ 6 մասնաճիւղ: Կը գործէ ՀՅԴ-ի հովանաւորութեամբ: Համազգայինի Լիբանանի շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ 1985-էն Պուրճ Համուտի Նոր Ատանա թաղամասին մէջ կը գործէ «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնը, որ կ՛ընդգրկէ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցը եւ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցը: 1941-էն ի վեր կը գործէ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը: Ունի «Քնար» (1956-էն) եւ փոքրիկներու «Գայիանէ» պարախումբերը, «Գուսան», «Կարկաչ» երգչախումբերը, «Արեգ» մանկապատանեկան թատերախումբը: Կը ծաւալէ լայն հրատարակչական գործունէութիւն, կը տպագրէ հայերէն դպրոցական դասագիրքեր: Կը կազմակերպէ դասախօսութիւններ եւ այլ միջոցառումներ: Միաժամանակ Համազգայինի կեդրոնական վարչութիւնը Լիբանանի մէջ կը հովանաւորէ «Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան» ճեմարանը: «Համազգայինի» գրախանութը կը գտնուի Պուրճ Համուտի Շաղզոյեան մշակութային կեդրոնին մէջ, ուր տեղակայուած են նաեւ Ազդակ, Բագին պարբերականներու խմբագրութիւնները, ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակը, ՀՄԸՄ-ի որոշ վարչական գրասենեակներ, «Վանայ ձայն» ռատիոկայանը եւ այլն: Լիբանանի մշակութային կեանքին մէջ իրենց յատուկ տեղը ունին Համազգայինը, Թեքէեան մշակութային միութիւնները, Լիբանանահայ գրական շրջանակը եւ այլ խմբակներ:

1970-ականներուն, Լիբանանի հայկական զանազան կեդրոններու մէջ կը զգացուի հայոց լեզուի, գրականութեան եւ հայոց պատմութեան մասնագէտ ուսուցիչներու պահանջը: Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը կը ձեռնարկէ համալսարանական մակարդակով հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի ստեղծման նախապատրաստական աշխատանքներ: Կազմուեցաւ յատուկ յանձնախումբ , բաղկացած՝ Գարեգին եպս. Սարգիսեանէն (յետագային Մեծի Տան Կիլիկիոյ, ապա՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս), Վահէ Սէթեանէն, Հրաչ Տասնապետեանէն, Շաւարշ Թորիկեանէն, Վահէ Օշականէն եւ Երուանդ Փամպուքեանէն:

Վերոյիշեալ յանձնախումբի պատրաստած կրթական ծրագիրը կը ծառայէ Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկի դասաւանդութիւններուն, որոնք սկսան 1974-ին, 15 ուսանող-ուսանողուհիներով:

Մեծ յոյսերով սկսած գործը կ'ընդհատուի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի անապահովութեան պատճառով:

1979-ին կը վերակազմուի հիմնարկի առաջին դասարանը նոր ուսանողներով: 1983-ին հիմնարկը կու տայ 21 շրջանաւարտներ, որոնք ամբողջացուցին հիմնարկի քառամեայ ընթացքն ու ծրագիրը:

Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպութեամբ, 1995-ին Լիբանանի մէջ կը սկսի ամառնային Ուսանողական մշակութային հաւաքը, որ 2002-էն ի վեր կը շարունակուի տեղի ունենալ Հայաստանի մէջ:

Ֆրանսա Խմբագրել

Նոյն նպատակով Լեւոն Շանթ կը մեկնի Ֆրանսա: Յանձնարարուած էր տեսակցիլ Փարիզի մտաւորականութեան եւ մտածել Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ, մասնաւորապէս Ֆրանսայի մէջ, «Համազգային»-ի մասնաճիւղեր ստեղծելու մասին:

Կրթութիւն եւ տպագրութիւն Խմբագրել

Նպատակները իրագործելու համար Համազգային Մշակութային Միութիւնը առաջին հերթին՝ 1930-ին Պէյրութի մէջ կը բանայ Հայ ճեմարանը (1948-էն՝ Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարան), 1931-ին՝ «Յոյս» տպարանը (1967-էն՝ Համազգայինի Վահէ Սէթեան տպարան)։ 1980-ին կը հիմնադրուի Մարսէյի կրթական կեդրոնը (մանկապարտէզով, նախակրթարանով, միջնակարգով եւ երկրորդականով), 1986-ին Սիտնիի մէջ (Աւստրալիա)՝ Համազգայինի Արշակ եւ Սոֆի Գոլըստըն (Գալստեան) երկրորդական վարժարանը։ Այս ամէնօրեայ վարժարաններէն բացի Համազգային Մշակութային Միութեան մասնաճիւղերը կը պահեն նաեւ միօրեայ դպրոցներ։

Թատրոն Խմբագրել

Հայ թատերական արուեստը վերակենդանացնելու, տարածելու եւ անոր դերը հայ գաղութներուն մէջ բարձրացնելու նպատակով 1941-ին Գասպար Իփէկեանի ջանքերով կը կազմուի Համազգայինի թատերասէրներու միութիւնը։ Մինչեւ 1951-ը թատերախումբը կը գործէ Պէյրութի մէջ, այնուհետեւ հիւրախաղերու կը մեկնի Եւրոպա, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկա։ Գասպար Իփէկեանի մահէն ետք, ի պատիւ անոր, 1952-ին խումբը կը կոչուի «Գասպար Իփէկեան թատերախումբ», ղեկավարութիւնը ստանձնած է Ժորժ Սարգիսեանը։

Երգարուեստ Խմբագրել

Մեծ է երգահան Բարսեղ Կանաչեանի ղեկավարութեամբ 1956-ի վերահաստատուած Կոմիտաս վարդապետի ստեղծած «Գուսան» երգչախումբի ներդրումը սփիւռքահայի երաժշտական ճաշակը ձեւաւորելու գործին մէջ։ 1960-ին կը կազմուի «Քնար» ազգագրական երգի-պարի խումբը (ղեկավար Վարդգէս Աբրահամեան), 1978 թուականին՝ «Ծնծղայ» (ղեկավար Վաչէ Պարսումեան) եւ 1980-ին՝ «Նանոր» (խմբավար՝ Ալեքսան Մնակեան) մանկական երգչախումբերը, որոնք մրցանակներ շահած են միջազգային մրցոյթներուն։

Հայագիտութիւն Խմբագրել

Հայագիտութիւնը զարգացնելու, հայոց լեզուի ու գրականութեան, հայոց պատմութեան ուսուցիչներ, նաեւ խմբագիրներ եւ հանրային այլ գործիչներ պատրաստելու համար 1974-ին կը հիմնուի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկը։

Մշակոյթ Խմբագրել

Համազգային Մշակութային Միութեան մեծ իրագործումներէն է «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնը Պէյրութի մէջ, որ իր հարկին տակ կը պարփակէ Թորոս Ռոսլին կերպարուեստի ակադէմիան, Բարսեղ Կանաչեան երաժշտանոցը, ինչպէս նաեւ երգի եւ պալետի դպրոցներ։

Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլէճ Խմբագրել

Հիմնուած է 1983-ին: «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլէճին մէջ կայ շուրջ 200 աշակերտ. առաջին տնօրէնը եղած է Վաչէ Պարսումեանը, ապա յաջորդաբար տնօրէնի պաշտօնը վարած են տիկին Սոնա Քիւփէլեանը, Սեդրակ Սեդրակեանը, Երուանդ Երկանեանը, Արմէն Քեչեկն ու Յակոբ Հանտեանը. այժմ այս պաշտօնը կը վարէ Թամար Սնապեան Սուրճեանը:[3] Կը դասաւանդեն դաշնամուրի, ջութակի, կիթառի եւ զանազան լարային եւ այլ նուագարաններու գործնական եւ տեսական դասընթացներ: Երաժշտական քոլէժին մէջ կայ նաեւ երաժշտական գրադարան: Աւարտածները՝ յատուկ համաձայնագիրի տուեալներով կրնան կատարելագործել իրենց երաժշտական ուսումը Հայաստանի «Կոմիտաս»-ի անուան երաժշտական ուսումնարանէն ներս:

«Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոց Խմբագրել

Հիմնուած է 1988-ին եւ ունի շուրջ 60 աշակերտ: Մասնակից աշակերտները կանոնաւոր կերպով կը հետեւին գեղարուեստական դասընթացներուն: Կ՛ունենան աշակերտական եւ աւարտական ցուցահանդէսներ, ինչպէս նաեւ միջդպրոցական ցուցահանդէս-մրցումներ: Դպրոցը ունի մշակուած ծրագիր ու մասնագէտ ուսուցիչներ: Դպրոցը ունի վարիչ - պատասխանատուներ, եւ ուսուցչական կազմը կը բաղկանայ հայրենի եւ լիբանանահայ արուեստագէտներէ: «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի գեղարուեստական պատասխանատուն է Վազգէն Մուղալեանը:[4]

«Գայեանէ» պարի դպրոց Խմբագրել

Հիմնուած է 1989-ին, ունի շուրջ 270 աշակերտ: Պարի դպրոցը տարբեր դասարաններու աշակերտներուն կը սորվեցնէ պարի տարբեր ճիւղերը եւ կ՛ունենայ իր տարեկան ելոյթները, ինչպէս նաեւ շրջագայութիւնները: Երկար տարիներ պարի դպրոցի պարուսոյցը եղած է արուեստագէտ Ֆելիքս Յարութիւնեանը: Այժմ դպրոցի պարուսոյցներն են Կարէն եւ Ժաքլին Մակինեանները:[5]

«Կարկաչ» մանկական, պատանեկան եւ «Այգ» երիտասարդական երգչախումբեր Խմբագրել

Հիմնուած է 1997-ին: Տարիքային տարբեր բաժանումներով անդամները երգչախումբի մաս կը կազմեն, կ՛ունենան տարեկան համերգներ ինչպէս նաեւ շրջագայութիւններ: Երգչախումբերը յաճախ կ՛ունենան հայրենի հեղինակներու կողմէ յատուկ «Կարկաչ»-ի համար գրուած նոր երգերու կատարումներ: Երգչախումբերը կը գործեն Զաքար Քէշիշեանի խմբավարութեամբ:[6][7]

«Արեգ» մանկապատանեկան թատերական դպրոց Խմբագրել

Հիմնուած է 1999-ին: Թատերախումբի առաջին բեմադրիչը եղած է արուեստագէտ Վիգէն Ստեփանեանը, աւելի ուշ՝ հայրենի արուեստագէտ Դաւիթ Յակոբեանը: Այժմ դպրոցի ղեկավարն է Հրայր Գալեմքերեանը:[8]

«Քնար» պարախումբ Խմբագրել

Հիմնուած է 1956-ին՝ բժիշկներ Վարդգէս եւ տիկին Էկլանթին Աբրահամեաններու ջանքերով, ունի շուրջ 40 անդամ: Որոշակի ժամանակ պարուսոյց աշխատած է Գարինա Ալեքսանտրեանը: Այժմ պարուսոյցներն են Կարէն եւ Ժաքլին Մակինեան ամոլը:[9]

«Գասպար Իփէկեան» թատերախումբ Խմբագրել

Համազգային մշակութային միութեան թատերախումբ: Կազմակերպուած է 1941-ին, դերասան, դրամատուրկ եւ ռեժիսոր Գասպար Իփէկեանի նախաձեռնութեամբ. առաջին ներկայացումը Շանթի «Ընկած բերդի իշխանուհին», տեղի ունեցաւ 1942-ին: 1952-էն կոչուած է հիմնադրի՝ Գ. Իփէկեանի անունով: 1960-ականներէն թատերախումբը ներկայացումներ կու տայ Պուրճ Համուտի հայաշատ թաղամասի կեդրոնը կառուցուած «Յակոբ Տեր-Մելքոնեան» թատերասրահէն ներս (500 տեղ): Բեմադրուած են ազգային եւ թարգմանական պիէսներ՝ Շանթի «Հին աստուածներ», «Կայսր», Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան վնասները», Սունդուկեանի «Պէպօ», Շիրվանզադէի «Քաոս», Գոգոլի «Քննիչը», Իպսէնի «Ժողովուրդի թշնամին», Պանէօլի «Փառքի վաշխառուները» եւ այլն: Թատերախումբը ելոյթներ ունեցած է բազմաթիւ երկիրներու մէջ։ Թատերախումբին մէջ գործած են Ժորժ Մարգիսեանը (պարգեւատրուած է Լիբանանի պետական, Համազգայինի, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան շքանշաններուվ), դերասան-դերասանուհիներ Զ. Շանթը, Ն. Մինասեանը, Գ. Տեր-Կարապետեանը, Մ. Սարգիսեանը, Պ. Գարագաշեանը, Ժ. Շահապեանը, Հ. Պալեանը, Հ. Թորիկեանը, Դ. Պոյաճեանը, Ա. Խաչատուրեանը, Վ. Վարդապետեանը, Խ. Արարատեանը եւ այլք: 1982-85-ին թատերախումբը ղեկավարած է Բաբգէն Փափազեանը, բեմադրած է Շանթի «Օշին Պայլ» եւ Մուշեղ Իշխանի «Պարոյր Հայկազն եւ Մովսէս Խորենացի» պիէսները: 1987-2002-ին Վ. Խտշեանի բեմադրութեամբ թատերախումբը կը ներկայացնէ Շանթի «Հին աստուածներ», «Եսի մարդը», «Կայսր», Օշականի «Երկնքի ճամբով», Ա. Միլլերի «Բոլոր զաւակներս», «Գինը», Կ. Մանյէի «Օսկարը», Ն. Սայմոնի «Երկրորդ պողոտայի բանտարկեալը», Ժ. Շեհատէի «Պրիզպանի գաղթականը» եւ այլ պիէսներ: 2003-ին Զ. Եագուպեանի բեմադրութեամբ թատերախումբը ներկայացուցած է Մուշեղ Իշխանի «Կիլիկիոյ արքան» պիէսը։

«Վահրամ Փափազեան թատերախումբ» Խմբագրել

Կը կազմակերպուի 1959-ին, Վ. Փափազեանի անունով կը կոչուի 1960-ին: Թատերախումբի գործունէութեան առաջին փուլը կապուած է դերասան եւ բեմադրիչ Պերճ Ֆազլեանի անուան հետ, որ 1959-էն բեմադրած է Շանթի «Հին աստուածներ», Մ. Քոչարեանի «Մուսա լեռան քառասուն օրը», «Մոլիէրի Ժորժ Տանդէն», «Տարտիւֆ», Շէյքսփիրի «Ամառային գիշերուան երազ» եւ այլ պիէսներ: Այնուհետեւ թատրոնը ղեկավարած է դերասան եւ բեմադրիբ Գրիգոր Սաթամեանը: Անոր բեմադրութիւններէն են Ժ. Ֆէյտոյի «Կասկածը կնոջ մտքին մէջ», Պարոնեանի «Մեծապատիւ մուրացկաններ», Կամսարականի «Վարժապետին աղջիկը», Շէյքսփիրի «Բազում աղմուկ վասն ոչնչի են»: 1972-ին թատերախումբը ելոյթներ ունեցած է Հայաստանի մէջ։ Մինչեւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սկիզբը (1975) թատերախումբը իր ներկայացումները կու տայ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» 650 հոգինոց սրահէն ներս: 1975-ին Սաթամեանի ԱՄՆ գաղթելէն ետք, թատրոնի բեմադրիչներ կ'ըլլան Վաչէ Ատրունին (կը բեմադրէ Դ. Պսաֆասի «Ստախօս կուզուի», 1978), Թորոս Սարգիսեանն ու Զաւէն Գալուստեանը (կը բեմադրէ Կ. Գոլդոնիի «Ստախօսը», 1986), Վաչէ Տոներեանը (1988-90-ին, կը բեմադրէ Պ. Շենոնի «Ժառանգորդը» եւ Ժ. Ֆէյտոյի «Հաւատարմութիւն» պիէսները), Յարութիւն Գնդունին (1991-1992-ին կը բեմադրէ Պրիստլիի «Ակամայ խոստովանութիւն», Մոլիէրի «Երեւակայական հիւանդը» եւ Ն. Սայմոնի «Տարօրինակ ժամադրութիւններ» պիէսները)։ Վիգէն Ստեփանեանը (1994-95-ին կը բեմադրէ Լա Մուրէի «Ախ կլիներ, կլիներ» եւ իր հեղինակած «Պարոն լրտեսին վերջին գործը» պիէսները), Պ. Ֆազլեանը (կը բեմադրէ Մոլիէրի «Ագահը», 1996), Արտաշէս Յովհաննիսեանը (կը բեմադրէ Յակոբ Աթալեանի «Աղուէսն ու Աղասին», 1998) եւ Գրիգոր Տեկիրմէնճեանը (կը բեմադրէ Մ. Յեննըքէնի «Կիները բնաւ սուտ չեն խօսիր», 1999): Ե. Ղազանչեանը 2001-03-ին կը բեմադրէ Թ. Ուիլիամզի «Մենակութեան վերջին կանգառը», Է. տէ Ֆիլիպոյի «Երեխաները կը մնան երեխաներ» եւ Յ. Պարոնեանի «Պաղտասար աղբար» պիէսները: Թատերախումբի գործունէութիւնը իրենց երկարամեայ ու բեղմնաւոր աշխատանքով նպաստած են Լ. Գույումճեանը, Զ. Ներսէսեանը, Զ. Գալուստեանը, Թ. Սարգիսեանը, Գ. Սողոմոնեանը, Հ. Տատուրեանը, Հ. Թումեանը, Վ. Եուրնէշլեանը, Հ. Վարդիվառեանը, Լ. Մելքոնեանը, Պ. Տեր-Սահակեանը:

«Գուսան» երկսեռ երգչախումբ Խմբագրել

Կազմած է Կոմիտաս վարդապետը, ապա 1956-ին Բարսեղ Կանաչեանի ջանքերով կը հաստատուի Լիբանանի մէջ։ Կը սկսիլ գործել 1933-ին: Անդրանիկ համերգը տեղի ունեցած է Պէյրութի «Մեմօրիալ հոլ» թատրոնէն ներս (կազմը՝ 70 մարդ): Սկզբնական շրջանին ճանչցուած էր հիմնադիրի անունով ՝ «Բարսեղ Կանաչեան», ապա խմբավարի պաշտօնը ստանձնած են Յարութիւն Թոփիկեանը, Երուանդ Երկանեանը, Պարգեւ Թասլաքեանը, իսկ այժմ՝ Գրիգոր Ալոզեանը:[10] Յայտագիրը ընդգրկած է Կոմիտասի, հայ ժողովրդական եւ հոգեւոր, արաբական եւ քրտական ժողովրդական երգեր, ինչպէս՝ Բ. Կանաչեանի խմբերգերը, «Աբեղայ» օիպերայէն (ըստ Լեւոն Շանթի «Հին աստուածներ» տրամայի) հատուածներ: 1936-ին կազմուած է նաեւ «Գուսան» երաժշտասիրաց միութիւնը: Հայ եւ արաբ ժողովուրդներու բարեկամութեան ամրապնդման ուղղուած ջանքերու համար երգչախումբի ղեկավար՝ Բ. Կանաչեանը պարգեւատրուած է Լիբանանի «Մայրիներ Ա կարգի» պատուոյ նշանով: Ներկայիս Համազգային մշակութային միութեան նոյնանուն երգչախումբը կը փորձէ շարունակել Բ. Կանաչեանի ղեկավարած խումբի աւանդոյթները:

Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան Խմբագրել

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը ստեղծուած է 28 Մայիս 1928-ին Գահիրէի մէջ։ Գլխաւոր հիմնադիրներն էին Համօ Օհանջանեանը, Լեւոն Շանթը, Նիկոլ Աղբալեանը, Գասպար Իփէկեանը եւ ուրիշներ: Ընկերութեան նպատակն էր գալիք սերունդի կրթութիւնը մեծահասակներու ինքնազարգացումը եւ հայագիտութեան մշակումը: Իր նպատակներու իրագործման համար Համազգային ընկերութիւնը 3 Մարտ 1930-ին Պէյրութի մէջ կը հիմնադրէ հայ ճեմարան: Նորաբաց ճեմարանի տնօրինութիւնը կը ստանձնեն Լեւոն Շանթը եւ Նիկոլ Աղբալեանը: Լեւոն Շանթի մահէն ետք (1951) ճեմարանի տնօրէնի պաշտօնը կը ստանձնէ Սիմոն Վրացեանը եւ անոր կ՛օգնեն որպէս փոխտնօրէն՝ Մուշեղ իշխանը եւ Գառնիկ Բանեանը: Սիմոն Վրացեանի հիւանդութեան պատճառով, 1968-ի աշնան տնօրէն կը նշանակուի Հրաչ Տասնապետեանը:[11] Հրաչ Տասնապետեանի մահէն ետք (Ապրիլ 2001), ճեմարանի տնօրինութիւնը որոշ ժամանակ կը վստահուի եռանդամ տնօրէններու խորհուրդին: Այժմ ճեմարանի տնօրէնն է Փաուլա Եղիայեանը:[12] Այդ ճեմարանի նպատակն էր նոր սերունդին կրթելու միջոցով պատրաստել վաղուայ մտաւորական սերունդին, որ իր վրայ պիտի վերցնէր սփիւռքի մէջ հայապահպանման, հայ լեզուի, գրականութեան եւ մշակոյթի զարգացման պատասխանատուութիւնը: Ճեմարանը 1950-էն կ՛անուանուի Նշան Փալանճեան, իսկ 1986-էն արդէն՝ Մելանքթօն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան:

Համազգայինի հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկ Խմբագրել

Հայագիտական մասնագիտական ուսումնական հաստատութիւն,որ հիմնուած է 1974-ին (1975-79-ին չի գործեր): Նպատակն է պատրաստել մասնագէտներ հայկական մամուլի, դպրոցներու, հրատարակչութիւններու, ազգային եւ կուսակցական հաստատութիւններու մէջ աշխատելու համար: Առաջին տարին ունեցած է 15 ուսանող: Առաջին շրջանաւարտները տուած է 1983-ին: Մինչեւ այժմ տուած է աւելի քան 140 շրջանաւարտ: 1991-էն ուսման տեւողութիւնը երեք տարի է: Ունի հայոց լեզուի եւ գրականութեան, ինչպէս եւ հայոց պատմութեան առանձին բաժանմունքներ: 1991-ին Երեւանի պետական համալսարանի հետ կնքած պայմանագիրի հիման վրայ այստեղ կը դասաւանդեն Հայաստանէն գործուղուած մասնագէտներ: Հայագիտականի շրջանաւարտները իրաւունք ստացած են իրենց ուսումնառութիւնը շարունակել ԵՊՀ-ի մէջ։ Ուսանողներ կ՛ընդունին Լիբանանէն, Սուրիայէն, Իրանէն եւ այլ վայրերէ: Ունի գիշերօթիկ բաժին եւ ազատ ունկնդրի կարգավիճակ: Տնօրէնն է Երուանդ Փամպուքեանը (1979-էն):

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. 1,0 1,1 1,2 «Համազգայինի Ամփոփ Պատմութիւն»։ Hamazkayin։ 2013-11-15 
  2. «Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը»։ www.hamaskaine-tarkmantchatz.fr 
  3. «Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճի 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէս Ու Վկայականաց Բաշխում»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2019-07-06։ արտագրուած է՝ 2019-07-28 
  4. «Միջդպրոցական Գծագրութեան Մրցանք` Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոցին»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2019-04-08։ արտագրուած է՝ 2019-07-28 
  5. «Համազգայինի «Գայեանէ» Պարի Դպրոցին Տարեկան Ելոյթը` Տպաւորիչ Եւ Ողջունելի»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2019-06-28։ արտագրուած է՝ 2019-07-28 
  6. LLC VIP Studio։ «Պէյրութ. «Կարկաչ» խումբի փայլուն ելոյթը»։ www.arevelk.am (հայերեն)։ արտագրուած է՝ 2019-07-28 
  7. «Վարանդա եւ Այգ երգչախումբերու համատեղ համերգ»։ Tomsarkgh.am (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2019-07-28 
  8. «Հարցազրոյց Բեմադրիչ Հրայր Գալեմքերեանին Հետ` «Փոքր Հարուած Մը» Կատակերգութեան Առիթով»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2019-04-12։ արտագրուած է՝ 2019-07-28 
  9. «Համազգայինի «Քնար» Պարախումբը Իր Ելոյթով Հրապուրեց Արուեստասէր Հանրութիւնը»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2018-11-01։ արտագրուած է՝ 2019-07-28 
  10. «Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Պէյրութի «Կոմիտաս» Մասնաճիւղին. Համազգայինի «Գուսան» Երգչախումբը Արժանավայել Կերպով Նշեց Կոմիտասի 150-ամեակը»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2019-07-01։ արտագրուած է՝ 2019-07-28 
  11. «ՀՐԱՉ ՏԱՍՆԱՊԵՏԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿ»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2011-04-06։ արտագրուած է՝ 2019-07-28 
  12. «Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան Ժբ. Աւարտական Դասարանի Վկայականներու Բաշխման Հանդիսութիւն»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2019-07-17։ արտագրուած է՝ 2019-07-28 

Գրականութիւն Խմբագրել

  1. Ս. Հ. Վարժապետյան, « Հայերը Լիբանանի մեջ» Պէյրութ, 1951:
  2. Արաքս Փաշայեան «Լիբանանի վերջին պատերազմը եւ լիբանանահայութեան արդի հիմնախնդիրները» Երեւան,2006
  3. Արաքս Փաշայեան, «Լիբանանահայության մի քանի հիմնախնդիրների շուրջ», Երեւան,2006
  4. «Ազդակ» օրաթերթ