Հայկազուն Գալուստեան

Հայկազուն Գալուստեան (20 Օգոստոս 1920(1920-08-20) կամ 1923, Պոլիս - 4 Փետրուար 1985(1985-02-04), Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), Պոլսոյ մէջ աւելի քան քառորդ դար տեւող գրական գործունէութիւն ունեցած է, աշխատակցելով թերթերու, պարբերականներու եւ հանդէսներու, ապա՝ 1965-ին տեղափոխուած է Հայաստան։

Հայկազուն Գալուստեան
Ծնած է 20 Օգոստոս 1920(1920-08-20) կամ 1923
Ծննդավայր Պոլիս
Մահացած է 4 Փետրուար 1985(1985-02-04)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն
Քաղաքացիութիւն  Թուրքիա
 Խորհրդային Միութիւն
Ուսումնավայր Մեսրոպեան Վարժարան
Ազգային Կեդրոնական Վարժարան
Պոլսոյ Համալսարան
Մասնագիտութիւն գրագէտ, ուսուցիչ

Բացի իր բանաստեղծութիւններէն, տուած է քանի մը պատմուածք, գրական յօդուածներ ու տոմսակներ։ 1942-ին իր գրչեղբօր Կ. Ճանճիկեանի հետ հրատարակած է թրքերէն «Պալքսըս» անունով բանաստեղծութիւններու հաւաքածոյ մը։ Իր բանաստեղծութիւններէն մաս մը ամփոփուած են երկու գրքոյկներու մէջ. «ՔԱՐԻՒՂԻ ԼԱՄԲԱՐԸ» (1948) եւ «ԳՈՐԾԻՍ ՃԱՄԲՈՒՆ ՎՐԱՅ» (1962): Գործածած է Ա. Երէցեան, Անդրանիկ Սարգսեան, Տիգրան Կարապետեան եւ Գանձիչ գրչանունները։

Հայկազուն Գալուստեան ծնած է Պոլիս։ Իր նախակրթութիւնը ստացած է Կէտիկ Փաշա Թաղին Ս. Մեսրոպեան վարժարանին մէջ։ Յետոյ երկու տարի յաճախած է Ազգ. Կեդրոնական վարժարան: Ստիպուած եղած է հեռանալ դպրոցէն, ընտանիքին ապրուստը հոգալու համար։ Տարիներ ետք, ինքնաշխատութեամբ շարունակած է իր ուսումը եւ ստացած է է լիսէի վկայական։

1960-ին պաշտօն ստանձնած է Գարակէօզեան Որբանոցին մէջ, միեւնոյն ատեն հետեւելով Իսթանպուլի Համալսարանի Գրական Ֆաքիւլթէի դասընթացքներուն։ 1964-ին վկայուած է Փիլիսոփայութեան ճիւղէն։

Յաջորդ տարի մեկնած է Հայաստան եւ Երեւանի համալսարանին մէջ հետեւած՝ Մարքսիզմի։ Այնուհետեւ պաշտօնի կոչուած է Հայաստանի ՍՍՀ Գիտութիւններու Ակադեմիայի Արեւելագիտութեան բաժնին մէջ։

Իր մահկանացուն կնքած է հայրենիքի մէջ, ժառանգ թողելով բազմաթիւ անտիպ գործեր եւ գիտական ուսումնասիրութիւններ։

Հայկազուն Գալուստեանի բանաստեղծութիւնները պարզ են, բայց խորիմաստ եւ ազդու։ Ան պաշտպանն է զրկեալին ու խոնարհին։ Ինքնատիպ, յստակ եւ տպաւորիչ ոճով կը նկարագրէ մարդկային տկարութիւնները։

Աղբիւրներ Խմբագրել