Հայոց Պատմութիւն

Հայոց պատմութիւն կամ Հայ Ժողովուրդի Պատմութիւն, հայ «էթնոսի» (անգլերէն բառ այսինքն՝ ցեղախումբ, անգլ.՝ ethnos) հինգ հազարամեայ պատմութիւն, որ ժամանակագրական առումով կը բաժանուի մի քանի դարաշրջաններու։ Այդ բաժանումը կ՝ անուանեն պարբերացում կամ շրջանաբաժանում։ Ներկայիս պարբերացումը կը կատարուի հետեւեալ սկզբունքով.

Հայոց Պատմութիւն

Հայ ժողովուրդն ապրեր է հզօրութեան ժամանակներ, ենթարկուեր է այլեւայլ փորձութուններու եւ հասեր է 21-րդ դար՝ մեծ զոհողութիւններու գնով վերականգնելով իր անկախութիւնը՝ ի դէմս Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի։ Սակայն իր հարեւանութեամբ ապրող շատ ժողովուրդներ, որոնք մինչեւ իսկ կայսրութիւններ հիմներ են, չեն դիմացեր պատմութեան փորձութուններուն եւ ընդմիշտ անհետացեր են պատմութեան թատերաբեմէն։

Պատահական չէ, որ ազատագրական պայքարը եղեր է հայոց պատմութեան մշտական ուղեկիցը՝ անկախութիււնը կորսնցուցած ժամանակաշրջաններուն իսկ՝ հայոց հոգեւոր եւ նիւթական մշակոյթը լեցուն է ազատագրական պայքարն արտացոլող գործերով։ Տակաւին վերջերս հայ ժողովուրդի հերոսական պայքարին եւ անոր զաւակներուն արեան գնով ազատութիւն ձեռք բերաւ Արցախահայութիւնը, որ մեր ժողովուրդին դարաւոր մաքառումներուն ու պայքարի մերօրեայ դրսեւորումն էր[1]։

Պատմագիտութիւն Խմբագրել

Հայաստանի եւ հարեւան ժողովուրդներու պատմութեան ուսումնասիրութեան համար կարեւոր սկզբնաղբիւրներ են հայ պատմիչներու աշխատութիւնները։ Հայ պատմագրութեան անդրանիկ երկը՝ «Վարք Մաշտոցի», գրուած է 5-րդ դարու 40-ականներուն, որ մեզ հասած է 13-14-րդ դարերուն կատարուած ընդօրինակութեամբ։ Մաշտոցի աշակերտ Կորիւնի գրած այս երկին մէջ կը նկարագրուի Մաշտոցի կեանքն ու գործունէութիւնը, կը տրուի հայկական, վրացական եւ աղուանի գրերու ստեղծման պատմութիւնը (աշխատութիւնը թարգմանուած է գերմաներէն (1841), ֆրանսերէն (1869), անգլերէն (1952), ռուսերէն (1962) իտալերէն (1857)։

Ագաթանգեղոսի (5-րդ դար) պատմութեան մէջ տրուած է Հայաստանի մէջ հեթանոսական կրօնի դէմ մղուած պայքարին եւ 301 թուականին քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօնի ճանաչման պատմութիւնը, քրիստոնէութեան սկզբնական շրջանին պատմութեան ուսումնասիրման համար այս կարեւոր սկզբնաղբիւրը զանազան խմբագրութիւններով յայտնի եղած է շարք մը հին լեզուներով (խմբագրութիւններէն քանի մը հատը եւ հայերէն բնագիրը նոր ժամանակներուն թարգմանուած են իտալերէն (1843), շուետերէն (1860) ֆրանսերէն (1867), անգլերէն (1976) եւ այլ լեզուներու)։ Ագաթանգեղոսի ժամանակակից Փաւստոս Բիւզանդի աշխատութիւնը կ՝ ընդգրկէ 330-387 թուականներու պատմական ժամանակաշրջանը եւ կ՝ արտացոլէ Հայաստանի հասարակական–քաղաքական պատմութիւնը։ Այստեղ կարեւոր տեղեկութիւններ կան հայ-հռոմէական եւ հայ-պարսկական յարաբերութիւններուն մասին, ինչպէս եւ ուշագրաւ տուեալներ Անդրկովկասի ժողովուրդներու պատմութեան վերաբերեալ (աշխատութիւնը թարգմանուած է գերմաներէն (1879), ֆրանսերէն (1867), ռուսերէն (1953))։ Մովսէս Խորենացին (5-րդ դար) իր «Հայոց Պատմութիւն» աշխատութեան մէջ առաջին անգամ ժամանակագրական կարգով կու տայ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը՝ սկսած առասպելական ժամանակներէն, մինչեւ հինգերորդ դարը։ Մովսէս Խորենացին սերունդներու կողմէն, իրաւամբ, «Պատմահայր» անունը ստացած է։ Մատենադարանին մէջ կը պահուին անոր «Հայոց պատմութեան» ձեռագիրներէն 31-ը ու քանի մը պատառիկ, որոնցմէ հնագոյնը իններորդ դարէն հասած է։ Հայաստանի պատմութիւնը գրելով Խորենացին ձեռքի տակ ունեցած է յոյն, ասորի հեղինակներու երկեր, որոնցմէ քաղուածքներ կը բերեն եւ որոնցմէ քանի մը հատը աշխարհին յայտնի դարձած են միայն Խորենացիի գիրքի միջոցաւ։ «Հայոց պատմութեան» համար աղբիւր հանդիսացած է նաեւ հայկական բանահիւսութիւնը եւ այլ ժողովուրդներու աւանդական անցեալը ուսումնասիրելու համար։ Բաւական է ըսել, որ իրանական բանահիւսութեան հանրայայտ հերոս Ռոստամի անուան ամենավաղ արձանագրութիւնը (աւելի վաղ, քան իրանական արձանագրութիւնները) կը պատկանի Մովսէս Խորենացիին։ Ֆիրտուսէն մօտ 500 տարի առաջ Խորենացին արձանագրած է Բիւրասբի Աժտահակի առասպելը։

Համաշխարհային նշանակութիւն ունեցող այս երկն արդէն աւելի քան երկու դար կ՝ ուսումնասիրուի նաեւ օտար պատմաբաններու եւ բանասէրներու կողմէն։ 1736 թուականին այն թարգմանուած է լատիներէն եւ հայերէն բնագիրին հետ միասին լոյս տեսած է Լոնտոնի մէջ։ Իսկ մինչ այդ անոր համառօտ բովանդակութիւնը, Շուէտի (Sweden) գիտնական Հենրիխ Պենները (1669-1732), տպագրած է Սթոքհոլմի (Stockholm) մէջ։ 18-րդ դարու հրատարակութիւններուն յաջորդեց տարբեր լեզուներով շարք մը հրատարակութիւններ՝ ռուսերէն (1809, 1858, 1893) ֆրանսերէն (1836, 1844, 1869, 1993), իտալերէն (1841, 1850) գերմաներէն (1869, 1881) հունգարերէն (1892), պարսկերէն (1992)։

Հինգերորդ դարու պատմիչ Եղիշէն իր «Վասն Վարդանայ Եւ Հայոց Պատերազմի» երկին մէջ կը պատմէ Սասանեան Պարսկաստանի դէմ 451 թուականին հայերու մղած անձնուրաց պայքարին, հայրենի երկրի ազատութեան ու անկախութեան համար մարտնչելու իր զաւակներու անխախտ կամքի մասին։ Երկի վերնագիրը կը կրէ հայկական հերոսական զօրագունդերու անմահացած զօրավար Վարդան Մամիկոնեանին անունը։ «Վարդանանց Պատմութիւնը» արժէքաւոր տեղեկութիւններ կը պարունակէ զրադաշտական կրօնի եւ առհասարակ Պարսկաստանի քաղաքական կեանքի վերաբերեալ։ Աշխատութիւնը հրատարակուած է մօտ 40 անգամ հայերէն եւ օտար լեզուներով՝ անգլերէն (1830, 1926, 1952 թ), իտալերէն (1840), ֆրանսերէն (1841, 1869), ռուսերէն (1853, 1884, 1971)։

Մատենադարանին մէջ կը պահուին 5-րդ դարու պատմիչ Ղազար Փարպեցիի «Հայոց Պատմութիւն» աշխատութեան երկու ընդօրինակութիւնները։ Պատմութիւնը կ՝ ընդգրկէ 387-486 թուականներու միջեւ ինկած ժամանակաշրջանի պատմական իրադարձութիւններու նկարագրութիւնը, ուր կ՝ արտացոլուին նաեւ Պարսկաստանի, Բիւզանդական կայսրութեան սահմաններուն, Վրաստանի, Աղուանքի եւ այլուր տեղի ունեցած պատմական անցուդարձերը։

Դէպի Հայաստան եւ Փոքր Ասիա արաբներու կատարած արշաւանքներուն վերաբերեալ հաւաստի աղբիւր է 8-րդ դարու պատմիչ Ղեւոնդի երկը։ Այստեղ կը հանդիպին հայերու, վրացիներու, աղուաններու, խազարներու եւ միւս կողմէն արաբներու միջեւ եղած փոխյարաբերութիւններուն վերաբերող որոշ տեղեկութիւններ, որ այլ աղբիւրներուն յայտնի չեն։

Ղեւոնդի Պատմութիւնը հետաքրքիր սկզբնաղբիւր է նաեւ արաբական բռնակալութեան դէմ մղուած ազատագրական պայքարի պատմութեան ուսումնասիրման համար։ Հայ պատմագրութեան մէջ առանձնակի տեղ ունի Մովսէս Կաղանկատուացին՝ յայտնի «Պատմութիւն Աղուանէն» երկով։ 7-էն 10-րդ դարերու տարբեր հեղինակներու մասնակցութեամբ ստեղծուած այս Պատմութիւնը համաշխարհային գրականութեան մէջ միակն է, որ նուիրուած է յատկապէս Աղուանի աշխարհի պատմութեան /"Աղուանի աշխարհ" ըսելով հիմնականօրէն հասկցուած է "Հայոց Արեւելքէն կողմանք"-ը /։ 10-րդ դարու միւս մատենագիրներէն Յովհաննէս Դրասխանակերտցիի, Թովմա Արծրունիի, Ուխտանեսի եւ Ստեփանոս Ասողիկի երկերուն մէջ նոյնպէս կը հանդիպինք կարեւոր տեղեկութիւններու՝ ժամանակի քաղաքական յարաբերութիններու եւ ընկերային պայքարի մասին։ 11-րդ դարու պատմիչ Արիստակէս Լաստիվերտցին պատմած է սելճուք թուրքերու եւ բիւզանդացիներու արշաւանքներու մասին։ Այս շրջանին է, որ կը սկսի հայերու գաղթը դէպի օտար հորիզոններ։ Լաստիվերտցին նշած է նաեւ ներքին հակասութինները վաճառականներու եւ հարուստ մարդկանց անազնուութեան, խաբեբայութեան, կաշառակերութեան, շահամոլութեան, իշխաններու անմիաբանութեան մասին, որոնք նաեւ պատճառ դարձած են երկրի ծանր վիճակի համար։ 12-13–րդ դարերուն տեղի կ՝ ունենայ քաղաքային կեանքի զգալի աշխուժութիւն։ Հայաստան կը դառնայ առեւտրական ճանապարհներու կցումը։ Կիլիկիոյ մէջ կը հիմնուի հայկական իշխանութիւն, որ կը գոյատեւէ շուրջ երեք դար (մինչեւ 1375)։ Այս ժամանակաշրջանը (12-13-րդ դարեր) հայ պատմագրութեան ամենաբեղուն շրջաններէն մէկն է, որ տուած է աւելի քան տասը խոշոր պատմիչներ ու ժամանակագիրներ Սամուէլ Անեցի, Մխիթար Անեցի, Մատթէոս Ուռհայեցի, Մխիթար Այրիվանեցի, Վարդան Արեւելցի, Կիրակոս Գանձակեցի, Գրիգոր Ակներցի կամ Ականցի, Վահրամ Րապունի, Սմբատ Սպարապետ (Գունդստաբլ), Հեթում պատմիչ, Ստեփանոս Օրբելեան եւ ուրիշներ։ 14-16-րդ դարերը հայ պատմագրութեան ամենաամուլ դարերն են։ Այս ժամանակաշրջանը տուած է ընդամէնը մէկ նշանաւոր պատմիչ Թովմա Մեծոփեցի (1376/9-1446), որ գրած է Լենկ Թիմուրի եւ անոր յաջորդներուն արշաւանքներու շրջանին Հայաստանի պատմութիւնը։ Այս դարերու մանր ժամանակագիրներու երկերէն Մատենադարան մէջ կը պահուին Գրիգոր Խլաթեցիի (Ծերենց) (1350-1425), Մովսէս Արծկեցիի, Առաքել Բաղիշեցիի, Աբրահամ Անկիվրացիի, Սիմէոն Ապարանցիի չափածոյ պատմութիւնները, Անդրէաս Եվդոկացիի, Բարսեղ Արճիշեցիի, Յովհաննէս Ծարեցիի եւ ուրիշներուն “Ժամանակագրութիւն” -ները, որոնք արժեքաւոր տեղեկություններ կը հաղորդեն ժամանակի քաղաքական ու տնտեսական կեանքին մասին։ 17-18-րդ դարերը խիստ կը տարբերուին նախորդ շրջանէն։ Անոնք հարուստ են ինչպէս մանր, այնպէս եւ խոշոր պատմական գործերով։ 17-րդ դարու խոշոր պատմիչ Առաքել Դավրիժեցիի (1669) Հ«այոց Պատմութիւն»ը կ՝ ընդգրկէ 1601-1662 թուականներուն տեղի ունեցած դէպքերը՝ Հայաստանի, Թուրքիոյ, Իրանի, Սթամպուլի, Սպահանի, Լվովի եւ այլ վայրերուն մէջ հայկական գաղութները։ Այստեղ մանրամասն կը ներկայացուի պարսից Շահ Ապպաս Ա. թագաւորին կողմէ՝ հայերու Պարսկաստան բռնի գաղթեցնելու պատմութիւնը։ Մատենադարան կը պահուին նաեւ այդ շրջանի միւս նշանաւոր պատմիչներու, ժամանակագիրներու, ճանապարհորդներու գործերը, որոնց մէջ Զաքարիա Սարկաւագի (ծն.՝ 1620), Երեմիա Չելեպիի (1637-1695), Կոստանդ Ջուղայեցիի (17-րդ դար), Եսայի Հասան Ճալալեանի (1728) եւ ուրիշներու աշխատութիւնները, ինչպէս եւ Յակոբ Շամախեցիի (1763), կաթողիկոս Սիմէոն Ա. Երեւանցիի (1780) եւ բազմաթիւ այլ մատենագիրներու երկերը։

Որոշակի պատմագրական արժէք կը ներկայացնեն նաեւ օտար պատմիչներու աշխատութիւններու հայերէն թարգմանութիւնները, որոնց մէջ կան, Եվսեբիոս Կեսարեցիի, Սոկրատ Աքոլաստիքոսի, Միքաէլ Ասորիի, Մարտիրոս Լեհացիի, Գէորգ Ֆրանցեսի եւ ուրիշներու պատմական գրուածքները։ Ասոնց մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ 4-րդ դարու առաջին կէսի յոյն պատմիչ Եվսեբիոս Կեսարացիի Ժամանակագրութինը (“Քրոնիկոն”), որուն յունարէն բնագիրը անհետ կորսուած է, որ բանասիրութեան յայտնի դարձաւ 1787 թուականին, այժմ Մատենադարանին մէջ պահուող թիւ 1904 ձեռագիրի միջոցաւ։ Հայկական պատմական մատենագրութեան ինքնուրոյն եւ թարգմանական երկերուն հետ միասին գիտական մեծ արժէք կը ներկայացնեն Մատենադարանին մէջ պահուող օտար լեզուներով գրուած պատմագրական աշխատութիւնները։

Հնագոյն Պատմութիւն Խմբագրել

Նախնադարեան Շրջան Խմբագրել

Ըստ Մովսէս Խորենացիի «Հայոց պատմութեան»՝ «Հայաստան» անունը կը կապուի Հայկ նահապետի անունին հետ, որ հայոց երկրին հիմնադիրն է։ Ներկայիս, գիտական հետազօտական շրջանակներու մէջ, ընդունուած է հայ ժողովուրդի ինքնանուանումը կապել խեթական արձանագրութիւններուն մէջ յիշատակուող Հայասա երկիրին հետ, որ, ենթադրաբար, զբաղեցուցած է՝ Փոքր Հայքի արեւելեան մասի եւ Մեծ Հայքի՝ Բարձր Հայք նահանգի տարածքը, Արեւմտեան Եփրատի ջրահաւաք աւազանէն մինչեւ Սեւ ծով՝ ներառելով Արեւելա-Պոնտական լեռները։

 
Ազոխի քարանձաւ, Արցախ

Հայկական լեռնաշխարհը[2], հնագոյն մարդուն նախնական բնակեցման տարածաշրջաններէն մէկն է։ Այստեղ կան քարէ դարու բոլոր փուլերուն (պալեոլիթ կամ հին քարէ դար՝ մինչեւ Ք.Ա. 12-րդ հազարամեակ, մեզոլիթ կամ միջին քարէ դար՝ Ք.Ա. 12-րդ հազարամեակ-Ք.Ա. 7-րդ հազարամեակի կէսեր, նեոլիթ կամ նոր քարէ դար՝ Ք.Ա. 7-րդ հազարամեակի կէսեր-Ք.Ա. 5-րդ հազարամէակի կէսեր), ինչպէս նաեւ պղնձի-քարի (Ք.Ա. 5-րդ հազարամեակի կէսեր-Ք.Ա. 4-րդ հազարամեակի վերջեր), պրոնզի (Ք.Ա. 3-րդ հազարամեակ-Ք.Ա. 2-րդ հազարամեակ) եւ երկաթէ դարերուն (Ք.Ա. 2-րդ հազարամեակ-Ք.Ա. 1-ին հազարամեակի կէսեր) վերաբերող յուշարձաններ։

Նախնադարեան հասարակութեան հին քարէ դարու առաջին ենթափուլը՝ ստորին հին քարէ դարը, Հայաստանի տարածքին սկսած է մօտ 2 միլիոն տարի առաջ եւ աւարտած է մօտ 100 հազար տարի առաջ։ Հայկական լեռնաշխարհին յայտնի են այս ժամանակաշրջանի քանի մը բացօթեայ հնավայրեր, կայաններ եւ քարայրային տիպի յուշարձաններ։ Մեր հայրենիքի բնակեցման սկզբնակէտերէն մէկն այսօր, ըստ վերջին տուեալներուն, կարելի է համարել Գուգարքի մէջ յայտնաբերուած հին քարեդարեան կայանը։ Այս հին վայրին տարիքը մօտ 1.8 միլիոն տարի է։ Այն Արեւմտեան Եւրասիոյ՝ մարդու մինչեւ այժմ յայտնի հնագոյն կայանն է։ Հնագոյն ժամանակներու մասին հարուստ տեղեկութիւններ կը պարունակեն յատկապէս Ազոխի քարայրը՝ Արցախ, Արտին լերան շրջակայքը եւ քանի մը յուշարձաններ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ։ Ստորին քարէ դարու աւարտը կը համարուի սառուցական 4-րդ դարաշրջանը։

 
Ժայռապատկեր Գեղամայ լեռներու քարանձաւներուն մէջ

Միջին հնաքարի (պալեոլիթի) ժամանակաշրջանը Հայկական լեռնաշխարհի տարածքին աւարտած է մօտ 40 հազար տարի առաջ։

Վերին հին քարէ դարն կ՝ ընդգրկէ մօտ 40000-12000 թուականներու ժամանակաշրջանը։ Հայաստանի տարածքին յայտնի են վերին հինքարիդարեան շուրջ 60 յուշարձան։ Անոնց հիմնական մասը կը գտնուի լեռնաշխարհի հիւսիս-արեւելեան, հարաւային եւ հարաւ-արեւմտեան մասերուն՝ Եփրատի աւազանին մէջ, Կորդուաց աշխարհին, Տիգրիսի աւազանին եւ այլուր։

Հայկական լեռնաշխարհի միջին քարէ դարու եւ նոր քարէ դարու սկզբնական փուլի (10000-8000) յուշարձաններն առայժմ տկար ուսումնասիրուած են։ Անոնց թիւը լեռնաշխարհի սահմաններէն ներս տակաւին չանցնիր 35-ը, որոնք ինչպէս բացօթեայ կայաններ ու հնավայրեր են, այնպէս ալ քարայր կացարաններ ու ժայռածածկեր։ Այժմեան Հայաստանի տարածքին այս փուլէն մնացած յուշարձաններ կան Ապարանի գոգաւորութեան մէջ։

Նոր քարէ դարը, նորագոյն ուսումնասիրութիւններու համաձայն, Հայաստանի տարածքը կը թուագրուի Ք.Ա. 10 հզ-էն մինչեւ 6-րդ հազարամեակի կէսերն ինկած ժամանակաշրջանով։ Ք.Ա. 8 հզ.-ի վերջերը արդէն գոյութիւն ունէին կայացած երկրագործական հասարակութիններ։ 1990-ական թուականներու առաջին կէսին Սասնոյ ջուր գետի արեւմտեան ափին պեղուած հնավայրի տուեալները եկան փաստելու, որ այստեղ կայուն բնակավայրեր հիմնող առաջին համայնքները հանդէս եկած են արդէն Ք.Ա. 10-րդ հզ.-էն։ Ուսումնասիրութիւններու արդիւնքը ակնյայտ դարձաւ, որ Հայկական Տաւրոսէն հիւսիս ինկած շրջաններու նոր քարէ դարու մշակոյթը տեղական արմատներ ունի։ Եդեսիոյ մօտ գտնուող Պորտաբլուր հնավայրի արեւելեան հատուածի վաղ շերտերուն բացուած է 1000 քառ. մեթր տարածք զբաղեցնող հրապարակ մը, որուն հարեւանութեամբ պեղուած են այսպէս կոչուած «սալէ կոթողներու տունը» եւ «գանգերու տունը»։

 
Քարահունջի աստղադիտարան

Այս, հասարակութեան կեանքէն ներս մեծ տեղ զբաղեցուցած են հաւատալիքներն ու ծէսերը, որոնք գերազանցապէս կապուած էին նախնիներու, ինչպէս նաեւ որոշ կենդանիներու, օրինակ՝ ցուլի, վիշապներու, բնութան երեւոյթներու պաշտամունքին հետ։

Պորտաբլուրի տարածքին յայտնաբերուած են «Երկիր» մոլորակի վրայ մինչ օրս յայտնի ամենահին տաճարները։ Այստեղ յայտնաբերուած են մօտ 700 քարէ արձանիկներ։

Ք.Ա. 4-րդ հազարամեակի երրորդ քառորդէն, հասարակական առաջընթացը, Հայաստանի տարածքին նոր փուլ կը թեւակոխէ։ Լեռնաշխարհն այնուհետեւ կը ներկայանայ զարգացման նոյն մակարդակի վրայ գտնուող եւ համասեռ մշակոյթով հասարակութեամբ մը, որ շուրջ հազար տարի կը պահպանէ մշակութային միասնութիւնը։ Այդ ժամանակահատուածը հիմնականօրէն կը համապատասխանէ մեր պատմութեան վաղ պրոնզի դարուն՝ Ք.Ա. 3500-2300 թուականներ։ Այս ժամանակաշրջանին կը տարածուի «Կուր-արաքսեան մշակոյթը», յատկապէս «Շենգաւիթեան մշակութային համալիրը»։ Շենգաւիթի համալիրը կը գտնուի Երեւանի հարաւ-արեւմտեան մասը, Հրազդան գետի ձախափնեայ բլուրին վրայ, ներկայիս Երեւանեան լիճի շրջանը։

 
Ժայռապատկերներ

Հարիւրամեակներ շարունակ տարածաշրջանին գերիշխող էր Կուր-Արաքսեան մշակոյթը։ Այդ ընդհանրութեան կազմալուծման զուգընթաց Ք.Ա. 3 հազարամեակի երրորդ քառորդի ընթացքին լեռնաշխարհի մեծ մասը ասպարեզէն դուրս մղուեցաւ Շենգաւիթեան մշակութային համալիրը։ Այստեղ կը տարածուի առաւելապէս դամբարանաբլուրներով յայտնի վաղ կուրգաններու մշակոյթը։

Ք.Ա. 3 հազարամեակի վերջին երկու հարիւրամեակներուն կ՝ արմատաւորուին, այսպէս կոչուած, Թռեխք-Վանաձորեան մշակութային համալիրները։ Անոնք ներկայացուած են բացառապէս դամբարաններով, իսկ մեծաքանակ բնակավայրեր չեն փաստագրուած։ Լեռնաշխարհի հարաւ-արեւմտեան շրջաններուն Ք.Ա. 2 հզ.-ի սկիզբներէն հանդէս եկած է տեղական Ծոփք-Մալաթիոյ միջին պրոնզեդարեան մշակոյթը։

 
Աշխարհի քարտէսը ըստ Հերոտոթոսի

Ք.Ա. 16-րդ դարու վերջ-Ք.Ա. 13-րդ դարու առաջին կէսն ինկած ժամանակահատուածին, յստակ կ՝ ընդգծուի վերոյիշեալ մշակոյթներու խաչասերման եւ «ժողովրդագրական պայթիւնի» հետ զուգորդուող Լճաշէն-Մեծամօրեան մշակոյթի ծաւալման համապատկերը։ Այդ ժամանակաշրջանի գտածոներէն կարելի է առանձնացնել ծիսական անօթները, սպիտակ եւ կարմիր գոյներով յարդարուած խեցեղէնը, պրոնզէ դաշոյնները, նետ-աղեղները, մեծաքանակ ուլունքները եւ այլն։ Հայ վարպետները դեռ նախնադարուն հմտացած էին ոսկէ եւ արծաթէ զարդերու պատրաստման մէջ։ Միջագետքի պետութիւններու հետ կը կատարուէր առեւտուր՝ Եփրատ գետի հոսանքով։ Ինչպէս կը վկայէ Հերոտոթոս, լաստերով բեռնած ապրանքը աւանակներու հետ կ՝ իջեցնէին Բաբելոն, ուր լաստերը կը շարէին աւանակներու վրայ եւ կը վերադառնային Հայաստան։

Հայաստանի երկաթէ դարը կը սկսի Ք.Ա. 2-րդ հազարամեակին։ Երկաթի պաշարներով հարուստ Հայկական լեռնաշխարհը (Զանգեզուրի լեռնաշղթան, Մշոյ դաշտը եւ այլն) դարձաւ Առաջաւոր Ասիոյ հումքի գլխաւոր մատակարարը, գրաւեց գերիշխող դիրք։

Կեդրոնական Անդրկովկասի յայտնաբերուած նեոլիթ Neolithic դարաշրջանի վաղ մշակոյթներէն է Շուլավեր-Շոմի մշակոյթը, (Ք.Ա. 6-4-րդ հազարամեակներ)։ Միւս վաղ մշակոյթներէն են՝ Կուր-Արաքսեան մշակոյթը (Ք.Ա. 4-2-րդ հազ.) եւ Թռեղքի մշակոյթը (Ք.Ա. 2200 - 1500)։

Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին յայտնաբերուած են բազմաթիւ քարէ շինութիւններու մնացորդներ. Տոլմեններ (dolmens), մենհիրներ (menhir), Քրոմլեխներ(cromlech) եւ Քիքլոփեան (kiklopean) շինութիւններու պատեր։ Մեծ թիւով մեկալիթեան (megalitean) շինութիւններ յայտնաբերուած են Արագածի ստորոտներուն, ժամանակակից Օշական, Փարպի, Աղցք եւ Սիսիան բնակավայրերու շրջակայ դաշտավայրերուն մէջ, ինչպէս նաեւ Շուշիի շրջակայքը (Արցախ)։ Աւելի լաւ պահպանուած են ծիսական եւ քիքլոփային (kiklopean) շինութիւնները Կոշի եւ Աղաւնատան մօտակայքը։ Մեծ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ Արաքս գետի մօտ նեոլիթիքեան (Neolithic) գիւղական բնակավայրի մնացորդները, ինչպէս նաեւ Զօրաց քարեր մեկալիթեան (megalitean) համալիրը, յայտնի է նաեւ որպէս Քարահունջ[3], որ կը գտնուի Սիւնիքի տարածքին Սիսիան քաղաքէն ոչ հեռու։ Կարեւորագոյն հնագիտական յուշարձաններ գտնուած են Շենգաւիթի, Լճաշէնի, Ներքին եւ Վերին Նաւերի, Արթիկի, Քարաշամբի պեղումներու արդիւնքին։ Հնագիտական ուսումնասիրութիւններուն ընթացքին յայտնաբերուած են նիւթական մշակոյթի յուշարձաններ. գործուածքի մասնիկ Ք.Ա. 16-15-րդ դարեր (Արթիկ) անթերի ձեւի արծաթէ փոքր կացին (axe) Ք.Ա. 22-21-րդ դարեր (Քարաշամբ) բարձրաճաշակ պրոնզէ արձաններ Ք.Ա. 15-14-րդ դարեր (Լոռի-Բերդ) առիւծներու պատկերներով ոսկէ գաւաթ Ք.Ա. 3-րդ հազարամեակ (Վանաձոր), չորս անուանի քարշակներ (թրաքթորներ) Ք.Ա. 3-րդ հազարամեակ (Լճաշէն), գորտի արձանիկ Ք.Ա. 13-12-րդ դարեր (Լճաշէն)։

Հայ Ժողովուրդի Կազմաւորումը Խմբագրել

Հայախօս ցեղերը կ՝ ապրէին Հայկական լեռնաշխարհի հարաւ-արեւմտեան շրջաններուն մէջ՝ Ք.Ա. 2-րդ հազարամեակի վերջերը, հաւանաբար Մալաթիա պատմական շրջանը[4]։ Այդ նոյն ժամանակաշրջանին, Ք.Ա. 2-րդ հազարամեակի վերջը հայկական լեռնաշխարհի կեդրոնական մասը կ՝ ապրէին խուռիներ, որոնք մնացած էին Միտաննի պետութեան անկումէն ետք, խեթեր եւ Լուվիացիներ, որոնք մնացած էին Խեթական թագաւորութեան անկումէն ետք, եւ ուրարտացիները, որ տեղափոխուած էին Հայկական լեռնաշխարհ Ռեւանտուզ շրջանէն, այժմէական «Պարսկաստանի» Իրանի հիւսիս-արեւելքը, Ուրմիոյ լիճի մօտակայքը[5][6][7][8]։

Այդ ժողովուրդները կը ձգտէին պաշտպանուիլ հարաւէն ասորեստանցիներու յաճախակի յարձակումներէն եւ աստիճանաբար Ք.Ա. 13-րդ – 12-րդ դարերուն Վանայ լիճի շրջակայքին կը կազմաւորուի Նայիրի ցեղերու միութիւն, որուն հիման վրայ Ք.Ա. 9-րդ դարուն կը ձեւաւորուի Ուրարտու պետութիւնը, որուն գլխուն կանգնած էր ուրարտախօս ընտրանին եւ, որ կ՝ ընդգրկէր խառն ազգային կազմով շարք մը շրջաններ, ուր սակայն կը գերակշռէին ներկայիս հայերու նախորդները։

Ըստ ներկայիս ընդունուած տեսակէտին՝ նախահայերը բնակած են աւելի շուտ Հայասա կամ Հայասա-Ազզի երկիրը, որ գտնուած է Հայկական լեռնաշխարհի արեւմուտքը։ Իսկ ըստ շատ գիտնականներուն, այդ թիւին՝ Նիկողայոս Ադոնցի «Հայասա» անունը ծագում առած է հայ արմատէն եւ խեթական «ասա» վերջածանցէն[9]։

Վանի Թագաւորութիւն Խմբագրել

 
Վանի թագաւորութիւնը եւ ժամանակակից պետութիւններու սահմանները

Պատմական Հայաստանի տարածքին առաջացած ամենաառաջին պետութիւնը, որ ընդգրկեց Հայկական լեռնաշխարհին մեծ մասը, Վանի թագաւորութիւնն էր։ Մայրաքաղաքն էր Վանը (Տուշպա, Տոսպ)։ Գոյութիւն ունեցած է Ք.Ա. 9-6-րդ դարերուն։ Հիմնադիրն էր Արամէն (Ք.Ա. 859 – Ք.Ա. 843)։ Կան տարբեր տեսակէտներ այս պետութեան հայկական ըլլալուն մասին։ Անոնցմէ մէկուն համաձայն՝ Ք.Ա. 9-րդ դարուն, հիմնադրուած այդ պետութիւնը հայկական չէր, թէեւ բնակչութեան բացարձակ մեծամասնութիւնը կազմած են հայկական ցեղերը (Արմէ, Ուրմէ, Սուբարտու, Նայիրի եւ այլն)։ Մէկ այլ տեսակէտ կը գտնէ, որ Վանի թագաւորութիւնը հայկական պետութիւն էր, իսկ իրեն յաջորդած Երուանդունիներու թագաւորութիւնը երկրի ներքին արքայական կամ թագաւորական ցեղին փոփոոխութիւն էր։ Այս տեսակէտի հիմքերէն մէկը Ուրարտու եւ Արարատ եզրոյթներու նոյնացումն է։ Առաջին վկայութիւնները Ուրարտուի ցեղախումբի մասին կը թուագրուին Ք.Ա. 13-րդ դարուն՝ Ասորեստանի արձանագրութիւններուն մէջ։ Սալմանասար Ա. թագաւորը (Ք.Ա. 1266- Ք.Ա. 1243) դէպի Հայկական լեռնաշխարհ կատարած արշաւանքի արձանագրութեան մէջ կը նշուի, որ իր դէմ դուրս եկած են ութը միաւորուած երկիրներ, որոնց ան յաղթած է, աւերելով 51 բնակավայր, յափշտակելով անոնց գերիներն ու ունեցուածքը։ Յաջորդ վկայութիւնը կրկին գլուխ բարձրացուցած այդ ցեղախումբի մասին է Ք.Ա. 11-րդ դարուն՝ Թիգլաթպալասար Ա. թագաւորի կողմէն։ Երկու արձանագրութիւններուն մէջ ալ Ասորեստանի թագաւորները նշած են, որ յաղթած են իրենց եւ աւերած են երկիրը (Վանայ եւ Ուրմիոյ (Կապուտան) լիճերու միջեւ)։ Եւս երկու դար անց՝ 9-րդ դարուն, ուրարտացիները կը հիմնեն իրենց պետութիւնը, եւ անոր առաջին թագաւոր Արամէն կը դիմադրէ ասորեստանցիներուն եւ այդ մասին կը յայտնէ արձանագրութեան մէջ։

 
Ուրարտական արձանիկ

Վանի թագաւորութիւնը հզօրութեան գագաթնակէտին հասած է Մենուա (Ք.Ա. 810-Ք.Ա. 786), Արգիշտի Ա. (Ք.Ա. 786-Ք.Ա. 764) եւ Սարտուրի Բ. (Ք.Ա. 764-Ք.Ա. 735) թագաւորներու օրերուն։ Անոնք կ՝ ընդարձակեն թագաւորութեան տարածքը Հայկական լեռնաշխարհի ցեղերու եւ ու ցեղային միութիւններու հաշւոյն, կը յաջողին իրենց ենթարկեցնել Ուրմէն (Տարօնը), Արմէն (Սասունը), Տայան (Տայքը), Արարատեան դաշտը եւ այլ տարածքներ։ Պետութիւնը կ՝ ընդարձակէ իր սահմանները՝ շրջանցելով ախոյեան Ասորեստանին՝ ներառելով Արեւմտեան Իրանը, Հարաւային Միջագէտքը, ինչպէս նաեւ Միջերկրական ծովի ափամերձ տարածքները՝ հասնելով Կիլիկիոյ Ատանավանա (այժմ՝ Ատանա) քաղաքը։ Անոնց օրերուն Արարատեան դաշտի տարածքին հիմնադրուած են Էրեբունի, Արգիշտիխինիլի, Թէյշեբայինի քաղաք-ամրոցները։ Էրեբունիի անունին հետ ընդունուած է կապել Հայաստանի ներկայիս մայրաքաղաք Երեւանի անունը։ Ք.Ա. 8-րդ դարու կէսերուն սկսած տիրապետութիւնը աստիճանաբար կը տկարանայ Ասորեստանի եւ Հիւսիսային Կովկասի ցեղերուն հետ պատերազմներու պատճառով։ Մեծ վնաս կը հասցնեն սկիւթները եւ Կիմմերները։ Ք.Ա. 612 թուականին Մարաստանի եւ Բաբելոնի միացեալ զինուած ուժերը կը գրաւեն Ասորեստանի մայրաքաղաք Նինուէն, եւ երկիրին կործանումէն ետք վերջին թագաւորը ինքնասպան կ՝ ըլլայ։ Ըստ Մովսէս Խորենացիի՝ անոնց միացած էր նաեւ հայոց նահապետ Պարոյրը՝ հայկական ջոկատներով։ Վերջին թագաւոր Ռուսա Դ.-ն իշխած է Ք.Ա. 609-Ք.Ա. 590 (կամ 585) թուականներուն, որմէ ետք Վանի թագաւորութիւնը դադրած է գոյութիւն ունենալէ։ Պարոյր Սկայորդին հիմք կը դնէ հայկական պետականութեան։ Այսպէսով, Վանի թագաւորութեան տարածքին հիմնադրուած է առաջին համահայկական պետութիւնը, որ Պարոյրի որդին՝ Երուանդ Սակաւակիացի անունով կը կոչուի Երուանդունիներու թագաւորութիւն։

 
Վանի թագաւորութիւնը Ռուսա Բ.-ի կառավարման օրօք

Համաշխարհային պատմագիտութեան մէջ չկայ ընդհանուր կարծիք մը ուրարտացիներու եւ հայերու կապի մասին։ Հիմնական տարածուած տեսակէտը անոնց բաժանումն է։ Այդ տեսակէտին համաձայն՝ հայկական ցեղերը, Հայկական լեռնաշխարհի տարածքին, պետական կազմաւորութենէն պետութեան մակարդակի հասած են միայն Ուրարտուի կործանումէն ետք։ Հայկական ցեղերը եւ ցեղային միութիւնները գոյութիւն ունեցած են Ուրարտուի հիմնադրումէն շատ առաջ՝ Ք.Ա. 2-րդ հազարամեակի ընթացքին։ Ուստի, լեռնաշխարհի տարածքը աւելի վաղ ժամանակին բնակեցուած էր հայերով։ Այդպէսով, անժխտելի է, որ հայերը կամ անոնց անմիջական նախնիները բնակուած են Վանի թագաւորութեան տարածքին։ Վերջինիս յաջորդած է զուտ հայկական ծագում ունեցող Երուանդունեաց թագաւորութիւնը։ Ըստ լեզուաբանական տեսանկիւնի՝ ուրարտերէնը կը դասուի խուրրա-ուրարտական լեզուներու խումբին, մինչդեռ հայերէնը հնդեւրոպական լեզու է։ Այդ կը հաստատեն հարիւրաւոր ուրարտական արձանագրութիւնները՝ յայտնաբերուած ո՛չ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան, այլ նաեւ՝ Թուրքիոյ, Վրաստանի, Ազրպէյճանի ու Իրանի տարածքին։ Իսկ այլ տեսակէտ մը, հիմնուելով տարբեր սեպագիր արձանգրութիւններուն Ուրարտու եւ Հայաստան եզրոյթներու նոյնացմանը, Վանի թագաւորութիւնը կը համարուի հայկական պետութիւն։ Ուրարտական դիցարանը կը համարուի հայկական դիցարանի 4 խումբերէն մէկը, ուր Խալդին կը նմանեցնեն Հայկին։ Իսկ ուրարտական գրութիւններուն մէջ գտնուած են բազմաթիւ նոյնանման բառեր՝ հայերէնին հետ։

 
Ուրարտական արուեստի օրինակ

Լեզուական տեսանկիւնէն բացի՝ խիստ տարբեր է ուրարտացիներու հաւատքը։ Էրեբունի բերդի տարածքին, Մուսասիրի մէջ եւ այլուր յայտնաբերուած են ուրարտական դիցարանի աստուածութիւններուն նուիրուած տաճարներ ու արձաններ։ Գլխաւոր աստուածն էր Խալդին։ Մինչդեռ հայկական հին (Հայկ նահապետ, Տորք Անգեղ, Աստղիկ եւ ուրիշներ) եւ նոր դիցարաններուն (Արամազդ, Անահիտ, Վահագն եւ ուրիշներ) ուրարտական որեւէ աստուած չի յիշուիր։ Բացի այդ, սեպագիր արձանագրութիւններուն պահպանուած են նաեւ տեղեկութիւններ, ըստ որուն՝ ուրարտական թագաւորները մշտապէս արշաւանքներ կատարած են ըմբոստ հայկական գաւառներու դէմ, որոնցմէ աչքի կ՝ իյնայ Ուրմէ երկիրը (Տարօն)։ Ըստ այլ մէկ ուրիշ, քիչ տարածուած վարկածի՝ Ուրարտուն կամ Արարատեան թագաւորութիւնը ի սկզբանէ եղած է զուտ հայկական կազմաւորութիւն, եւ Ք.Ա. 6-րդ դարու սկիզբը տեղի ունեցած է ընդամէնը իշխող արքայական ցեղի փոփոխութիւն։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Հայոց Պատմութիւն
  2. Հայկական լեռնաշխարհ
  3. «Քարահունջը Հայաստանի Սթոունհենջն է»
  4. Կաղապար:Книга:Дьяконов: Предыстория армянского народа
  5. Կաղապար:Книга:Barnett: Urartu
  6. Stone E.C., Zimansky P. The Urartian Transformation in the Outer Town of Ayanis // Archaeology in the Borderlands. Investigations in Caucasia and beyound. — Los Angeles: University of California Press, 2003. — ISBN 1931745013.
  7. Salvini Mirjo Geschichte und Kultur der Urartäer. — Darmstadt, 1995.
  8. Меликишвили Г.А. Мусасир и вопрос о древнейшем очаге урартских племён // Вестник древней истории. —Москва, 1948. — № 2. — С. 37 — 48.
  9. Հայկական սովետական հանրագիտարան, հատոր 6, էջ 134