Հայրիկ Մուրատեան

Հայրիկ Մանուկ Մուրատեան (3 Մայիս 1905(1905-05-03)[2], Ջնուկ, Շատախի գավառակ, Վանի Նահանգ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 22 Դեկտեմբեր 1999(1999-12-22)[1], Երեւան, Հայաստան), հայ երգիչ-բանահաւաք, ազգագրագէտ։

Հայրիկ Մուրատեան

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Հայրիկ Մուրատեան ծնած է Վանի նահանգի Շատախի շրջանի Ջնուկ գիւղին մէջ 3 Մայիս 1905-ին:

Ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամ տարբեր յոյսեր ունէր մանուկին հետ վերաբերեալ․ մեծ մայրը մանկան օրորոցի բարձին տակ պարան դրած էր ըսելով․ «թող շալկտար դառնայ, մէջքն ամուր լինի», հայրը «Նարէկ» դրած էր՝ «թող գիտուն լինի», իսկ Մուրատ մեծ հայրը իր դաշոյնը դրած էր ու ըսած․ «թող ֆիտայի դառնայ»։ Դրացի գիւղի աւագ քահանան, որ իր կրթութիւնն ու դաստիարակութինւը ստացած էր Հայրիկ Խրիմեանի կողմէն, փոքրիկին մկրտած է Ջնուկ գիւղի Սուրբ Եռախորան եկեղեցւոյ մէջ՝ անոր Հայրիկ անուամբ կնքելով՝ Մկրտիչ Խրիմեանի պատուին։

Վանի մէջ եղած տարիներուն ուսումը ստացած է Վանի դպրոցին մէջ։ Անոր ուսուցիչները՝ Բարունակ Կապուտիկեան, աշխարհագրագէտ Մատիր Խերանեան, երգեցողութեան դասատու պարոն Սենեքերիմը եւ այլք եղած են մեծ հայրենասէրներ, եւ Հայրիկը նաեւ անոնցմէ սորված է հայրենի երգն ու բանահիւսութիւնը։

1915-ին, երբ Հայրիկը 10 տարեկան էր, Շատախի հայերը, որոնցմէ էին նաեւ Մուրատեաններու գերդաստանը, հարկադրաբար լքեցին իրենց տուները։ Սոված ու յուսահատ՝ Մուրատեաններու 54 անձէ բաղկացած գերդաստանը, մեծ դժուարութիւններէ անցնելով, համընդհանուր կոտորածի միջով հասած է Սալմաստ (Իրան)։ Այնուհետեւ վերադարձած ՝ Վան, յետոյ նորէն Իրան եւ, վերջապէս, հաած է Իրաքի անապատներ։ Միայն Հայրիկը, անոր մայրը, եղբայրն ու հօրեղբայրը կրցած են ողջ մնալ այդ փորձութիւններէն ետք։

1921-ին Հայաստան տեղափոխուած են եւ բնակութիւն հաստատած՝ Վերին Արտաշատի մէջ։

Սկզբը պատանին աշխատած է որպէս բատրակ։ Միաժամանակ աւարտած է միջնակարգ դպրոցը, ապա եւ Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան հիմնարկը։ Համալսարանին մէջ ան մօտիկ բարեկամական յարաբերութիւններ ստեղծած է յայտնի մտաւորականներու հետ՝ Հրաչեայ Աճառեանի, Իւրի Ղամբարեանի, Արսէն Տէրտէրեանի, Գուրգէն Սեւակի, Մկրտիչ Մկրեանի եւ ուրիշներու հետ։

Արտաքին յղումներ Խմբագրել