Հրայր Դժոխք (Ուրուական, Արմենակ Մամբրէ Ղազարեան, 1864, գ. Ահարոնք - 13 Ապրիլ 1904, Կելիէկուզան, Սասունի գաւառ), հայդուկապետ, ռազմական տեսաբան, հայ ազատագրական շարժումի ղեկավարներէն։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամ։ Սկիզբը կարճ ժամանակով անդամակցած է Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան։

Հրայր Դժոխք
Ծնած է 1864[1][2]
Ծննդավայր Պիթլիսի վիլայէթ
Մահացած է 1904[1][2]
Մահուան վայր Սասուն, Բաթմանի մարզ, Թուրքիա
Մասնագիտութիւն զորավար, ուսուցիչ, պետական գործիչ, ֆետայի, քաղաքական գործիչ
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Տարած է կազմակերպչական գործունէութիւն։ Փորձած է դադրեցնել փոքրիկ պայքարները եւ կազմակերպել միասնական ապստամբութիւն։

Կրթութիւն Խմբագրել

Ծնած է Սասունի Խուլփի գաւառակի Ահարոնք գիւղը։ Ուսանած է Տարօնի Ղզլաղաճ գիւղի, Մշոյ Ս. Կարապետ վանքի դպրոցներուն եւ Մշոյ Կեդրոնական վարժարանին մէջ։ Եղած է ուսուցիչ, ծանօթացած՝ Սասունի ու Տարօնի հայերու վիճակին, քարոզած՝ հայ ազատագրական պայքարի գաղափարը։

Առաջին ռազմական գործողութիւնները Խմբագրել

1890-էն մասնակցած է հայ ազատագրական շարժումներուն։ 1891-1894-ին՝ Սասունի ինքնապաշտպանական մարտերու ղեկավարներէն եղած է։ Անոր ցուցմունքներով կը կռուէր Գէորգ Չաւուշը։ Աչքի ինկած է Տալվորիկի կռիւի ընթացքին (1893), ուր ապահոված է հայերու փայլուն յաղթանակը[3]։

1893-ին Հնչակեան կուսակցութեան անդամ էր։ Անոր գործընկերներն էին հանրայայտ հնչակեաններ Մեծն Մուրատը (Համբարձում Պոյաճեան) եւ Միհրան Տամատեանը։ Հրայրը հանդիսացաւ հնչակեան կուսակցութեան հիմնադիրը Սասունի եւ Տարօնի մէջ։

Արտասահմանի մէջ Խմբագրել

1894-ի գարնան մեկնած է Կովկաս` կամաւորներ հաւաքագրելու եւ զէնք հայթայթելու։ Հնչակեան կուսակցութիւնը կը մերժէ զէնք տալ։ Հրայրին հնչակեաններու քաղաքականութիւնը կը մերժէ, որոնք միմիայն ցուցադրական ապստամբութիւն կը կատարէին, որպէսզի գրաւեն արտասահմանեան իշխանութեան ուշադրութիւնը։

Հրայրին մասնակի չափով կ'օգնէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը։ Դաշնակցականներու մօտեցումը Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ծաւալող պայքարին վերաբերեալ ամբողջովին ուրիշ էր։ Անոնք կողմ էին վրիժառութիւններու եւ ֆետայական շարժումներու դադրեցման եւ միասնական պայքարի ծաւալումին։ Ատիկա մօտ էր Հրայրի պատկերացումներուն, եւ ֆիտայապետը կը դառնայ դաշնակցական։

Հրայրը շատ քիչ զէնք կրցաւ հայթայթել եւ որոշեց երթալ յարակից երկիրներ, ուրկէ ան կ'ուզէր նոր կռուող ուժեր բերել։ Հրայրը կը գիտակցէր, որ Արեւմտեան Հայաստանի պայքարին համար պէտք է մարտնչին այդ տեղի զաւակները, որոնք հակահայկական իշխանութիւններու հետ ժամանակին բախուելով յայտնուած էին արտասահմանին մէջ։

1895-ին եղած է նաեւ Ռումանիոյ մէջ եւ 50 հայ երիտասարդներու հետ վերադարձած է Հայաստան։ Երիտասարդներու կազմին մէջ էին Անդրանիկ Օզանեանը, Աղբիւր Սերոբը եւ Սեպուհը։ Վերջիններս Հրայրի յորդորով անցած են Դաշնակցութեան շարքերը։

1895-ին Հրայրն իր մարդոցմով հասաւ Կարս։ Կարսի մէջ երիտասարդները համապատասխան ռազմական վարժութիւններ անցուցին եւ ուսումնասիրեցին բարթիզանական կռիւի ձեւերը։ Այնուհետեւ ջոկատը ռուս-թրքական սահմանին վրայով մաս առ մաս տեղափոխուեցաւ Խնուս եւ Սասուն[4]։

Ձերբակալութիւն Խմբագրել

Սասունի մէջ Հրայրը գործակցած է Թաթուլի (Արամ Արամեանց) հետ։ 1896-ին Բասէնի Իշխու գիւղին մէջ ձերբակալուած է, տարուած՝ Կարինի բանտ։ Ձերբակալուած էր նաեւ Թաթուլը։ Հրայր ընդհանուր ներման շնորհիւ ազատած է, իսկ Թաթուլը կախաղան բարձրացած։

Կազմակերպչական աշխատանքներ Խմբագրել

Վանէն դաշնակցականները կ'ուղարկեն երկու գործիչներ` Գուրգէն (Պաղտասար Մայեան) եւ Վազգէն (Տիգրան Տէրոյեան)։ Հրայրը գիշեր ու ցերեկ կը շարունակէր շրջիլ Հայաստանի գաւառները եւ հսկել իր հիմնած հայդուկային խումբերու աշխատանքներուն։ Անոր գրեթէ ոչ-ոք կրնար տեսնել։ Անոր այցելութեան մասին կ'իմանային միայն իր գալէն ետք։ Այդ պատճառով ալ ժողովուրդի շրջանին մէջ ան ստացած էր Ուրուական մակդիրը։

Հրայրը կը ծրագրէր համընդհանուր ապստամբութիւն բարձրացնել 1905-ին։

1898-ին Վանի Կուռումպաշ գիւղին մէջ, դաւաճաններու մատնութեան պատճառով, իր զինակից ընկերներուն հետ կը զոհուի Վազգէնը, 24 Ապրիլ 1899-ին իր 9 ընկերներուն հետ միասին Մշոյ Ցրոնք գիւղին մէջ։ 1 Նոյեմբեր 1899-ին դաւադրութեան զոհ կը դառնայ նաեւ Աղբիւր Սերոբ։

Հրայրը կը մերժուի իր համախոհներուն կողմէ, բայց կը շարունակէ իր աշխատանքը։ Ան բոլոր ֆիտայիներուն կը ստիպէր զերծ մնալ վրիժառութենէ եւ մուսուլմաններու հետ բախումէն։ Սակայն Շենիկի մէջ գումարուած ժողովի ընթացքին, Անդրանիկը դէմ կ'երթայ Հրայրին։

Վերջին մարտերը Խմբագրել

Վերադարձած է Ղզլաղաճ եւ ձեռնամուխ եղած ընդհանուր ապստամբութեան կազմակերպումին։ 1903-1904-ին մասնակցած է Սասունի ինքնապաշտպանական կռիւներուն։ 13 Ապրիլ 1904-ին, երբ թուրքերու գերակշիռ ուժերը յարձակած են Կելիէկուզանի ուղղութեամբ, Հրայրը ընկերներով փորձած է փակել անոնց ճանապարհը։

Կռիւի ընթացքին Հրայրը կը նկատէ, որ Սեպուհը վիրաւորուած է եւ կը փութայ վերջինիս օգնութեան։ Բայց Սեպուհ չի ձգեր։ Հրայրը ի պատասխան կ'ըսէ. «Կամ կը սպաննուիմ, կամ քեզ ալ կ’ազատեմ ու հետս կը տանիմ»։ Ան կը կարենայ Սեպուհին դուրս հանել մարտադաշտէն, բայց մահացու կը վիրաւորուի ճակատէն եւ կ'իյնայ մարտի դաշտին վրայ։

Օգնութեան հասած Անդրանիկի զինուորները Հրայրին եւ միւս զոհուածներուն կը թաղեն Կելիէկուզանի մէջ՝ Սուրբ Կարմրակ եկեղեցւոյ բակին մէջ[4]։

Հրայրի խօսքերէն Խմբագրել

  • Մեր յոյսը պիտի ըլլայ մեզ վրայ միայն եւ մեռնել սուրբ նպատակին համար։ Այդ է մեր փառքն ու պսակը։ Րոպէն կրիտիկական է։ Հասնիլ պատերազմի դաշտ, օգնել միմեանց, սփոփել իրար – մեր դիակները թշնամին թող գիրկընդխառն տեսնէ։ Իսկ դուք, քոյրեր, սիրտ տուէք հայ երիտասարդին վիրարապ հիւսեցէք ձեր մազերից, որ չաղտոտեն իրենց անունն ու պատիւը[5]։
  • Վստահ եղէք, որ գիշեր ու ցերեկ անքուն կը շրջիմ, որ գտնեմ մի փոքր յարմարութիւն: Անդադար պիտի գործեմ մինեւ վերջին շունչս[4]։
  • Հայ ժողովուրդ, անգութ է Եւրոպան, աւելի արիւնածարաւ, քան՝ մեր դարաւոր ոսոխը: Չհաւատաս անոր երբեք։ Ան արեան ու անմեղ զոհերուն մէջ կ'որոնէ իր շահը, մեր յոյսը պէտք է ըլլայ մեր վրայ[6]։

Գրականութիւն Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. 1,0 1,1 Faceted Application of Subject Terminology
  2. 2,0 2,1 Հայաստանի գրադարանների համահավաք գրացուցակ
  3. Ս. Կ. Պողոսյան, Կ. Ս. Պողոսյան «Ինձ բահ տվեք...», էջ 319-327
  4. 4,0 4,1 4,2 «Մեր մեծերը. Հրայր Դժոխք»։ արտագրուած է՝ 2015 Հունվարի 16 
  5. «Հրայր Դժոխք»։ արտագրուած է՝ 2015 Հունվարի 16 
  6. «Հրայր Դժոխքի ծննդյան 150-ամյակը»։ արտագրուած է՝ 2015 Հունվարի 16