Ճազը Հայաստանի Մէջ

Ճազը Հայաստանի մէջ սկսած են կատարել 1920-ական թուականներէն։ 1930-ական թուականներուն կը յայտնուին համոյթներ, որոնք կը նուագէին հիմնականին ճազ երաժշտութիւն, որոնցմէ ամենայայտնի խումբը կը համարուէր Ցոլակ Վարդազարեանի նուագախումբը, համերգային ելոյթներ կ'ունենար «Մոսկուա» կինոթատրոնին մէջ։ Պաշտոնապէս առաջին ճազային հաւաքածոն կը հանդիսանայ 1938-ին կազմաւորուած Հայաստանի պետական ճազային նուագախումբը՝ երաժշտահան եւ թաւջութակահար Արտեմի Այվազեանի գլխաւորութեամբ, դիրիժոր՝ Ցոլակ Վարդազարեան[1]։

Ճազ

1950/60-ական թուականներուն Խորհրդային Հայաստանի մէջ ճազը լայն տարածում ստացաւ։ Ողջ երկրի մէջ կը յայտնուէին ճազային խումբեր։ Այդ ժամանակաշրջանին ճանաչում ստացան Լեւոն Մալխասեանի ճազային քառեակը, Արմէն Թութունճեանը, Արթուր Աբրահամեանը եւ Ալեքսանտր Զախարեանը, որոնք յաճախակի ելոյթներ կ՝ունենային Երեւանի մէջ, ինչպէս եւ կը մասնակցէին համամիութենական փառատօներուն։ 1970-ականներու սկզբին հանդէս եկան նոր տաղանդաւոր երաժիշտներ՝ Դաւիթ Ազարեանն ու Արտաշէս Քարթալեանը, կիթառահար Պորիս Անդրէասեանը, դաշնակահար Միքայէլ Զաքարեանը, Արմէն Տէր-Թադեւոսեանի քառեակը, Էտուարտ Բախչիեանի ղեկավարութեամբ համոյթը։

1970-ականներուն սկսած Հայաստանի ճազային նուագախումբը մեծ ճանաչման արժանացաւ Խորհրդային Միութեան մէջ։ Հայաստանի պետական էստրատային նուագախումբը՝ Կոնստանտին Օրբելեանի գլխաւորութեամբ, առաջինն էր ԽՍՀՄ ճազային նուագախումբերէն, որ մեկնեցաւ ԱՄՆ։ Հայ երաժիշտները ԱՄՆ խոշոր քաղաքներու մէջ 25 համերգ տուին։ Կոնստանտին Օրբելեանը, 36 տարի շարունակ ղեկավարելով նուագախումբը, կարողացաւ սիրողական ճազ-համոյթի մակարդակէն զայն վերածել մասնագիտական հաւաքածոյ։ 1979 թուականին Օրբելեանին շնորհուեցաւ ԽՍՀՄ Ժողովրդական արուեստագէտի կոչումը։

1980-ական թուականներուն սովետական ճազի մէջ մեծ ճանաչում ունէր Տաթեւիկ Յովհաննիսեանը։ Ան սկսած է ճազ երգել 11 տարեկանէն հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի նուագախումբին մէջ, իսկ 17 տարեկանէն որպէս մեներգչուհի միացած է Կոնստանտին Օրբելեանի նուագախումբին։ Տարիներ շարունակ իրեն կը տրուէին Խորհրդային Միութեան լաւագոյն ճազ-երգչուհիի տիտղոսը։

1990-ական թուականներու սկզբին, ԽՍՀՄ փլուզման եւ Ղարաբաղեան պատերազմի՝ ծանր տնտեսական ճգնաժամի պատճառով Կոնստանտին Օրբելեանը չկարողացաւ այլեւս շարունակել աշխատանքը իր նուագախումբի հետ եւ մեկնեցաւ Սան Ֆրանսիսքօ։

1997 թուականին երիտասարդ երաժիշտներէն վերականգնուած «Հայաստանի պետական ճազ-նուագախումբ» անուանումով նուագախումբը վերսկսաւ իր աշխատանքը՝ երաժշտագէտ եւ դաշնակահար Արմէն Մարտիրոսեանի գլխաւորութեամբ։ Նուագախումբը շատ անգամներ շրջագայած է ԱՄՆ եւ եւրոպական երկրներու մէջ, կարողացած է նուաճել քանի մը ազգային մրցանակներ եւ արտադրած է երկու ձայներիզ։

2013 թուականի դրութեամբ Հայաստանի մէջ կը գործեն ճազային տարբեր ուղղուածութիւններով հանդէս եկող բազում խումբեր։ Յայտնի են էթնօ-ճազային «Time Report», Վահագն Հայրապետեանի ճազ-ռոքային «Կատուներ», աւանդական ճազի «Chiko & Friends», fusion-ճազային «Art Voices», կանացի «Jazzel», ինչպէս եւ «Ուլիխանեան», «NooZ» խումբերը, Արթօ Թունչպօյաճեանի աշխարհահռչակ «Armenian Navy Band» խումբը, ԱՄՆ-ի մէջ գործող Night Ark էթնօ-ճազային խումբը։ Հայաստանի ամէնէն ճանչցուած ճազի արուեստագէտներն են՝ Մարտին Վարդազարեան, Լեւոն Մալխասեան (Մալխաս))[2], Վահագն Հայրապետեան, Արմեն Թութունճեան (Չիկօ), Արթօ Թունչպօյաճեան, Արմեն Հիւսնունց[3][4], , Վահագն Հայրապետեան, Արմէն Թութունճեան (Չիկօ), Արթօ Թունչպօյաճեան, Արմէն Հիւսնունց, Արմինէ Սարգսեան, Տիգրան Համասեան, Հարրի Կեսաեան, Աշոտ Պարունակեան, Ճոն Բաբոեան, Ստեփան Շաքարեան, Արա Տինքճեան եւայլն]][5]։

Արտաքին յղումներ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել