Ճոն Տոլմայեան (15 Յուլիս 1972(1972-07-15), Պէյրութ, Լիբանան), Լիբանան ծնած ամերիկահայ թմբկահար, նուագած է հանրայայտ «System of a Down» խումբին մէջ, իսկ 2003 թվականին, այլ հայազգի երաժիշտ ` «System of a Down» խումբի նախկին կիթառահար՝ Տարօն Մալաքեանի հետ հիմնած է «Scars on Broadway» խումբը[1]։

Ճոն Տոլմայեան
Ծնած է 15 Յուլիս 1972(1972-07-15) (51 տարեկան)
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ուսումնավայր Գրանթ ավագ դպրոց?
Տեսակ ալտերնատիվ մետալ? եւ հարդ ռոք?
Մասնագիտութիւն թմբկահար, երաժիշտ
Անդամութիւն System of a Down?
Կայքէջ systemofadown.com

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Տոլմայեան ծնած է 15 Յուլիս, 1973-ին, Լիբանանի մայրաքաղաք՝ Պէյրութի մէջ։ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող քաղաքացիական պատերազմին պատճառով, Տոլմայեաններու ընտանիքը կը տեղափոխուի Թորոնթօ, այնուհետեւ Լոս Անճելըս, երբ Ճոն հինգ տարեկան էր:

Տոլմայեան 2 տարեկան հասակէն սկսած է հետաքրքրուիլ հարուածային գործիքներով ։ Առաջին անգամ լիարժէք հարուածային գործիք նուագած է 15 տարեկանին։

Ինքնուսոյց է ( նուագել սորված է առանց մէկուն օգնութեան)։ Օրական 4-6 ժամ յատկացնելով հարուածային գործիքներուն ` Ճոն աստիճանաբար բարելաւած է իր նուագելու որակը։ Ըստ Ճոնի, նուագելու իր ոճին մէջ մեծ ազդեցութիւն ձգած են թմբկահարներ՝ Կիտ Մուն (The Who), Ճոն Պոնհը (Led Zeppelin), Նէյլ Բըրդ (Rush[2] 1997-ին, երբ System of a Down խումբին առաջին թմբկահար՝ Էնտի Խաչատրեան ձեռքը կը վիրաւորէ եւ կը ձգէ խումբը, խումբին կը միանայ Ճոն Տոլմայեան։ System of a Down խումբին հետ ան կ'արձանագրէ 5 ալպոմ ` System of a Down (1998), Toxicity (2001), Steal This Album! (2002), Mezmerize (2005), Hypnotize (2005)։ 2006-ին System of a Down խումբը ժամանակաւորապէս կը դադրեցնէ իր գործունէութիւնը, իսկ Տարօն Մալաքեան («System of a Down»ի այլ կատարող մը ) կ'իրականացնէ իր հին մտայղացումը եւ Ճոնի հետ կը շարունակէ իր գործունէութիւնը Scars on Broadway խումբին մէջ։ Նշուած խումբին հետ Տոլմայեան կը ձայնագրէ 1 ալպոմ ` Scars on Broadway (2008)։

 
Ճոն Տոլմայեանի նուագարանները

Ճոնի նուագելու ոճը իւրայատուկ է։ Ան մեծ ազդեցութիւն ձգած է թմբկահարներու նոր սերունդին վրայ։ Շատ քննադատներ անոր նուագելու ոճը կ'անուանեն «schizophrenic»։ Ճոն Տոլմայեանի հարուածային մենակատարումներուն կարելի է աւելի մօտէն ծանօթանալ ` Deer Dance, I-E-A-I-A-I-O եւ Question երգերուն մէջ։ Տարօն Մալաքեան (պաս) եւ Ճոն Տոլմայեան (տրամս) եւրոպական շրջապտոյտ մը կազմակերպելով՝ իրենց երաժշտական անհատական գործերը կը ներկայացնեն համերգներու ընդմէջէն՝ Միլանոյի, Վիեննայի, Սթոքհոլմի, Օսլոյի եւ Պրիւքսէլի մէջ, Scars on Broadway-ի ծիրէն ներս:

10 Ապրիլ, 2015-ին, Լոնտոնի հռչակաւոր «Ուեմպլի» մարզադաշտէն ընթացք առած շրջագայութեամբ System of a Down խումբը (Ճոն Տոլմայեան նեռարեալ) կ'այցելէ եւ համերգներ կու տայ Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Պելճիքայի, Հոլանտայի եւ Ռուսիոյ մէջ:

Հարուածային գործիքներու մէջ Ճոն կը նախընտրէ «Tama» հարուածային գործիքները։

2006 -ի ամրան Ճոն քանի մը հարցազրոյցներու ընթացքին կը նշէ, թէ կ'ուզէ հիմնել Torpedocomics համացանցային կազմակերպութիւնը, որ կը զբաղի զաւեշտի գիրքերու վաճառքով։

Համերգ՝ Երեւանի մէջ Խմբագրել

Սերժ Թանքեան, Ճոն Տոլմայեան, Տարօն Մալաքեան եւ Շաւօ Օպաճեան 23 Ապրիլ, 2015-ին իւրայատուկ համերգով մը հանդէս կու գան Երեւանի մէջ։ Այս համերգը անգամ մը եւս կը հաստատէ հայութեան վերապրումի կամքը, որովհետեւ կը խորհրդանշէր նաեւ կեանքի, վերածնունդի եւ արարելու վճռակամութիւնը, ոչ թէ մահն ու սուգը:

«Սիսթըմ աֆ է տաուն» խումբի անդամները կը ներկայացնեն ո՛չ միայն «Արթնցուցէ՛ք հոգիները» համերգաշարին ցանկը, այլ նաեւ ելոյթը կը հարստացնեն հայկական երաժշտութեամբ. արդարեւ, կը հնչեն «Սարդարապատ», «Ղափամա» եւ «Աման Թելօ» երգերը:

Համերգին ներկայ գտնուելու համար Հայաստան կը գտնուէին տարբեր երկիրներէ հայեր ու օտարներ, որոնք Սերժ Թանքեանի եւ անոր խումբին շնորհիւ լսած էին Հայոց ցեղասպանութեան մասին:

Մրցանակներ Խմբագրել

2006-ին, ըստ «DRUM» ամսագիրին, Ճոն Տոլմայեան կ'ընտրուի տարուան լաւագոյն թմբկահարը։

Աղբիւրներ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. «System of a Down-ի Անդամները Անհատական Համերգներ Կը Կազմակերպեն»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-04-07-ին։ արտագրուած է՝ 2017-06-22 
  2. «Հարցազրոյց Ճոն Տոլմայեանի հետ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-07-20-ին։ արտագրուած է՝ 2016-01-14 

Կաղապար:ՕՀՆՄ