Ճորճ Պայրըն (անգլերէն՝ George Gordon Byron, 6th Baron Byron, 22 Յունուար 1788 - 19 Ապրիլ 1824), 19-րդ դարու Անգլիացի բանաստեղծ, ռոմանթիզմի այսինքն՝ ոչ-դասական գրականութեան կամ վիպականութեան, ամենաերեւելի ներկայացուցիչներէն մէկը նաեւ Եւրոպայի մեծագոյն գրողներէն մէկը[13]: Անոր ամենաճանչցուած աշխատանքներուն մէջ որոշ ինքնակենսագրական տարրեր պարունակող վատահամբաւ եւ գայթակղիչ բանաստեղծութիւն՝ «Տոն Ժուան»-ը։

Ճորճ Պայրըն
անգլերէն՝ George Gordon Byron
Ծննդեան անուն անգլերէն՝ George Gordon Byron
Ծնած է 22 Յունուար 1788(1788-01-22)[1][2][3][…]
Ծննդավայր Ուեսթմինսթըր, Մեծ Լոնտոն, Լոնտոն, Անգլիա, Մեծն Բրիտանիոյ Թագաւորութիւն[1][3][2]
Մահացած է 19 Ապրիլ 1824(1824-04-19)[3][4] (36 տարեկանին)
Մահուան վայր Մեսոլոնգիոն[5][6][7]
Քաղաքացիութիւն  Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութիւն
 Մեծն Բրիտանիոյ Թագաւորութիւն
Ուսումնավայր Հերոու դպրոց?[8]
Թրինիթի գոլէճ
Քեմպրիճի Համալսարան
Աբերդենի քերականական դպրոց?
Ազդուած է Giovanni Battista Casti?[9], Լուիջի Պուլչի?[9] եւ Ուիլյամ Վորդսվորթ?[10]
Երկեր/Գլխաւոր գործ Չայլդ Հարոլդի ուխտագնացությունը?, Դոն Ժուան? եւ Մանֆրեդ?
Տեսակ քնարապատմողական? եւ գոթական գրականություն?
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ, երգերու հեղինակ, քաղաքական գործիչ, թատերագիր, ինքնակենսագիր, թարգմանիչ, զինուորական, օրագրի հեղինակ, գրագէտ, երգաթատերագիր, ազնուական, philhellene
Վարած պաշտօններ Լորդերի պալատի անդամ?
Անդամութիւն Լոնտոնի թագաւորական ընկերութիւն եւ Թագաւորական գրական ընկերութիւն
Ամուսին Աննե Իսաբելա Բայրոն?[2][11] եւ Claire Clairmont?[11]
Ծնողներ հայր՝ John Byron?[8][11], մայր՝ Catherine Gordon Byron?[8][11]
Երեխաներ Ադա Լավլեյս?[8][11], Էլիզաբեթ Մեդորա Լեյ? եւ Ալեգրա Բայրոն?[12][11]
Ստորագրութիւն

Ճորճ Պայրընը առաջին հայագէտներէն է, Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին վրայ գտնուող Մխիթարեան Միաբանութեան վանականներէն ան սորված էր հայերէն, անոր օգնութեամբ Անգլերէնէն Հայերէն եւ Հայերէնէն Անգլերէն թարգմանուած են շարք մը կրօնական եւ աշխարհիկ ձեռագիրներ, ստեղծուած է Անգլերէն-Հայերէն բառարան։ Պայրընի ստեղծագործութիւնները բարձր գնահատած են այնպիսի հայ գրողներ, ինչպէս՝ Ղեւոնդ Ալիշանը, Յովհաննէս Թումանեանը եւ այլք։

Անուն Խմբագրել

Կորտըն Պայրըն՝ երկրորդ անունն է, որ տրուած է իրեն մկրտութեան ժամանակ եւ կը համընկնի մօր օրիորդական մականունին հետ։ Պայրընի հայրը, սակայն, հաւակնելով աներոջ սկովտական կալուածներուն, օգտագործեց «Կորտըն»ը որպէս մականունի երկրորդ մաս (Պայրըն Կորտըն)։ Ինք՝ Ճորճը, նոյնպէս երկակի մականունով արձանագրուեցաւ դպրոցէն ներս: 10 տարեկան հասակին, տարեց ազգականներէն մէկուն մահէն ետք Ճորճ դարձաւ Անգլիոյ քաղքենի եւ ստացաւ «Պարոն Պայրըն» կոչումը, որմէ ետք եւս, ինչպէս ընդունուած է այդ դասի ազնուականներուն մօտ, անոր սովորական գործածական անունը դարձաւ «Լորտ Պայրըն», կամ ուղղակի՝ «Պայրըն»-ը։ Հետագային Պայրընի զոքանչը բանաստեղծին կտակեց՝ իր Նոէլ (Noel) մականունը կրելու պայմանով։ Թագաւորական արտօնագիրով լորտ Պայրընին թոյլատրուած էր բացառութեան կարգով, կոչումէն առաջ, Նոէլ ազգանունը կրել, որ եւ ան կ՛ընէր՝ երբեմն ստորագրելով որպէս «Նոէլ Պայրըն»։ Այդ պատճառով՝ որոշ աղբիւրներու մէջ, անոր ամբողջական անունը կրնայ նշուած ըլլալ, որպէս Ճորճ Կորտըն Նոէլ Պայրըն, հակառակ անոր որ միաժամանակ բոլոր այդ անուններով եւ մականուններով ան երբեք չէր ստորագրեր։

Ծագում Խմբագրել

Իր նախնիները արմատներով եղած են Նորմանտիայէն (Normandy), որոնք Անգլիա եկած էին Ուիլիըմ Նուաճողի (William the Conqueror) հետ եւ Հասթինկի պատերազմէն (Battle of Hastings) ետք անոնք պարգեւատրուած էին սաքսոններուն (Saxones) բռնագրուած հարուստ կալուածներով։ Պայրըններու սկզբնական անունը՝ Պուրուն եղած է։ Այդ անուան յաճախ կը հանդիպինք միջնադարեան ասպետական տարեգրութիւններուն մէջ։ Այդ տոհմի հետեւորդներէն մէկը արդէն Հենրի Ը.-ի (Henry VIII, king of England) օրօք, նկատողութիւն ստանալով, իր մականունը վերափոխած է Պայրընի։ Պայրընները (Byron) յատկապէս յառաջադիմեցին Հենրի Ը.-ի օրօք, որոնք կաթողիկէ միաբանութիւններու (Catholic Congregation) լուծարքի ժամանակ Պայրընին «սըր Ճոն փոքր՝ մեծ մօրուքով» (sir John the little with the Great Beard) մականունը տուաւ եւ Նիւսթետեան Աբբայութիւնը (Newstead Abbey, in Nottinghamshire, England), հարուստ կալուածներ շնորհեց Նոթինկհամեան (Nottingham) կոմսութեան (county) մէջ։

 
Նիւսթետեան Աբբայութիւն, աւերուած Թէոտորեան աշխարհականացման (Theodor secularization) ժամանակ, Պայրըններու տոհմական կալուածները

Էլիզապէթեան իշխանութեան օրօք Պայրըններու տոհմը ընդհատուեցաւ, սակայն մականունը փոխանցուեցաւ իրենց մէկ ապօրինի որդւոյն։ Հետագային, անգլիական յեղափոխութեան ժամանակ, Պայրընները աչքի ինկան (The Stewarts or Stuart dynasty) Սթիուըրտներու հարստութեան կամ գահատոհմական անվերապահ նուիրուածութեամբ, որուն համար Չարլզ Ա.-ը այդ տոհմի ներկայացուցիչին շնորհեց ազնուական (peer) կոչումը Պարոնի պայրոն Ռոչտելի տիտղոս Barony of Byron of Rochdale։ Այդ մականունով ամենայայտնի ներկայացուցիչներէն էր ծովակալ Ճոն Պայրընը, որ յայտնի էր իր անսովոր արկածներով եւ Խաղաղական Ովկիանոս կատարած ճանապարհորդութեամբ. իրեն սիրող, բայց անյաջողակ համարուող նաւաստիները վերջինիս անուանեցին «Foulweather Jack»։

Ծովակալ (Admiral) Պայրընի աւագ որդին՝ Ուիլիըմ Պայրընը, նոյնպէս ծովակալ, դաժան մարդ էր, եւ խայտարակած էր իր անունը. հարբած վիճակին, ան պանդոկին մէջ մենամարտի (անգլ.՝ - duel - ատրճանակի կամ սուրի մենամարտ) ժամանակ սպանած էր իր ազգական Չաւորթը (Chaworth) (1765). ապա իրեն բանտարկած էին աշտարակի մէջ՝ դատապարտելով զայն ոչ դիտաւորեալ սպանութեան համար, բայց ան (House of Peers) ազնուականի տիտղոսային արտօնութիւններու շնորհիւ խուսափեցաւ պատիժէն։ Նոյն այդ Ուիլիըմ Պայրընի եղբայրը՝ Ճոն, ցոփ ու շուայտ կեանք կը վարէր։ Նաւապետ Ճոն Պայրըն (1756-1791) 1778 թուականին պսակուեցաւ նախկին մարքիզուհի Քարմարթենի (Marquess of Carmarthen կամ Marchioness of Carmarthen ) հետ, որ մահացաւ 1784 թուականին՝ ձգելով դուստրը՝ Աուկուսթայինը (Augusta), Ճոնին, որուն խնամքը հետագային ստանձնեց իրեն մօր ազգականները։ Առաջին կնոջ մահէն ետք նաւապետ Պայրընը դիտմամբ կրկին ամուսնացաւ զինակիր ասպետ (esquire - esq. նախապէս կը գործածուէր ո


րպէս զինակիր ասպետ իսկ նրեկայիս որպէս Տիար) Ճորճ Կորտընի (George Gordon, Esq. of Gight) միակ ժառանգորդուհի՝ Քաթրին Կորտընի (Catherine Gordon) հետ։ Ան ծագումով սքոթլանտական (Scotland) Կորտըններու (Gordon) յայտնի տոհմէն էր, իր երակներուն կը հոսէր սքոթլանտական արքաներու արիւնը (Անապելլա Սթիուըրտի կողմէն)։ Արդարեւ նոյն այս երկրորդ ամուսնութենէն ալ ծնաւ ապագայ բանաստեղծը։

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Երիտասարդութիւն եւ Ստեղծագործական Կեանքի Սկիզբ Խմբագրել

 
Պայրընը 1804 թուականին

Աղքատութեան մէջ ծնած Պայրըն, լորտի կոչումն իսկ իրեն չփրկեց այլ ուղղութիւն տուաւ իրեն ապագայ գործունէութեան։ Երբ ան ծնաւ (Յունուար 22 1788, Հոլլ-Սթրիթ, Լոնտոն), հայրը արդէն մսխած էր ընտանեկան ունեցուածքը, իսկ մայրը Եւրոպայէն վերադարձաւ սահմանափակ ունեցուածքի մնացորդներով։ Լէյտի Պայրընը բնակութիւն հաստատեց Ապերտինի մէջ, եւ իր «կաղլիկ մանչուկը», ինչպէս ինքը կ'անուանէր իր որդւոյն, մէկ տարի ուղարկեց յատուկ դպրոց, որմէ ետք տեղադրեց դասական կրթարան գիմնազիոն (Gymnasium)։ Պայրընի մանկական արարքներու մասին շատ պատմութիւններ կը պատմուին։ Կրէյ քոյրերը, որոնք խնամած են փոքրիկ Պայրընին, կը համարէին, որ քնքշութեամբ կարելի էր իր հետ լեզու գտնել, բայց մայրը միշտ համբերութիւնը կը կորսնցնէր իր տղուն անհնազանդութենէն եւ տղուն վրան կը նետէր ինչ որ պատահեր։ Մօրը բռնկումներուն ան յաճախ ծաղրանքներով կը պատասխանէր, բայց մէկ անգամ, ինչպէս ինքը կը պատմէր, Պայրընին ձեռքէն առին դանակը, քանի որ

կ' ուզէր ինքն իրեն վնասել։ Կրթարանին մէջ ան լաւ չէր սորվեր, բայց իրեն համար սաղմոսները եւ Աստուածաշունչ ընթերցող Մերի Կրէյը իրեն աւելի մեծ օգուտ տուած են, քան կրթարանի ուսուցիչները։ Երբ լրացաւ Ճորճին 10 տարին, իրեն ազգակից պապիկը (the "wicked" Lord Byron died on 21 May 1798) մեռաւ, եւ տղուն ժառանգաբար անցան լորտի կոչումն ու Պայրըններու տոհմական ագարակը՝ Նիւսթետեան աբբայութիւնը (Newstead Abbey)։ Տասնամեայ Պայրընը այնքան ուժեղ սիրահարուեցաւ իր զարմուհի Մերի Տաֆին, որ, լսելով անոր նշանադրութեան մասին, ինկաւ ջղացնցական նոպաներու մէջ։ 1799 թուականին ան ընդունուեցաւ բժիշկ Կլենիի դպրոցը (Dr. William Glennie, in Dulwich), ուր մնաց երկու տարի շարունակ բուժելու համար իր հիւանդ ոտքը, որմէ ետք այնքան լաւացաւ, որ կրցաւ հագնիլ երկարաճիտ մոյկեր։ Այդ երկու տարիներուն ան շատ քիչ բան սորվեցաւ, փոխարէնը ընթերցեց բժիշկին ամբողջ հարուստ գրադարանը։ Հերրոուի (Harrow) դպրոց երթալէ առաջ Պայրընը կրկին սիրահարուեցաւ, այս անգամ միւս զարմուհիին՝ Մարկարիթա Փարքըրին։

1801 թուականին ան մեկնեցաւ Հերրոու (Harrow)։ Պայրընին բնաւ չէին հետաքրքրած մեռած լեզուներն ու հնութիւնները, բայց անոնց փոխարէն ան մեծ հետաքրքրութեամբ ընթերցեց բոլոր անգլիացի դասականները եւ դպրոցէն դուրս եկաւ գիտելիքներու մեծ պաշարով։ Դպրոցին մէջ իր ընկերներուն յայտնի էր, որ ան միշտ կը պաշտպանէր կրտսերները իր ասպետական վերաբերմունքով։ 1803 թուականի արձակուրդներու ժամանակ ան կրկին սիրահարուեցաւ, այս անգամ շատ աւելի լրջօրէն քան նախկինները, օրիորդ Չաւորթին՝ այն աղջկան, որուն հօրը սպանած էր «վատ լորտ Պայրոնը» (the "wicked" Lord Byron)։ Տխուր պահերուն ան յաճախ կ'ափսոսար, որ աղջիկը մերժած էր զինք։

Առաջին Ճամբորդութիւն Խմբագրել

1809 թուականի Յունիսին Պայրըն մեկնեցաւ ճանապարհորդութեան։ Եղաւ Սպանիա, Ալպանիա, Յունաստան, Թուրքիա եւ Փոքր Ասիա, ուր լողալով անցաւ Տարտանելի նեղուցը, եւ ան հետագային միշտ կը հպարտանար իր այդ կատարումով։ Կարելի է ենթադրել, որ երիտասարդ բանաստեղծը, փայլուն յաղթանակ տանելով իր գրական հակառակորդներուն նկատմամբ, արտասահման մեկնեցաւ բաւարարուած եւ երջանիկ, բայց իրականութիւնը այդպէս չէր։ Պայրընը Անգլիայէն մեկնեցաւ հոգեպէս սարսափելի ընկճուած վիճակով եւ վերադարձաւ աւելի ճնշուած։ Շատերը նմանցնելով զինքը Չայլտ Հարըլտի հետ՝ կ'ենթադրէին, որ արտասահման եղած ատեն, իր հերոսի նմանութեամբ, ան վարած է չափազանց ցոփ ու շուայտ կեանք, բայց Պայրընը ե՛ւ տպագիր, ե՛ւ բանաւոր կերպով կ' ընդվզէր անոր դէմ՝ ընդգծելով, որ Չայլտ Հարըլտը միայն երեւակայութեան արդիւնք է։ Թոմաս Մուրն, ի պաշտպանութիւն Պայրընին՝ կը նշէր, որ ան չափազանց աղքատ էր հարեմ (կանանոց) ունենալու համար։ Բացի այդ, Պայրընին կ'անհանգստացնէր ոչ միայն ֆինանսական դժուարութիւնները այլ այդ ժամանակաշրջանին մօր կորուստը եւ հակառակ անոր, որ իր մօրը հետ համերաշխ երբեք չէր եղած, այնուամենայնիւ ան շատ սուգաց անոր մահը։

«Չայլտ-Հարըլտ»: Փառք Խմբագրել

1812 թուականի Փետրուար 27-ին Պայրընը Լորտերու պալատին մէջ հանդէս եկաւ իր առաջին ճառով, որ մեծ յաջողութիւն ունեցաւ. «Մի՞թէ խռովարարներու արիւնը քիչ է՝ ձեր քրէական կանոնագիրքին մէջ, որ կը փափաքիք կրկին թափել, որպէսզի այն բողոքի ձայն արձակէ դէպի երկինք եւ վկայէ ընդդէմ ձեզ»։ «Կանկայի ափերու թուխ ցեղը ամբողջութեամբ կը ցնցէ ձեր բռնապետական կայսրութիւնը»։

Այդ ելոյթէն երկու օր ետք յայտնուեցան Չարլտ-Հարըլտի առաջին երկու գլուխները։ Բանաստեղծը անհաւատալի յաջողութիւն ունեցաւ, եւ անոր 14000 օրինակները սպառեցան մէկ օրուան մէջ, որուն շնորհիւ ալ հեղինակը իր տեղը գրաւեց՝ գրական հանրաճանաչ դէմքերու առաջին շարքերուն մէջ։ «Կարդալով Չարլտ-Հարըլտը,- կ'ըսէր ան, - ոչ ոք կը փափաքի լսել իմ արձակս, ինչպէս ալ ես անձնապէս չեմ փափաքիր»[14]։ Թէ ինչո՞ւ Չարլտ-Հարըլտը այդպիսի յաջողութիւն ունեցաւ, Պայրըն ինքն ալ չէր գիտեր եւ միայն կ'ըսէր. «Մէկ անգամ առաւօտեան արթնցայ եւ տեսայ, որ հանրայայտ եմ»[15]։

Չարլտ-Հարըլտի ճանապարհորդութիւնը գրաւեց ոչ միայն Անգլիան, այլեւ ամբողջ Եւրոպան։ Բանաստեղծը շօշափած էր այդ ժամանակի համընդհանուր պայքարը՝ կարեկցանքով խօսելով սպանացի գեղջուկներու եւ կանանց հերոսութեան մասին, եւ անոր ազատութեան մասին կրակոտ ճիչը տարածուեցաւ հեռուները՝ հակառակ բանաստեղծութեան երեւութապէս անպատկառ շեշտին։ Այդ համընդհանուր լարուածութեան ծանր պահուն ան յիշեցուց նաեւ՝ ինկած Յունաստանի հզօրութեան մասին։

Աշխարհիկ Կեանք Խմբագրել

 
Տելաքրուայի կողմէն պատկերազարդուած Պայրընի արեւելեան բանաստեղծութիւններէն մէկը։

Ան ծանօթացաւ Իրլանտացի բանաստեղծ Թոմաս Մուրի (Thomas Moore) հետ, որ հետագային անոր առաջին կենսագիրներէն մէկը դարձաւ։ Մինչ այդ ան երբեք չէր եղած բարձր հասարակութեան մէջ եւ այդ ժամանակ տարուեցաւ աշխարհիկ կեանքի հողմապտոյտին։ Նոյնիսկ անգամ մը երեկոյեան Տալլասը տեսաւ զինք պալատական հագուստով, հակառակ, որ Պայրընը պալատ չէր գացած։ Բարձր հասարակութեան մէջ կաղ Պայրընը (անոր ծունկը քիչ մը պրկուած էր) երբեք ինքզինք ազատ չէր զգար եւ գոռոզութեամբ կը փորձէր քողարկել իր անյարմար վիճակը։

1813 թուականի Մարտին ան առանց ստորագրութեան հրատարակեց «Վալս» երգիծանքը, իսկ Մայիսին արդէն տպագրեց թուրքական իրականութիւնը արտացոլող «կաւուր» (The Giaour) պատմուածքը, որ ներշնչուած էր Լեւանթ (Levant) ճանապարհորդութեամբ։ Հասարակութիւնը հիացմունքով ընդունեց սիրոյ եւ վրիժառութեան մասին այդ պատմուածքը, աւելի շատ հիացմունքով ընդունուեցաւ նաեւ նոյն տարին լոյս տեսած «Ապիտոսեան հարսնացուն» (The Bride of Abydos) եւ «Քորսար» (The Corsair, ծովահէն) բանաստեղծութիւնները։ 1814 թուականին ան հրատարակեց «Հրէական մեղեդիներ»-ը, որ մեծ յաջողութիւն ունեցաւ եւ բազմաթիւ անգամներ թարգմանուեցաւ բոլոր եւրոպական լեզուներով։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. 1,0 1,1 L. S. Byron, George Gordon // Dictionary of National Biography / L. Stephen, S. LeeLondon: Smith, Elder & Co., 1885. — Vol. 8. — P. 132–155.
  2. 2,0 2,1 2,2 Байрон, Джордж-Ноэль-Гордон // Энциклопедический словарь / под ред. И. Е. АндреевскийСПб.: Брокгауз — Ефрон, 1891. — Т. IIа. — С. 726–730.
  3. 3,0 3,1 3,2 E. H. C. Byron, George Gordon Byron, 6th Baron // Encyclopædia Britannica: a dictionary of arts, sciences, literature and general information / H. Chisholm — 11 — New York, Cambridge, England: University Press, 1911. — Vol. 4. — P. 897–905.
  4. Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  5. Байрон // Краткая литературная энциклопедияМ.: Советская энциклопедия, 1962. — Т. 1.
  6. Archivio Storico Ricordi — 1808.
  7. Գերմանիայի ազգային գրադարանի կատալոգ
  8. 8,0 8,1 8,2 8,3 8,4 8,5 8,6 Oxford Dictionary of National Biography / C. MatthewOxford: OUP, 2004.
  9. 9,0 9,1 https://archive.org/details/byronitalianlite00vass
  10. https://www.jstor.org/stable/23209289
  11. 11,0 11,1 11,2 11,3 11,4 11,5 11,6 11,7 11,8 Kindred Britain
  12. Lundy D. R. The Peerage
  13. «George Gordon Byron, 6th Baron Byron (English poet)» (անգլերեն) 
  14. Речь, произнесенная в Палате лордов 27 февраля 1812 года во время обсуждения билля против разрушителей станков / Пер. О. Холмской. // Байрон Дж. Г. Собр. соч. в четырёх томах. М.: Правда. 1981. Т. 2. С. 129.
  15. K. N. Cameron, The young Shelley, p. 162