Մաթիլտ Մանուքեան

Մաթիլտ Մանուկեան (1914, Կոստանդնուպոլիս - 17 Փետրուար 2001(2001-02-17), Պոլիս, Թուրքիա), 20րդ դարու Թուրքիոյ կարեւորաքոյն կին գործարարներէն մին, հանրատուներու տէր, 2 տարիներ մրցանակ ստացած է որպէս՝ Թուրքիոյ ամէնաբարձր տուրքը վճարող անձը:

Մաթիլտ Մանուքեան
Ծնած է 1914
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս
Մահացած է 17 Փետրուար 2001(2001-02-17)
Մահուան վայր Պոլիս, Թուրքիա
Քաղաքացիութիւն  Թուրքիա
Մայրենի լեզու թրքերէն
Կրօնք Քրիստոնեայ
Ուսումնավայր Նոթր Տամ տը Սիոն Ֆրանսական վարժարան
Մասնագիտութիւն գործարար
Աշխատավայր Հասարատուներու Տէր
Ամուսին Արամ Չիլինկիր
Երեխաներ Գէրովբէ Չիլինկիր

Ընտանիք Խմբագրել

Մաթիլտ Մանուկեան ծնած է 1914-ին Պոլսոյ Սիւթլիւճէ (Ոսկեղջիւրի մօտ թաղամաս մը) թաղամասը: Ան դուստրն էր Կոմիտաս վարդապետի սաներու կարգին յիշուող Արմենակ Շահմուրատեանի[1]։ Հարուստ ու բռնակալ ընտանիքի մը դուստրը եղած է: Իրմէ զատ ուներ չորս եղբայրներ ու քոյրեր: Հայրը՝ Մանուք Էֆէնտի Մանուկեան, իսկ մայրը՝ Ռօզին Հանըմ Մանուկեանն էր:

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Հայրը համալսարան աւարտած էր եւ կ'ուզէր թէ իր զաւակներն ալ իրէն պէս լաւ ուսում մը թող ստանան: Աւարտած է Պալաթի Խորէնեան Վարժարանը: Լիսէի ուսումը ստացած է Notre Dame de Sion Ֆրանսական Վարժարանը: 16 տարէկանին իր ընտանիքին արտօնութեամբ Դերձակ Լուսայի գով դերձակութեան սկսած է: Երկար ատէն Լուսիային հետ աշխատելէ յետոյ իրմէ կը զատուի եւ կը սկսի աշխատիլ Դերձակ Մաքսութին հետ: Մաքսութին հետ աշխատած միջոցին Մաթիոլտին անունը կը սկսի լսուիլ Պոլսէցի ազնուականներու միջեւ։ Կը սկսի մասնակցիլ պարահանդէսներու որպէս հրաւիրեալ եւ այդ պարահանդէսներուն մէկուն կը ծանօթանայ իր ապաքայ ամուսնոյն Արամ Չիլինկիրի հետ: Պահ մը յետոյ կ'ամուսնանայ Արամ Չիլինկիրի հետ: Արամն ալ իրէն պէս ունէւոր ընտանիքի մը զաւակն էր:

Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի շրջանին կը հղանա իր միակ զաւկին՝ Քէրովբէին: Նոյն միջոցին, Արամը տնտէսական տէսակէտէ վատ կացութեան կը մատնուի եւ կրկին կը սկսի աշխատիլ Դերձակ Մաքսութի հետ: Պէհիճէ անուն կին մը կը սկսի հագուստներ կարել տալ: Կինը, իր բոլոր կարել տուածները պարտքի փոխարէն կ'առնէր: Երկար ատէնէ յետոյ կինը Մանուկեանին մեծ գումար մը պարտքուած էր։ Այդ պարտքի փոխարէն կինը խոստացաւ տալ իր բաժնին 50 տոկոսը: Մաթիլտ, այդ 50 տոկոսին մասին ոչ մէկուն բան մը ըսաւ: Որովհետեւ կը վախնար իր ընտանիքէն, իր ամուսինէն: Իր ամուսնոյն մահէն յետոյ իր որդւոյ հետ ապրած է: Մանուկեան, 1994 եւ 1995 թուականներուն 2 անգամ վրայ վրայի Թուրքիոյ մէջ ամէնաբարձր գումարով տուրքը վճարած է եւ մրցանակներ ստացած է: Իր մահէն 6 տարիներ առաջ այսինքն 28 Սեպտեմբեր 1995-ին ինքնաշարժով տեղ մը երթալու պահուն ռմբակոծուած է: Ինքնաշարժին շարժավարն ու Մաթիլտին թիկնապահը մահացած էր։ Բայց ինքը չէր մահացած:

2001 թուականին Շիշլիի, Հուզուր Փալասի մէջի տանը մէջ մահացած է: Իր միակ ժառանգորդին այսինքն իր զաւակը Քէրովբէ Չիլինկիրին ժառանգած է 700 հարկաբաժիններ, 70 գործարան, Պոլսոյ Իքիթէլլի թաղամասի մէջ գործատուն մը «Rolls Royce» ինքնաշարժ մը, 4 հատ «BMW» ինքնաշարժեր, 4 հատ Mercedes-Benz ինքնաշարժեր, 18 մեթր երկայնութեամբ Sang Harmony անունով շքանաւ մը, 3 հատ 5 աստղերով հիւրանոցներ, 4 հատ ամարանոցներ եւ մեծ թիւով գոհարեղէններ[1]: Հուղարկաւորութիւնը իրականացաւ 21 Փետրուար 2001 թուականին Պէյօղլուի Ս. Երորդութիւն Եկեղեցին: Թաղուած է Շիշլիի Հայկական Գերեզմանատունը:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. 1,0 1,1 «Մաթիլտ Մանուկեանի ժառանգը դատական խնդրի վերածուեցաւ»։ Արեւմտահայաստանի եւ Արեւմտահայութեան Հարցերու Ուսումնասիրութեան Կեդրոն (en-US)։ 2019-05-23։ արտագրուած է՝ 2020-10-17 

Աղբիւրներ Խմբագրել