Մաժիտա Ալ Ռումի, (արաբ․՝ ماجدة الرومي‎‎, 13 Դեկտեմբեր 1956), Լիբանանցի սոփրանօ երգչուհի եւ դերասանուհի։ Ճանչցուած է որպէս Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան բարեացակամութեան դեսպանը։ Առաջին անգամ ելոյթ ունեցած է 16 տարեկանին՝ 1974 թուականին։ Մաժիտան ծնած է յայտնի երգիչ՝ Հալիմ Ալ Ռումիին ընտանիքին, Հարաւային Լիբանանի, Սուր քաղաքին մէջ[1]:

Մաժիտա Ալ Ռումի
արաբերէն՝ ماجدة الرومي
Ծննդեան անուն արաբերէն՝ ماجدة حليم الرومي
Ծնած է 13 Դեկտեմբեդր, 1957
Ծննդավայր Սուր, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն Լիբանանցի
Մայրենի լեզու Արաբերէն
Ուսումնավայր Լիբանանեան Համալսարան
Ազդուած է Ֆէյրուզ
Տեսակ Արաբական Երաժշտութիւն եւ դասական երաժշտութիւն
Մասնագիտութիւն Արաբական, դասական եւ օփերային երգչուհի եւ դերասանուհի
Ծնողներ հայր՝ Halim El-Roumi?
Կայքէջ [http://Script error: The function "url" does not exist.]

2015-ի Յուլիսին, Մաժիտա Ալ Ռումին Ժունիէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած փառատօնին հանդէս եկած է Ինկա եւ Անուշ Արշակեաններուն «Մենք ենք սարերը մեր» երգով թէ՛ արաբերէն եւ թէ՛ հայերէն տարբերակներով՝ իրբեւ յարգանքի տուրք Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին եւ զոհերու յիշատակին:[2]:

Համերգէն առաջ տուած ճեպազրոյցին ընթացքին ողջունելով հայ ժողովուրդը Ռումի ըսած է.

100 տարի է անոնք բարութիւն եւ ուրախութիւն կը սերմանեն ո՛ւր ալ գտնուին, անոնք արժանի են սրտիս խորքէն բխող այս ողջոյնին, կը յուսամ, որ հայերէնը լաւ ընդունուի, որովհետեւ իսկապէս դիւրին լեզու չէ[3]:
- Մաժիտա Ռումի


Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել