Մաղաքիա Արք․ Օրմանեան

Մաղաքիա Արք. Օրմանեան (23 Փետրուար 1841(1841-02-23) կամ 1841[1][2], Կոստանդնուպոլիս[3] - 19 Նոյեմբեր 1918(1918-11-19) կամ 1918[1][2], Կոստանդնուպոլիս), Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարք, աստուածաբան, հայագէտ, պատմաբան, բանասէր, հրապարակախօս, ազգային պահպանողական ուղղութեան հասարակական գործիչ։

Մաղաքիա Արք․ Օրմանեան
Ծնած է 23 Փետրուար 1841(1841-02-23) կամ 1841[1][2]
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս[3]
Մահացած է 19 Նոյեմբեր 1918(1918-11-19) կամ 1918[1][2]
Մահուան վայր Կոստանդնուպոլիս
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Կրօնք Հայ Առաքելական Եկեղեցի
Մասնագիտութիւն քահանայ, պատմաբան, բանասէր, հրապարակախօս
Վարած պաշտօններ Կոստանդնուպոլսի հայոց պատրիարք? եւ Եպիսկոպոս[4]

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Ծնած է 23 Փետրուար 1841-ին, Կոստանդնուպոլիս։

Նախնական կրթութիւնը ստացած է Կ.Պոլսոյ մէջ։ 1851 թուականէն ուսումը շարունակած է Հռոմի Անտոնեանց Ս. Լուսաւորիչ վանքին մէջ։ 1858 թուականէն՝ Վատիկանի հոգեւոր դպրոցին մէջ։

Նոյն թուականին ստանալով աստվածաբանութեան մագիստրոսի աստիճան՝ նշանակուած է Հռոմի Քարոզչութեան դպրոցի հայերէնի ուսուցիչ։

1866 թուականին վերադարձած է Կ. Պոլիս եւ նշանակուած՝ Անտոնեանց միաբանութեան քարտուղար: 1867 թուականին՝ ստանձնած է Հռոմի Անտոնեանց վարժարանի տեսուչի պաշտօնը։ 1868 թուականին Հռոմի մէջ ստացած է իմաստասիրութեան, աստուածաբանութեան եւ եկեղեցական իրաւագիտութեան մագիստրոսի գիտական աստիճան, ընտրուած՝ Հռոմի աստուածաբանական ակադեմիայի անդամ։ Տիրապետած է իտալերէնին, ֆրանսերէնին, յունարէնին, լատիներէնին, արաբերէնին եւ թուրքերէնին։

1870-ին խուսափելով կաթողիկէ հոգեւորականութեան հալածանքներէն, վերադարձած է Կ. Պոլիս, ուր զբաղած է հրապարակախօսութեամբ: Ֆրանսական եւ հայկական թերթերուն մէջ յօդուածներ տպագրելով բացայայտօրէն պայքարած է հայ կաթողիկէ համայնքը պառակտելու, հայ կաթողիկէներու մէջ հայկական աւանդութիւնները վերացնելու Վատիկանի քաղաքականութեան դէմ։

Այդ ժամանակաշրջանին գրած է Հռոմի կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ հայոց վէճը լուսաբանող աշխատութիւններ, ինչպէս՝ «Արեւելեան Հայ-Կաթողիկէ Հայերը» (1870, իտալերէն), «Արեւելեան Կաթոլիկաց Կրօնական Ազատութիւնը Եւ Քաղաքացիական Իրաւունքները» (1872, ֆրանսերէն), «Ռեւերսուրուս Կամ Հայք Եւ Պապութիւն» (1872, իտալերէն), «Վատիկան Եւ Հայք»[5] (1873, ֆրանսերէն) գիրքերը, որոնք 1874-ին ներառուած են Վատիկանի արգիլած գիրքերու ցանկին մէջ։

1875 թուականին Իտալիոյ մէջ հանդիպած է երկրի ազգային-ազատագրական պայքարի ղեկավար Ջ. Կարիպալտիին եւ անոր հետ քննարկած՝ հայ եւ իտալացի ժողովուրդներու ազատագրական պայքարին վերաբերող հարցեր։

1876 թուականին վերջնականապէս որոշած է խզել իր կապերը Վատիկանի հետ եւ հրաժարած՝ կաթողիկէ համայնքին մաս կազմելէ։ 1877 թուականին դիմած է Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարք Ներսէս Արք. Վարժապետեանին՝ Հայ եկեղեցւոյ գիրկը դառնալու խնդրանքով։

1879 թուականին Կ.Պոլսոյ Գում-գափուի Մայր եկեղեցւոյ մէջ Վարժապետեան պատրիարքի ձեռքին տակ ստացած է Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ ծայրագոյն վարդապետի աստիճան։

Հայ եկեղեցւոյ մէջ իր գործունէութիւնը սկսած է որպէս քարոզիչ Կ. Պոլսոյ Ղալաթիա թաղամասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։

1880 թուականին նշանակուած է Կարինի թեմի Առաջնորդ եւ վճռական դեր խաղցած է Կարինի Սանասարեան Վարժարանի բացման (1881) աշխատանքին մէջ, ստանձնելով վարժարանի տեսչական մարմինի նախագահութիւնը: Ան կապեր հաստատած է աթոռանիստ Կարինի 1881-ին ստեղծուած «Պաշտպան Հայրենեաց» ազատագրական գաղտնի կազմակերպութեան ղեկավարներուն հետ, աջակցելով անոնց կազմակերպչական աշխատանքներուն։

1886-ին Ս. Էջմիածինի Մակար Ա. Թեղուտցի Կաթողիկոսը զինք ձեռնադրած է եպիսկոպոս։

1887 թուականին թողած է Կարինի առաջնորդութիւնը եւ Մակար Ա. Թեղուտցի Կաթողիկոսի կոնդակով հրաւիրուած է Ս. Էջմիածին՝ Գէորգեան ճեմարանի աստուածաբանութիւն դասաւանդելու։

Անոր շնորհիւ ճեմարանին մէջ դասաւանդուող աստուածաբանական նիւթերուն հանդէպ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծուած է։ Օրմանեանի միջնորդութեամբ եւրոպական համալսարաններուն մէջ իրենց կրթութիւնը շարունակած են ճեմարանական իր սաները՝ Կոմիտաս վարդապետը, Գարեգին Ա. Յովսեփեանցը, Կարապետ Տէր-Մկրտչեանը, Գէորգ Զ. Չորեքչեանը, Երուանդ Տէր-Մինասեանը եւ ուրիշներ։

Օրմանեանի ազատագրական տոգորումները եւ ազատախոհ ճառերը գրաւած են ցարական իշխանութիւններու ուշադրութիւնը, եւ ան, ռուսահպատակ չըլլալու պատրուակով, արտաքսուած է ռուսական կայսրութեան սահմաններէն։

1889 թուականին վերադարձած է Կ. Պոլիս եւ նշանակուած՝ Արմաշի վանքի վանահայր եւ իր կազմակերպած դպրեվանքի տեսուչ։

Օրմանեան Կ.Պոլսոյ հայոց պատրիարք ընտրուած է սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ.-ի արիւնոտ բռնապետութեան պայմաններուն, երբ Կ. Պոլսոյ ու Արեւմտեան Հայաստանի նահանգներուն մէջ սկսած էին հայկական ջարդերն ու տեղահանութիւնները։

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Օրմանեան պատրիարքը կարելի եղած միջոցներով փորձեց մեղմացնել Ապտուլ Համիտ Բ.-ի՝ հայերու դէմ ունեցած ատելութիւնը, կանխել աւելի մեծ աղէտները եւ քիչ թէ շատ տանելի վիճակ ստեղծել։

Ան իր զգոյշ եւ պահպանողական քաղաքականութեամբ առաջ բերած է Կ. Պոլսոյ ազգային որոշ շրջանակներու, ինչպես նաեւ՝ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի հոգեւորականութեան մաս մը դժգոհութիւնը եւ ամբաստանուած է[6]։

1906 թուականին, Հայոց Ազգային սահմանադրութեան վերաքննման եւ արգիլման վերաբերեալ Ապտուլ Համիտ Բ.-ի հրամանին առիթով Օրմանեանը սուլթանին ներկայացուցած է իր հրաժարականը, սակայն չէ ընդունուած։

16 Յուլիս 1908-ին, Կ. Պոլսոյ մէջ հոծ բազմութեամբ կազմակերպուած ցոյցի մասնակիցները խուժած են պատրիարքարան եւ Օրմանեանինին յայտարարել պաշտօնանկ։

«Յիշատակագիրք Երկոտասանամեայ Պատրիարքութեան» գիրքին մէջ (1910) ան հերքած է իր դէմ եղած ամբաստանութիւնները։ 3 Յունուար 1913-ին Ազգային Երեսփոխանական ժողովը, ուր ի պաշտպանութիւն Օրմանեանի ճառով հանդէս եկած է գրող Գրիգոր Զօհրապը, արդարացնելով նախկին պատրիարքին։

Նոյն թուականին Օրմանեան ընտրուած է Եկեղեցական Համագումարի պատգամաւոր, Կրօնական Ժողովի անդամ եւ ապա՝ Եգիպտոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ, բայց հրաժարած է ստանձնել այդ պաշտօնը։

1914–1917 թուականներուն Օ. Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց վանքին մէջ վարած է շարք մը պաշտօններ եւ դասաւանդած Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ։

1918 թուականին վերադարձած է Կ. Պոլիս, ուր վախճանած է։

Երկերը Խմբագրել

Օրմանեանը եղած է ժամանակի ամենանշանաւոր եւ բեղումնաւոր հայ գիտնական հոգեւորականը։ Ան թողած է գրական, գիտական, մատենագրական հարուստ ժառանգութիւն, եկեղեցապատմական շարք մը կոթողային աշխատութիւններ, ինչպէս՝

  • «Համապատում» (1911)
  • «Հայոց եկեղեցին» (1911, թարգմանուած է նաեւ ռուսերէնի[7], անգլերէնի[8][9], ֆրանսերէնի[10] եւ այլ լեզուներու)
  • «Ծիսական Բառարան», Մաղաքիա Արք. Օրմանեան։ Կաթողիկոսութիւն Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս, 1979։
  • «Խոհք Եւ Խօսք» (յետմահու հրատարակութիւն), Երուսաղէմ, 1929։

եւ այլն։

Օրմանեանը հրապարակախօսական, դաւանական, գիտական եւ գրական բազմաթիւ յօդուածներ տպագրած է «Մասիս», «Արեւելք», «Արարատ», «Լումա» պարբերականներուն մէջ, հանդէս եկած է եւրոպական մամուլին մէջ։

Ունի շարք մը անտիպ եւ անաւարտ գործեր։

Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան եւ դերին նուիրուած է Օրմանեանի «Ազգապատում» կոթողային աշխատութիւնը՝ Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը հասցնելով մինչեւ Մատթէոս Բ. Կոստանդնուպոլսեցիի ընտրութիւնը (1908)։

Օրմանեանը, շեշտելով հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ Հայ եկեղեցւոյ կատարած դերը, անվախօրէն նշած է այն սայթաքումներն ու ցաւալի վրիպումները, որոնք ունեցած են հայոց կաթողիկոսները։

«Ազգապատում» աշխատութեան մեջ հեղինակը փափաքած է դէպքերը ներկայացնել ժամանակագրական կարգով, սակայն, կեդրոնանալով կաթողիկոսներու յաջորդականութեան խնդիրներուն վրայ, հայ ժողովուրդի եւ Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը շարադրած է ըստ կաթողիկոսներու գահակալութեան տարիներուն եւ պատմութեան անցքերը կապած է ժամանակի կաթողիկոսին հետ։

Նկատի ունենալով իր թերի կողմերը եւ պատմագիտական վիճելի հայեացքները, «Ազգապատում»-ը, իբրեւ հայ կեանքի իւրօրինակ հանրագիտարան, շատ առումներով կը մնայ անգերազանցելի:

Մատենագիտութիւն Խմբագրել

Մաղաքիա Օրմանեանի աշխատութիւններու լիակատար մատենացոյցը տե՛ս Օրմանեան Մաղաքիա Արքեպս., Միութիւն Հայութեան. Երկրորդ հրատարակութիւնը, Փարիզ, տպարան «Արաքս», 1958, էջ 68-70։

Գրականութիւն Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • Նշանաւոր Ճեմարանականներ, Պրակ Ա, Էջմիածին, 2005, էջ 455-463։

Արտաքին Յղումներ Խմբագրել