Մայքլ Արլէն (անգլերէն՝ Michael Arlen, Տիգրան Գույումճեան, 16 Նոյեմբեր 1895(1895-11-16)[1][2][3][…], Ռուսէ, Պուլկարիա[4] - 23 Յունիս 1956(1956-06-23)[1][2][3][…], Նիւ Եորք, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[4]), հայազգի աշխարհահռչակ գրագէտ։

Մայքըլ Արլէն
Ծննդեան անուն Տիգրան Գույումճեան
անգլերէն՝ Dikran Sarkis Kouyoumdjian
Ծնած է 16 Նոյեմբեր 1895(1895-11-16)[1][2][3][…]
Ծննդավայր Ռուսէ, Պուլկարիա[4]
Մահացած է 23 Յունիս 1956(1956-06-23)[1][2][3][…] (60 տարեկանին)
Մահուան վայր Նիւ Եորք, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[4]
Քաղաքացիութիւն  Միացեալ Թագաւորութիւն[4]
Ազգութիւն Հայ[4]
Ուսումնավայր Մալվըրն Գոլէճ
Էտինպըրկի Համալսարան
Տեսակ տրամա
Մասնագիտութիւն ակնարկագիր, գրագէտ, թատերագիր, վիպասան
Աշխատավայր The New Age?
Տէյլի Էքսփրես[4]
Ամուսին Atalanta Mercati?[5]
Երեխաներ Michael J. Arlen?

Կենսագրութիւն Խմբագրել

1901 թուականին, Երբ դեռ հինգ տարու էր Տիգրան՝ հօրը հետ Լոնտոն կ'անցնի, ուր նախնական կրթութիւնը ստանալէ ետք բժշկութիւն կը հետեւի Էտինպըրկի համալսարանը: Կէս ամիս կը տեւէ սակայն իր ուսումը. կը դառնայ Լոնտոն ու ապրուստը ճարելու համար ինքզինքը կու տայ գրականութեան:

Մեծ պատերազմին իբր պուլկարահպատակ՝ թշնամի կը նկատուի յաջս Անգլիական իշխանութեան, բայց իր սրտաբուխ պաշտպանողականովը կ'արտոնուի կառավարութեան ի նպաստ աշխատիլ եւ գրիչ շարժել: Պատերազմէն վերջ կը նուիրուի վիպագրական ճիւղին. եւ իր բեղուն երեւակայութեամբ եւ գրաւիչ ու խայթհամեղ ոճով յաջորդաբար կ'արտադրէ գործեր. որոնք ցոյց կու տան թէ հեղինակը բրիտանական աշխարհի բարեկեցիկ դասուն կենցաղն ու տիպարները լաւագոյնս ուսումնասիրած էր. Եւ որոնցմով աշխարհահռչակ կը դառնայ, - չէ՞ որ տիեզերական էր գործածած լեզուն, անգլիերէնը: Ահա իր սկզբնական տարիներու երկերը. Կանանչ գլխարկը, Ասպատակութիւն, Անհեթեթ կինը. Լոնտոնեան Արկածախնդրութիւն: Բոլոր անգլիական թերթերը միշտ ներբողած են հայածին Արլէն Մայքլը:

Մ. Արլէն 1924-ին Միացեալ Նահանգաց մէջ լոյս ընծայեց նոր հատոր մը, Չըքնաղ Մայիս, որուն մասին Ուըրլտ թերթի քննադատը խիստ արտայայտուեցաւ սակայն, հեղինակը ներկայացնելու իբր մէկը՝ որ ժողովրդականութիւն շահելու մարմաջէն տարուած, իր գրիչին իջեցուցած է հասարակ վիպասաններու աստիճանին: Որքան որ Արլէն առիթ չէ ունեցած լեզուն սորվիլ եւ հայ մշակոյթով սնանիլ, սակայն ամէն առիթի յայտնած է հպարտութեամբ իր հայ ըլլալը: 1924-ին երբ Ամերիկա գնաց՝ ան շփում ունեցաւ իր ազգակիցներուն հետ: Միացեալ Մահանգներու թերթերէն մին «Գըրրընդ Օբինիըն» գրեց մեր ազգակցին մասին. «Մ.Արլէն նոր աստղ մըն է գրական երկնակամարին վրայ։ Այս երիտասարդ Հայը կը գրէ անգլիերէն ա'յնքան սահուն եւ խնամեալ՝ որ կարծես անգլիացի մը եղած ըլլար: Իբր զրուացաբան՝կարելի է դասել եթէ ոչ Ասքըր Ուայլտի, գէթ Մաքս Պիրպոմի շարքին»: Ն. Եորք Թայմզ, «Նրբակերտ ու ողջամիտ երկ («Կանանչ գլխարկը»), վախճանը կատարելութեան, որով ստուգիւ պիտի պարծէր մերօրեայ որեւէ վիպագիր. Հրաւէր մը անթերի արուեստի:

Երկերը Խմբագրել

  1. «Կանանչ գլխարկը»,
  2. «Ասպատակութիւն»,
  3. «Անհեթեթ կինը»,
  4. «Լոնտոնեան արկածախնդրութիւն»,
  5. «Չքնաղ Մայիս» (1924)։

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • Հայ Հանրագիտակ, Մկրտիչ Վրդ. Պոտուրեան, Պուքրէշ, 1938, էջ 278
  • Թէոդիկ՝ Ամ. Տարեցոյց, 1926, էջ 675։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել