Մանկական Անդամալուծութիւն

Poliomyelitis, բառացիօրէն կը նշանակէ ողնուղեղային լուծանք։ Սակայն անիկա ընդհանրապէս անուանուած է «մանկական ողնուղեղային լուծանք» կամ «մանկական անդամալուծութիւն»:

Տղեկ մը մանկական անդամալուծութենէ տարապող

Յաւելեալ Խմբագրել

Մանկական անդամալուծութիւնը վարակիչ հիւանդութիւն մըն է, որուն յարուցիչը «Փօլիօ» ժահրն է, որ գտնուած է 1908-ին: Այս հիւանդութիւնը գոյութիւն ունեցած է հազարաւոր տարիներ առաջ։ 19-րդ եւ 20-րդ դարերուն անիկա համաճարակի վերածուած է։ Փօլիօ ժահրը կը հարուածէ միայն մարդ արարածը առանց տարիքի եւ սեռի խտրութեան։ Հիւանդութիւնը կը տեսնուի առաւելաբար մանուկներու մօտ։ Փօլիօ ժահրը ունի երեք ենթաբաժանումներ, որոնք կը յառաջացնեն տարբեր աստիճանի ախտանշաններ։ Առաջին տեսակը ամէնէն յաճախակին է եւ ամէնէն աւելի վարակիչը։

Փօլիօ ժահրը կը կեդրոնանայ եւ կ'ապրի կոկորդին, ըմբանին եւ աղիքներուն մէջ։ Անոր թխսաւորումը (incubation) կրնայ կայանալ 7-15 օրերու ընթացքին։ Թխսաւորումի ժամանակամիջոցին ժահրը կեդրոնացած կ'ըլլայ կոկորդին եւ կղկղանքին մէջ։ Ախտանշանները սկսելէն ետք անիկա կը մնայ կոկորդին մէջ 1-2 շաբաթ եւ կղկղանքին մէջ 3-6 շաբաթ։ Հետեւաբար ենթական այս 6 շաբաթուան ընթացքին իր մէջ կուտակուած ժահրերը կրնայ տարածել իր շրջապատին։

Վարակումէն ետք անհատը կ'ունենայ վարակամերժութիւն (immunity), որուն պատճառով վարակուած անհատին արեան մէջ կը զարգանան որոշ հակամարմիններ (antibodies): Այս հակամարմինները կը կեդրոնանան նշիկներուն եւ աղիքներուն մէջ ու կը պայքարին Փօլիօ ժահրերուն դէմ։ Անոնք կը կասեցնեն ժահրերուն բազմացումը եւ տարածումը դէպի կեդրոնական նեարդային համակարգ։ Փօլիօ ժահրի երեք ենթաբաժանումներուն դէմ մարմինին մէջ կը զարգանայ երեք տարբեր տեսակ վարակամերժութիւն։

Այս հիւանդութիւնը կը յայտնուի երկու ձեւով.

  1. Թեթեւ անցողակի հարբուխի նման հիւանդութիւն։
  2. Ծանր հիմնական հիւանդութիւն, ուր նեարդային կեդրոնական համակարգը կը վնասուի, եւ զանազան տեսակի ախտանշաններ կը յայտնուին անդամալուծութեամբ եւ կամ առանց անդամալուծութեամբ։

Ախտանշաններ Խմբագրել

Ընդհանուր առմամբ, վարակուողներուն 90-95 տոկոսը ախտանշաններ չեն ունենար։ 5-10 տոկոսը կ'ունենան անցողակի հարբուխի եւ կռիփի նման թեթեւ ախտանշաններ, օրինակի համար՝ ջերմ, գլխացաւ, փսխունք, փորհարութիւն եւ մկանային ցաւեր։ Այս ախտանշանները վարակումէն 15 օր ետք կ'անհետանան, եւ ենթական կ'ունենայ բնական կեանքի ընթացք։ Իսկ վարակուողներուն 1 տոկոսը կ'ունենայ նեարդային կեդրոնական համակարգի վնաս, որ կը յայտնուի երկու ձեւով.

  1. Առանց անդամալուծութեան ապանեխական (aseptic) ուղեպատեանատապ (meningitis), որ կը յատկանշուի հետեւեալ ախտանշաններով՝ գլխացաւ, վիզի, սրունքներու եւ բազուկներու ցաւ, ջերմ, փսխունք եւ յոգնածութիւն։
  2. Միակողմանի կամ երկկողմանի անդամալուծութեամբ, որ կրնայ ըլլալ ողնածուծային (spinal), կոճղիզային (bulbar), կոճղիզա-ողնածուծային, (bulbospinal) եւ կամ ուղեղային, համաձայն կեդրոնական նեարդային համակարգի ախտահարուած բաժինին։ Ուղեղայինը ընդհանրապէս կը պատահի անչափահաս մանուկներու, որոնք կ'ունենան շուարած վիճակ, ցնցումներ եւ պրկուածութիւն։ Ողնածուծայինը ամէնէն յաճախակի տեսակն է, որ կրնայ ըլլալ պարանոցային (cervical), լանջային (thoracic) կամ գօտկային (lumbar) համաձայն ողնածուծի ախտահարուած բաժինին։

Անդամալուծութեան յատկանշական ախտանշաններն են.

  1. Մկանային տկարութին, թուլութիւն, պրկում.
  2. Բազուկներու, ձեռքերու, սրունքներու եւ ոտքերու անշարժութիւն.
  3. Մորթի գերզգայնութիւն (hyper-esthesia) կամ տարզգայութիւն (paresthesia).
  4. Անմիզութիւն.
  5. Կլլելու դժուարութիւն.
  6. Քթային ետհոսք եւ ռնգաձայն (rhinolalia).
  7. Շնչառական-թոքային դժուարութիւն։
 
Աղջնակ մը փօլիոյի ժահրէ փոխանցուած

Փոխանցում Խմբագրել

Փօլիօ ժահրի փոխանցումը անձէ անձ տեղի կ'ունենայ ուղղակիօրէն եւ անուղղակիօրէն։ Քանի որ ժահրը կ'ապրի կոկորդին եւ լորձունքին մէջ, հետեւաբար անիկա անձէ անձ կը փոխանցուի բերանէ-բերան միջոցով, յատկապէս համբուրելով։ Իսկ անուղղակի փոխանցումը տեղի կ'ունենայ ժահրով հարուստ կղկղանքի գոյութեամբ։ Ըմպելի ջուրը եւ սննդեղէնը կրնան վարակուիլ այս ժահրով, երբ անոնք ուղղակի հանդիպում ունենան ժահրոտ կղկղանքին հետ։ Ճանճերը կը գործեն որպէս փոխադրամիջոց։ Անոնք նստելէ ետք ժահրոտ կղկղանքին վրայ կը փոխադրեն ժահրը ըմպելի ջուրերուն եւ կերակուրներու վրայ։ Ուստի մեզմէ ոեւէ մէկը կրնայ Փօլիօ ժահրով վարակուիլ, երբ խմէ վարակուած ջուրը եւ կամ ուտէ վարակուած կերակուրները։

Փօլիօ ժահրը հասնելէ ետք կոկորդ կը կեդրոնանայ մօտակայ աւշագեղձերուն մէջ, ուր կը բազմապատկուի, ապա կը մտնէ արեան շրջագայութեան մէջ, այսինքն տեղի կ'ունենայ ժահրա-արիւնութիւն (viremia): Այս հանգրուանին կը յաջորդէ հակամարմիններու յառաջացումը եւ ախտանշաններու յայտնութիւնը։ Ժահրը կը հասնի մարմինի ծայրամասային ջիղերուն (peripheral nerves) նեարդային կեդրոնական համակարգին արեան ճամբով։ Իսկ ծայրամասային ջիղերու ժահրերը կրնան ուղղուիլ դէպի ուղեղ եւ վարակել ուղեղը։

Այս հիւանդութեամբ վարակուող անձերու կղկղանքը 2-3 ամիս կը դառնայ Փօլիօ ժահրի շտեմարանը։ Անոնք կը դառնան կրողներ (carriers) եւ հետեւաբար այս ժամանակամիջոցին անոնք կրնան տարածել ժահրը եւ հիւանդութիւնը իրենց շրջապատին։ Փօլիօ ժահրով վարակուած անձ մը դիւրաւ կը տարածէ այս ժահրը իր շրջապատին մէջ իր ախտանշանները սկսելէ 7-10 օրեր առաջ եւ վերջ։

Յղութեան ընթացքին մօր հակամարմինները կ'անցնին արգանդի փառէն (placenta) դէպի սաղմ (fetus) եւ հետեւաբար նորածինը առաջին 3 ամիսներուն պաշտպանուած կ'ըլլայ այս ժահրին դէմ։

Ախտաճանաչում Խմբագրել

Մանկական անդամալուծութեան ախտաճանաչումը կը կատարուի երկու միջոցներով.

  1. Կղկղանքի եւ կոկորդի-լորձունքի քննութեամբ, ուր կը փաստուի Փօլիօ ժահրի գոյութիւնը.
  2. Արեան քննութեամբ, ուր կը փաստուի Փօլիօ ժահրին դէմ հակամարմիններու գոյութիւնը։

Մանկական անդամալուծութեամբ վարակուած հիւանդներ, անկախ վերոյիշեալ ախտանշաններէն, կրնան ունենալ հետեւեալ բարդութիւնները.

  1. Մարմնական ձեւափոխութիւններ (deformation), մասնաւորապէս՝ սրունքներու, բազուկներու, ձեռքերու եւ ոտքերու, որոնք հետեւանքն են անշարժութեան.
  2. Ոսկրափխրում (osteoporosis) եւ ոսկրային կոտրուածքներ.
  3. Թոքային բորբոքումներ, թոքատապ, թոքի ջրուռեցք (pleurisy) եւ շնչառական դժուարութիւն.
  4. Սրտաբորբ (carditis).
  5. Աղիքներու ծուլութիւն եւ փորի պնդութիւն.
  6. Սրունքներու երակախցում (vein thrombosis).
  7. Մարմնական ընդհանուր փլուզում-փլանք (shock)։

Փօլիօ ժահրի վարակումով անդամալուծութեան մատնուող հիւանդներուն երկու երրորդը կ'ունենան մնայուն-յարատեւ որոշ մարմնական տձեւութիւններ, ձեւափոխութիւններ եւ տկարութիւններ։ Իսկ բարդութիւններու մահացութեան տոկոսը (mortality rate) կրնայ հասնիլ 20-ի չդարմանուելու պարագային։

Մանկական անդամալուծութեան դէմ յատուկ դարմանամիջոց չկայ, սակայն կը գործածուին կողմնակի նեցուկային (supportive) միջոցներ, օրինակ՝ ցաւազերծ դեղեր, մարզանք եւ վերականգնումի (rehabilitation) միջոցառումներ։ Երիկամներու կամ թոքերու բորբոքումներու պարագային կը գործածուին հակամանրէական դեղեր։ Իսկ ստոծանիի եւ կրծքավանդակի մկաններու անդամալուծութեան պարագային շնչառութեան օգնական սարքի (respirator) գործածութիւնը կը դառնայ պարտաւորիչ։

Դարմանում Խմբագրել

Հակառակ անոր, որ մանկական անդամալուծութեան դէմ յատուկ դարմանումի միջոց չկայ, բարեբախտաբար գոյութիւն ունի անոր դէմ յատուկ պատուաստ մը, որ շատ ազդու եւ արդիւնաւոր է։ Բոլոր մանուկները պէտք ստանան այս պատուաստը։ Առողջապահական միջազգային կազմակերպութիւնը մեծ ճիգ կը թափէ հիմնովին արմատախիլ ընելու այս հիւանդութիւնը՝ գործածելով Փօլիօ ժահրին դէմ այս պատուաստը։ Աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ այս պատուաստի գործածութիւնը պարտադիր է։ Մանկական անդամալուծութիւնը կանխարգիլելի է այս յատուկ պատուաստի գործածութեամբ։ Պատուաստը գտնուեցաւ 1950-ին Ճօնաս Սալքի (Jonas Salk) կողմէ։ Առողջապական միջազգային կազմակերպութիւնը կը յուսայ, որ մինչեւ 2018 մանկական անդամալուծութիւնը բոլորովին գոյութիւն պիտի չունենայ։

Տե՛ս Նաեւ Խմբագրել

Աղբիւր Խմբագրել

  • «Asbarez» օրաթերթ, Յօդուածներ, տոքթ. Կարպիս Հարպոյեան, 9 Յունուար 2015: