Մատթէոս Մամուրեան

Մատթէոս Մամուրեան (17 Հոկտեմբեր 1830(1830-10-17)[1], Իզմիր, Այտընի Կուսակալութիւն, Օսմանեան Կայսրութիւն[1] - 2 Յունուար 1901(1901-01-02)[1], Իզմիր, Զմիւռնիոյ սանճաք, Այտըն, Օսմանեան Կայսրութիւն[1]), արեւմտահայ հրապարակագիր, մանկավարժ, վիպասան եւ լրագրող։

Մատթէոս Մամուրեան
Ծնած է 17 Հոկտեմբեր 1830(1830-10-17)[1]
Ծննդավայր Իզմիր, Այտընի Կուսակալութիւն, Օսմանեան Կայսրութիւն[1]
Մահացած է 2 Յունուար 1901(1901-01-02)[1] (70 տարեկանին)
Մահուան վայր Իզմիր, Զմիւռնիոյ սանճաք, Այտըն, Օսմանեան Կայսրութիւն[1]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ[1]
Ուսումնավայր Մեսրոպեան Վարժարան[1]
Սամուէլ-Մուրատ Վարժարան[1]
Քեմպրիճի Համալսարան[1]
Մասնագիտութիւն հրապարակախօս, գրագէտ, թարգմանիչ, բանասէր, ուսուցիչ
Աշխատավայր Մեսրոպեան Վարժարան
Արեւելեան մամուլ[1]

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Մատթէոս Մամուրեան ծնած է Իզմիր (Զմիւռնիա)։ Նախնական ուսումը ստացած է տեղւոյն Մեսրոպեան դպրոցը, իսկ միջնակարգ ուսումը՝ Փարիզի Մուրատեան վարժարանին մէջ։ Կը վերադառնայ Իզմիր, ուր դպրոց մը հիմնելու իր ճիգերը կը ձախողին հակառակորդներու պատճառաւ։ Կ'անցնի՝ որպէս տնօրէն, Հասգիւղի Ներսէսեան վարժարան եւ կ'աշխատակցի «Մասիս»ին։ 1857–ին կը մեկնի Լոնտոն, ուր կը գրէ «Անգլիական Նամականի»ն։

Ունեցած է ազգային եւ հանրային ծաւալուն գործունէութիւն։ 1861–էն մինչեւ 1868 թուական կը վարէ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի դիւանապետի պաշտօնը։ Ապա զինք կը գտնենք Իզմիր, որպէս Ս. Մեսրոպեան դպրոցի տեսուչ։ 1871–ին կը հիմնէ «Արեւելեան Մամուլ»ը[2]։, որ մեծ դեր կ՛ունենայ արեւմտահայոց մտաւորական կեանքին մէջ եւ զոր կը խմբագրէ մինչեւ իր մահը։

1899–ին մեծ շուքով կը տօնուի իր գրական գործունէութեան յիսնամեայ յոբելեանը։ Մամուրեան կը մահանայ 1901–ին։

Գրական ոճ Խմբագրել

Մամուրեանի լեզուն չէ՛ թօթափած գրաբարի ազդեցութիւնը, ինչ որ կը ցոլացնէ իր ժամանակը։ Սակայն իր ոճին մէջ ակնյայտ է գրական ճաշակն ու արտայայտութիւններու բծախնդրութիւնը։ Ան կը հանդիսանայ «արեւմտահայ վէպ»ի՝ ընդհանրապէս, եւ «հայ ռոմանթիք վէպ»ի՝ մասնաւորապէս, հիմնադիրներէն ու լաւագոյն ներկայացուցիչներէն՝ Աբովեանի, Պռօշեանցի, Րաֆֆիի, Ծերենցի եւ այլոց կողքին։[3]

Ստեղծագործութիւններ Խմբագրել

Վէպեր Խմբագրել

  • «Սեւ Լեռին Մարդը» (1871),
  • «Հայկական Նամականի» 1872,
  • Նիւթ հայկական նամականւոյն,
  • Անգլիական Նամականի, 1881։

Թարգմանութիւն Խմբագրել

Անթուան Ֆրանսուա Փրեւու Աբբա Փրեւու «Անիծեալն» վէպի հեղինակ: Հայերէնի թարգմանած է Մատթէոս Մամուրեան,Հրատարակութիւն՝ Տիգրան Յարութիւն Տէտէեան 1875, Զմիւռնիա:[4])

Նշումներ Խմբագրել

Աղբիւրներ Խմբագրել