Մարիա Ճէյքըպսըն

Մարիա Ճէյքըպսըն (դան․՝ Maria Jacobsen, 6 Նոյեմբեր 1882(1882-11-06)[1], Siim, Skanderborg Municipality, Տենմարքի կեդրոնական նահանգ, Դանիա, Դանիա[2] - 6 Ապրիլ 1960(1960-04-06)[3][4], Պիպլոս, Լեռնային Լիբանանի նահանգ, Լիբանան), դանիացի բարեգործուհի։ Կրթութեամբ՝ բժշկուհի։

Մարիա Ճէյքըպսըն
դան․՝ Maria Jacobsen
Ծնած է 6 Նոյեմբեր 1882(1882-11-06)[1]
Ծննդավայր Siim, Skanderborg Municipality, Տենմարքի կեդրոնական նահանգ, Դանիա, Դանիա[2]
Մահացած է 6 Ապրիլ 1960(1960-04-06)[3][4] (77 տարեկանին)
Մահուան վայր Պիպլոս, Լեռնային Լիբանանի նահանգ, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն  Դանիա
Մասնագիտութիւն միսիոներուհի

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Մարիա Ճէյքըպսըն ծնած է 1887-ին Դանիոյ Հօրսընս քաղաքին մէջ: Ան եղած է ջերմեռանդ հաւատացեալ ընտանիքի մը զաւակը: Առաջին անգամ լսած է Հայաստանի եւ հայերու մասին 1895-ին՝ կոտորածներուն նուիրուած բանախօսութեան մը ընթացքին։ Շուտով մաս կազմած է Տանիմարքի ՔՄԱ կազմակերպութեան (Կանանց Միսիոնար Գործիչներու Կազմակերպութիւն): 1906-ին որոշած է երթալ Թրքահայաստան եւ օգնութեան հասնիլ ու ծառայել հայ ժողովուրդին: Ինք արդէն վկայուած էր իբրեւ հիւանդապահուհի եւ պատրաստ էր ծառայելու:1907-ին ամերիկեան նպաստամատոյց ընկերութեան բարեգործներուն հետ մեկնած է Կ. Պոլիս, ապա՝ Խարբերդ։ Տեսնելով հայերու տառապանքը եւ որբերուն անմխիթար վիճակը՝ Մարիա Ճէյքըպսըն միւս բարեգործներուն հետ (Քարէն Եփփէ, Քարէն Փիթըրսոն, օրիորդ Պլեք, տիկին Կրունհակըն, Ճեսսի Հորթ եւ ուրիշներ) Խարբերդ, Մալաթիա, Այնթապ եւ ուրիշ քաղաքներ հիմնած է որբանոցներ եւ հիւանդանոցներ։ Խարբերդի մէջ, վերակացու նշանակուած է հոն հաստատուած պզտիկ հիւանդանոցին:

1909-ին Մեզրէի մէջ աւելի մեծ հիւանդանոց մը հաստատուած է եւ ինք հոն փոխադրուած է: Ծառայած է Խարբերդի, Մեզրէի եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ:

 
Մարիա Ճէյքըպսընի անձնական քարտը

1912-1914 թուականներուն բարեգործական առաքելութեամբ եղած է Դանիոյ մէջ։ 1915-ի նախօրէին վերադարձած է Խարբերդ, ականատես դառնալով թրքական խժդժութիւններուն եւ հայերու աքսորին։ 1919-ին աննհանգստութեան պատճառով վերադարձած է Դանիա բուժուելու։

Դանիացիներուն ուղղած իր խօսքին մէջ ան ըսած է՝

  «Ես չեմ կրնար բառեր գտնել նկարագրելու համար այս ժողովուրդին ցաւերը, հալածանքն ու սարսափը: Որքան դժուար է նկարագրել այն մայրերը որոնք չեն կրնար տոկալ լեռներու եւ ճամբաներու չարչարանքներուն, որոնք տեղ մը հասած՝ կը մեռնին, կը մեռնին անտէր ձգելով իրենց զաւակները: Դուք մայրեր, մտաբերեցի՞ք եթէ հայ որբերը ձեր զաւակները եղած ըլլային, մանաւանդ դուք որ այնքան կը հոգաք, կը գուրգուրաք ձեր զաւակներուն վրայ զանոնք ցաւերէ, չարչարանքներէ հեռու պահելու եւ որ աշխարհի բոլոր բարիքները չէք խնայած անոնց… Գետինը անոնց ոտքերուն տակ, ձիւն ու սառ կտրած է. անոնց փոքրիկ ոտքերը կարմրած ու կապուտցած են ցուրտէն: Ոչ մայր կայ, ոչ հայր որ անոնց վրայ գթայ: Անոնց հայրերն ու մայրերը շատոնց սպաննուած են: Արդեօք տանիմարքացի իւրաքանչիւր մայր պիտի չըսէ՞ր՝ ես ասոնց մէկը պիտի հոգամ»:
- [5]
 


Հազիւ Տուն հասած, հրաւէր ստացած է Մերձաւոր Արեւելքի Ամերիկեան Նպաստամատոյցի պատասխանատուներէն Ամերիկա երթալու: Ընդառաջելով հրաւէրին, մեկնած է Միացեալ Նահանգներ: Եօթը ամիս շրջած է Ամերիկայի զանազան քաղաքները եւ դասախօսած՝ ներկայացնելով հայերու հանդէպ կատարուող կոտորածները, հայ ժողովուրդին տառապանքը, Հայ որբերուն ոդիսականը, թուրք ժողովուրդին անմարդկային արարքներն ու ոճրագործութիւնները: Խօսած է հայոց ցեղասպանութեան, չարչարանքներուն եւ վերապրող հայերուն, որբերուն եւ այրիներուն ու դեռատի աղջիկներուն կեանքին մասին: Իր դասախօսութիւններով գրգռած է ամերիկացի ժողովուրդին մտածողութիւնը եւ արթնցուցած անոնց գութը: Իր շրջապտոյտին ընթացքին միլիոնաւոր տոլարներ հանգանակած է Նպաստամատոյցի Միջին Արեւելքի բարեսիրական ծառայութիւններուն համար:
1921-22-ին Ճէյքըպսըն պատրաստուած է վերադառնալու Խարբերդ, սակայն թրքական իշխանութիւնը արտօնութիւն չէ տուած:

 
«Թռչնոց բոյնը» որբանոցին երեխաները

Երբ քեմալական կառավարութիւնը Թուրքիայէն վտարած է բոլոր եւրոպական եւ ամերիկեան բարեգործական կազմակերպութիւնները, Մարիա Ճէյքըպսըն զրկուած է հոն ողջ մնացած հայերուն օգնելու հնարաւորութենէն եւ, մեկնելով Լիբանան, զբաղած է որբահաւաքով։ 1922-ին Սայտայի մէջ բացած է «Թռչնոց բոյն» որբանոցը (որբուհիներու համար)։

1928-ին որբանոցը փոխադրուած է Պէյրութէն 45 քլմ. հեռաւորութեան վրայ գտնուող ծովեզերեայ Ժըպէյլ քաղաքը։ (1919-ին, Մերձաւոր Արեւելքի Ամերիկեան Նպաստամատոյցը Ժպէյլի մէջ մեծ հողաշերտ մը գնած էր, 40.000 քառ. մեթր, իր հին շէնքերով միատեղ եւ զայն վերածած որբանոցի, որ կոչուած էր Մերձաւոր Արեւելքի Ամերիկեան Նպաստամատոյցի Ժպէյլի Տղոց Որբանոց:

Այս որբանոցին մէջ նպաստամատոյցի կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ 1920-ին տեղաւորուած էին հազար հայ որբեր, մասնաւորաբար հաւաքուած Այնթապի շրջանէն):

Ճէյքըպսըն՝ ձգելով Սայտայի «Թռչնոց Բոյն»-ը եկած եւ ստանձնած է Ժըպէյլի որբանոցը, որ այնուհետեւ կոչուած է «Թռչնոց Բոյն»: Ան փրկած, խնամած եւ հայեցի դաստիարակութեամբ կրթած է հազարաւոր որբ-որբուհիներ եւ արժանացած՝ «Մամա» անունին։

Մահացած է 6 Ապրիլ 1960-ին եւ, ըստ իր ցանկութեան, թաղուած է «Թռչնոց բոյն» որբանոցի բակին մէջ[6]։

2010-ին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանը իբրեւ նուիրատուութիւն ստացած է Մարիա Ճէյքըպսընի արխիւին մէկ մասը. անձնական իրեր, մինչ այդ չհրապարակուած լուսանկարներ, զեկոյցներ, բացիկներ եւ այլն[6]։

Աշխատութիւններ Խմբագրել

Ձգած է «Օրագրութիւն» յուշագրութիւնը (սկսած է 7 Սեպտեմբեր 1907-ին եւ աւարտած է 6 Օգոստոս 1919-ին), որ արժէքաւոր վկայութիւն մըն է թուրքերու հայատեաց քաղաքականութեան մասին։ «Օրագրութիւնը» թարգմանուած է հայերէնի եւ հրատարակուած է բնագիրին հետ՝ մէկ ամբողջական հատորով, ուր զետեղուած է նաեւ Ճէքըպսընի արխիւէն վերցուած 80 լուսանկար։

Յիշատակի յաւերժացում Խմբագրել

  • Ճէյքըպսըն առաջին կինն է, որ արժանացած է Դանիոյ թագաւորութեան ոսկեայ շքանշանին (1950
  • 1954-ին Լիբանանի կառավարութեան կողմէն ան պարգեւատրուած է Պատուոյ ոսկեայ շքանշանով։
  • 2012-ին Ճէյքըպսընի ծննդեան 130-ամեակին առթիւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանը հրատարակած է յոբելենական բացիկ մը[6]:
  • Ճէյքըպսընի անունով կը կոչուի Հ.Հ. Իջեւան քաղաքի մանկապարտէզներէն մէկը։
  • Ճէյքըպսընի եւ չորս եւրոպացի բարեգործ կանանց կեանքին եւ գործունէութեան մասին կը պատմէ 2015-ին նկարահանուած «Փրկութեան քարտէս» ժապաւէնը։

Պատկերասրահ Խմբագրել

Լուսանկարներ Մարիա Ճէյքըպսընի հաւաքածոներէն.

Տե՛ս նաեւ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Արտաքին յղումներ Խմբագրել

Այս յօդուածի կամ անոր մէջ որոշակի յատուածի սկզբանական տարբերակը վերցուած է «Հայկական Հարց» Հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թույլատրագրի ներքո։